Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկեր Անդոյին Տիպարային Ներկայութիւնը Եւ Ստորագրութիւնը

Օգոստոս 4, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ     

Յուղարկաւորութեան առիթով արտասանած դամբանականիս մէջ անհատական վկայութիւններս ու ապրումներս չուզեցի արտայայտել եւ առ ի համալրում` քառասունքին առիթով թուղթին կը յանձնեմ ընկերական քանի մը վկայութիւններ:

Ա.- Ընկեր Անդոյին ազնուութիւնը օրինակելի երեւոյթ է մեր կեանքին մէջ: Դժուար է այս օրերուն գտնել ու ըլլալ ազնիւ մարդ` բառին բովանդակ առումով: Ընկեր Անդոն իր կեանքով ու գործունէութեամբ այս մարդկային վսեմ արժանիքին տուաւ խորիմաստ արտայայտութիւն: Մնաց ազնիւ իր շրջապատին մէջ ու ազնուութեամբ դիմաւորեց կեանքի բոլոր լեղի պատահարներն ու վերաբերմունքները ու յորդորեց բոլորը իրենց կեանքը իմաստաւորելու մարդկային այս արժանիքով:

Բ.- Ընկերականութիւնը ընկեր Անդոյին համար բացարձակ արժէք էր: Այդ ընկերականութեան դրսեւորման մէջ մնաց լուռ, չարտայայտուող, բայց` գերազանցապէս զգայուն, անկեղծօրէն կիսեց բոլորին ցաւը, վիշտը եւ ուրախութիւնը:

Յիշողութեանս մտապատկերին մէջ դրոշմուած կը մնայ այն պահը, երբ 10 տարիներ առաջ, ժողովական հանդիպումի մը ընթացքին ստացայ հեռաձայն մը եւ բժշկական քննութեանս ախտաճանաչման մտահոգիչ արդիւնքը փոխանցուեցաւ ինծի: Ներողամտութիւն խնդրեցի, որ պիտի մեկնիմ, եւ յանկարծ ինձմէ առաջ ընկեր Անդօ արդէն ոտքի էր եւ թելադրեց ուղղուելու իր ինքնաշարժը: Ճամբան իրեն յատուկ ոճով փորձեց փարատել մտահոգութիւնս, սակայն զգացի, որ ինքնաշարժին ղեկին վրայ ձեռքերը կը դողային, եւ մտահոգութիւնը ակներեւ էր: «Մի՛ մտահոգուիր, բան մը չկայ, հիմա պիտի տեսնես, որ պարապ բան է»: Իր այս մօտեցումը այդ ճակատագրական պահուն տարօրինակ քաջութեամբ ու լաւատեսութեամբ մը լեցուց հոգիս: Ընկեր Անդոյին խօսքը իրականութիւն դարձաւ:

Գ.- Ծրագրի մը յաջողութեան մէջ ընկեր Անդոյին հետեւողականութիւնը, հաստատակամութիւնը եւ անզիջող կեցուածքը միշտ ալ մնացին տիրապետող երեւոյթ մեր հաւաքական կեանքին մէջ:

2001 թուականին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանը նոր կազմածներով օժտելու ծրագրին իրականացման մէջ անուրանալի է ընկեր Անդոյին դերակատարութիւնը` իբրեւ օրին խնամակալութեան ատենապետ:

Որեւէ ծրագրի բիւրեղացման մէջ բնականաբար տեղի կ՛ունենան քննարկումներ եւ կ՛արձանագրուին տեսակէտներու տարբերութիւններ: Ընկեր Անդոն քաջութեամբ եւ ամբողջական համոզումով նախընտրեց իրականացնել ամենադժուար տարբերակը ու այդ տարբերակի որդեգրումին համար յաջողեցաւ ժողովականները համոզել` անոր գործնականացման մէջ ներդրելով իր ամբողջական յանձնառութիւնը: Ժողովականները համաձայն գտնուեցան, որովհետեւ բոլորն ալ հաւատք ու վստահութիւն ունէին ընկեր Անդոյի յանձնառութեան տեսակին ու աշխատանքին վրայ:

Դ.- Շատախօսութեան եւ բանսարկումի թշնամի էր ընկեր Անդոն: Իր ներկայութեան չէր արտօներ այսպիսի յոռի երեւոյթ: «Պարապ սարապ բաներ մի՛ խօսիք», «Ձեր գործին նայեցէք», «Թող խօսին, վաղը կ՛անդրադառնան»: Ան բոլորին մէջ փորձեց տեսնել լաւը, անոնց արժանիքները եւ ընդհանուր գործին նպաստելու անոնց ունակութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը: Այդ իսկ պատճառով հեգնանքով ու ժպիտով դիտեց անիմաստ առճակատումներն ու իրերամերժութեան երեւոյթները: Ինք մնաց այդ բոլորէն վեր ու մնաց ընկեր բոլորին:

Ե.- Իւրայատուկ էր յարաբերական մարզին մէջ ընկեր Անդոյին կարողութիւնը: Ընդհանրապէս յարաբերական կամ բանակցային գործընթացին մէջ շատ բան կը խօսուի: Ընկեր Անդօ իր սակաւախօս նկարագրով ու հեղինակութեամբ կը փորձէր ճապաղումներէ ու անիմաստ ու գլխապտոյտ պատճառող քննարկումներէն հեռու պահել ժողովական հանդիպումները եւ կը յաջողէր արագօրէն քննարկումները հասցնել բիւրեղացման` առանց վիրաւորելու ու յարգելով բոլորին տեսակէտներն ու նկատողութիւնները:

Այո՛, մեր հաւաքական կեանքին մէջ կորսնցուցինք կառուցողական տիպար մը, որուն գեղեցիկ ստորագրութիւնը տեղ գտած է մեր կեանքի բոլոր բնագաւառներուն եւ մեծ թիւով պետական, կուսակցական, միութենական կառոյցներու տոմարներուն մէջ, եւ այդ հազարաւոր ստորագրութիւնները պարզապէս անուանական ստորագրութիւններ չեն, այլ` կենսաւորուած մեծ նուաճումներով, դրոշմ ձգած իրագործումներով եւ, վերջապէս, մեր կեանքը հարստացուցած հիմնարար ծրագիրներով ու ուղեգիծներով:

Յարգանք իր ստորագրութեան:

 

 

 

Նախորդը

Յաջորդը

Մեր Գլխագիր Ընկերը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?