Ապրիլ` Մայիսով …
ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ (Ապագայ լրագրող) «Թրքական լուծին տակ մեր դարաւոր ստրկութենէն ետք, վճռած ենք ազատ ապրիլ կամ մեռնիլ: Եթէ չյաջողինք պաշտպանել մեր երկիրը, մեր ազատութիւնը եւ պատիւը, զէն ի ձեռին, արժանի չենք ուրեմն իբրեւ ազգ ապրելու»: Հայոց բանակի սպարապետ զօր. Նազարբէկեանի այս գերագոյն կոչը` բանակի զինուորներուն, խթան հանդիսացաւ հետագայ օրերուն անոնց անխորտակելի դիմադրութեան: Իւրաքանչիւր զինուոր իր մէջ ունէր ամբողջ ազգի մը...














