ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
«Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը ներկայացուց Ակաթա Քրիսթիի (այսուհետեւ` ԱՔ) «Մկան թակարդ»-ը (The Mousetrap)` բեմադրութեամբ Յարութ Գնդունիի: Գործը կը համարուի «առկախ» թատրոնի նախատիպար: Այս նիւթին նախապէս անդրադարձած եմ(1):
Բնագիրը.- ԱՔ ըսած է, որ վերնագիրը կու գայ Համլեթէն: Համլեթ իր «թատրոն` թատրոնի մէջ» խաղը կոչեց «The Mousetrap»: Աւելի ուշ, «առնէտը, առնէտը» բացագանչելով դաշունահարեց վարագոյրի ետին թաքնուած դաւադիր «մուկ»-ը: 1945-ին որբ տղայ մը` Տենիս Օ՛Նիլ, մեռած էր զինք որդեգրած զոյգին անմարդկային վերաբերմունքին պատճառով(2): Դիպաշարին մէջ աւագ եղբայրը` Ճորճի հոգեպէս կը խաթարուի, կ՛որոշէ պատժել այն երեք անձերը, որոնք պատասխանատու էին որբի մահուան եւ ողջ մնացած քրոջ` Քէյթիի տառապանքին: Նեմեսիսի բներգ-սուլոցը` «Երեք կոյր մուկեր», 17-րդ դարու մանկական անգութ երգ մըն է: Երեք մուկեր կը կուրնան, երբ ագարակապանի կնոջմէ հալածուած` կը փախչին դէպի փշոտ մացառ: Կինը վրայ կը հասնի եւ կը կտրէ կուրացած մուկերու պոչերը…Նախորդ դարերու մանկապատանեկան գրականութեան նոյնպէս նախապէս անդրադարձած եմ(3):
Դէպքերը կը պատահին գաւառական պանդոկի մը մէջ, որ մեկուսացած է առատ ձիւնի պատճառով: Ասիկա ծանօթ հնարք է սահմանափակելու համար հաւանականութիւնները: Ճորճի արդէն իսկ խեղդած է մանկասպան խորթ մայրը: Կը ձեւացնէ, որ քննիչ է Թրոթըր, մինչդեռ եկած է գործադրելու մնացեալ երկու «մահապատիժները»:
Գաղափարական.- ԱՔ կը հաւատար մահապատժի, որովհետեւ կը հաւատար բնախօսական որոշադրութեան (determinism): Այդ կարելի է տեսնել իր այլ գործերուն մէջ եւս: Բեմի վրայ սպաննուող կինը այն անբոյթ, անտանելի ատենակալն է (magistrate), որ որբերը յանձնած էր անարժան զոյգին: Ոչ ոք կ’ափսոսայ, երբ ան կը ստանայ իր «արժանի պատիժը»: Թատրի վրայ ներկայ ոստիկանը` Մեթքաֆ, մատն իսկ չի շարժեր փրկելու համար զայն: «Թակարդը» գրուած է ժամանակաշրջանի մը, երբ Բրիտանիա աշխարհամարտէն դուրս եկած էր ուժասպառ, կորսնցուցած` գաղութներուն մեծ մասը: Այլեւս ծովերու տիրակալը չէր: Հարկ էր սփոփել Ալպիոնի վիրաւոր եսը: Թակարդի թատրը եւս վայր մըն է, որ կորսնցուցած է իր փառքը, բայց պահած` ազնուական գեղեցկութիւնը: Այդտեղ կարելի է տեսնել կարմրափայտ ծանր կահոյք, պաստառներ, հնդկական նուրբ պղնձեղէն եւ գաղութային այլ իրեր: Փրկարար սպան յարգելի անձնաւորութիւն է: Մեթքաֆ ազնուական ընտանիք մըն է (տե՛ս զինանշանը), մինչդեռ օտար Փարաւիչինի` շպարուած մաքսանենգ մը: ԱՔ-ի գրականութիւնը քաղաքական նուրբ ջատագովութիւն է: Բացայայտ ակնարկներ չկան(4):
Հաճոյախօսական.- «Թակարդը» հաճելի կատակերգութիւն մըն է, հակառակ անոր, որ տեղի կ՛ունենան երկու խեղդամահութիւններ: ԱՔ-ի վարպետութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ մահը չի ներկայացներ որպէս հանդիսատեսի՛ն սպառնացող վախճան, այլ` վերացական վտանգ մը, որ կը սպառնայ այլանդակ մանկասպաններու: Անհաճոյ տեսարաններէ խուսափելու համար երկու մահավճիռները կը գործադրուին մութին մէջ կամ փակ վարագոյրի ետին: Հանդիսականը չի տեսներ ոեւէ դիակ: Կարգ մը բեմադրիչներ խեղդուող կիներու խորդիւնները փոխարինած են ծիծաղաշարժ աղաղակներով:
ԱՔ-ի ոճրագրութիւնը հաճելի փախուստ մըն է առօրեայէն նաեւ անոր համար, որ հիմնովին անիրական է: Այդտեղ կան յոյժ անհաւանական զուգադիպութիւններ: Որքա՞ն հաւանական է, որ դժուարահաճ ատենակալը որոշէր հանգստանալ անծանօթ որակով պանդոկի մը մէջ, որուն տանտիրուհին նոյն այն ուսուցչուհին է, որ անտեսած էր Ճորճիի օգնութիւն աղերսող նամակը: Որքա՞ն հաւանական է, որ միւս երկու հիւրերը ըլլան տարօրինակ երիտասարդ մը, որ կը յիշեցնէ Ճորճը եւ շպարուած մաքսանենգ մը: Որքա՞ն հաւանական է, որ ոստիկանութիւնը մետասաներորդ ժամուն կապ հաստատած ըլլար Ճորճիի քրոջ հետ, որ մինչ այդ կ՛ապրէր արտասահմանի մէջ եւ այլն: Անհամոզիչ դիպաշարն ու տիպարները կը ծառայեն ողբերգական կացութիւնը վերածելու զուարճալի խաղի: Լոնտոնի մէջ «Թակարդը»-ի երկարակեցութեան պատճառներէն մէկը նաեւ այն է, որ վերածուած է զբօսաշրջական եկամուտի աղբիւրի: «Թակարդը»-ի հետեւողութեամբ յօրինուած են զաւեշտագրութիւններ (parody), ինչպէս Tom Stoppard-ի The Real Inspector Hound (1968) (5):
Երկխօսութիւն, կերպարներ եւ լեզու.– ԱՔ-ի երկխօսութիւնը չ՛օգներ բացայայտելու կերպարներու ինքնութիւնը: Հարցերը մոլորեցնող են, իսկ պատասխանները` խուսափողական: Բոլորը կը ջանան թաքցնել իրենց ինքնութիւնը: Նոյնիսկ կիսով լիարիւն տիպարներ` պանդոկապան նորապսակ ամոլը` Կիլ եւ Մոլլի իսկապէս չեն ճանչնար զիրար: Անոնք անփորձ եւ միամիտ անձեր են, ամուսնացած են շատ արագ:
ԱՔ անփորձ գրագիտուհի չէ: Ան ի սկզբանէ չէ հետաքրքրուած լիարիւն կերպարներ ստեղծելով, այլ` յառաջ տանելով մոլորեցնող «հարցաքննութիւնը»: Կարեւոր իսկ չէ, թէ ի՛նչ են հարցաքննութեան առարկան, կամ ովքե՞ր են հարցաքննեալները: Միակ էական հարցը այն է, թէ ո՛ւր պիտի յանգի հետազօտութիւնը:
Երկխօսութեան մէջ գոյ է զուարճախօսութիւն: Անփորձ Կիլ մտահոգ է, օրինակ, որ հիւրերը կրնան իրենց անարժէք ճամպրուկները ծանրացուցած ըլլալ անոնց մէջ դնելով թերթերու մէջ փաթթուած կղմինտրներ, որպէսզի կարենան զանոնք թողուլ եւ պանդոկէն անվճար փախչիլ: Թարգմանուած էր այսպէս. «Թերթերու մէջ խայտառակ կ՛ըլլանք»: Կղմինտրները կորսուած են: Աւելի ուշ Մոլի հեգնական կը հարցնէ. «Ճամպրուկները ծա՞նր էին»: Կիլ գաղտագողի կը ստուգէ ճամպրուկի մը ծանրութիւնը: Այդ անհասկնալի է, հումորը կորսուած է: Կան այլ օրինակներ:
Հարցերը կը սկսին դերակատարներու անուանացանկէն իսկ: Տուժած են յատկապէս դարձուածքները: Զանց առնուած են մանկական գրականութեան ուղղուած ակնարկները: Քրիստ պարային շարժումներով զուարթ կ՛արտասանէ. «Ձիւնը կը տեղայ դանդաղ… ձիւնը քնքուշ, ցաւերը կը մեղմէ »: Բնագրին մէջ «The North Wind» ոտանաւորը մօտաւորապէս կ՛ըսէ.
Հովն հիւսիսային
Կը բերէ սառ ձիւն.
Ո՞ւր պիտի փախչիս,
Փոքրիկ իմ Ճնճղուկ,
Ճնճղուկ իմ խեղճուկ:
Ի զուր չէ, որ Քէյթի կը տագնապի, երբ կը լսէ երգը: Ելոյթին թարգմանութիւնը շրջած է իմաստը, չ՛արտայայտեր սպառնացող ահ եւ կարեկցանք, այլ կ՛արտայայտէ սփոփանք, որ յարիր չէ կացութեան: Նոյն ուղղութեամբ, ոճրագործին բներգը թարգմանուած էր. «Երեք կոյր մուկեր, մէկը մեռաւ,…» (մնացին երկուքը): Կը յիշեցնէ մեր մանկութեան «Հինգ հաւու ձագ, մէկը թռաւ, մնաց չորս հաւու ձագ, հաւու ձագ,…» երգը, բայց ոչ մէկ առնչութիւն ունի բնագիրին հետ: Բացի այդ, երաժշտութիւնը չէր համընկներ այն մեղեդիին, որ լսեցինք ոճիրի ընթացքին: Տրամաբանական կապը կտրուած է: Կայ բացթողումներու երկար շարք մը(9):
Հակառակ առերեւոյթ պարզ ոճին, ԱՔ լեզուն կը գործածէ մեծ հմտութեամբ եւ խորամանկութեամբ: Հարկ էր շատ աւելի մեծ ճիգ գործադրել ծանօթանալու տուեալ երկրի մշակոյթին, ինչպէս եւ` գրագէտի իւրայատկութիւններուն(1):
Կային նաեւ շեշտադրումի հարցեր: Կիլ, օրինակ, մօտաւորապէս կ՛ըսէ. «Եթէ գիտնայինք, որ շոգեկառքո՛վ պիտի գաք, կը դիմաւորէինք»: Հարկ է, որ ըսէր. «Եթէ գիտնայինք, թէ ո՛ր շոգեկառքով պիտի գաք, կը դիմաւորէինք» եւ այլն:
Թարգմանիչը յայտնած է, որ թատրերգութիւններու թարգմանութիւն չի կրնար վստահիլ այլոց, որովհետեւ անոնց լեզուն թատերական չէ, որ` անոնք «բանաստեղծութիւն կ՛ընեն»: Նախ յստակացնեմ, որ բնագրի մը թատերական ըլլալ կամ չըլլալու վճիռը մեծապէս կախեալ է բեմադրիչի նախասիրութենէն: Ապա հարց տամ. հարկ կա՞յ յիշեցնելու, որ Շէյքսփիր, Կէօթէ, Իբսեն, Օսքար Ուայլտ, Պեքեթ, Պրէխթ, Քոքթօ, Արթօ եւ շատ մը այլ թատերագիր տիտաններ բանաստեղծներ եղած են: Թէ ոչ հեռու անցեալին «Տէր Մելքոնեան»-ի բեմին վրայ հնչող Արթըր Միլլըրի «Վաճառորդի» հրաժեշտի խօսքերը ակնյայտօրէն բանաստեղծական էին: «Բանաստեղծականութիւն» եզրը պէտք չէ գործածուի որպէս վարկաբեկիչ արտայայտութիւն: Ընդհակառա՛կը:
Բեմայարդարում եւ այլն.– Շքեղ թատրը քաղաքական խորհրդանիշ է, ինչպէս վերը յիշեցի: Նման բեմ կարելի չէ իրականացնել համեստ միջոցներով: Թատերախումբը իրագործած էր ներկայանալի նստասենեակ մը: Ողջունելի՛: Կային բազմաթիւ մուտքեր եւ մութ անցքեր, ինչպէս կը պահանջէ առկախի թատրը: Շա՛տ բարի: Տղամարդոց վարսայարդարումը եւ հագուկապը յարիր չէին 50-ական թուականներու Անգլիոյ: Իտալացի անծանօթը հարկ էր որ ըլլար անորոշ տարիքի շպարուած մարդ մը: Փոխարինուած երիտասարդով մը, որ կը յիշեցնէ մեր Ժմմէյզէն: Օրիորդ Քասուել շատ վայելուչ եւ իգական էր: Այդ ի հարկէ հաճելի է: Բայց կերպարը կը պահանջէր, որ ըլլար աւելի անպաճոյճ եւ
«արական»: Այդքան նուրբ մանկամարդուհի մը չէր կրնար երկու կին խեղդամահ ընել: Որոշ չափով յարիր էր տիկին Պոյլի հագուկապը: Այս նկատողութիւնները անտեղի պիտի ըլլային, եթէ մեկնաբանութիւնը չփորձէր ըլլալ «իրականանման»: Բեմը իրականութեան ցոլացումը չէ՛: Բեմը հարկ է, որ ըլլայ ճանաչելի, բայց` ոչ իրականանման եւ սովորական, այդ տաղտկալի պիտի ըլլայ:
Որմազդը խճողուած է, ոչ ժուժկալ: Տիրական է բարեկրական (euphoric) մանիշակագոյնը: Բարի՛. այդ յարիր է կատակերգական «առկախ»-ի: Ձիւնի փաթիլները նման են ծաղիկի թերթիկներու: Գուցէ` նոյնպէս բարի: Կը թուի, որ մեղմ կլիմայով երկրի մը մէջ (բազմաթիւ լայն պատուհաններ, լոկ մէկ ծխնելոյզ) գարնանային երեկոյ մը երեք հսկայ մուկեր գրոհած են շէնք մը, որուն բնակիչները դուրսէն օգնութիւն կը յուսան: Թերեւս որմազդը եւս կը միտի մոլորեցնել հանդիսատեսը:
Երաժշտութիւնը առնուած է «Carrie» սարսափի արիւնաթաթախ ժապաւէնէն (2013) (6): Տպաւորիչ է, կը թուի ըլլալ «Carmen»-ի եւ «Jaws»-ի բներգներու խառնուրդ: «Թակարդը», սակայն, զաւեշտային է, հաճելի, այդտեղ ոչ մէկ դիակ կը տեսնենք: Լուսաւորումը միապաղաղ էր, չունէր էական դեր: Այդ բնորոշ է կատակերգութիւններու:
Կերպարներ եւ Խաղարկութիւն. Դիտած եմ առաջին եւ վերջին ելոյթները: Նկատելի էին կարգ մը ոչ էական փոփոխութիւններ:
Ինչպէս վերը յիշած էի, կերպարները լիարիւն չեն: Բեմի վրայ են մեր ուշադրութիւնը տարտղնելու համար: Եւ որովհետեւ ոչ գոյ էր բաւարար տուեալ, դերակատարները կը խաղային «իրենք զիրենք», ձեւով մը` նախապէս մարմնաւորած կերպարներու համադրում: Այս յատկապէս նկատելի էր տարեց դերակատարներու պարագային:
Ելոյթին կշռոյթը արագ էր: Այդ առիթ չէր տար, որ հանդիսատեսը հետեւի ԱՔ-ի երկխօսութեան մէջ տեղ գտած նրբութիւններուն եւ ակնարկներուն: Ասոր կ՛աւելնար թարգմանութեան թերացումը: Տուժած էր յատկապէս ոճիրի հետ առնչուած երկու կիներու, օրիորդ Քէյսուել եւ Մոլիի ( Բալիկ եւ Քրիստինէ Սրապոնեաններ) երկխօսութիւնը, որ բազմաթիւ ակնարկներ կ՛ուղղէր երկուքի անցեալին:
Երկրորդ արարը առաւել հարցայարոյց էր: Նստասենեակին մէջ խեղդամահ եղած էր պանդոկի հիւրերէն մէկը: Բոլորը, բացի Մոլիէն (որ զգայուն եւ խելացի խաղարկութիւն ցուցաբերեց), մնացեալները շատ արագ «մոռցան» այդ: Ոչ ոք կ՛ըմբռնէր, որէ այդ մեկուսացած «թակարդ-ին» մէջ կրկնակի մարդասպան մը կայ: Այդ ի հարկէ խոտոր է «առկախ»-ի տրամաբանութեան:
Հարցաքննութեան ընթացքին բոլորը իրենց անցեալին եւ կերպարին յարիր ակնյայտ արտայայտութիւն եւ կեցուածք կ՛որդեգրէին: Բարի՛: Բայց հարկ էր, որ թելադրէին նաեւ ոճրագործի պատրանք, որպէսզի ստեղծուի «առկախային» մթնոլորտ: Այստեղ պատասխանատուութիւն ունի նաեւ հեղինակը, որ թատրերգութեան տուած է զուարթ բնոյթ: Որպէս հետեւանք` հանդիսատեսին ջիղերը ամենեւին պրկուած չէին:
Ինչպէս միշտ, թատերախումբի բեմին վրայ շատ լաւ կարգաւորուած էր «երթեւեկ»-ը: Այդ գնահատելի է: Բայց «երթ» դէպի ո՞ւր եւ «եկ» ուրկէ՞: Արհեստագիտական կողմը ինքնանպատակ պէտք չէ որ ըլլայ: Շարժումը, այո՛, կարգաւորուած էր, բայց անշարժութիւնը` ո՛չ: Անշարժ խաղարկութիւնը մեծ հմտութիւն կը պահանջէ(7): Այս յատկապէս ակնբախ էր հարցաքննութեան ընթացքին, երբ Թրոթըր կանգնած կ՛ըլլար բեմի առաջամասին, յաճախ կեդրոնը, իսկ անոր դասարանը … ներողութիւն, հարցաքննուողները կարգապահ կը սպասէին իրենց խօսելու հերթին:
Տիկին Պոյլ (Սեդա Լեփեճեան) հարկ է, որ ըլլար աւելի ծանրակշիռ եւ վերամբարձ, ատենակալանման ոչ դիւրագրգիռ: Մեթքաֆ (Հայզաւակ Լեփեճեան) հարկ է, որ նուազ ակնբախ դարձնէր, որ կը հսկէ կացութեան: Առկախ թատրոնի պարտադիր «կասկածելի օտարական» Փարաւիչինի (Կարօ Բանօղլեան) կը չափազանցէր, այդ լաւ էր, բայց հարկ է, որ ըլլար աւելի կեղծ ու պատիր, փորձէր ծիծաղելիօրէն տարիքոտ թուիլ, խուսափէր «ձեռքի կատակներէ», որոնք ուռճացուած էին վերջին ելոյթին մէջ: Տարիքն ու արտաքինը չէին արդարացներ իր «խրատատու» երէցի հանգամանքը: Փորձէր նաեւ օտար շեշտով խօսիլ: (Ի դէպ, դերակատարներու առոգանութիւնը լոնտոնավարի չէր:) Ձեռքերը յաճախ հանգուցուած էին: Այդ ցոյց կու տայ մտահոգ, անհանգիստ վիճակ: Բարի՛. բայց իր այլ շարժումները հանգիստ էին: Բանօղլեան ատակ է աւելի «գրագէտ» խաղարկութեան:
Կիլ (Վիգէն Քէօշկերեան) հանդէս եկաւ, ինչպէս սպասելի է, որպէս նախանձոտ ամուսին: Յաճախ կը կանգնէր ոտքերը տարածած եւ ձեռքերը մէջքին` ցոյց տալով ինքնավստահ եւ ուժեղ նկարագիր: Բայց այդ տրամաբանականօրէն կը հակասէ նախանձին: Ուժեղ տղամարդը չի նախանձիր: Անտեղի խանդը կը ծագի ինքնավստահութեան պակասէն: Կիլի կերպարը որեւէ իմաստով կացութեան տէրը չէ: Մոլի էր, որ կը վարէր այդ տունը: Բալիկ Սրապոնեանի խաղարկութիւնը եւ բեմական ներկայութիւնը աճի մէջ են: Շա՛տ բարի: Հարկ էր, որ արտաքինը եւ շարժուձեւերը ըլլային աւելի կոշտ, կոշտացած` ցաւէն: Հարկ էր, որ վարուէր նուազ անտարբեր: Ի վերջոյ ինք այդ վտանգաւոր վայրը եկած էր փրկելու համար իր եղբայրը: Ելոյթի պարագային` հայրը: Գիտէր, որ Թրոթըր ոստիկան չէր: Քրիստ արուեստագէտի խառնուածքով հաւանաբար միասեռական երիտասարդ մըն է, որ չարչրկուած է իր դասընկերներուն կողմէ: Ուրեմն կը թաքցնէ անցեալը եւ կը ձեւացնէ ըլլալ այն, ինչ որ չէ: Այս յարիր է ոճրագործի խանգարումի ախտանիշներուն (Schizophrenia, հոգեհերձուածութիւն): Մանուէլ Թոքմաքճեան ցուցաբերեց չափազանցուած, անկայուն, յարափոփոխ հոգեվիճակ:
Բարի՛: Կը սիրէր մանկական խաղեր: Բարի՛: Բնագրի մէջ Քրիստ կը խաղայ մազերուն հետ, երբ ճնշումի տակ է: Այդ փոխարինուած էր անդադար կարկանդակ ուտելով: Այդ վերջին ելոյթին մէջ ուռճացուած էր նաեւ թէյով: Անդադար ուտելը համարժէք փոխարինում չէ անդադար մազերու հետ խաղալուն: Բացի այդ, միասեռականներ աւելի ուշադիր կ՛ըլլան իրենց բարեձեւութեան: Առաջին տեսարանին Քրիստ մերժած էր շոքոլան: Շարժումները տարօրինակ էին, բարի՛, բայց հոգեբանական առումով` ոչ միշտ հիմնաւորուած: Յաջող էին զաւեշտական պահերը, երբ, օրինակ, Քրիստ դուրս կ’ելլէր դռնէ մը եւ հազիւ երկվայրկեան մը ետք ներս կու գար այլ դռնէ մը, ինքն ալ զարմացած իր գերձայնային արագութեամբ: Բարի՛: Մանուէլ Թոքմաճեանը աշխատասէր երիտասարդ է, վստահ եմ, որ ապագային աւելի խոր պիտի ուսումնասիրէ դերը:
Կային անհասկնալի շարժումներ: Թրոթըրը, օրինակ, ինչո՞ւ պատերու վրայ կը փնտռէր հեռաձայնի թելը, երբ գիտէր, որ ինք կտրած է այդ: Մէյճըրը ինչո՞ւ լսափողը ականջին հեռաձայնի թիւը հաւաքեց, երբ կը լսէր որ գիծ չկար: Հարցաքննութեան ընթացքին Թրոթըրը ինչո՞ւ յանկարծ ետ ցատքեց եւ հեռացաւ Քեթիէն: Տիկին Պոյլի դիակը ինչո՞ւ բազկաթոռի վրայ էր: Թատրերգութեան տրամաբանութիւնը կը պահանջէր, որ սրահը չտեսնէ անոր այլանդակուած դէմքը: Մինչդեռ մենք տեսանք խաղաղ դէմքով դիակ մը եւ այլն:
Բոլոր դերակատարները ունէին լաւ առոգանութիւն, բաւարար բեմական ձայն, շնորհ եւ նուիրում: Շա՛տ բարի:
Մեկնաբանական. «Պատշաճեցումը» տրոհած էր օրիորդ Քէյսուելի կերպարը: Քէյթի, Թրոթըրի քոյրը, պանդոկ եկած է Մեթքաֆի հետ գործակցաբար: Կերպարը ոչ միայն անցեալը կը լուսաբանէ, այլեւ վերջին տեսարանին մէջ կը միջամտէ եւ կը համոզէ Ճորճը, որ վար դնէ զէնքը. Ճորճի կը խաղաղի: Ան ոճրագործ մը չէ, այլ` «արդարութեան սուրը»: Ճորճի կամովին կ’երթայ դէպի հոգեբուժարան: Համակրելի զոհը, Մոլի եւ համակրելի զոհ-դահիճը կը փրկուին: Ա՛յդ է ԱՔ-ի տրամաբանութիւնը: Արեւմտեան երկիրներու մէջ մահապատիժը օրինաւոր չէ, հետեւաբար հարկ է, որ գործադրուի քաղաքացի նեմեսիսներու կողմէ: Քէյթի ներառուած էր վերջին տեսարանի սիրոյն: Բայց ելոյթին մէջ ան բոլորովին վերցուած էր աւարտական տեսարանէն:
Բեմադրիչը ջնջած է այս բոլորը, որպէսզի կարենայ ստանձնել Թրոթըրի կերպարը ոչ որպէս Ճորճի, այլ` անոր կորած հայրը: Ոչ մէկ յարմարեցում կատարուած էր երկխօսութեան մէջ: Չիմացանք, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս վարձկան զինուորը յիշած է իր լքած ընտանիքը: Անկարելի չէր դերը վստահիլ երիտասարդ ուժերէն մէկուն եւ պահպանել գործի տրամաբանութիւնը:
Բեմադրիչին առաջարկած աւարտը կը յիշեցնէ նախորդ ելոյթ մը` «Անակնկալ հիւրը» (մարտ 2015) (8): Այդտեղ եւս վերջին տեսարանին մէջ հոգեպէս խանգարուած երիտասարդ մը կը սպաննուի, երբ ոստիկանը մը փորձէ խլել անոր ատրճանակը: Բայց այդտեղ այլ էր թատրերգութեան հեղինակը, այլ էր տրամաբանութիւնը:
Հարկ էր աներկբայօրէն կողմնորոշուիլ: «Թակարդը» կատակերգութի՞ւն է, թէ՞ ոչ: Թատրերգութիւն մը կրնայ ունենալ մէ՛կ տրամաբանութիւն: Կրնանք համաձայնիլ կամ չհամաձայնիլ բեմադրիչին հետ, բայց պարտաւոր ենք տեսնել գործին տրամաբանութիւնը:
«Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը թատրոնի կատարողական երեսին կը մօտենայ լրջութեամբ: Այդ ողջունելի է: Թատերախումբը կը ցուցաբերէ անսակարկ նուիրուածութիւն: Այդ յոյժ ողջունելի է: Անձնապէս կը փափաքէի սակայն, որ լրջութիւնը ընդգրկէր նաեւ ընտրուած նիւթերը: Չի բաւեր պարզապէս «թատրոն խաղալ»: «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբին ցարդ ներկայացուած թատրերգութիւնները չունին ընկերային խորք, չունին ասք: Հարկ է, որ հանդիսատեսը սրահէն դուրս տանի հաւաքականութիւնը յուզող հարցադրումներ:
Կը սպասենք:
17 ապրիլ 2018
——————————————-
- «Առկախի թատրոնը», Ազդակ, 30 յունուար 2018, www.aztagdaily.com/archives/381282
- «Մանկական թատրոնը» Ա. եւ Բ. Ազդակ 3 եւ 4 հոկտ. 2017 www.aztagdaily.com/archives/366402 եւ 366618
- Doutwight J., Agatha Christie & the Social Function of Detective Fiction of the Golden Age, a Linguistic Analysis –Lingua e Diritto No 18, 2013
- Barnard R., A Talent to Deceive: An Appreciation of Agatha Christie. Collins, London, 1980.
- Jenkins, A., The theatre of Tom Stoppard. Cambridge University Press, 1989
- Երաժիշտ` Marco Beltrami: Տե՛ս youtube v=fzA8E9roV3I
- Horsley L., Twentieth- Century Crime Fiction, 2005
- «Անկոչ հիւրը», Ազդակ 23 մայիս, 2015, www.aztagdaily.com/archives/241588
- Երգը կ՛ըսէ.- « The north wind doth blow, And we shall have snow, And what will poor robin do then? Poor thing.» Բացթողումներ ինչպէս.- Little Jack Horner- պատեհապաշտութիւն, «Ալիս հրաշքներու աշխարհին մէջ» – անհեթեթ անգթութիւն, եւ այլն: