ԲԺԻՇԿ ՏԻԳՐԱՆ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ
Հանրայայտ ճշմարտութիւն է, որ մարդկութեան համար անկախութիւնը բացարձակ արժէք է, իսկ վերանկախացած Հայաստանը օրերս իր առաջին անկախութեան հարիւրամեայ յոբելեանը կը նշէ այսպէս կոչուած «Թաւշեայ յեղափոխութեան» շունչին ներքեւ: Երիտասարդութեան կողմէ անարդարութեան դէմ ցասումի պատճառով ծայր առած այս շարժումը նոր շունչ ու կորով կը խոստանայ համայն հայութեան: Իսկ ի՞նչ հանգամանքներ նպաստեցին, որ երիտասարդներու սկսած այս շարժումը վերածուի համաժողովրդական ապստամբութեան: Ներկայիս, երբ կիրքերը գրեթէ հանդարտած են, եւ նոր իշխանութիւնները իրենց դիրքերը հաստատած են երկրի իշխանական համարեա բոլոր լծակներուն վրայ` կազմելով խոստմնալից կառավարութիւն, որմէ մեծ ակնկալիքներ ունի համայն հայութիւնը, կարելի է ըսել, որ արդէն նախկին դարձած իշխանութիւնները իրենց անհեռատես իշխանավարման միջոցով մեծապէս նպաստեցին այս շարժման ծագման, զարգացման ու յաղթանակին: Բոլորիս յայտնի է իշխանաւորներու եւ իրենց հարազատներուն ու մերձաւորներուն մեղմ ասած անպարկեշտ ու ամբարտաւան վերաբերմունքը հասարակ քաղաքացիներուն նկատմամբ, տակաւին չենք խօսիր տնտեսական մենաշնորհներու եւ անպարկեշտ մրցակցութեան, անպատժելիութեան եւ այլ ախտերու եւ արատներու մասին, որոնք ազգը բաժնեցին իւրայիններու եւ օտարներու` ժողովուրդին մէջ ատելութիւն սերմանելով սեփական իշխանութիւններուն նկատմամբ, ինչ որ յաճախ քաղաքացիի անզօրութեան պատճառով զայն հասցուցած էր յուսահատութեան եւ ակամայ հայրենալքութեան, խորհրդային կարգերու մէջ որոշ յաջողութիւններու հասած երեքուկէս միլիոննոց Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերածելով մէկ միլիոն եօթը հարիւր հազարնոց յուսահատ հանրութեան: Դժբախտաբար անկախութեան առաջին իսկ օրերէն յառաջ տարուող հայրենակործան այս գիծը երկիրը հասցուց անդունդի եզրին: Այսօր, սակայն, փոխուած են խաղի կանոնները, եւ անկախութեան սերունդ հանդիսացող ներկայի երիտասարդութիւնը ոտքի է եւ անզիջում` սեփական երկրի մէջ ազատ,անկախ եւ լիիրաւ քաղաքացի ըլլալու իր իրաւունքին մէջ. սերունդ մը, որ չի ճանչնար օտարի լուծ եւ չի ցանկար հարազատ երկրի մէջ հարազատ իշխանութեան կողմէ ստրկանալ:
Պատմական բնականոն զարգացումով անխուսափելի է շահագործող կառավարութեան մը գոյութիւնը: Մեր երկիրը պիտի անցնէր անպայման մենատիրական եւ դրամատիրական ժամանակաշրջանէ` վստահելով հայու ողջախոհութեան: Հոգեբանական, հռետորական, քաղաքական բացառիկ ունակութիւններով ու ազնիւ քաղաքացիի հրաշալի տիպարով ներկայացող ղեկավարին վստահեցաւ ժողովուրդը: Ժողովուրդը Նիկոլը ընտրեց` թօթափելով յուսալքութիւնը: Նիկոլը չի կրնար կրկնել գացածի սխալները, կամ` այլ տեսակի սխալներ թոյլ տալ: Ժողովուրդը կը հսկէ եւ անհրաժեշտութեան պարագային` «Մերժի՛ր Նիկոլին» կ՛ըսէ, որովհետեւ ժողովուրդին մտածելակերպը մեծ յառաջընթաց արձանագրեց: Ետդարձ չկայ:
Ուստի, մենք ազգովին պարտաւոր ենք նեցուկ կանգնիլ ազատատենչ ու ազատախոհ այս սերունդին, որպէսզի այսուհետեւ ո՛չ օտարէն եւ ո՛չ առաւել եւս իւրայիններէն ստրկութիւն տեսնէ: Տանք անոր թեւեր` ազատօրէն ճախրելու, որպէսզի Հայկ Նահապետի հազարամեակներ առաջ արձակած նետը յաւէտ խորանայ դէպի յաւերժութիւն, դէպի մեր ցայսօր անկատար իղձերու եւ երազանքներու իրագործում` ազատ, անկախ, միացեալ, ամբողջական եւ ծաղկուն Հայաստանի կերտում:
Հալէպ