Յօդուածներ

Լրագրողների Լռեցման Աւանդոյթը Թուրքիայում  (Հասան Ֆեհմիից Մինչեւ Հրանդ Տինք)*

Բոշաները Մինչեւ 1950-ական Թուականները Չեն Կարողացել Ծառայել Թուրքական Բանակում

ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆ Արդուին նահանգի Արդանուջ գաւառի Ադաքալ, (հայկական անուանումը` եւ Գեւհերնիք) թաղամասում հանդիպեցինք Շաւշաթ գաւառից եւ Շահբազ տոհմից ծագող (ըստ աւանդութեան, Շահբազները 4 եղբայր են եղել) 52-ամեայ Եաշար Քարաթաշին, ով աշխատում էր տեղի շուկայում: Ի դէպ, Ադաքալեն նախկինում բնակեցուած է եղել միայն հայերով: Ներկայում գիւղում ապրում են նաեւ քրտեր, սակայն բոշաներն այստեղ մեծամասնութիւն են կազմում: Եաշար Քարաթաշը նախ մեզ ցոյց...

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Մայրերու Տօնին Նուիրուած Նախաճաշ

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Մայրերու Տօնին Նուիրուած Նախաճաշ

Չորեքշաբթի, 9 մայիս  2018-ին, Մայրերու տօնին  առիթով Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի Տիկնանց  յանձնախումբին կազմակերպած Ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահին մէջ` նախագահութեամբ Գարոլին Թերզեանի: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետ Ծովիկ Գէորգեանը, որ ողջունեց ներկայ ծնողներն ու բարեկամները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց` հաստատելով,  որ ձեռնարկը կը  միտի երախտագիտութիւն յայտնել մայրերուն: Ան վեր առաւ մօր դերը  ժողովուրդներու կեանքին մէջ...

Ըսինք` 100-Ամեակ.  Ցեղասպանութեան Դէմ Յաղթանակը Մենք Մեզի Դէմ Տարուած Պայքարի Յաջողութիւնն Է

Դիմաւորել 100-ամեակը – 18. Սփիւռքները, Անկախութիւնը, Երէկ, Այսօր Եւ Վաղը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Անկախութիւնը ներհայաստանեան հարց չէ միայն, ան համահայկական խնդիր է: Սփիւռք(ներ)ը անկախութեան պէտք է կառչի երկու պատճառներով: Նախ` ընթացիկ հայապահպանման համար, քանի որ անկախ հայրենիքը զգացական-քաղաքական հպարտութիւն կը ներշնչէ, հոգեկան ուժ, երկրորդ` նաեւ վառ պահելու համար միացում-վերադարձի նոյնիսկ երազային յոյսը, թերեւս ալ` յանձնառութիւնը, առանց որուն` սփիւռք(ներ)ը պիտի չտեւէ: 7 դեկտեմբեր 1919-ին, Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունի, տպաւորիչ պատուիրակութեամբ...

25-Ամեակէն Անդին.  Ի՞նչ Կրնանք Ընել

Մէկ Նիկոլով Գարուն Չի Գար

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Գարո՜ւն է, գարո՛ւն է, ուշացա՜ծ գարուն: Նիկոլ Փաշինեան դարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ: Արեւ է. այստեղ` «Հիւսիսում այս հեռաւոր», ծառերը սկսած են դալարիլ: Բաց գոյնով փոքրիկ տերեւներ սկսած են լեցնել ամբողջ ձմեռը մերկ մնացած ճիւղերն ու ճիւղիկները: Գրեթէ թափանցիկ են այդ տերեւները, եւ արեւուն ճառագայթները կարծես անոնց մէջէն կ՛անցնին: Նիկոլը` վարչապետ: Կայ խանդավառութիւն մը, որ համացանցի ճամբով կ՛անցնի բոլոր իրական...

Հայաստանի Անկախութեան 100-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Կիպրոսի Մէջ

Հայաստանի Անկախութեան 100-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Կիպրոսի Մէջ

Կիրակի, 13 մայիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7-ին  Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական  փոխանորդ  Խորէն արք. Տողրամաճեանը, ընդառաջելով Կիպրոսի Համազգային մշակութային միութեան  պաշտօնական  հրաւէրին, ներկայ գտնուեցաւ Ստրովոլոսի քաղաքապետարանի հանդիսասրահին մէջ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակին նուիրուած «Սարդարապատ» խորագիրով` «Սիփան», «Անի» եւ «Նանօր» պարախումբերու տարեկան ելոյթին` պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեանի ղեկավարութեամբ: Բացման խօսքը արտասանեց միութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեանը, եւ ապա խօսք առաւ մշակոյթի նախարարին...

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Նոր Էջ, Նոր Մօտեցումներ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Նոր Էջ, Նոր Մօտեցումներ

Խորհրդանշական էր, երբ մայիսի 9-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն իր առաջին մամլոյ ասուլիսն անցկացրեց Արցախում: Բնականաբար Արցախում անցկացուած ասուլիսի առանցքային թեման եղաւ Արցախը, Արցախի նկատմամբ Հայաստանի նոր վարչապետի մօտեցումներն ու միջազգային ասպարէզում Արցախի հարցը ներկայացնելու քաղաքականութիւնը: Փաշինեանը նախ կրկնեց եւ շեշտադրեց վաղուց արդէն Արցախի իշխանութիւնների կողմից արծարծուած մօտեցումը բանակցութիւնների մասնակիցների ձեւաչափի խեղաթիւրման հարցի վերաբերեալ` նշելով, որ Հայաստանը կարող...

Հիմա Կը Մնայ, Որ Ժողովուրդը Յաղթէ

Հիմա Կը Մնայ, Որ Ժողովուրդը Յաղթէ

ՍԵՒԱԿ ԱՐՈՅԵԱՆ Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ վերջին մէկ ամիսը լարուած մթնոլորտ մը կը տիրէ: Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները յաջողութեամբ աւարտեցան, եւ իբրեւ արդիւնք` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր առաջադրած թեկնածուները կրցաւ հասցնել խորհրդարան: Երբ կ՛ըսեմ` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հասցուց զանոնք խորհրդարան, այդ չի նշանակեր ընտրամեքենան ու անոր պատասխանատուն միայն, այդ չի նշանակեր Կեդրոնական կոմիտէն եւ անոր ներկայացուցիչը միայն, այդ կը...

Գիրքի Հրատարակութիւն

Գիրքի Հրատարակութիւն

Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի պանծալի թուականին առիթով հրատարակութեան կու տայ «Պատմական Հայաստանի աւանդներու հետքերով» գունազարդ հրատարակութիւնը` մեր նոր սերունդի պատմական գիտելիքներու ճանաչման, ծանօթացման ու տարածման նպատակով: Հեղինակ` ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ Գիրքը կարելի է գտնել «Ազատ Օր»-ի խմբագրատան գրասենեակը:

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-Ամեակի Առիթով.  Շահամիր Շահամիրեան

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-Ամեակի Առիթով. Շահամիր Շահամիրեան

Իբրեւ սահմանադրական հանրապետութեան`  Հայաստանի անկախութեան գաղափարը ձեւաւորուեցաւ առաւելաբար Ռուսիոյ եւ Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ, խումբ մը հայ ազգային գործիչներու կողմէ, որոնցմէ ոմանք արդէն իսկ ծանօթ են մեր ընթերցողներուն: Այսօր Շահամիր Շահամիրեանը կը ներկայացնենք առանձինն` իր բեղուն գործունէութեան եւ համապարփակ աշխատանքներուն համար: Անոր «Որոգայթ փառաց» երկը (1773) սահմանադրական հանրապետութեան առաջին ծրագիրն է աշխարհի մէջ», ինչպէս կը վկայէ յօդուածին հեղինակը: Յիշեալ գիրքին...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Ամերիկացի Փաստաբանները Դատ Կը Բանան Թուրքիոյ Դէմ` Պահանջելով Հարիւրաւոր Միլիոն Տոլարի Հատուցում

  ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր 16 մայիս 2017-ին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Սպիտակ տան  մէջ նախագահ Թրամփի հետ հանդիպման ժամանակ, Էրտողանի թիկնապահները առանց պատճառի յարձակեցան եւ դաժանօրէն ծեծեցին քիւրտ եւ հայ ցուցարարներ, որոնք հաւաքուած էին Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրին դիմաց: Ցուցարարներէն ինն լուրջ վնասուածքներ ստացան... Ինչպէս կը յայտնէ «Ուաշինկթընիըն» (Washingtonian) ամսագիրը, «Յունիս 14-ին կայացած...

Տրապիզոնի` Մզկիթի Վերածուած Եկեղեցիները

Տրապիզոնի` Մզկիթի Վերածուած Եկեղեցիները

Akunq.net-ը թուրքերէնից թարգմանաբար եւ առանց կրճատումների ներկայացնում է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանաչած թուրք սիւնակագիր Սերտար Քորուճուի յօդուածը` Տրապիզոնում մզկիթի վերածուած բիւզանդական եկեղեցիների մասին. ՍԵՐՏԱՐ ՔՈՐՈՒՃՈՒ Թարգմանեց ԱՆԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԸ Տրապիզոնի Օրթահիսար գաւառի Քարշըեաքայ թաղամասում գտնուող Մոլլա Հալիլ մզկիթի շուրջ վէճ էր առաջացել: Պատճառն այն պնդումն էր, որ մզկիթի ճարտարապետական ոճը նման է եկեղեցու: Այնինչ, նոյն շրջանում բազմաթիւ եկեղեցիներ կան, որոնք մզկիթի են...

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

15 Մայիս 1916. Հայոց Գաղափարի Զինուոր Առիւծը` Քաջն Քեռի Ինկաւ Ռեւանտուզի Ահեղ Կռուին

Ն.ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ 15 մայիսի այս օրը, 1916 թուականին, թանկագին արեամբ գրուեցաւ հերոսական ու անմոռանալի էջերէն մէկը հայոց դիւցազնական ազատամարտին: 102 տարի առաջ, մայիս ամսու այս օրը, զոհուեցաւ հայ ժողովուրդի անզուգական հերոսներէն Քեռին, որ աւազանի անունով Արշակ Գաւաֆեան մկրտուած էր, եւ որ իր զոհաբերութեան, քաջագործութեան ու առաքինութեան համար արժանացաւ մեր ժողովուրդին կողմէ ՔԵՌԻ կոչուելու սրտաբուխ պատիւին: Չորրորդ գնդի հրամանատար քաջ Քեռի, Ինքդ...

Գրողի Անկիւն. Դրամահաւաք Եւ Մասամբ Նորին

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Եթէ Յակոբ Պարոնեանի Պաղտասար աղբարը ողջ ըլլար, հաւանաբար պիտի ըսէր. «Ոտքը կոտրէր այդ նամակաբերին եւ այդ նամակը մեզի բերած չըլլար»: Միտքս պարզեմ: Տարիներ առաջ էր: Յստակ չեմ յիշեր: Միայն այն գիտեմ, որ օր մը մեր նամակաբերը նահանգի մանուկներու հիւանդանոցէն, մեր հասցէին ուղարկուած, բոլորովին անսովոր նամակ մը բերաւ: Անսովոր` այն իմաստով, որ հինգ-վեց էջերու նկարներու կողքին, կար նաեւ նիւթական...

Հայկազեան Համալսարան. Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն.  «Եգիպտոսի, Սուտանի Եւ Եթովպիոյ Հայերը» Գիտաժողովի Առաջին Փուլը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

Հայկազեան Համալսարան. Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն. «Եգիպտոսի, Սուտանի Եւ Եթովպիոյ Հայերը» Գիտաժողովի Առաջին Փուլը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին կազմակերպած «Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ հայերը» գիտաժողովը տեղի ունեցաւ երկու փուլով, որուն առաջինը կայացաւ Գահիրէի մէջ, 12-13 ապրիլ 2018-ին, իսկ երկրորդը տեղի պիտի ունենայ մայիս 29-30, Հայկազեան համալսարանին մէջ: Յիրաւի, չորեքշաբթի, 12 ապրիլ 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Կոկանեան» սրահին մէջ, Գահիրէ, պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ գիտաժողովին: Գիտաժողովին այս փուլը կազմակերպուած էր գործակցութեամբ Եգիպտոսի հայոց  առաջնորդարանին:...

Մերօրեայ  Անհեթեթութիւն

Մերօրեայ Անհեթեթութիւն

Ռ. Ա. Բեմին վրայ թատերագիր, արձակագիր եւ հրապարակագիր Արա Արծրունիի «Կոնտոլեզիա իմ սէր» թատերախաղն է` բեմադրութեամբ  Յակոբ Տէր Ղուկասեանի: Ներկայ է հեղինակը, հանդիպելու`  տեսանելի  արժէքներու վերածուած  իր գրական կերպարներուն հետ: Արա Արծրունին եկած է Համազգայինի  «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին մէջ անսպասելին, տարօրինակը, զարմանալին... բեմադրիչին իւրօրինակ  մեկնաբանութիւնը տեսնելու: Պաստառին` ներկայացման ժամանակաշրջանը բնութագրող տողերը, աշխարհի տարբեր  լեզուներէն մինչեւ հիէրօկլիֆներ ու սեպագիր  արձանագրութիւններ` հանդիսատեսը...

Դանդաղ Քայլերով, Բայց Գիւղը Կը Ծաղկի. Քաշունիքի Գիւղապետ

Դանդաղ Քայլերով, Բայց Գիւղը Կը Ծաղկի. Քաշունիքի Գիւղապետ

ՏԱԹԵՒԻԿ ԱՂԱՋԱՆԵԱՆ Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանը կը գտնուի Քաշունիք գիւղը: Քաշունիք համայնքը կ՛ընդգրկէ 3 գիւղ` Քաշունիք, Վերին Քաշունիք եւ Մորաջուր: Քաշունիք համայնքի սահմանային գօտիով կը հոսի Հագարի գետը: Համայնքը հարթավայրային է, ունի 2593.9 հեկտար տարածք, որմէ 1277.2 հեկտար գիւղատնտեսական նշանակութեան, 1184.9 հեկտարը անտառային հողեր են: Բնակիչները հիմնականին մէջ կը զբաղին գիւղատնտեսութեամբ եւ անասնապահութեամբ: Կը ցանեն ցորեն, գարի, հաճար: Գիւղին աշխարհագրական...

Գիտաժողով` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան  Կրթական Եւ Մշակութային Կեանքի Մասին

Գիտաժողով` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Կրթական Եւ Մշակութային Կեանքի Մասին

15-16 մայիս 2018-ին տեղի ունեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու Ազգային ժողովին գործակցութեամբ կազմակերպուած` «Կրթամշակութային կեանքը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան տարիներին» գիտաժողովը: 15 մայիսի բացման նիստին ողջոյնի խօսքով եւ նման նիւթերով գիտաժողովներու կարեւորութեան մասին հանդէս եկան Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ...

Ժամանակն Է Կազմելու Համահայկական Հայագիտական Կրթական Ծրագիր

Ժամանակն Է Կազմելու Համահայկական Հայագիտական Կրթական Ծրագիր

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Կրթամշակութային կեանքը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տարիներուն Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի բացման խօսքը` Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային, Երեւանի պետական համալսարանին եւ Համազգային հայ կրթամշակութային միութեան կազմակերպած գիտաժողովին ժամանակ։ Շուրջ տարի մը առաջ, երբ ԵՊՀ-ի մեր գործակիցներուն առաջարկեցինք այս օրերուն, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակի եւ Համազգայինի հիմնադրման 90-ամեակի զոյգ առիթներով, մօտաւորապէս ներկայ վերջնական թեմայով,...

ՀՅԴ-ի Գաղափարաբանութեան Հիմունքներն Ու Այլ Հասկացութեանց Խորհուրդներն Ու Պատգամները Դաշնակցականներու Մօտ

Հարիւր Ականաւոր Դէմքերու Յուշ-Պատգամներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ ՀԱՄՕ ՕՀԱՆՋԱՆԵԱՆ (Համազասպ, 1873-1947) * Ասում են, թէ Դաշնակցութիւնը եղել է մի կառավարութիւն: Դա մի ցաւալի սխալ է: Ճիշդ է` Դաշնակցութիւնը այդ դերը ստանձնել է մի որոշ ժամանակ, բայց դա նրա նպատակը չէր: Անցել է արդէն այդ ժամանակը, եւ այժմ Դաշնակցութիւնը առաջ պիտի գայ իբրեւ քաղաքական-սոցիալիստական կուսակցութիւն` ունենալով իւր ամբողջացած պատմափիլիսոփայական աշխարհայեացքը. իր իտէալը, իր նպատակակէտը: Եթէ չլինի...

Արհեստագիտական Նորութիւններ

Արհեստագիտական Նորութիւններ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Հրատ Մոլորակի Համար Ուղղաթիռ ՆԱՍԱ-ն շաբաթ օր յայտնեց, որ կը մտադրէ 2020 թուականին Հրատ մոլորակ ուղղաթիռ ուղարկել: Գործակալութեան մասնագէտները սարքին վրայ աշխատած են 4 տարի: Սարքը սոֆթպոլի գնդակի չափ է եւ կը կշռէ 1,8 քկ: Սարքը հեռակառավարուող է եւ կը գործածուի ուսումնասիրելու այնպիսի շրջաններ, ուր Հրատ ուղղուող տիեզերանաւը չի կրնար մուտք գործել: Տիեզերանաւը ուղղաթիռին հետ Կարմիր մոլորակ...

Page 694 of 1111 1 … 693 694 695 … 1,111

Արխիւներ