Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեւոն Տէր Պետրոսեան Եւ Սահմանադրութիւնը

Մայիս 23, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Մայիսի սկիզբներուն Հայաստանը կ՛ապրէր աննախընթաց ճգնաժամային վիճակ մը:

Առաջին անգամ ըլլալով` երկիրը կը փորձէր լրջօրէն ինքզինք սրբագրել եւ դուրս գալ այդ տագնապալի տնտեսաքաղաքական վիճակէն, որուն մէջ վերջին երեսուն տարիներուն հետզհետէ աւելի մխրճուեցաւ, եւ աղքատութիւնն ու արտագաղթը հասան անընդունելի աստիճանի:

Ամբողջ ժողովուրդը մէկ անգամէն ոտքի ելած` կը պահանջէր իշխանափոխութիւն. անոր միացան մտաւորականները եւ քաղաքական կարեւոր դէմքեր. բոլորը կը սպասէին, որ ծաւալած այս շարժումը շուտով կը յաջողի սահունօրէն եւ կ՛իրականացնէ իր նպատակը:

Այդ օրերուն iLur.am (05.05.2018) կայքին մէջ երեւցաւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի մէկ հարցազրոյցը, ուր կ՛ըսէր, որ Ազգային ժողովի պատգամաւորի մը հրաժարական պարտադրելը իր պատկանած կուսակցութեան կողմէ` հակասահմանադրական է: Խօսքը կը վերաբերէր մասնաւորապէս ՀՅԴ-ի նախկին պատգամաւոր Աղուան Վարդանեանին. ահաւասիկ` ան ի՛նչ կ՛ըսէր.

«Մի խօսքով, Դաշնակցութեան համար իրենց ավանդոյթն ու կանոնադրութիւնը վեր է Հայաստանի սահմանադրութիւնից, որի ընդունման նախաձեռնողներից ու ջատագովներից մէկը հէնց ինքն է եղել ու այդ սահմանադրութեամբ հաստատուած ընթացակարգով յայտնուել Ազգային Ժողովում: Աւելի պարզ ասած` Դաշնակցութիւնը թքած ունի Հայաստանի սահմանադրութեան վրայ: Ի դէպ, նոյնը վերաբերում է նաեւ Հանրապետական կուսակցութեանը` իր պատգամաւորներին հրաժարական պարտադրելու նոյնօրինակ վարքի պատճառով»:

Երբ Հայաստանի առաջին նախագահը կ՛արտայայտէ այս մտքերը, անմիջապէս հարց կը ծագի, թէ արդեօք ան հասկցա՞ծ է, թէ ճիշդ ի՛նչ է սահմանադրութիւն մը: Հոս արժէ թերեւս ընել քանի մը խորհրդածութիւն:

Բոլորս գիտենք, որ Խորհրդային Միութեան վարչակարգին փլուզումէն ետք, 1990-ին Հայաստանը վերագտաւ իր անկախութիւնը 70 տարիներ ետք: Ղարաբաղեան շարժումի օրերուն Լեւոն Տէր Պետրոսեանը դարձաւ շատ ծանօթ եւ ժողովրդական դէմք մը` Հայոց համազգային շարժումին (ՀՀՇ) մէջ իր ունեցած գործունէութեամբ: 1991-ին Լեւոն Տէր Պետրոսեանը ընտրուեցաւ վերանկախացած Հայաստանի առաջին նախագահ` շնորհիւ իր ժողովրդականութեան եւ ՀՀՇ-ի օգնութեան ու հովանաւորութեան:

Հայաստանը այդ օրերուն չունէր կառավարութիւն կամ իշխանութիւն, չունէր սահմանադրութիւն, բայց ունէր պետական ուժեղ կառոյցներ, ոստիկանութիւն եւ բանակ. տարբեր խօսքով` հայկական պետութիւն մը հաստատուած էր: Նորընտիր նախագահը անմիջապէս կազմեց իր առաջին կառավարութիւնը երեսունէ աւելի նախարարներով. անծանօթ էին, չըսելու համար` կասկածելի, անոնց կարողութիւնները, սակայն վստահելի անձեր էին նախագահին համար: Անոնց մէջ կային ամէն տեսակի տիպարներ եւ առաւ-փախաւներ: Նշանակուած նախարարներէն գրեթէ ոչ մէկը, նախագահը ներառեալ, ունէր պատրաստութիւնը կամ փորձառութիւնը այն պաշտօնին, որուն վրայ նշանակուած էր: Անոնց մեծ մասը կիսագրագէտ էր, անտեղեակ` քաղաքական գիտութիւններուն, որոնք կը դասաւանդուէին եւ կը կիրարկուէին արեւմտեան աշխարհի մէջ: Իրենց սորվածը եւ տեսածը խորհրդային համակարգն էր, հիմնուած` մարքս-լենինեան վարդապետութեան վրայ, որ Խորհրդային Միութիւնը առաջնորդեց դէպի սնանկացում եւ փլուզում:

Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կառավարութիւնը յենեցաւ ՀՀՇ-ի վրայ, որ դարձած էր իր կուսակցութիւնը: Ան նաեւ գործակցեցաւ խորհրդային օրերուն գոյութիւն ունեցող մաֆիային հետ, որուն աւելի ուշ միացան իր մօտիկ բարեկամները, ՀՀՇ-ական կարգ մը ընկերները, եւ այսպէս կազմուեցաւ այն օլիկարխիան, որ այսօր շատ աւելի ուռճացած է:

Այդ օրերուն Հայաստանը ո՛չ սահմանադրութիւն եւ ո՛չ ալ կարգին օրէնսդրութիւն ունէր: Երկրին ազգային հարստութիւններն ալ անտէր էին: Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կառավարութիւնը` իր ընկերներով եւ բարեկամներով, կազմեցին երկրին նոր իշխանութիւնը եւ բացարձակ տէրերը դարձան ամէն ինչի: Անոնք անմիջապէս սկսան թալանել Հայաստանի հարստութիւնները, որոնց մէկ մասը սեփականացուցին, միւս մասն ալ ծախեցին օտար ընկերութիւններու: Նաեւ` կառավարութիւնը օտար դրամատուներէ վերցուց մեծ վարկեր, որոնց մէկ կարեւոր մասը կառավարութեան անդամները իւրացուցին: Շատեր, որոնք խորհրդային ժամանակաշրջանին կիսաքաղց մէկ սրճարանէն միւսը կը սլքտային, յանկարծ դարձան միլիոնատէր: Անոնցմէ ոմանք լքեցին երկիրը եւ անվերադարձ մեկնեցան արտասահման: Տակաւին շատերուն յիշողութեան մէջ վառ կը մնան այդ օրերը` 1990-ական թուականներու առաջին կիսուն, երբ ժողովուրդը կ՛ապրէր տնտեսական սուր տագնապի մթնոլորտի մէջ: Յաճախ պէտք էր կռուիլ փուռէն հաց գնելու համար: Երեւանի բազմաթիւ պողոտաներու մայթերը լեցուն էին սեղանիկներով, ուր ով ինչ ունէր կը դնէր եւ կը ծախէր անօթի չմնալու ու գոյատեւելու համար, մինչ լեւոնականները կը լողային հարստութեան մէջ:

Ժողովուրդի այս դժուար վիճակը բարելաւելու համար, Լեւոն Տէր Պետրոսեանը յղացաւ միտք մը` քաջալերել արտագաղթը, որ օգտակար էր, իր իսկ բնորոշումով, որովհետեւ` Ա) Գացողները պիտի պակսեցնէին երկրին անօթի մարդոց թիւը՛

Բ) անոնք անպէտք տարրեր ըլլալով, եթէ մնային երկրին մէջ, կրնային իշխանութեան գլխացաւ պատճառել:
Գ) Գացողները արտասահմանէն պիտի օգնէին երկրին մէջ մնացող իրենց հարազատներուն եւ բարեկամներուն:

Տէր Պետրոսեան յղացաւ ուրիշ միտք մը եւս. չէզոքացնել ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որ միակ կազմակերպուած ընդդիմադիր ուժն էր երկրին մէջ եւ կրնար օր մը դժուարութիւն յարուցել, եթէ Լեւոնին եւ իր ընկերներուն կատարած սանձարձակ գործունէութիւնները դառնային անընդունելի: Ինչպէս յիշուեցաւ, երկիրը ո՛չ սահմանադրութիւն եւ, ո՛չ ալ կարգին օրէնսդրութիւն ունէր, եւ կարելի պիտի ըլլար դիւրութեամբ փակել այդ կուսակցութիւնը` առանց դատավարութեան, առանց աղմուկի եւ հաստատել բացարձակ իշխանութիւն երկրին մէջ, խորհրդային օրինակով:

Եւ ճիշդ այդպէս ալ պատահեցաւ. օր մը ոստիկանութիւնը յանկարծակիօրէն եկաւ ու փակեց կուսակցութեան գրասենեակները, գրաւեց կուսակցութեան բոլոր ինչքերը, ձերբակալեց ղեկավարները եւ զանոնք դրաւ բանտ` առանց հարցուփորձի եւ առանց դատավարութեան:

Այս գործելակերպը վայել էր օսմանեան եւ ցարական իշխանութիւններուն: Արդեօք Տէր Պետրոսեան այս վարուելակերպը «Քա. Կէ. Պէ.»-ի դասագիրքերէ՞ն սորված էր:

Հայաստանի ժողովուրդը 5 յուլիս 1995-ին հանրաքուէով վաւերացուց վերանկախացած հանրապետութեան առաջին սահմանադրութիւնը: Գրեթէ ամբողջ չորս տարի Լեւոն Տէր Պետրոսեանը եւ իր խումբը երկիրը կառավարեցին իրենց հասկցած ձեւով` առանց սահմանադրութեան, առանց Ազգային ժողովի, առանց քուէարկութեան, երկրին մէջ տիրող փտածութիւնը հասցնելով բարձրագոյն աստիճանի:

22 սեպտեմբեր 1996-ին երկրորդ անգամ ըլլալով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւն` առաջինէն հինգ տարի ետք: Լեւոն Տէր Պետրոսեան կրկին ներկայացաւ իբրեւ թեկնածու եւ վերընտրուեցաւ: Առաջին ընտրութիւններուն ան ստացած էր ձայներու 83,4 տոկոսը . այն ատեն ժողովուրդին համար ան ազգային հերոս էր, եւ ժողովուրդը անոր հետ մեծ յոյսեր կապած էր: Այս երկրորդ ընտրութիւններուն ան դարձած էր ազգային չարիք, եւ մինչեւ այսօր այդ ընտրութիւններուն արդիւնքները յայտնի չեն. ինչ որ գիտենք, այն է, որ քուէարկութեան նախօրեակին, օրուան պաշտպանութեան նախարարը` Վազգէն Սարգսեան յայտարարած էր, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, եթէ նոյնիսկ անոր մրցակիցը ստանայ ձայներուն 100 տոկոսը:

Քանի մը ամիս ետք, 3 փետրուար 1998-ին Լեւոն Տէր Պետրոսեան կը հրաժարէր իր պաշտօնէն: 1999-ի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ՀՀՇ-ականները ոչ մէկ պատգամաւոր կրցան ընտրել:

Իր հրաժարումէն անմիջապէս ետք Լեւոն Տէր Պետրոսեան կ՛անյայտանար քաղաքական հրապարակէն: 9,5 տարի ետք` 2007-ի աշնան, զինքը կը տեսնենք վերադարձած: Ան կը հաշտուէր ՀՅԴ-ի հետ, ապա կը կազմէր նոր կուսակցութիւն մը` Հայ ազգային քոնկրես (ՀԱՔ) անունով եւ կը վերսկսէր քաղաքական գործունէութեան` իր թեկնածութիւնը առաջադրելով 17 փետրուար 1998-ին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն: Ան կը ստանար ձայներուն 23,5 տոկոսը, իսկ Սերժ Սարգսեանը` 53 տոկոսը: Տէր Պետրոսեանը սկսաւ քննադատել ընտրութիւնները` զանոնք նկատելով խարդախուած: Այնուհետեւ ՀԱՔ-ի երիտասարդ անդամները զանազան առիթներով ցոյցեր կը կատարէին Երեւանի կեդրոնական շրջանին մէջ` բարձրացնելով պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր «ՍԵՐԺԻ՛Կ, ՀԵՌԱՑԻ՛Ր»:

Վերոյիշեալ հարցազրոյցը, որ լոյս տեսած է iLur.am կայքին մէջ, ցոյց կու տայ, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը դժգոհ էր, որ Աղուան Վարդանեանին եւ քանի մը ուրիշ ՀՀԿ-ի պատգամաւորներուն իրենց կուսակցութիւններուն կողմէ պարտադրուած է հրաժարիլ Ազգային ժողովի պատգամաւորի պաշտօնէն: Դժուար չէ ենթադրել, որ ան կ՛ուզէր տեսնել աւելի մեծ թիւով պատգամաւորներ, որոնք «ոչ» պիտի ըսէին Նիկոլ Փաշինեանին` պահելու համար սթաթիւս քուոն, եւ այդ պարագային կրկին կրնար թերեւս դեր մը խաղալ երկրին քաղաքական կեանքին մէջ: Երեսուն տարի բաւարար չէ եղած հանրապետութեան այս առաջին նախագահին հասկնալու համար`

ԱՌԱՋԻՆ` սահմանադրութիւն եւ կանոնագրութիւն տարբեր բաներ են: Երկիր մը կ՛ունենայ միայն մէկ սահմանադրութիւն. անոր կողքին կրնայ ունենալ նաեւ հարիւրաւոր կանոնագրութիւններ: Այս վերջինները համաձայնութիւններ են ընդհանրապէս քաղաքացիներու եւ խմբակցութիւններու միջեւ: Հետեւեալ օրինակը կրնայ օգնել հասկնալու այս բոլորը, նոյնիսկ` անընդունակներուն:

Երբ հաստատութիւն մը կ՛իմացնէ գործի դիմող թեկնածուին, որ աշխատանքի պայմաններէն մէկն է գործի գալ ամէն օր ածիլուած եւ գործի մէջ չծխել, միթէ այս հաստատութիւնը կ՛ոտնակոխէ՞ իր պաշտօնեաներուն քաղաքացիական իրաւունքները եւ «թքա՞ծ ունի Հայաստանի սահմանադրութեան վրայ»:

ԵՐԿՐՈՐԴ` կուսակցութիւն հասկացողութիւնը կը տարբերի մարդոց մօտ: Անիկա քաղաքական կազմակերպութիւն մըն է, որ սահմանած է իր նպատակը եւ այդ նպատակին հասնելու համար իր որդեգրած քաղաքական ու ընկերային աշխարհահայեացքը. այս բոլորը միասին կը կազմեն կուսակցութեան ծրագիրը, որ կը տրամադրուի հանրութեան: Ծրագրի կողքին, կուսակցութիւնը կ՛ունենայ իր առօրեայ աշխատանքներու ուղեցոյցը, ուր նշուած կ՛ըլլայ նաեւ իր անդամներուն հակակուսակցական արարքները քննող եւ համապատասխան պատժական միջոցներու կիրարկման գործընթացը: Այս ուղեցոյցը կը կոչուի ներքին կանոնագիր:

ՀՅ Դաշնակցութեան ներքին կանոնագիրին մէջ շեշտուած է մասնաւորապէս կարգապահութիւնը, որ 128-ամեայ կուսակցութեան կարեւոր հիմքերէն մէկը եղած է: Աղուան Վարդանեանը սերտած էր կուսակցութեան ծրագիրն ու կանոնագիրը իր երդումը տալէ առաջ:

Հայաստանի մէջ այս վերջին երեսուն տարիներուն բազմաթիւ կուսակցութիւններ ծնան զանազան անուններով, շատերը` սրճարաններու մէջ. անոնց ծրագիրները յստակ չէին եւ ներքին կանոնագիր չունէին ընդհանրապէս, ՀՀՇ-ն եւ ՀԱՔ-ը մաս կը կազմէին այդ խումբին: Անոնք Ֆոնֆոնի քամիի նման եկան ու գացին:

Յայտնի չէ, թէ ի՛նչ են այսօր Լեւոն Տէր Պետրոսեանին քաղաքական ծրագիրները:

Իսրայէլի անկախութեան հռչակումէն անմիջապէս ետք Տաւիտ Պեն Կուրիոնը ընտրուեցաւ Իսրայէլի առաջին վարչապետ: Ան ստեղծեց հաստատուն հիմերու վրայ նոր պետութիւն մը, որ գոյութիւն չունէր նախօրօք. կազմեց կառավարական կառոյցները եւ բանակը. վեց տարի յետոյ չուզեց վերընտրուիլ, որպէսզի ուրիշ մը շարունակէ իր սկսած գործը, ան սակայն մնաց կառավարութեան մէջ, որպէսզի օգնէ նոր վարչապետին: Երկու տարի չանցած, ժողովուրդի բուռն փափաքին ընդառաջելով, ան նորէն ընտրուեցաւ վարչապետ եւ վեց տարի եւս շարունակեց այդ պաշտօնը: Ան էր, որ կերտեց Իսրայէլի պետութիւնը, եւ ժողովուրդը զինք կոչեց Իսրայէլի հայրը: Տաւիտ Պեն Կուրիոնը հրեայ ժողովուրդին վերջին երկու հազարամեակի պատմութեան ամէնէն մեծ դէմքը եղաւ:

Պատմութիւնը պիտի արձանագրէ, որ Իսրայէլի առաջին վարչապետն էր Տաւիտ Պեն Կուրիոնը, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահը` Լեւոն Տէր Պետրոսեանը:

 

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Հարիւր Տարիներ Ետք «Թաւշեայ Յեղափոխութեան» Տարած Յաղթանակը

Յաջորդը

Մարալ Մանիսի «Պոռթկումը» Ցուցահանդէսին Պաշտօնական Բացումը

RelatedPosts

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ի Զուր Կը Հնչեն Ահազանգերը Մեր… (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սլաք.  Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն  Մէջ  Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան
Անդրադարձ

Սլաք. Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն Մէջ Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?