Յօդուածներ

Խոնարհ Հերոսը

Խոնարհ Հերոսը

ԱՐԻՆ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ Կան մարդիկ, որոնք իրենց բարութեամբ կարծես հանդարտութիւն եւ խաղաղութիւն կը սփռեն ամէնուրեք: Ընկ. Սուրէնը այդ օրինակներէն լաւագոյնն էր: Մշտաժպիտ եւ հանդարտ, միեւնոյն ժամանակ բծախնդիր ու խստապահանջ էր ան: Ժամանակը կ՛ուզէր լեցնել գործով, եւ իրեն համար կեանքը կ՛իմաստաւորէր աշխատանքով: Գործ չունեցած օրերուն նոյնիսկ գործ կը ստեղծէր: Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանի նոր շէնքի կառուցման մտայղացման եւ գաղափարը գործի վերածելու ռահվիրաներէն կը...

Հայութեամբ Եւ Հայրենիքով Տրոփող Սիրտ Մը Կանգ Առաւ  (Սուրէն Սարգիսեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Հայութեամբ Եւ Հայրենիքով Տրոփող Սիրտ Մը Կանգ Առաւ (Սուրէն Սարգիսեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

ՆՈՐԱ Բ. Սեպտեմբեր 2014: Արցախ ռուց ինվեսթմընցի (ԱՌԻ) բաժնետէր սփիւռքահայ գործարարներ կ՛ուղեւորուին Արցախ` իրենց ծրագիրներու իրականացման ընթացքին ծանօթանալու, պաշտօնական հանդիպումներ ունենալու եւ «Արցախ ֆոնտ»-ի գործունէութեան հետեւելու: Պաշտօնական հանգամանքին բերումով անոնց ընկերակցող Միջին Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն դեսպան Կարօ Քեպապճեանին հրաւէրով եւ պնդումով կը միանամ խումբին: Դէպի Արցախ ճամբուն գեղեցկութիւնը կլանիչ է եւ աննկարագրելի, պէտք է աչքով տեսնել զայն պարզապէս,...

Տիպար Մարդ Ու Տիպար Հայ *

Արդէն Մէկ Տարի…

ԱԼԵԱԿ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Ընտանիքի բարեկամը, հարազատէ մը աւելի նոյնիսկ, կրնաս սեպել որպէս անմիջական ընտանիք: Ներկայութիւն մը, զոր յաճախ կը մոռնանք գնահատելու մեր կեանքի առօրեայ հեւքին մէջ: Հետաքրքրական է, թէ ինչպէ՛ս անձ մը, որ թերեւս յաճախակիօրէն չես տեսներ, մեծ ու խոր ազդեցութիւն կրնայ ունենալ վրադ: Միայն անոր մահէն ետք է, որ կը զգաս, թէ որքա՜ն տեղ գրաւած էր ան կեանքիդ մէջ: Մանկութենէս...

Անդրանիկը

Անդրանիկը

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Ամէն մարդ զինք կը կոչէր ընկեր Անդօ կամ պարզապէս` Անդօ: Ընկեր Անդոն կիսապաշտօնական անունն էր, Անդոն` մտերիմներուն վերապահուած: Ես զինք կը կոչէի պարզապէս` Անդրանիկ, առանց այլ ծանրաբեռնումի: Անդրանիկը` պերճախօս լռութիւնը, արտայայտուած` յօնքերու թեթեւ խաղով, թեթեւօրէն հեգնական ժպիտով, պարբերաբար աջ ու ձախ նետուող անորոշ նայուածքներով: Մեռեալին մասին կա՛մ լաւ խօսքը, կա՛մ լռութիւնն է պատշաճը: Անգամ մը ինծի դամբանականի մը...

Մեր Գլխագիր Ընկերը

Մեր Գլխագիր Ընկերը

ԱՐԻՆ Սիրելի՛ ընկ. Անդօ, Եկաք ու անցաք այս աշխարհէն: Ձեր երթալէն ետք զգացի այն մեծ վիհը, որ բացուեցաւ մեր միջեւ: Ականջիս մէջ կը լսեմ ձեր ձայնը, ձեր հարցերուն մօտեցման եղանակը եւ մտահոգութիւնը լուծելու ձեր պաղարիւն, սակայն հաստատուն որոշումները: Աչքիս առջեւ է միշտ ձեր հռչակաւոր «ձեռքի շարժում»-ը: Ձգէ` թող խօսի, ձգէ թող երթայ… Սորվեցուցիք համբերատար ըլլալ, բայց` ոչ զիջող: Իրաւունքը պաշտպանող...

Ընկեր Անդոյին Տիպարային Ներկայութիւնը Եւ Ստորագրութիւնը

Ընկեր Անդոյին Տիպարային Ներկայութիւնը Եւ Ստորագրութիւնը

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ      Յուղարկաւորութեան առիթով արտասանած դամբանականիս մէջ անհատական վկայութիւններս ու ապրումներս չուզեցի արտայայտել եւ առ ի համալրում` քառասունքին առիթով թուղթին կը յանձնեմ ընկերական քանի մը վկայութիւններ: Ա.- Ընկեր Անդոյին ազնուութիւնը օրինակելի երեւոյթ է մեր կեանքին մէջ: Դժուար է այս օրերուն գտնել ու ըլլալ ազնիւ մարդ` բառին բովանդակ առումով: Ընկեր Անդոն իր կեանքով ու գործունէութեամբ այս մարդկային վսեմ արժանիքին տուաւ խորիմաստ...

Անդրանիկ Մսըրլեան Մարդը  (1945-2023) Բ.

Անդրանիկ Մսըրլեան Մարդը (1945-2023) Դ.

ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ Անդոն ամուսնացած չէր, բայց կը սիրէր ընտանեկան կեանքը: Կը սիրէր կերուխումը: Յաճախ կը հաւաքէր իր հարազատները  սեղանի շուրջ` նահապետական-աւանդական ընտանիքի նման: Ներքին-հոգեկան հրճուանք մը կ՛ապրէր այդ պահերուն: Ամառները ան կը սիրէր գիւղագնացութիւնը: Մենք միասին եղած ենք շուրջ 35 տարի: Թաքուն նպատակը նաեւ, կը կարծեմ, գիւղի սիրոյն կողքին, իր հարազատները հաւաքել էր միատեղ, գրեթէ ամէն կիրակի: Վերջին տարիներուն մանաւանդ,...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ  Լիզպոնի Հերոսներուն Ոգեկոչման Ձեռնարկներ  Միացեալ Նահանգներ Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին,  մասնակցութեամբ ՀԵԴ, ՀԵԴ Կլենտէյլի «Ռուբէն ուխտ» եւ «Շանթ» Ուսանողական միութեան, 23 յուլիսին Պրպենքի «Պէշիր Մարտիրոսեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ  տեղի ունեցաւ «Սրբազան խաչելութիւն» խորագիրը կրող ոգեկոչման ձեռնարկ` նուիրուած Լիզպոնի հինգ մարտիկներու սխրագործութեան 40-ամեակի յիշատակին: Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցան տարբեր տեսերիզներ, ներառեալ` անհատական վկայութիւններ եւ պատմական արխիւներ: Գործադրուեցաւ նաեւ...

Մահացաւ Կուսակցական Եւ Հասարակական  Գործիչ Անդրանիկ Մսըրլեան

Անդրանիկ Մսըրլեան Մարդը (1945-2023) Գ.

ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ Անդոյին որքա՜ն կը պատշաճի աշխարհահռչակ լիբանանցի փիլիսոփայ, բանաստեղծ, արձակագիր եւ նկարիչ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի «Մարգարէն» գիրքին «տալու մասին» հատուածը: «Տուած կ՛ըլլաք դուք շատ քիչ բան` երբ տաք ձեր ստացուածքէն: Ձեր անձէ՛ն տալով միայն կ՛ըլլաք դուք ի՛սկապէս տուած: Վասնզի, ի՞նչ են ձեր ստացուածքներն, եթէ ոչ բաներ, Զորս կը պահէք ու կը պահպանէք, Վախով թէ կրնաք վաղը դուք` կարիք ունենալ...

«Հայաքուէ»

«Հայաքուէ»

ԿԱՐԷՆ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի հայութիւնը կ՛ապրի օրհասական օրեր. Արցախը արդէն եօթը ամիսէ ի վեր պաշարման մէջ է ու գոյաբանական պայքար կը մղէ թշնամիին դէմ: Հայաստանի իշխանութիւնները ձեռքերը լուացած են Արցախէն ու կը պատրաստուին ամրապնդել մեր թուացեալ պարտեալի կարգավիճակը` շտապելով ստորագրելու «խաղաղութեան պայմանագիր» մը: Այս բոլորին դիմաց` սփիւռքի հայութիւնը հիասթափուած է, շուարած, կարծես` ինքն իր մէջ ամփոփուելու հակուած: Հայաստանի...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Երեւանի Մէջ Կայացաւ Լիզպոնի Գործողութեան 40-Ամեակին Նուիրուած Յիշատակի Ձեռնարկ Պատանի հանդիսատեսի թատրոնին մէջ յուլիս 27-ին տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 40-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկ, որուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ ժապաւէն մը` նուիրուած հինգ նահատակ հերոսներու յիշատակին: Հանդիսութեան ընթացքին խօսքեր արտասանեցին` ՀՅԴ անդամ Սիմոն Գաֆալեանը, ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեանը, ՀՅԴ ՀԵՄ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Սեւակ Նազարեանը, ՀՅԴ Հայաստանի...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ Եւ Ագուլեցոց Ու Մեղրեցոց Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցիները

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ Եւ Ագուլեցոց Ու Մեղրեցոց Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցիները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին Շուշի ռուսական տիրապետութեան հաստատումէն ետք արագօրէն բարգաւաճեցաւ: Քաղաքին յատակագիծը պատրաստուեցաւ 1837¬ին եւ այդ հիմամբ Շուշի ընդարձակուեցաւ: Հետագային, 1855¬ի յատակագիծով քաղաքը աւելի ընդարձակուեցաւ ու բարեկարգուեցաւ: Շուշիի պարծանքը իր գեղակերտ եկեղեցիներն են: Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչը մայր տաճարն էր: Ագուլեցոց Սուրբ Աստուածածինը, նախքան Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ կառուցումը եղած էր մայր տաճար: Ագուլեցոց եկեղեցիէն ետք կառուցուած էր Մեղրեցոց...

Օգոստոս Ամսուան Առիթով Սրտաբուխ Բայց Սրտցաւ Խոհեր

Օգոստոս Ամսուան Առիթով Սրտաբուխ Բայց Սրտցաւ Խոհեր

ԽՈՐԷՆ ԱՐՔ. ՏՈՂՐԱՄԱՃԵԱՆ Խաղաղ, անփորձանք, զգաստ, խոհեմ, ո՛չ բաժանարար եւ իմաստութեամբ լեցուն ամիս մը կը մաղթեմ բոլորին: Օգոստոս ամիսը կը յատկանշուի Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնով: Աստուածածինը մեր եկեղեցւոյ դաւանած սուրբերուն մէջ իւրայատուկ տեղ ունի եւ սուրբերուն թագուհին է: Աստուած ընտրած է զինք իր որդիին մայրը դառնալու համար: Աստուծոյ մարդանալու փաստին գերագոյն խորհուրդի բացատրութիւնը Աստուածածնի մայրանալն է, ամենահամեստ պայմաններու մէջ Քրիստոսի...

Լիբանանահայութիւնը Ոգեկոչեց Լիզպոնի 5 Հերոսներուն Անձնուէր Արարքին 40-Ամեակը

Կառչինք Դաշնակցական Այն Սկզբունքներուն Եւ Գաղափարներուն, Որոնց Համար Զոհուեցան Լիզպոնի 5-ը*

ԼՈՒԹՖԻԿ ԱՅՎԱԶԵԱՆ Դժուար է ստանձնել Լիզպոնի գործողութեան 40-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութեան բանախօսի պարտականութիւնը եւ նոյն ատեն խուսափիլ նախորդող վաստակաւոր 39 բանախօսներուն ըսածներուն մեծ մասը կամ մէկ մասը կրկնելէ: Անոնցմէ ոմանք արդէն միացած են Լիզպոնի տղոց, սակայն անոնց ձգած կտակը պիտի գոյատեւէ, իսկ սրբազան գործը պիտի շարունակուի: Նախորդող բանախօսներէն ոմանք հարց տուած են, թէ ինչո՞ւ սփիւռքահայութիւնը ընդհանրապէս եւ լիբանանահայութիւնը մասնաւորապէս աւելի մեծ...

Ապրիլ 24, Պարզ Խօսքեր. Պարզ Մարդիկ. Յասմիկին Կրպակը Բաց Էր, Կը Վաճառէր Ջերմուկ, Կոլա Եւ Հաց

Ցեղասպանութեան Եւ Երրորդ Պատերազմի Սպառնալիք

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Երէկ, հակառակ անոր որ Ֆրանսայի լրատուամիջոցները գերյագեցած էին երկրի նոր կառավարութեան կազմութեան վերաբերող լուրերով եւ մեկնաբանութիւններով, հեռատեսիլը, պատկերներու  տակ սփռուող իր գրաւոր լուրերուն մէջ, քանի մը տողով արձագանգեց Հայաստանի վարչապետի յայտարարութեան, որ` «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը կը գտնուի ցեղասպանութեան ենթարկուելու սպառնալիքի տակ եւ կրնայ շղթայազերծուիլ Հայաստան-Ազրպէյճան երրորդ պատերազմ մը»: Այսօր լրատուութիւնը կրկնուեցաւ: Ո՛չ Ֆրանսան, ո՛չ Ռուսիան, ո՛չ Միացեալ Նահանգները...

Գետ-Գիտութեան. «Ինչպէ՞ս Կ՛աշխատի Մանրալիքային Փուռը»  Եւ Ուրիշ Բաներ

Գետ-Գիտութեան. «Ինչպէ՞ս Կ՛աշխատի Մանրալիքային Փուռը» Եւ Ուրիշ Բաներ

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Մանրալիքային փուռը (microwave oven) կ՛աշխատի ելեկտրամագնիսական ալիքներ յառաջացնելով, որոնք կը կոչուին մանրալիքներ: Այս մանրալիքները կ՛արտադրուին մագնեթրոն կոչուող բաղադրիչի միջոցով: Ստորեւ կը ներկայացնենք մանրալիքային փուռի բաղադրիչները. 1.- Մագնեթրոն (Magnetron)- Մագնեթրոնը մանրալիքային փուռի սիրտն է: Այդ օդատութեան խողովակ մըն է, որ ելեկտրական ներուժը կը փոխակերպէ բարձր յաճախականութեամբ (high frequency) ելեկտրամագնիսական ալիքներու, մասնաւորաբար` մանրալիքներու: 2.- Կառավարման վահանակ (Control Panel)- Կառավարման վահանակի...

Անդրանիկ Մսըրլեան Մարդը  (1945-2023) Բ.

Անդրանիկ Մսըրլեան Մարդը (1945-2023) Բ.

ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ Անդոն բազում անգամներ փրկուած է մահէ: Մանկութեան, չորս տարեկանին, իրենց երկյարկանի տան տանիքէն (նկատի ունեցէք հին տուներու բարձրութիւնը) ինկած է եւ, առանց բան մը ըլլալու, անմիջապէս ոտքի ելած ու վազած է: Դիմացի մածուն ծախող Սարգիս աղբարը, որ ականատես եղած էր դէպքին, գոչած է. «Ղազարոսը, Ղազարոսը»: Այսինքն, Ս. Աւետարանի Ղազարոսը, որ մահէն կեանքի եկաւ` Յիսուսին մէկ հրաշքով: Երկրորդ դէպքը...

Երգի Մը Պատմութիւնը.   Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Ուխտապահներու` Լիզպոնի Հինգին Յիշատակը Յաւերժացնող Երգերուն Պատգամները

Երգի Մը Պատմութիւնը. Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Ուխտապահներու` Լիզպոնի Հինգին Յիշատակը Յաւերժացնող Երգերուն Պատգամները

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Լիզպոնի գործողութեան նուիրուած վերջին երգը հրապարակուած է 2022-ին, «Լիզպոն 5» վերնագիրով, երիտասարդ ու խոստմնալից երգիչ Էտի Նալպանտեանի երգեցողութեամբ: Երգին ծնունդը բառերու իմաստով բաւական հետաքրքրական է: Բանակումի մը ընթացքին երիտասարդ մը իր գրած բառերը կը յանձնէ բանակող ընկերներէն մէկուն, վերջինս այդ գրութիւնը կը պահէ մասունքի մը նման, տարիներ անց կը յանձնէ Էտիին, որ երգուի: Երգին երաժշտութիւնը յօրինած եւ գործիքաւորած...

Մահացաւ Կուսակցական Եւ Հասարակական  Գործիչ Անդրանիկ Մսըրլեան

Անդրանիկ Մսըրլեան Մարդը (1945-2023) Ա.

ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ Հսկայական տարածութիւններ գրաւած  աշխարհակալ Աղեքսանդր Մակեդոնացին մահէն առաջ իր քով կը հրաւիրէ բանակին գլխաւոր հրամանատարը, որուն կը յայտնէ իր երեք ցանկութիւնները, զորս պէտք է գործադրէր հրամանատարը աշխարհակալին մահէն ետք: Այդ ցանկութիւններն են. Ա.- Դիակս ձեռքի վրայ պէտք է տանին մեր օրերու լաւագոյն բժիշկները: Բ.- Թաղմանս ատեն, ուր որ տանին դիակս, ամբողջ ճանապարհի երկայնքով պէտք է թափեն ոսկի մետաղադրամներ...

Պուրճ Համուտով Ապրող Պետիկը

Պուրճ Համուտով Ապրող Պետիկը

ԹՈՐԳՈՄ Որոշած էի այլեւս մահագրութիւն չգրել, մահախօսական չընել, բայց Մարտիկ  Տեմիրճեանը խելքիս հետ խաղաց: Կը ներէք, Պետիկին մասին տխուր մթնոլորտով, ոճով կարելի չէ խօսիլ, որովհետեւ ան Պուրճ Համուտի հայ ազնուական տերվիշն էր, եւ վստահ եմ, որ հիմա ինք ուրախ է բոլոր ընկերները քով քովի բերած ըլլալուն համար: Այսպիսի ժամանակներու, երբ ընկերային ուղղակի յարաբերութիւնները, քով քովի գալը այլեւս կը չքանան, իրարու...

Page 247 of 1111 1 … 246 247 248 … 1,111

Արխիւներ