Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. Պարզ Խօսքեր (Երուանդ Տէր Խաչատրեան)

May 23, 2018
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Երեւանի մէջ 2018-ին լոյս տեսաւ Երուանդ Տէր Խաչատրեանի «Պարզ խօսքեր» հատորը, բաղկացած` 600 էջերէ: Ժողովածուն կ՛ընդգրկէ գրականագիտական եւ արուեստաբանական շարք մը յօդուածներ եւ գրական դիմանկարներ: Հեղինակը գիրքը նուիրած է զաւակներուն` Արա եւ Դաւիթ Տէր Խաչատրեաններուն: Խմբագիր` Սամուէլ Խաչատրեան:

«Թարգմանութեամբ» խորագրեալ յօդուածը նուիրուած է Պարոյր Սեւակի թարգմանական ժառանգութեան: Հեղինակը կ՛ըսէ, որ Պարոյր Սեւակ, որ յարակարծութիւններու մարդ էր ե՛ւ կեանքով, ե՛ւ գրականութեամբ, իր յարակարծութիւններէն մէկը ուղղակիօրէն հասցէագրած ուղղած է թարգմանութեան արուեստին ու արհեստին:

«Հերակլէսի ամենամեծ սխալը» յօդուածով Երուանդ Տէր Խաչատրեան կ՛արծարծէ հայ դասական ուղղագրութեան դառն ճակատագրին վերաբերեալ հարցեր: Ան կ՛ըսէ, որ երբ Խորհրդային Հայաստանի մէջ խումբ մը մարդիկ ձեռք զարկին դասական կամ աւանդական ուղղագրութիւնը փոխելու ծրագիրի իրագործման, անոնք փաստօրէն կ՛իրագործէին քաղաքական որոշակի նպատակ` բարձրացող բռնապետութեան քաղաքական պատուէրը: Այդ մարդիկ իրենք ընդամէնը խաղալիք էին քաղաքական այն կեղտոտ խաղին մէջ, որ ձեռնարկած էին Մոսկուայի բախտախնդիրները: Դասական ուղղագրութեան հետ կատարուող քմահաճ ու կամայական փոփոխութիւնը չարագոյժ բօթի պէս ընդունեց հայ մտաւորականութիւնը:

«Բանաստեղծութեան ուղին» յօդուածը նուիրուած է Կոստան Զարեանի բանաստեղծութիւններուն: Կոստան Զարեան թէեւ արձակ շատ գրած է, բայց առաջին հերթին բանաստեղծ է: Ան գրական ասպարէզ մտած է բանաստեղծութեամբ եւ բանաստեղծութիւն գրած է իր ողջ կեանքի ընթացքին: Զարեանի բանաստեղծութիւնները մեծ թիւ կը կազմեն: Կոստան Զարեան միշտ ինքզինք զգացած է իբրեւ աշխարհի հնագոյն մշակոյթներէն մէկը կրող ժողովուրդի զաւակ, որուն արմատները Հայաստանի մէջ են, Արարատեան հողին վրայ, ուր կու գան եւ կը հանդիպին հին մեծ Արեւելքը եւ Արեւմուտքը` եւրոպական քաղաքակրթութիւնը:

Կոստան Զարեանի բանաստեղծութիւնը բարդ, հարուստ, գունագեղ եւ բազմաբղէտ աշխարհ մըն է, անոր ներաշխարհի չափածոյ պատմութիւնը:

«Զահրատի վերջին գիրքը» յօդուածին մէջ Տէր Խաչատրեան կ՛ըսէ, որ բանաստեղծներ եւ արուեստագէտներ կան, որոնք մինչեւ իրենց ստեղծագործութեան վերջին պահը նոր են, ուրիշ են, տարբեր են եւ կը շարունակեն զարմացնել իրենց երիտասարդական զգացականութեամբ, ինքնատիպ մտածողութեան թարմութեամբ եւ ազատութեամբ: Անոնք քիչերն են, եզակիները եւ անոնք կը ներկայացնեն բացառութիւնը: Բանաստեղծ Զահրատ այդ բացառութիւններէն է: Զուսպ եւ սակաւախօս, իր բանաստեղծական խօսքին մէջ` խիտ եւ բարձրաթռիչ Զահրատ խոր թափանցումներու բանաստեղծ է:

«Ես զո՛հ ողջակէզ» բաժինին մէջ Երուանդ Տէր Խաչատրեան կը խօսի Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» վէպի մասին: Ան կ՛ըսէ, որ Աբովեան իր վէպը կառուցած է, ինչպէս մեր նախնի մեծ վարպետները կառուցած են մեր հոյակապ տաճարներն ու վանքերը` ոգեւոր, խորապէս մարդկային ու կատարեալ: Ան շնչաւորած է իր վէպը, ինչպէս որ մեր նախնի ասացողները շնչաւորած ու ձայնաւորած են մեր ժողովրդական ասքը: Կը թուի` վէպը շարադրած է ոչ թէ մարդկայինք ձեռքը, այլ հայոց լեզուի յորդահոս եւ շառաչուն տարերքը, հայոց լեզուի ներքին հզօր թափն ու շունչը: Վէպին մէջ նկարագրուած ոչ մէկ դրուագ, ոչ մէկ միջադէպ, ոչ մէկ պատկեր կամ տեսարան պատահական չէ. անիկա խորհրդանշական է, այլիմաստ եւ այլասացային:

«Տիրան Չրաքեան. գիր եւ ուղի» յօդուածին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ, որ Չրաքեան հրատարակած է միայն երկու գիրք` «Ներաշխարհ», հազիւ 250 էջ, եւ «Նոճաստան», միայն 46 էջ: Իր մնացած գրութիւնները` բանաստեղծութիւններ, արձակ երկեր, յօդուածներ եւ այլն, մնացած են ժամանակի մամուլի էջերուն մէջ: Եւ այդ երկու գիրքերով Տիրան Չրաքեան դարձած է հայ գրականութեան մեծագոյն դէմքերէն մէկը: Այն, ինչ ստեղծած է Տիրան Չրաքեան-Ինտրան, կ՛ենթադրէ գրականագիտական եւ փիլիսոփայական խոր վերլուծութիւն:

«Ներաշխարհ»-ը եզակի ստեղծագործութիւն է: Իբրեւ գեղարուեստական մեծարժէք եւ բացառիկ ստեղծագործութիւն` «Ներաշխարհ»-ը անվախճան է ու անսպառելի:

«Ներաշխարհ»-ը ոչ միայն հոգեւոր մեծ հարստութիւն ստեղծած ժողովուրդի գրականութիւն է, այլեւ հայոց լեզուի ստեղծագործական ներուժ կարելիութիւններու եւ կարողութեան, ինչպէս նաեւ հայերէնի քերականութեան նոր, բարձրագոյն դրսեւորում: Իսկ «Նոճաստան»-ը բանաստեղծական արուեստի ու մշակոյթի բարձրագոյն երեւոյթ է:

«Անառակ որդիի վերադարձը» յօդուածին մէջ Խաչատրեան կ՛ըսէ, որ Եղիշէ Չարենցի «Requiem aeternam Կոմիտասի յիշատակին» երկը առանձնակի երեւոյթ է. անիկա պատարագ է եւ հոգեհանգիստի բանաստեղծական ծաւալուն խօսք: Գրութեան առիթը Կոմիտաս վարդապետի աճիւնի փոխադրումն է Փարիզէն Երեւան 1936-ին: Բանաստեղծութիւնը բովանդակային երկու հիմնական գիծ ունի` վերադարձ եւ ճանաչում: Բանաստեղծութեան ամբողջ ընթացքին կը հոլովուի «վերադարձ» բառը: Անիկա բանաստեղծութիւն է դարձի ու վերադարձի:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (23 Մայիս 1968)

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Աւետիս Ահարոնեան 150» Միջազգային Գիտաժողովի Նիւթեր

RelatedPosts

Հերակլէսի Սրբավայրը  Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները
Մշակութային եւ Այլազան

Հերակլէսի Սրբավայրը Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները

January 30, 2026
Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական  Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի
Մշակութային եւ Այլազան

Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի

January 23, 2026
ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը  Լոնտոնի Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը Լոնտոնի Մէջ

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.