Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Հալէպահայ Երգչախումբերու Փառատօն
Հովանաւորութեամբ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի Սուրիոյ Կեդրոնական մարմինին, 6 մայիսին Հալէպի «Գէորգ Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հալէպահայ երգչախումբերու փառատօն` մասնակցութեամբ Կրթասիրաց մշակութային միութեան «Առնօ Բաբաջանեան» եւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբերուն:
Հայ կաթողիկէ համայնքին անունով արաբերէն լեզուով բացման խօսք արտասանեց Նուշիկ Տէր Սարգիսեանը, որ անդրադառնալով Սուրիոյ Նահատակաց տօնին` վեր առաւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայ եւ արաբ նահատակներուն սխրանքը, ներկայացնելով հայ մշակոյթին դերը յաղթանակներու փառաբանման եւ հոգեւոր մեր արժէքներու պահպանման մէջ:
Հայերէնով բացման խօսք արտասանեց Նայիրի Պարսումեանը, որ լուսարձակի տակ առաւ երգին ու երաժշտութեան արժէքը, աւելցնելով որ հայ երգն ու երաժշտութիւնը մեր լինելութեան եւ պայքարի կարեւոր գործօններէն կը համարուին:
Այնուհետեւ Կրթասիրաց մշակութային միութեան «Առնօ Բաբաջանեան» երգչախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Լիզեթ Աւընեանի, յաջորդաբար ներկայացուց հոգեւոր, դասական եւ հայրենասիրական երգեր:
Ապա ջութակահարներ Տեսիլ Սարեանը եւ Անժելլա Տաղլեանը ներկայացուցին «Կապոյտ մանուշակ» եւ «Տեսնեմ Անին» երգերը` դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի:
Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի մեկնաբանեցին երգերու ընտրանի մը:
Փառատօնի եզրափակիչ պատգամը տուաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանը, որ շեշտեց, թէ Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակը ամէն հայու ամենացնծալի տօնն է: Ան գնահատեց կազմակերպիչ մարմինը, որ հաստատակամ, որդեգրուած ծրագիրին հաւատարիմ մնալով` մեր ժողովուրդին ուրախութեան, հպարտութեան, ցնծութեան, հայրենիքով մարդ դառնալու եւ հայրենիքին համար նպատակադրուած կեանք ապրելու հրաւէրը տուաւ:
Միացեալ Նահանգներ
Կլենտէյլի Հայ Դատի Յանձնախումբը Մեծարեց Վաստակաւոր Գործիչներ
3 մայիսին Կլենտէյլի «Ռենըսանս» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբի տարեկան երկրորդ մրցանակաբաշխութեան եւ գնահատանքի ձեռնարկը` մասնակցութեամբ համայնքի հարիւրաւոր անդամներու, ինչպէս նաեւ` քաղաքային, նահանգային եւ դաշնակցային մեծ թիւով պաշտօնատարներու եւ շարք մը կազմակերպութեանց ու մարմիններու ներկայացուցիչներու:
Ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ մեծարելու շարք մը անձնաւորութիւններու եւ տեղական կազմակերպութեան մը իրագործումներն ու սպասարկութիւնները, որոնք նպաստած են հայ համայնքին եւ Կլենտէյլ քաղաքին: Լուսարձակի տակ առնուեցան նաեւ Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբին անցնող տարուան գործունէութիւնը եւ իրագործումները:
Ձեռնարկի հանդիսավար Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբի նախկին ատենապետ Զանգու Արմէնեանը բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, դրուատեց մեծարեալները, ապա կոչ ուղղեց` դասեր քաղելու իր կամքը պարտադրելու նպատակով ոտքի կանգնած Հայաստանի ժողովուրդէն:
Քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ ելոյթ ունենալով` դրուատեց իւրաքանչիւր մեծարեալի իրագործումները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին եւ համայնքին կամաւոր սպասարկութիւններ մատուցողներուն, որոնք նպաստած են քաղաքի եւ շրջանի բարգաւաճման:
Այնուհետեւ, Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբի համայնքային յարաբերութեանց պատասխանատու Մարկարիթա Պաղտասարեանը ներկայացուց մեծարեալները:
«Երիտասարդ գործիչի մրցանակ»-ը յանձնուեցաւ Լիլիթ Բազիկեանին եւ Շանթ Էօլմեսեքեանին, «Համայնքային սպասարկութեան մրցանակ»-ը` Սեդա Խոճայեանին, «Մարիա Ճէյքըպսըն մարդասիրական մրցանակ»-ը` Կլենտէյլի «Քիուանիս» ակումբին, «Հայ դատի մրցանակ»-ը` Իսահակ Գազանճեանին, «Վուտրօ Ուիլսընի հանրային սպասարկութեանց մրցանակ»-ը` Արտաշէս Քասախեանին եւ «Կեանքի մը իրագործումներու մրցանակ»-ը` դոկտ. Արմինէ Յակոբեանին:
Աւարտին, Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ Յարութ (Արթին) Մանուկեանը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբին հետ միասին առիթ ունեցան մեծարելու վերոյիշեալ անհատներն ու կազմակերպութիւնը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ձեւով նպաստած է Կլենտէյլ քաղաքի բարգաւաճման: Մանուկեանը նաեւ յայտարարեց, որ հաստատուած է Ցոլակ Յովսէփեանի անուան կրթանպաստի հիմնադրամ մը` Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի աշակերտներուն համար, շնորհիւ դոկտ. Վիգէն եւ Լիւսի Յովսէփեան ամոլի առատաձեռն նուիրատուութեան:
Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ցուցադրուեցաւ նաեւ Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբին առաքելութեան եւ գործունէութեան նուիրուած տեսերիզ:
Ամերիկահայ Բժշկական Միութեան Հիմնադրութեան 33-ամեակի Նշում
Վերջերս Լոս Անճելըսի «Լոզ Հոլիվուտ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկահայ բժշկական միութեան հիմնադրութեան 33-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն:
Աւելի քան երեք տասնամեակներէ ի վեր հայութեան առողջապահական կարիքներուն հասնող սոյն կազմակերպութիւնը այս տարուան իր ձեռնարկին ուշադրութեան առարկան դարձուցած էր հայ զինուորը տօնակատարութեան իբրեւ խորագիր ընտրելով` «Հայ զինուորին յաւերժ փառք»-ը:
Բացման աղօթքը կատարեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը, իսկ իր սրտի խօսքը արտասանեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, որ գնահատանքով արտայայտուեցաւ միութեան անդամներուն եւ ընդհանրապէս առողջապահական ծառայութիւն մատուցող նուիրեալներուն մասին, որոնք կեանքի նպատակ դարձուցած են իրենց նմաններուն ծառայութիւնը եւ անոնց բարելաւումը` իրենց ժամանակն ու կարողութիւնները ի սպաս դնելով իրենց նմաններուն կեանքի բարելաւման համար:
Ամերիկահայ բժշկական միութեան վարչութեան ատենապետ տոքթ. Արմոնտ Քոթիքեանը նկատել տուաւ, որ ձեռնարկը իսկական արտացոլացումը հանդիսացաւ իրենց առաքելութեան եւ նպատակին, որովհետեւ հաւաքուած են ոչ միայն սատարելու Արցախի մեր զինուորներուն, այլ մեծարելու համայնքի առողջապահական մարզի ղեկավարները:
Կազմակերպութիւնը իր «Նախագահի ղեկավարման մրցանակ»-ը շնորհեց բժիշկներ Սիմոն Քէօշկէրեանին եւ Րաֆֆի Մինասեանին, «Ազդու զօրակցութեան մրցանակ»-ը յանձնուեցաւ Ամերիկահայ բժշկական միութեան նեցուկ կանգնած նախկին Տիկնանց օժանդակ մարմինին:
Տօնակատարութեան կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Քեւըն Գալստեանը յայտնեց, որ այս տարուան ձեռնարկը լուսարձակի տակ առաւ մեր համաշխարհային առողջապահական համայնքին հզօրութիւնը, աւելցնելով, որ իրենց համար պատիւ է նման մեծարումներ կատարելը եւ Արցախի զինուորներուն բարօրութեան նպաստելը:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Յայտնենք, որ սոյն ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի Արցախի մէջ վիրաւորուած զինուորներու կարիքներուն հասնող` Երեւանի «Հերացի» հիւանդանոցին մէջ բացուած վերականգնողական կեդրոնին:
Երեկոյի ընթացքին ուղղակի կապ հաստատուեցաւ նշեալ վերականգնողական կեդրոնին մէջ դարմանուող զինուորներուն եւ Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի տնօրէն տոքթ. Արմէն Մուրատեանի հետ:
Նիւ Եորքի Մէջ. Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հարիւրամեակին Նուիրուած Գիտաժողով
Ուրբաթ 11 եւ շաբաթ 12 մայիսին, Քոլոմպիա համալսարանին մէջ, ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ «Արմինիըն Ռիվիու»-ի, Հայկական նիւթերու ուսումնառութեան եւ հետազօտութեան ազգային հիմնարկին (NAASR) եւ Քոլոմպիա համալսարանի Հայ ուսանողներու միութեան, տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակին նուիրուած գիտաժողովը:
Երկօրեայ գիտաժողովը ընթացաւ հինգ ենթաբաժանումներով: Այս նիստերը համադրեցին զրուցավարներ` ներկայացնելով դասախօսներն ու նիւթերը եւ ներկաներուն առիթ տալով հարցումներ ուղղելու դասախօսներուն: Ուրբաթ օրուան եւ շաբաթ օրուան վերոյիշեալ բացման զրոյցները կատարուեցան անգլերէնով, իսկ մնացեալները կատարուեցան տարբեր սրահներու մէջ` անգլերէն եւ հայերէն:
Այս առթիւ, յատուկ հիւրասիրութեան մը ընթացքին մեծարուեցաւ երկար տարիներու վաստակ եւ հանգամանք վայելող փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ թելադրեց ակադեմականներուն` շարունակել Հայ դատի աշխատանքները տարբեր ատեաններու մէջ եւ լոպիինկի միջոցով:
Իրան
Եկեղեցականաց Համագումար
Նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, 14 մայիսին գումարուեցաւ թեմի Եկեղեցականաց համագումար` ընտրելու համար Արսէն քհնյ. Աւետեանը փոխարինող եկեղեցական անդամ մը:
Սրբազան հայրը բացատրեց, որ նկատի ունենալով Արսէն քհնյ. Աւետեանի թեմէն ներս քահանայագործելու դադարեցման Կրօնական խորհուրդին որոշումը եւ նկատելով, որ ան Պատգամաւորական ժողովի անդամ էր, հարկ է զայն փոխարինող նոր անդամ ընտրել:
Ժողովականները կարծիքներու փոխանակումէն ետք ընտրեցին Գրիգորիս քհնյ. Ներսիսեանը` որպէս պատգամաւոր 16-րդ շրջանի Պատգամաւորական ժողովի:
Համագումարը առիթ եղաւ, որ սրբազան հայրը անգամ մը եւս թելադրէ քահանայ հայրերուն, որ ամենայն պարտաճանաչութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ կատարեն իրենց պաշտօնը, առաւել` մայիսեան օրերուն անդրադառնան Հայաստանի 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն եւ միաժամանակ խօսին ժողովուրդին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող համաժողովրդային խաղաղ ցոյցերով իրագործուած յաղթանակի մասին:
Բրիտանիա
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ
Կազմակերպութեամբ մայիս 28-ի յանձնախումբին, 12 մայիսին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած երեկոյ` ներկայութեամբ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու եւ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպանութեան:
Հայաստանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Արմէն Լիլոյեանը ելոյթ ունենալով` անդրադարձաւ Ա. հանրապետութեան հիմնադրման պատմական նշանակութեան` ընդգծելով, որ Ցեղասպանութենէ վերապրած հայ ժողովուրդը իր միասնականութեամբ եւ համախմբուածութեամբ կրցաւ մայիսեան հերոսամարտերէն ետք հիմնադրել պետութիւն, որ հակառակ իր կարճ գոյութեան` անջնջելի հետք ձգեց հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ:
Երեկոյի ընթացքին երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան Լիբանանէն հրաւիրուած երգիչ Հրաչ Կայծակեանը եւ իր նուագախումբը:
Քանատա
Հայաստանի Հանրապետութեան Եւ Մայիսեան Հերոսամարտերուն 100-ամեակի Նշում
Հովանաւորութեամբ Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեանի, կազմակերպութեամբ Քեպեքի Հայ համայնքի միացեալ մարմինին,13 մայիսին, Մոնրէալի «Սանթր Արմենի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն:
Քեպեքի Հայ համայնքի միացեալ մարմինի ատենապետ Վիգէն Սարգիսեանը իր ելոյթին մէջ շնորհաւորեց Հայաստանի նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` մաղթելով, որ առաջնորդէ Հայաստանը դէպի նոր եւ փայլուն յաջողութիւններ:
Հայաստանի դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեանի ուղերձի ընթերցումը կատարեց (հայերէնով, ֆրանսերէնով եւ անգլերէնով) Քանատայի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Արա Մկրտչեանը:
Օրուան պատգամաբեր, Հայաստանի ԳԱԱ-ի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Աշոտ Մելքոնեանը յայտնեց, որ վերջերս Հայաստան անցուց ճակատագրական պահեր, սակայն իշխանափոխութիւնը կատարուեցաւ շատ սահուն ձեւով, ինչ որ արդիւնք էր պետականութեան բարձր գիտակցումին, որ կերտուած էր 1918-ին մեր արեան գնով պարտադրած եւ ձեռք բերած անկախութեամբ: Ան պատմականը կատարեց Հայաստանի պետականութեան ստեղծման` շեշտելով, որ այն օրերուն գոյութիւն չունէր ներկուսակցական խնդիր, այլ կար միասնական գաղափար` կերտել ազգային պետութիւն եւ ստեղծել հայոց պետականութիւն: Ան դրուատեց Քեպեքի հայ համայնքի միասնականութիւնը եւ մաղթեց, որ օր մը ազգովին վերադառնանք Հայաստան:
Աւարտին Վիգէն Սարգիսեանը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին սոյն ձեռնարկի կազմակերպական աշխատանքին եւ յաջողութեան:
Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցան Կապի Կալոյեանը եւ Ռուբէն Սասունցին: