Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճէյմս Պրայս (1838-1922). Հայկական Հարցի Միջազգայնացման Բրիտանացի Նախակարապետը

Մայիս 22, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Մայիս 10-ին բացառութեան կարգով կը նշենք ծնունդը ոչ հայ, այլ բրիտանացի քաղաքական եւ պետական հռչակաւոր գործիչի մը` իրաւագէտ ու պատմաբան դերկոմս Ճէյմս Պրայսի, որ նախակարապետներէն մէկը կը հանդիսանայ Հայկական հարցի իրաւական-քաղաքական արծարծումին եւ հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական իրաւունքներու միջազգային ճանաչումին:

Դերկոմս Ճէյմս Պրայսի օրինակին ու աւանդին վրայ կեդրոնանալու յատուկ պատճառներ ունինք մանաւա՛նդ մեր օրերուն, երբ Մեծ Ուրացման իրենց պետական քաղաքականութիւնը վերանորոգ թափով յառաջ մղելու նպատակով Թուրքիոյ նորահաս վարիչները, սուլթանական օրերու փառքին վերադառնալու ցնորքով համակուած նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, շարունակ կը պնդեն պատմական ճշմարտութեանց քննարկումն ու վճռահատումը պատմաբաններուն յանձնարարելու անհրաժեշտութեան վրայ:

Իսկ Ճէյմս Պրայս այն եզակի դէմքն է, որ նախ ականատես եղաւ հայ ժողովուրդի բնաջնջումը պետականօրէն ծրագրելու եւ գործադրելու Թուրքիոյ ցեղասպանական ահաւոր ոճիրին: Ապա պատմական ճշմարտութիւնը, փաստագրական եւ վաւերագրական ամբողջական թղթածրարով մը, իրաւագէտի եւ պատմաբանի առարկայականութեամբ հաստատագրեց: Եւ վերջապէս, բայց կարեւորութեամբ` ո՛չ վերջինը, միջազգային տարողութեամբ քաղաքական գնահատումի արժանացուց գործուած ոճիրը` իբրեւ Հայաստանի ու հայութեան դէմ պետականօրէն գործադրուած Ցեղասպանութիւն:

Ճէյմս Պրայս ներհուն պատմաբանի եւ իրաւագէտի արժանաւորութեամբ իրաւա՛մբ կը խորհրդանշէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի բարեկամն ու Հայկական հարցի իրաւապաշտպանը, որ վկայեց ի միջի այլոց.

«Ջարդերը հետեւանք էին այն քաղաքականութեան, որուն որքան կարելի է պարզել, որոշ մէկ փուլի կը հետեւէր թրքական կայսրութեան մէջ ներկայիս իշխանութեան գլուխ կանգնած անսկզբունք բախտախնդիրներու աւազակախումբը: Անոնք կ՛երկմտէին իրագործելու այդ ոճիրը, մինչեւ որ, ըստ անոնց, հասաւ յարմար պահը, եւ այդ պահը ապրիլ ամիսն էր:

« Կը ցաւիմ, որ այդպիսի տեղեկութիւնը ինծի հասաւ շատ ժամեր անց եւ ցոյց կու տայ, որ 800.000ը մայիսէն ասդին ոչնչացուածներու հնարաւոր թիւն է…» (Լորտերու պալատ, Հանսարտ, 5-րդ ժողովածու, հատոր 19, 6 հոկտեմբեր 1915):

Ճէյմս Պրայս 10 մայիս 1838-ին ծնած է Պելֆասթ (Իրլանտա): Պելֆասթի ակադեմիային եւ Կլասքոյի համալսարանին մէջ ուսանելէ ետք Պրայս ընդունուեցաւ Օքսֆորտի Թրինիթի քոլեճը, ուրկէ փայլուն յաջողութեամբ տիրացաւ իրաւաբանի տիտղոսին եւ 1862-ին արժանացաւ Օրիէլի (Քինկ՛զ քոլեճի) աշխատակիցի արքունի եւ ակադեմական բարձր կոչումին: Քանի մը տարի փաստաբան աշխատեցաւ Լոնտոնի մէջ, բայց 1870-ին հրաւիրուեցաւ Օքսֆորտ` իրաւաբանական բաժանմունքի մէջ քաղաքացիական օրէնքի դասախօսի պաշտօն ստանձնելու համար: Իբրեւ այդպիսին` Ճէյմս Պրայս մինչեւ 1893 շարունակեց իր պաշտօնավարութիւնը Օքսֆորտի մէջ:

Իրաւաբանութեան կողքին` Ճէյմս Պրայս բարձրագոյն ուսման հետեւած էր պատմագիտութեան մէջ եւ 1864-ին լոյս ընծայած էր «Հռովմէական Սրբազան կայսրութիւնը» անուն իր աշխատասիրութիւնը, որ հմուտ պատմաբանի միջազգային հռչակին արժանացուց երիտասարդ մտաւորականը:

Ճէյմս Պրայս նուիրեալ հնախոյզ էր: 1872-ին ան ճամբորդեց Իսլանտա, որպէսզի գտնէ «Իսլանտական սակա»-ներու երկիրը: Իսկ 1876-ին, միեւնոյն հնախոյզի հետաքրքրութեամբ, ան բարձրացաւ Արարատ լերան գագաթը, ուր գտաւ Նոյեան տապանի մնացորդ հնագիտական իրեղէններ: Հնախոյզի եւ պատմաբանի իր հետաքրքրութեամբ, այդ ժամանակէն սկսեալ, Ճէյմս Պրայս ոչ միայն մօտէն ուսումնասիրեց հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութիւնը, այլեւ լաւապէս ծանօթացաւ հայ մշակոյթի մեծարժէք ժառանգութեան` դառնալով մեր ժողովուրդի ստեղծած արժէքներուն մեծ հիացող մը եւ Հայաստանի ու հայութեան ազգային ոտնակոխուած իրաւունքներուն հաւատաւոր պաշտպան մը: Պրայսի այդ հետազօտութեանց եւ պատմագիտական ուսումնասիրութեանց առաջին արգասիքը եղաւ 1877-ին լոյս տեսած անոր «Անդրկովկաս» աշխատասիրութիւնը, որ տարածաշրջանի պատմութեան ընդհանուր արժեւորման մէջ յատուկ կեդրոնացումով գնահատումը կատարեց Հայաստանի ու հայութեան գրաւած տեղին ու արժէքին:

Միաժամանակ քաղաքական գործիչ էր Ճէյմս Պրայս, ատենի Ազատական կուսակցութեան հաւատարիմ անդամ, որ 1880-ին առաջին անգամ ընտրուեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի անդամ` Ազատական կուսակցութեան ցուցակով: Մինչեւ 1907 Պրայս շարունակեց իր անդամակցութիւնը խորհրդարանին` գործադիր իշխանութեան մէջ եւս պաշտօններ ստանձնելով: Յատկապէս Կլատսթոնի վարչապետութեան օրով Ճէյմս Պրայս հասաւ մինչեւ արտաքին գործոց փոխնախարարի պաշտօնին: Վարեց նաեւ դեսպանութեան պաշտօններ: 1907-ին ան նշանակուեցաւ Մ. Նահանգներու մէջ Բրիտանիոյ դեսպան եւ այդ պաշտօնին վրայ մնաց մինչեւ 1913` անգլեւամերիկեան երկարամեայ բարեկամութեան եւ գործակցութեան ամուր հիմերը դնելով: Նոյն շրջանին, տասնամեակներու իր ծառայութեան համար Պրայս արժանացաւ Էտուըրտ 7-րդ թագաւորի Արժանաւորութեան կարգին` լորտի տիտղոս ստանալով եւ 1913-ին Լորտերու պալատին անդամ ընտրուելով:

Երբ սկսաւ Ա. Աշխարհամարտը, բրիտանական կառավարութիւնը Պրայսին յանձնարարեց Պելճիքայի մէջ գերմանական կայսերական բանակին գործած ոճիրներուն մասին պետական տեղեկագրի մը պատրաստութիւնը, որ 1915-ին լոյս տեսաւ «Պրայսի զեկոյց» անունով:

Իր այդ դիրքէն եւ միջազգային մեծ վարկի արժանացած ու յարգանք վայելող պետական գործիչի, իրաւագէտի եւ պատմաբանի հեղինակութեամբ, 1915-ի յուլիսին Պրայս Լորտերու պալատին մէջ ունեցաւ պատմական իր ելոյթը` ահազանգ հնչեցնելով թրքական պետութեան ի գործ դրած հայ ժողովուրդի բնաջնջման ցեղասպանական ոճիրին դէմ: Բրիտանական կառավարութիւնը յանձնարարեց Պրայսի, որ երիտասարդ պատմաբան Առնոլտ Թոյնպիի գործակցութեամբ մանրամասն տեղեկագիր մը պատրաստեն հայերու դէմ գործուած թրքական ջարդերուն մասին:

Պրայս-Թոյնպի երկեակը իր մանրակրկիտ աշխատանքը աւարտեց եւ, իբրեւ բրիտանական կառավարութեան «Կապոյտ գիրք»-ը, 1916-ին լոյս ընծայեց իր հաւաքած փաստաթուղթերուն, վկայութիւններուն եւ քաղաքական արժեւորումներուն արդիւնքը:

Իր կեանքի վերջին տարիներուն Պրայս նշանակուեցաւ Լա Հէյի Միջազգային ատեանի անդամ, մեծ ներդրում ունեցաւ Ազգերու լիկայի ստեղծման մէջ, բայց յատկապէս Ա. Աշխարհամարտի աւարտէն ետք Դաշնակիցներուն նախաձեռնած խաղաղութեան բանակցութիւններու ընթացքին ջերմօրէն պաշտպանեց հայ ժողովուրդին նկատմամբ արդարութիւն գործելու անհրաժեշտութիւնը:

Հայկական հարցի իրաւապաշտպանին նուիրուած ոգեկոչական այս ակնարկը եզրափակենք հատուածներով` 23 մարտ 1905-ին Ճէյմս Պրայսի արտասանած քաղաքական կարեւոր ճառէն, Լոնտոնի «Էյթի Քլապ»-ին մէջ, «Թուրքիան եւ Եւրոպան» խորագրով.

«… Արեւելեան հարցը հետեւեալն է: Արեւելեան Եւրոպայի եւ արեւմտեան Ասիոյ մէջ կայ ռազմապաշտ մարդոց խումբ մը, զոր մենք կ՛անուանենք թուրք կառավարութիւն, որ այն օրէն, երբ դուրս է պրծած իր դեղին ցեղին հետ Ասիոյ խորքերէն, ուրիշ զբաղմունք չէ ունեցած` բացի կողոպտելէ եւ կոտորելէ իր տիրապետած ժողովուրդները: Եւ այս մարդոց (թուրքերուն) քաղաքակիրթ Եւրոպան կը ճանչնայ ու կը վարուի անոնց հետ որպէս քաղաքակիրթ պետութեան մը»:

«… Երկու մեծ գիծեր կը բնորոշեն թրքական պետութիւնը. նախ` այն, որ անիկա կ՛ապրի իր սեփական ուժերով, այլեւ` ուրիշ տէրութիւններու փոխադարձ նախանձով, եւ երկրորդ` ան երբեւիցէ չի կարողանար բարենորոգուիլ:

«… Այսօր Անգլիան, աւելի քան երբեք, քիչ ցանկութիւն ունի միջամտելու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Մենք գրեթէ բոլորս համաձայն ենք, որ այլեւս չենք կրնար Խրիմի պատերազմը վերսկսիլ Թուրքիոյ պաշտպանութեան համար»:

«… Երբ 1895-1896-ին լորտ Սալզպըրին փորձեց Եւրոպայի միահամուռ գործակցութեամբ վերջ դնելՀայաստանի ջարդերուն, անոր դէմ ցցուեցաւ իշխան Լոբանովը»:

«…Հայկական հարցը պարզ եւ որոշ կը դառնար, եթէ մէկ կողմ թաքնուէր քաղաքականութիւնը, եւ մարդկային տարրական իրաւունքները յարգուէին, ու Եւրոպան ցանկար միայն վերջ դնել այդ խայտառակութեան»:

«… Հաւատացած եղէք, որ Գերմանիան¬Թուրքիոյ դէմ չ՛ելլեր, բայց կարող էք համոզուած ըլլալ նոյնպէս, որ ան սուլթանի իրական պաշտպանութիւնը յանձն կ՛առնէ այն օրը, երբ պետութիւնները կը վճռեն միջամտել»:

«… Ես ալ երկար ժամանակ հաւատացած եմ եղած, որ Լորտ Սալզպըրին Հայաստանի մէջ ընտրելով յաջորդ հոգեբանական պահը` ի վիճակի էր կանգնեցնելու ջարդերը բաւականաչափ արագ եւ եռանդուն գործողութեամբ մը: Ես դեռ այժմ ալ կը հաւատամ, որ եթէ մենք 1895-1896ին ուղարկէինք մեր նաւատորմները Պոլսոյ առաջ, Թուրքիան ստիպուած պիտի ըլլար զիջելու, փոյթ չէ նոյնիսկ, թէ մենք մեն-մենակ ըլլայինք»:

«… Հայաստանի մէջ խնդիրը շատ աւելի պարզ է. գոնէ պետութեանց շահերը հոն նուազ կարեւոր են ու սակաւաթիւ: Միմիայն Ռուսաստանն է, որ կրնայ քաղաքական հայեցակէտներ մէջտեղ բերել: Միւս պետութիւնները, ինչպէս եւ` Անգլիան, հոս միայն մարդասիրական պարտքեր ունին: Եթէ քրիստոնեայ կոչուած այդ պետութիւնները պարտքի ամենափոքր գիտակցութիւն ունենային, Հայկական հարցը կը լուծուէր առանց որեւէ դժուարութեան: Բաւական էր նշանակել Եւրոպայի հանդէպ պատասխանատու նահանգապետ մը, որ ունենար առանձին պիւտճէ եւ բաւարար իշխանութիւն` կարգը պահպանելու, պաշտօնեաներու զեղծումներուն եւ քիւրտերու կողոպուտներուն վերջ դնելու համար, եւ հարցը կարելի էր լուծուած համարել: Արդ, ո՛չ Գերմանիան եւ ո՛չ Աւստրիան երբեք չեն զբաղած Հայաստանով…»:

Նախորդը

Բոշաները Մինչեւ 1950-ական Թուականները Չեն Կարողացել Ծառայել Թուրքական Բանակում

Յաջորդը

Արեւելից

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?