Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիւղոլորտի Հիմնահարցը Ել Մեր Երկրի Լինելիութեան Բանալին

Մայիս 22, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Այսօր պէտք է ընդունինք, որ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան զարգացման խնդիրները, լաւագոյն պարագային, քննարկման առարկայ եղած են երկրի հողագործութեան եւ անասնապահութեան ոլորտներու շուկայական տուեալներով միայն` առանց լիարժէքօրէն խորանալու հարցին մարդկային, ընկերային, ժողովրդագրական, մշակութային եւ աշխարհաքաղաքական և ազգային պաշտպանութեան եզրերու վերլուծման մէջ: Գէթ այդ է, որ ցոյց կու տայ իրերայաջորդ իշխանութիւններու կողմէ ցարդ կիրարկուած քաղաքականութեան ստուգանիշներու զննութիւնը: Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ գիւղը որպէս ամբողջական կենսահամակարգ` մաս չէ կազմած երկրի զարգացման ընդհանուր տեսլականին: Գիւղն ու հողը դիտուած են որպէս սոսկ շահագործման աղբիւր, որմէ պէտք է քամել կարելի առաւելագոյնը` անոր տալով միայն կարելի նուազագոյնը: Պարզ խօսքով` տալ այնքան միայն, որ գիւղը կարողանայ «շնչել» եւ իր զրկուած գոյութիւնը քաշքշել սերունդէ սերունդ:

Այսպէս է, որ հայոց երկրի գիւղոլորտը, այսինքն` մեր պատմութեան հրաշակերտ ներուժը, լքուած է իր բախտին նախ խորհրդային իշխանութեան տարիներուն եւ յետոյ նաեւ այս երկրորդ անկախ պետականութեան առաջին երեք նախագահներու օրով, եւ այս եպերելի կացութիւնը դեռ կը շարունակէ գործել իր աւերը: Այն, ինչ որ Թումանեան էր ու Համօ Սահեան եւ իր պարզութեամբ, իր նախնականութեամբ, իր բարութեամբ ու վիպականութեամբ կը գրաւէր մեզ 1991-ին, այսօր արդէն անընդունելի է եւ վիրաւորակա՛ն: Եւ այս մէկը, առաջին հերթին, գիւղաշխարհի մեր ժողովուրդի արժանապատուութեա՛ն հաշուոյն: Հարիւր հինգ տարի առաջ լոյս տեսած Աւետիս Ահարոնեանի «Շուէյցարական գիւղը», որ մեր գիւղաշխարհի ողբերգութեան քննական բացայայտումն է, այսօր ևս կը պահէ իր լիարժէք ճշմարտացիութիւնը: Եւ ընդունինք, որ այս մէկը մեր ազգային ամօթն է, որ այլեւս կարելի չէ ծածկել: Այս յօդուածին նպատակն է Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր կառավարութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել այս այրող հիմնահարցին վրայ` յստակ ակնկալութիւններ կապելով ձեւաւորուող եւ ձևաւորուելիք նոր քաղաքականութեան:

Ի՜նչ խօսք, որ այս պահուն ես հպարտ եմ` եւ խրախուսուած` որ Փաշինեանի դահլիճին մէջ գիւղատնտեսութեան նախարարի պատասխանատւութիւնը վստահուած է իմ դաշնակցական ընկերոջ` Շիրակի նախկին մարզպետ Արթուր Խաչատրեանին, որ ճիշդ մարդն է այսպիսի բարդ առաքելութեան մը համար: Անցեալին եւս այս նախարարութիւնը (եւ հետագային` անոր քաղաքական զուգահեռը հանդիսացող տարածքային կառավարման նախարարութիւ՛նը) յանձնուած էր մեր կուսակցութեան եւ Դաւիթ Լոքեանի ձեռնհաս ղեկավարութեան: Անուրանալի է, որ շատ աշխատանք տարուեցաւ այդ օրերուն (եւ անկէ ետք)` գիւղաշխարհի կացութիւնը բարելաւելու մարզին մէջ, բայց նաեւ անուրանալի է, որ շատ բան մնաց անկատար ու թերի` առաւելաբար պետական (իմա` նախագահակա՛ն) քաղաքականութեան համակարգային մեղքերուն պատճառով: Բոլոր միջոցառումներէն ետք գիւղը շարունակեց մնալ նոյնը… Եւ ինչո՞ւ: Ահաւասիկ այս հարցն է, որ այժմ դրուած է սեղանին վրայ, եւ հոսկէ է, որ կը սկսի ձեւաւորումը գիւղոլորտի հիմնահարցին:

Հարցը, զոր կ՛ուզեմ դնել վարչապետ Փաշինեանին առջև, գիւղոլորտի առողջացման բազմաշերտ խնդիրն է, որ շատ անդին կ՛անցնի նեղ առումով գիւղատնտեսական կարիքներու գոհացման շրջագծէն: Յօդուածի մը սահմանները շատ նեղ են տալու համար ամբողջական պատկերը գիւղի բոլոր կարիքներուն, որոնք ամէնօրեայ տագնապի նիւթ եղած են մեր երկրի գիւղացիին համար:

Հողի բանական (rational) օգտագործում, հողի որակային պահպանութիւն, ոռոգման ջուրի հայթայթում, արտադրատեսակներու եւ շուկայական պահանջարկի նախատեսման գործիքներու ձեւաւորում եւ կիրարկում, գիւղոլորտի բնապահպանական վերահսկողութիւն, բնական միջավայրի վտանգներու դէմ պաշտպանութեան ծրագրեր, գիւղ-զբօսաշրջութիւն փոխսնուցիչ (symbiotic) գործօններու տնօրինում, գիւղատնտեսական գործիքակազմի արդիականացում, օրկանական սննդամթերքի պայմաններու ստեղծում, մասնագիտական գիտելիքի հայթայթում, փոխադրամիջոցներու մրցակցային ռազմավարութիւն, համագործակցականներու քաջալերման ծրագրեր, հարկային քաղաքականութեան վերաձեւաւորում` զարգացման նպատակներու խթանման միտումով, առողջապահական ծառայութիւններու ցանցի հիմնական որակաւորում, կրթական համակարգի որակաւորում եւ արդիականացում, գիւղատնտեսութեան կողքին` ոչ գիւղատնտեսական ձեռներէցութեան քաջալերման ծրագրեր եւ, մանաւանդ, գիւղաշխարհի ենթակառոյցներու արմատական եւ ամբողջական կերպաւորում: Ասիկա մասնակի եւ հպանցիկ թուումն է միայն հարցերու այն դիզուածքին, որ օր ու գիշեր կը պատուհասէ գիւղոլորտի առօրեան: Այս հարցերու ճնշիչ իրականութիւնը այնքան է մշտնջենաւորուած երկրի կեանքին մէջ, որ արդէն զրկանքը բացէ ի բաց վերածուած է մշակոյթի: Ընդունուած իրողութիւն է, որ գիւղը պէտք չէ ունենայ բնականոն ասֆալթապատ փողոցներ ու գործող կոյուղիներ եւ թէկուզ համեստ, բայց պատուաւոր սանիտարական միջավայր եւ կարգին մէկ դարմանատուն, եւ բժշկական անձնակազմ… որպէսզի ան գիւղ ըլլայ: Մենք մեր գիւղաշխարհի ժողովուրդին պարտադրած ենք այս լճացնող մտայնութիւնը եւ կոտրած` բարօրութիւն ակնկալելու իր մարդկային ձգտումը: Զարմանա՞նք ուրեմն, որ նորահաս սերունդները այդ ժողովուրդին չեն ուզեր մնալ հողին վրայ…

Բայց դեռ կայ աւելի՛ն: Գիւղոլորտի մեծագոյն թշնամիները գիւղատնտեսական ոլորտին ներսը հաստատուած մենաշնորհային համակարգի տէրերն են: Կեղեքումի մեծ գործի՛քը, որ մայրաքաղաքը կը կապէ գիւղի իրականութեան: Այս առումով, գիւղը երբեք «անտեսուած» չէ: Ան շատ մեծ հանք մըն է մայրաքաղաքին համար, որուն վրայ ցարդ իշխած է եւ դեռ կ՛իշխէ երկրի օլիկարխիան: Գիւղոլորտը այն կենսական տարածութիւնն է, որմէ կը սնանի մենաշնորհային համակարգի պարարտ մարմինը փշրանքներ` միայն զիջելով գիւղոլորտի իսկական իրաւատիրոջ…

Անշուշտ գոյութիւն ունին բացառութիւններ: Գոյութիւն ունին բախտաւոր բնակավայրեր, որոնք կը գտնուին մեծ ձեռնարկութիւններու դրացնութեան մէջ: Հոս նաեւ կը փոխուի գիւղացիի եկամուտներու բնոյթը: Գիւղը հետզհետէ կը դադրի գիւղ ըլլալէ: Կը դառնայ քաղաքի արբանեակը եւ կախեա՛լ ` նոր շահատէրերու քմահաճոյքէն: Պէտք կա՞յ ըսելու, որ մեր նպատակը գիւղաշխարհը քաղաքայնացնել չէ: Գիւղի մշակոյթը ռազմավարական անգտանելի հարստութիւն մըն է մեր հայրենիքին համար: Մեր նպատակն է ապահովել գիւղոլորտի առողջ եւ հայասնունդ մշակոյթին կայունութիւնն ու լինելիութիւնը:

Նկատի առնելով վերոյիշեալը` պր. վարչապետը պէտք է դիմէ միջգերատեսչական (inter-agency) հանգամանաւոր մարմինի մը կազմութեան, որ ունենայ լայն իրաւասութիւններ` զօրաշարժի ենթարկելու բոլոր նախարարութիւններուն միջոցները: Գիւղոլորտի վերածնունդը կը պահանջէ համակարգուած աշխատանք եւ ներդրում` բոլոր նախարարութիւններուն կողմէ, իւրաքանչիւրը` իր մասնագիտական ոլորտի ուժականութիւններով: Գիւղոլորտը կարիք ունի մեծաթռիչ ոստիւն (quantum jump) մը իրականացնելու` յաջորդ քանի մը տարիներու ընթացքին: Քանի որ հոս է մեր երկրի լինելիութեան (viability) բանալին: Բարձրորա՛կ գիւղ` բարձրորակ Հայաստանի մը համար: Գիւղ, որ կը շնչէ մեծ շնչառութեամբ, մեծ հպարտութեամբ եւ մեծ ինքնավստահութեամբ: Եւ առաջին անգամ ըլլալով մեր մեծ գործի հաւասարութեան մէջ կը յայտնուի գիւղի նոր եւ ազատ մարդը` իր նոր անհատականութեամբ, նոր առաքելութեամբ եւ գերազանցութեան (excellence) աննախընթաց մակարդակ մը նուաճելով մեր անկախ պետականութեան լինելիութեան հաշուոյն:

Մայիս 20, 2018
Ուաշինկթըն

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Փիեռ Քախիա Ներկայացուց Իր Հրաժարականը

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?