Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Աւետիս Ահարոնեան 150» Միջազգային Գիտաժողովի Նիւթեր

May 23, 2018
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Երեւանի մէջ 2017-ին լոյս տեսաւ «Աւետիս Ահարոնեան 150» հատորը, բաղկացած` 389 էջերէ: Ժողովածուն կը ներառէ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, Երեւանի պետական համալսարանի եւ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ 2016 դեկտեմբեր 15-ին տեղի ունեցած «Աւետիս Ահարոնեան» միջազգային գիտաժողովի նիւթերը:

Ահարոնեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովը համակողմանիօրէն քննեց եւ արժեւորեց անոր գրական ժառանգութիւնը եւ ազգային-պետական գործունէութիւնը: Ժողովածուն կ՛ընդգրկէ քսանմէկ զեկուցումները: Կազմեց` Նարէ Միքայէլեան. խմբագիր` Արքմենիկ Նիկողոսեան:

Ողջոյնի խօսքերով հանդէս կու գան Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտչեան, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան:

«Լռութիւն» վէպի գեղագիտական հարցերու մասին զեկուցումով հանդէս կու գայ Քնարիկ Աբրահամեան: Ան կ՛ըսէ, որ «Լռութիւն» վէպը ահարոնեանական  քնարաշունչ արձակի լաւագոյն վկայութիւնն է: «Լռութիւն»-ը հայ վիպապաշտական դպրոցի լաւագոյն իրագործումներէն է, նոր նշաձող մը, որ ստեղծագործական ու գրապատմական ուղիղ աղերսանքներու մէջ է հայ վիպապաշտ մտածողութեան հետ` Միսաք Մեծարենցէն մինչեւ Վահան Թէքէեան, Վահան Տէրեան, Եղիշէ Չարենց, Աւետիք Իսահակեան, Լեւոն Շանթ եւ Ակսէլ Բակունց:

«Եղիշէ Չարենց եւ Աւետիս Ահարոնեան» ուսումնասիրութեան մէջ Սէյրան Գրիգորեան կ՛ըսէ, որ որքան ալ զարմանալի թուի, Աւետիս Ահարոնեանը տեւաբար քննադատելով` Չարենց անուղղակիօրէն կը շարունակէ անոր գրական աւանդները:

«Աւետիս Ահարոնեան. անհատականութեան էութիւնը» ուսումնասիրութեան մէջ Պետրոս Դեմիրճեան կ՛ըսէ, որ Ահարոնեանի անհատականութեան էութիւնը ըմբռնելու համար անհրաժեշտ է ետ երթալ մինչեւ անոր մանկութեան խորերը եւ սկիզբէն ան որոշակիօրէն տարբեր եղած է իր շրջապատէն: Նախ եւ առաջ` իր հոգիի եւ մտքի առջեւ բացուող բազմաբղէտ աշխարհը պատկերաւոր մտածողութեամբ ընկալելու բնատուր ունակութեամբ:

Ահարոնեանի անհատական ձեւաւորումը տեղի ունեցած է բնութեան հետ անմիջական շփումներու մէջ, ընկերային կեանքի պայմանականութենէն դուրս բնական-բնազդական օրէնքներու գերակայութեան մթնոլորտին մէջ:

«Ժողովրդական հաւատալիքները Ահարոնեանի Մասիսը ստեղծագործութեան մէջ» զեկուցումին մէջ Վարդան Դեւրիկեան կ՛ըսէ, որ Աւետիս Ահարոնեան խորհրդանշական համարած է իր Սուրմալու գաւառին մէջ ծնիլը, որ կը գտնուէր Արաքսի եւ Արարատի, Ռուսահայաստանի, Թրքահայաստանի եւ Պարսկահայաստանի միջեւ:

Ռուս-թրքական սահմանին իր ծննդավայրին գտնուիլը արտացոլուած է անոր պատմուածքներուն մէջ: Իրենց գիւղէն լսուած են երկրէն եկող հառաչանքները, սահմանի այն կողմէն եկած եւ գիւղէն անցած  են գաղթականները, իրենց գիւղէն անցած եւ սահմանի միւս կողմը ուղեւորուած են «դէպի երկիր» իրենց նահատակութեան ընդառաջ գացող խումբերը:

Անոր հաւաքական հերոսը գիւղական կեանքի անգամ ամէնէն թշուառ պատկերներուն մէջ այդ իրականութենէն գեղարուեստական ընդհանրացումով յառնող հայ գեղջուկն է եւ ազատութեան ճանապարհին ինկած հայդուկը:

Ժողովրդական սովորութիւնները, հաւատալիքները, առօրեայ կենցաղն ու բարքերը Ահարոնեան այնպէս կը նկարագրէ, որ անոնց միջոցով կ՛ամբողջացնէ հայ գեղջուկի հաւաքական կերպարը:

«Աւետիս Ահարոնեանի գեղարուեստական արձակի մի քանի առանձնայատկութիւնները» զեկուցումին մէջ Գագիկ Խաչիկեան կ՛ըսէ, որ Ահարոնեանի գրաւոր ժառանգութեան մէջ յատկապէս բարձրարժէք են գեղարուեստական արձակ ստեղծագործութիւնները: Ան իւրացուցած էր ազգային ու համաշխարհային գրական աւանդոյթները եւ հասած գեղարուեստական ինքնատիպ մարմնաւորման:

«Հայրենի Սուրմալուն Աւետիս Ահարոնեանի յուշերում» զեկուցումով հանդէս կու գայ Հայկազ Յովհաննիսեան: Ահարոնեան «Իմ գիրքը» նուիրած է Սուրմալուին: Ան բացառիկ խորաթափանցութեամբ նկարագրած է հայ գիւղը եւ հայ մշակին բաժին հասած ծանր ճակատագիրը: Ներկայացուած պատկերներն ու կատարուած դիտարկումները պատմագիտական արժէք ունին:

«Աւետիս Ահարոնեանի հասարակական եւ ժողովրդական գործունէութիւնը» զեկուցումով հանդէս կու գայ Տիգրան Ճինպաշեան: Ահարոնեան իր հասարակական գործունէութիւնը սկսած է թղթակցութեամբ: Անոր հրապարակագրութիւնը գեղարուեստական որակ ունի: Դիւանագիտական աշխատանքներու մէջ տիրապետած է բանակցելու արուեստին: Եղած է պերճախօս հռետոր:

«Աւետիս Ահարոնեանի դիւանագիտական  գործունէութիւնը» զեկուցումով հանդէս կու գայ Էդիկ Մինասեան: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութիւնը, դիւանագիտական բանակցութիւնները վարած է Աւետիս Ահարոնեան:

«Աւետիս Ահարոնեան եւ խորհրդապաշտութիւնը» զեկուցումով հանդէս կու գայ Գրիգոր Պըլտեան: Ահարոնեանի գրականութիւնը հանգիտութեան եզրեր ունի խորհրդապաշտութեան հետ: Ընթերցողը դէմ յանդիման կու գայ պատկերային-փոխաբերական համակարգի մը, ուր խորհրդանշան ու այլաբանութիւն կը միջամտեն գրութեան` տարուած միշտ երկրորդ իմաստ մը թելադրելու մղումէն, մէկը հաւաք կերպով, միւսը աւելի տրամախոհական:

Ահարոնեանի պատմուածքներուն, վէպերուն մէջ կը հանդիպինք պատկերներու, որոնք կը բանին թէ՛ իբրեւ նկարագրական տուեալներ, թէ ալ նշանակութիւն կրող տարրեր: Ամէն ընթերցող նկատած կ՛ըլլայ խաւարին, մութին, բուքին, մրրիկին, փոթորիկին, անդունդին, դատարկութեան, պարապին տրուած կարեւորութիւնը, հակադրաբար լոյսին, արեւուն, արեւածագին, զուիցերիական խաղաղ բլուրներուն, լեռներուն ու լիճերուն: Մահը` ընդդէմ կեանքի կենսաւէտ երջանկութեան փնտռտուքին, զուր պայքարը` ցանկութեան դիմաց:

Ահարոնեանի վէպերուն մէջ խորհրդապատկերները օգտագործուած են պատումի երկայնքին, առանց որ պատումը ինք երկրորդ մակարդակի մը բացայայտ ակնարկութիւններ ընէ:

«Աւետիս Ահարոնեան – մարդը, գրողը, քաղաքացին» զեկուցումով հանդէս կու գայ Սերժ Սրապիոնեան: Աւետիս Ահարոնեան ծնած է 1866-ին: Սուրմալու գաւառի Իգդիրմաւա գիւղին մէջ եւ որդին է դարբին Առաքելի եւ Զարդարի:

Ահարոնեան մարդու ձեւաւորման վրայ վիթխարի եղած է բնութեան ու միջավայրի ազդեցութիւնը: Մասիսը, Հայկական Պարը, Արագածը եւ մայր Արաքսը ձեւաւորած են անոր բնաւորութիւնը: Բնութեան տարերքին միացած են նաեւ իրողութիւններն ու շրջապատի մարդիկ:

Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանէն ան դուրս եկաւ իբրեւ կայուն աշխարհահայեացքի եւ յստակ նպատակներու ու դիրքորոշումներու տէր անհատականութիւն:

Աւետիս Ահարոնեան ամենայն մանրամասնութեամբ ուսումնասիրեց հայ ժողովուրդի ընկերային-բարոյական կեցութեան ու մտածողութեան առանձնայատկութիւնները: Ան նախանձախնդրութեամբ ուսումնասիրեց ժողովրդական մտածողութիւնը եւ ստեղծագործական ձիրքերը, դժուարին օրերուն անգամ գեղեցիկը տեսնելու, արարելու անկոտրում կամքը:

Աւետիս Ահարոնեան քաղաքական գործիչի դիմագիծը ամբողջացաւ Եւրոպայի մէջ, Զուիցերիոյ մէջ ուսանելու տարիներէն: Ան հասարակական ու քաղաքական բեղուն գործունէութիւն ունեցաւ եւ հայ քաղաքական կեանքի ու դիւանագիտութեան մէջ վճռական դերակատարութիւն ունեցաւ:

«Ներածական ակնարկ Աւետիս Ահարոնեանի վաստակին» զեկուցումով հանդէս կու գայ Յարութիւն Քիւրքճեան: Աւետիս Ահարոնեան եղած է երգիչը, միանգամայն եւ խորհրդանիշը հայ տառապանքին եւ ըմբոստութեան:

Ազգագրական ճաշակը, Ահարոնեանի մօտ, մասամբ բացատրելի է խոնարհ ծագումով, բայց մանաւանդ խոր սիրով` հանդէպ սեփական ծագումի, ինքնութեան, Մասիսի շուքին ծուարած հայրենի տան: Անհատական աճումի պայմանները զինք հաղորդ դարձուցած են բնաշխարհի հարազատ ձայներուն, բնութեան եւ մարդոց, աշխարհագրական դիրքի բերմամբ թէ պատմական կենսագրական տուեալներու – պատերազմի – գաղթերու ականատես մանկութիւն, Էջմիածնի ճեմարան ապրուած մանկութիւն: Ազգագիրը միանգամայն մանկավարժ է, դաստիարակ եւ պատմագիր: Ահարոնեան դարձած է նաեւ ազգի պատմագիրը:

Ահարոնեանի էական հետաքրքրութիւններու ոլորտը կ՛ընդլայնի հայ ազգագրութենէն դէպի մարդկայինը, մարդասիրական-մշակութաբանական ընդհանրական տեսիլքը:

 

 

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. Պարզ Խօսքեր (Երուանդ Տէր Խաչատրեան)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Հերակլէսի Սրբավայրը  Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները
Մշակութային եւ Այլազան

Հերակլէսի Սրբավայրը Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները

January 30, 2026
Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական  Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի
Մշակութային եւ Այլազան

Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի

January 23, 2026
ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը  Լոնտոնի Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը Լոնտոնի Մէջ

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.