Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Աննա Յակոբեանի Նախաձեռնութեամբ Քննարկուեցան Քաղցկեղով Տառապող Փոքրիկներու Բուժման Հարցերը
Հայաստանի վարչապետի կնոջ` Աննա Յակոբեանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հրատապ աշխատանքային հանդիպում` մանկական ուռուցքաբանութեան եւ արիւնաբանութեան ոլորտի բարեգործական հիմնադրամներու եւ մասնագէտներու մասնակցութեամբ:
Աննա Յակոբեանի գրասենեակէն յայտնեցին, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան մանկական քաղցկեղի եւ արեան հիւանդութիւններու հետ կապուած հարցերը եւ անոնց լուծման կարճաժամկէտ ու երկարաժամկէտ ուղիները:
Մասնակիցները պատրաստակամութիւն յայտնեցին համախմբելու իրենց ուժերը` քաղցկեղով հիւանդ փոքրիկներու համապատասխան բուժման կազմակերպումը շարունակելու նպատակով:
Հայաստանի հիւանդանոցներուն մէջ բուժուող քաղցկեղով հիւանդ մանուկները այսուհետեւ կը ստանան անհրաժեշտ բուժումը, եւ բուժող բժիշկներն ու օգնութեան կարիք ունեցող քաղցկեղով հիւանդ մանուկները կրնան դիմել հիմնադրամներուն` անհրաժեշտ օգնութեան կազմակերպման համար:
Այս նպատակով, խորհրդակցութեան իբրեւ արդիւնք, ստեղծուեցաւ աշխատանքային խումբ մը, զոր կը ղեկավարէ Աննա Յակոբեանը: Աշխատանքային խումբի կազմին մէջ են` մանկական ուռուցքաբան, արիւնաբան Սամուէլ Դանիէլեանը, «Օգնեմ» հիմնադրամի նախագահ Էտկար Գեանջումեանը, «Առողջութեան կամուրջ» հիմնադրամի նախագահ Անահիտ Բարսեղեանը, «Ֆոնդ100» հիմնադրամի նախագահ Տիգրան Բալոյեանը եւ հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Լուսինէ Բադալեանը, «Մենք ենք» հիմնադրամի նախագահ Սոնա Ազարեանը, «Սիթի աֆ սմայլ» հիմնադրամի տնօրէն Լիլիթ Սարգսեանը եւ մանկական ուռուցքաբան, արիւնաբան Գէորգ Թամամեանը:
ՀՕՄ-ի Նախաձեռնութեամբ Գիտաժողով Եւ Ձեռարուեստի Ցուցահանդէս` Նուիրուած Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին
Հայ օգնութեան միութեան Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը կազմակերպած է «Հայ հնագոյն ձեռարուեստը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի շեմին» ցուցահանդէսը, ուր պիտի ներկայացուին ձեռագործ աշխատանքներ:
Ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ 23 մայիսին, «Անի փլազա» պանդոկին մէջ, առաւօտեան ժամը 11-էն երեկոյեան ժամը 9 :
Տեղեկացնենք, որ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ, 24 մայիսին, առաւօտեան ժամը 10-ին Երեւանի պետական համալսարանի կեդրոնական մասնաշէնքին մէջ կը կազմակերպէ «Հայ կանանց դերը. Զարթօնքէն` հանրապետութիւն» խորագրով խորհրդաժողով մը, որ նուիրուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին:
Երգիչ Գառնիկ Սարգիսեան 28 Մայիսին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին Նուիրուած Երգահանդէս Պիտի Տայ Ստեփանակերտի Մէջ
28 մայիսին, Հայաստանի Ա. հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած, Ստեփանակերտի պատմական երկրագիտական թանգարանին մէջ պիտի կազմակերպուի «Հայաստանը 1918-1920 թուականներուն» նիւթով ցուցահանդէս: Այս մասին տեղեկացուցած է Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարի մամլոյ ծառայութիւնը: Աղբիւրին համաձայն, նոյն օրը Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ Սայաթ Նովայի անուան պետական երաժշտական քոլեճի ազգային նուագարաններու նուագախումբին նուագահանդէսը:
Տեղեկացնենք, որ նոյն ծրագիրի ծիրին մէջ 3 յունիսին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ հայրենասիրական երգերու մեկնաբան, ամերիկահայ երգիչ Գառնիկ Սարգիսեանի երգահանդէսը` Արցախի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ ՀՅԴ Արցախի կառոյցի հովանաւորութեամբ:
Կիպրոսի Մելգոնեան Վարժարանի Շրջանաւարտներ Կը Դիմեն Սփիւռքի Նախարարին` Վերաբանալու Համար Դպրոցը
18 մայիսին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը ընդունեց Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան նախկին շրջանաւարտներու պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին Բիւզանդ եւ Մարի Ագբաշեանները (Պոլիս), Գրիգոր Մարոնեանը (Մոնրէալ), Մանուկ Եդըզեանը (Կիպրոս) եւ Գէորգ Մարաշլեանը (Ուաշինկթըն):
Մելգոնեանցիները նախարարին ներկայացուցին իրենց խնդրանքը` աջակցելու Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանի վերաբացման, նշելով, որ կրթական հաստատութեան տարբեր տարիներու հարիւրաւոր շրջանաւարտներ պատրաստ են նիւթական, մտաւոր եւ բարոյական ներդրում ունենալու համազգային հնչեղութիւն ունեցող այդ հարցի լուծման գործին մէջ:
Անոնք յայտնեցին նաեւ, որ իրենք կը հովանաւորեն Մասիսի թիւ 2 վարժարանը. իրենց հանգանակած 120 հազար տոլարը յատկացուցած են 900 աշակերտ ունեցող դպրոցի վերանորոգման:
Սփիւռքի նախարարը, ընդգծելով Մելգոնեան վարժարանի վերաբացման հարցի կարեւորութիւնը, հաւաստիացուց, որ հարցը համակողմանի կ՛ուսումնասիրուի, եւ միացեալ լուծումներ կը գտնուին:
«Հայապահպանութեան միտուած հարցերը անպայման կը լուծուին, միայն ժամանակի կը կարօտին: Պիտի արդարացնենք միլիոնաւոր հայերու սպասելիքները», աւելցուց սփիւռքի նախարարը:
Ըստ Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին Ֆրանսահայերէն Շատեր Կ՛ուզեն Վերադառնալ, Բնակիլ Ու Աշխատիլ Հայաստանի Մէջ
Ֆրանսահայերէն շատերը կ՛ուզեն վերադառնալ, բնակիլ եւ աշխատիլ հայրենիքի մէջ: Այդ մասին յայտարարեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոտ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի հետ հանդիպման ժամանակ:
Ողջունելով դեսպանը` նախարարը համոզում յայտնեց, որ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները յառաջիկային աւելի պիտի զարգանան ու ընդլայնին: Մխիթար Հայրապետեան կարեւոր նկատեց երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական, մշակութային կապերու աշխուժացումը, նշեց, որ լսփիւռքի լհետ կ՛աշխատին նաեւ կրթութեան, մշակոյթի, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու, արտաքին գործոց եւ այլ նախարարութիւններ:
Նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Երկրին մէջ դրական մթնոլորտ ստեղծուած է, ժողովուրդը կը սպասէ փոփոխութիւններու: Մարդիկ հաւատացած են, վստահած են մեզի, պէտք է արդարացնենք այդ վստահութիւնը: Սփիւռքը շատ բազմազան է, բազմաշերտ, պէտք է աշխատիլ բոլոր կառոյցներուն ու կազմակերպութիւններուն հետ: Պէտք է աշխուժ գործակցիլ յատկապէս երիտասարդներու հետ, յստակ քայլեր ընել»:
Ֆրանսայի դեսպանը նշեց, որ ուրախ են ընդլայնելով համագործակցութեան շրջանակները նոր Հայաստանի մէջ:
Քննարկուեցան նաեւ կրթութեան, նորագոյն արհեստագիտութիւններու, տնտեսութեան բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան, Երեւանի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու 2018-ի վեհաժողովի կազմակերպման հետ կապուած հարցեր:
Պիտի Նշուի Սուրբ Հռիփսիմէ Վանքի Հիմնադրութեան 1400-ամեակը
2018 թուականին կը լրանայ Վաղարշապատի Սուրբ Հռիփսիմէ վանքի հիմնադրութեան 1400-ամեակը:
Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին օրհնութեամբ, ստեղծուած է յոբելենական ձեռնարկներու կազմակերպման յատուկ յանձնախումբ` նախագահութեամբ Նաթան արք. Յովհաննիսեանի:
Ձեռնարկներուն սկիզբը պիտի տրուի Ս. Հռիփսիմեանց յիշատակութեան օրը, որ այս տարի պիտի տօնախմբուի մայիս 28-ին:
Տօնին, ժամը 10:00-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն եկեղեցականներու եւ ուխտաւորներու հանդիսաւոր թափօրով Ս. Հռիփսիմէ վանք պիտի տարուին Սուրբ Էջմիածինի մէջ պահուող սուրբ Հռիփսիմէ կոյսին մասունքները:
Նոյն օրը, ժամը 11:00-ին, վանքին մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցէ Արտակ եպս. Տիգրանեանը, ապա պիտի կատարուի նաեւ Անդաստանի արարողութիւն: Սրբազան մասունքով պիտի օրհնուին աշխարհի չորս կողմերը եւ ներկայ հաւատաւոր ժողովուրդը:
«Հայաստանի Մանուկներ» Հիմնադրամի (COAF) Սմարթ Կեդրոնը Կը Բանայ Իր Դռները
27 մայիսին Լոռի մարզի Դեբետ համայնքին մէջ պիտի բացուի «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի (ՔՈԱՖ) ՍՄԱՐԹ կեդրոնը: ՍՄԱՐԹ նորարարական հայեցակարգը կը փոխէ գիւղական Հայաստանի պատկերը` զայն դարձնելով միջազգային համայնքի անքակտելի մաս: 5 միլիոն տոլարի ներդրումով այս ծրագիրը նպատակ ունի զարգացնելու տեղական միջոցները եւ զայն համայնքներուն մէջ կիրարկելու կարելիութիւններ ստեղծելու:
ՔՈԱՖ ՍՄԱՐԹ-ը ոչ հանրակրթական համապարփակ միջավայր է: Անիկա հաւասար եւ համարժէք կարելիութիւններ կ՛ապահովէ գիւղերու` երեք տարեկանէն բարձր 150 հազար երիտասարդներու եւ մեծահասակներու համար:
ՍՄԱՐԹ կեդրոնի հայեցակարգի չորս հիմնասիւներն են` նորարարութիւնը եւ ստեղծագործականութիւնը, լեզուն եւ հաղորդակցութիւնը, ձեռներէցութիւնը եւ տեղական տնտեսական զարգացումը, աշխուժ քաղաքացիութիւնը եւ անձնական զարգացումը:
Տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները եւ օտար լեզուն ՍՄԱՐԹ ծրագիրներու եւ ուսուցման նիւթերու հիմքին մէջ են:
Մարդ-մեքենայ եւ ծրագրաւորման ոլորտին մէջ ՍՄԱՐԹ-ի տարածաշրջանային բացառիկ գործընկերն է ձեռնարկութիւններու կառավարման մատուցուած SAP ընկերութեան Next-Gen աշխատանոցը: Արուեստի աշխատանոցի նորարարական մօտեցումներու զարգացման գործընկերը «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնն է:
ՔՈԱՖ ՍՄԱՐԹ կեդրոնի բացումին ներկայ պիտի ըլլան «Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամ»-ի բարերարները, աջակիցները, գործընկերները, Հայաստանի ղեկավարները եւ դեսպանները:
Չեխական Օդանաւերը Կը Վերսկսին Թռիչքները Դէպի Հայաստան
Չեխական օդանաւային ընկերութիւնը 8 յունիսին պիտի վերսկսի դէպի Հայաստան թռիչքները: Չեխական օդանաւերու թռիչքներու չորս տարուան բացակայութիւնը պայմանաւորուած էր օտար դրամանիշի անկումով, որուն պատճառով նուազած էր դէպի Չեխիա թռիչքներու պահանջարկը:
«Անցեալ տարի արեւելեան Եւրոպայի եւ անդրկովկասեան հանրապետութիւններու շուկաները կայունացած էին եւ, որոշ առումներով, վերադարձած էին իրենց նախաճգնաժամային իրավիճակին, ինչը յանգեցուցած է թռիչքներու պահանջարկի աւելացման: Ճիշդ այդ պատճառով որոշեցինք վերադառնալ հայկական շուկայ եւ վերականգնել կանոնաւոր օդանաւային թռիչքները», յայտնեց չեխական ընկերութեան ներկայացուցիչը:
Հաղորդենք, որ Երեւան-Փրակա թռիչքները պիտի իրականացուին շաբաթը երկու անգամ յաճախականութեամբ` «Էյրպաս» Ա319» օդանաւերով:
Ստեփանակերտ-Շուշի Ճոպանուղիի Նախագծային Աշխատանքը Իր Աւարտին Կը Հասնի
Չորեքշաբթի, 16 մայիս 2017-ի պետական պիւտճէի կատարման հաշուետուութեան քննարկումներուն ընթացքին պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը յայտնեց, որ 2016-էն ի վեր Արցախի կառավարութեան կողմէ քննարկուող Ստեփանակերտ-Շուշի ճոպանուղիի կառուցման ծրագիրի նախագծային աշխատանքը իր աւարտին հասած է:
«Համոզուած եմ, որ այդ ծրագիրը կեանքի պիտի կոչուի: Ստեփանակերտ-Շուշի ճոպանուղին պիտի հանդիսանայ ո՛չ միայն իբրեւ երթեւեկի, այլ զբօսաշրջութեան խթանման համար լուրջ գործօն», յայտնեց Ա. Յարութիւնեանը` նախագիծը Ազգային ժողովին ներկայացնելու ընթացքին եւ նշեց, որ ճոպանուղիի կառուցման զուգահեռ, Շուշիի մէջ կը նախատեսուի ունենալ նաեւ հանգիստի գօտի: