Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դասախօսական Շարքերու Եզրափակիչ Հաւաքոյթ

May 24, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը, գործակցաբար «Արաքսի Պլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, կազմակերպեց յատուկ ձեռնարկ մը` 2016-2018 տարեշրջանին դասախօսական 4 շարքերուն ներկայ գտնուողներուն համար: Ձեռնարկը  տեղի ունեցաւ  ուրբաթ, 18 մայիս 2018-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:

Առողջապահական դասախօսութիւններու եզրափակիչ սոյն հանդիպման ներկաները  հրաւիրուած էին յանձնախումբի անդամներուն կողմէ` միասնաբար ճաշելու եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ արժեւորելու անցնող երկու տարիներու ընթացքին կազմակերպուած 28 դասախօսութիւնները: Դասախօսութիւնները տեղի ունեցան երկշաբաթական դրութեամբ, ուր արծարծուեցան առողջապահական նիւթեր` հիւանդութիւններու մասին բացատրութիւններ, հոգեբանական եւ ֆիզիքական խանգարումներու մասին թելադրանքներ, այժմէական բուժումներ, բժշկական նորանոր նուաճումներու մասին գիտելիքներ, բոլորը ներկայացուած` մասնագէտ հայ թէ օտար բժիշկներու եւ առողջապահական մարզի մէջ այլ մասնագէտներու կողմէ, որոնք սիրայօժար ընդառաջած էին յանձնախումբի առաջարկին:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք առողջապահական յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը իր բարի  գալուստի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային վարչութեան, որ ԼՕԽ-ի առողջապահական մարզը վստահած էր յանձնախումբի անդամներուն, որոնք ճիգ չխնայեցին արդարացնելու այդ վստահութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր դասախօսներուն, յատուկ շնորհակալութիւն` ներկաներուն, որոնք  իրենց յաճախակի ներկայութեամբ սատարեցին յանձնախումբի ծրագրի յաջողութեան` ձմրան անձրեւին ու ամրան տաքին մնայուն ներկայութիւն ըլլալով լսարանի վերածուած դասախօսութիւններուն: Անոնք, առողջապահական գիտելիքներով հարստանալու կողքին, ընկերային ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ծանօթացան իրարու եւ ԼՕԽ-ի երդիքին տակ նոր բարեկամութիւններ հաստատեցին:

Տրուած ըլլալով, որ մայիս ամիսը Մայրերու օրը նշելու ամիս է, տոքթ. Ս. Վարդապետեան շնորհաւորեց աշխարհի համն ու բոյրը հանդիսացող բոլոր մայրերն ու մեծ մայրերը` մաղթելով անոնց առողջութիւն եւ երկարակեցութիւն, որպէսզի շարունակեն մայրական սրբազան առաքելութիւնը` յանուն իրենց ընտանիքին, ազգին եւ հայրենիքին:

Ապա տոքթ. Ալինա Քէշիշեանը բացատրութիւն տուաւ ելեկտրասրտագիրի (սրտի ժապաւէն) անհրաժեշտութեան եւ որպէս ուղեցոյց ծառայելուն` սրտի ախտաբանական վիճակին: Ներկաներուն բաժնուեցան կտրօններ «Արաքսի Պլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ կատարելու սրտի ժապաւէնի անվճար քննութիւն եւ այցելելու համապատասխան բժիշկին:

Ճաշի եւ անուշեղէնի հիւրասիրութենէն ետք (տրամադրուած` կեդրոնի տնօրէնութեան եւ բարերար Mano Burger-ի կողմէն), ներկաները երգերով եւ ասմունքով մասնակցեցան գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրի մը, ինչպէս նաեւ պատասխանեցին յանձնախումբի անդամ Սարին Շէկեանի պատրաստած հարցումներուն (դասախօսութիւններուն ընդմէջէն առնուած): Ճիշդ պատասխանողները ստացան նուէրներ:

Ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ բաժնուեցան` իրենց հետ տանելով ծաղիկի թաղարներ (տրամադրուած` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէն), խոստանալով միշտ ներկայ գտնուիլ ԼՕԽ-ի ձեռնարկներուն,  յատկապէս` դասախօսական շարքերուն:

Վարձքը կատար բոլորին:

Նախորդը

Հարիւրամեայ Մարդասիրական Ծառայութիւն Գարակէօզեան Հաստատութեան Ճամբով

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.