ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
Հսկայական տարածութիւններ գրաւած աշխարհակալ Աղեքսանդր Մակեդոնացին մահէն առաջ իր քով կը հրաւիրէ բանակին գլխաւոր հրամանատարը, որուն կը յայտնէ իր երեք ցանկութիւնները, զորս պէտք է գործադրէր հրամանատարը աշխարհակալին մահէն ետք: Այդ ցանկութիւններն են.
Ա.- Դիակս ձեռքի վրայ պէտք է տանին մեր օրերու լաւագոյն բժիշկները:
Բ.- Թաղմանս ատեն, ուր որ տանին դիակս, ամբողջ ճանապարհի երկայնքով պէտք է թափեն ոսկի մետաղադրամներ եւ թանկարժէք քարեր:
Գ.- Ձեռքերս պէտք է ըլլան դուրս դագաղէն եւ` բոլորին տեսանելի:
Բանակին հրամանատարը, լսելէ ետք այս բոլորը, զարմացած կը հարցնէ Մեծն Աղեքսանդրին.
– Ի՞նչն է պատճառը, որ կը կատարէք այս ցանկութիւնները:
Աղեքսանդրը կը պատասխանէ անմիջապէս.
– Թող լաւագոյն բժիշկները իրենց ձեռքերու վրայ տանին դիակս, ու բոլորը թող տեսնեն, որ լաւագոյն բժիշկներն անգամ անզօր են մահուան դիմաց: Թափէ շահուած ոսկին ճամբու ամբողջ երկայնքին, ու թող բոլորը տեսնեն, որ հարստութիւնը, զորս մենք կը ստանանք այս կեանքին մէջ մեր ողջութեան, այս աշխարհին մէջ ալ կը մնայ: Թող բոլորը տեսնեն իմ ձեռքերս եւ ականջնուն օղ ընեն, որ նոյնիսկ աշխարհակալ Մակեդոնացին այս աշխարհէն կը հեռանայ ձեռնունայն:
* * *
Անդոն շատ պայքարեցաւ անողոք հիւանդութեան դէմ: Լիբանանի լաւագոյն բժիշկներէն մէկը օրն ի բուն աշխատեցաւ դարմանել զինք, սակայն չյաջողեցաւ փրկել անոր կեանքը: Մահը կա՛յ, որքան ալ արդի բժշկագիտութիւնը աշխատի դարմանումներ գտնել հիւանդութիւններուն:
Հիւանդութեան վերջին երկու ամիսներուն շա՜տ չարչարուեցաւ: Անդոն թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ՛ հոգեպէս: Մնայուն մղձաւանջի մէջ կը գտնուէր: Լաւ գիտէր իր հիւանդութիւնը եւ չէր ուզեր նեղութիւն պատճառել իր շուրջիններուն: Կը ձեւացնէր, որ չէր գիտեր:
Անդոն ութ ամիս պայքարեցաւ թոքին մէջ բոյն դրած խլիրդին դէմ: Մեր տունը մնաց չորս ամիս:
– Ի՞նչ ունիմ,- ըսաւ ինծի անգամ մը, երբ առանձին էինք ինք եւ ես: – Դուն բան մը լսեցի՞ր, բան մը գիտե՞ս, բժիշկին հետ խօսեցա՞ր:
Անկասկած, ան գիտէր իր հիւանդութիւնը: Խլիրդի բժիշկ էր զինք խնամողը: Այնքան միամի՞տ էր, որ չգիտնար բժիշկին մասնագիտութիւնը: Բժիշկը Անդոյին հարազատներուն յայտնած էր, թէ վեց ամիսէն մէկ տարուան կեանք ունի Անդոն: Խլիրդի յատուկ դարմանումները կրնայ բարելաւել անոր առողջական վիճակը, սակայն երկրորդ փուլին խլիրդի բջիջները կրնային նորէն յարձակիլ եւ, այս անգամ, զգետնել զինք, ինչպէս որ եղաւ: Անդոն տեղեակ չէր ասկէ, առնուազն` սկզբնական շրջանին:
– Նախընտրելի է դժոխք երթալ, քան բաղնիք,- ըսաւ քանի մը անգամ:
Այո՛, չէր կրնար քալել: Բաղնիք երթալու համար նախ ոտքերը անկողինէն վար պէտք է իջեցնէինք, դադար մը պիտի առնէր (որովհետեւ կը հեւար), ապա` ոտքի ելլելէ ետք, գաւազանին օգնութեամբ, դարձեալ դադար մը պիտի առնէր եւ յամրաբար պիտի ուղղուէր բաղնիք, որ երեք մեթր հեռաւորութիւն ունէր: Նոյնը` անկողին վերադառնալու ատեն: Այդ օրերուն շատ ջղային դարձած էր: Ընկճախտի մէջ կը գտնուէր: Վայրկեան առաջ կ՛ուզէր ոտքի ելլել: Մարձողը կու գար, անհրաժեշտը կը կատարէր եւ թելադրութիւններ կու տար: Մարձումին ընթացքը դանդաղ էր: Անդոն բաւարար ուժ չունէր, որ մարձողին թելադրած մարզանքները կատարէր: Թէեւ շատ ճիգ կը թափէր անկողինին մէջ ոտքերը շարժելու: Հարցը չէր կայանար սակայն, մարձումին մէջ միայն, որովհետեւ խլիրդի բջիջները թոքերէն անցած էին ողնայարին, ինչ-որ պատճառ կ՛ըլլար դժուար քալելու:
– Որքա՞ն կը տեւէ այս դարմանումը, մէ՞կ տարի,- կ՛ըսէր ինծի:- Բժիշկը ըսաւ, որ տասնհինգ օրէն ձիու պէս պիտի քալես: Շատ պիտի ուտես եւ սնունդէ ետ պիտի չմնաս:
Իսկ ինք կը տրամաբանէր.
– Բժիշկին խօսքը արդէն կը նշանակէ, թէ լաւ չեմ: Ի՞նչ ըսել է ձիու պէս քալել, երբ դժուարաւ եւ առանց ախորժակի կ՛ուտեմ եւ չեմ կրնար քալել: Սակայն Անդոն կամքի տէր էր: Ակամայ եւ դանդաղ կ՛ուտէր: Ժամանակի ընթացքին ախորժակը բացուեցաւ, իսկ հետագային, ինք կը փնտռէր ճաշը այնքան մը, որ տասը քիլօ աւելցուց իր քաշին վրայ: Յետոյ, ոտքի մարզանքները կը կատարէր մեծ դժուարութեամբ` բաւական ուժ սպառելով: Երբ փորձէր ոտքի ելլել` երկար-երկար շունչ կ՛առնէր: Գաւազանի օգնութեամբ քալելու ատեն ամբողջովին կը հեւար: Իսկ մարձումէն ետք, ժամեր կ՛ուզէր որ հանգստանայ:
– Իմ մազերես քու մազերուդ պիտի հասնին, ըսաւ անգամ մը մտահոգութեամբ, քաղցկեղի երկրորդ դարմանումը առնելէ ետք:
Այսինքն, բռնած էր ճաղատ ըլլալու ճամբան: Ամէն առտու, անկողինին բարձը մազով ծածկուած կ՛ըլլար: Երեսը լուացած ատեն, ձեռքը մազով կը լեցուէր: Մտահոգ էր: Հերաթափութիւնը աւելցաւ արդէն իսկ ընկճուած իր հոգեկան աշխարհին վրայ:
– Բժիշկը բան մը ըսա՞ւ ձեզի այս մասին,- կը հարցնէր իր հարազատներուն:
Որքան ալ հանդարտեցնէինք զինք, որ դեղը զօրաւոր է եւ այս հիւանդութեան ատեն (առանց տալու «խլիրդ» անունը) կը պատահի, որ մազերը թափին, ինչպէս է պարագան բոլոր հիւանդներուն, որոնք կ՛ենթարկուին այս հիւանդութեան դարմանումի ատեն, չէր համոզուեր:
Բարդոյթ մը կ՛ապրէր ապահովաբար:
Արդեօք չէ՞ր գիտեր քաղցկեղի դարմանումի կողմնակի հետեւանքներուն մասին: Շա՛տ լաւ գիտէր: Անդոն չէր ուզեր, որ իրեն այցելողները այդ վիճակին մէջ տեսնէին զինք: Մնաց որ, մեր աչքին այդքան ալ յայտնի չէր անոր կերպարանքը: Բայց ինք սկսաւ գլխարկ գործածել պարտկելու համար իր հերաթափութիւնը:
* * *
– Երազ կը տեսնե՞ս,- հարցուց անգամ մը իրեն իր քոյրը:
– Հա՛րկաւ,- պատասխանեց:
– Ի՞նչ կը տեսնես:
– Հայրս ու մայրս: Յաճախ կը պատահի որ տեսնեմ զանոնք:
Անդոն շատ կապուած էր մօրը, որ մեռաւ չորս տարի առաջ: Անդոն յաճախ մօրը քով կ՛երթար, կը խօսէր հետը, անոր բոլոր պահանջները կը կատարէր: Նոյնիսկ կը շփացնէր: Կը թուի, թէ ամուրի տղամարդիկը շատ աւելի մտերմութիւն ցոյց կու տան իրենց մօր, քան հօր: Անդոյին հայրը արդէն մահացած էր աւելի քան երեսուն տարի առաջ, իսկ մօրը մահը շատ խոր ազդեցութիւն ձգեց իր վրայ: Աւելի առանձին զգաց ինքզինք: Մենք յստակ փոփոխութիւն կը տեսնէինք Անդոյին հոգեվիճակին մէջ:
* * *
Չորս ամիս մեր տունը մնալէ ետք, Անդոն ուզեց վերադառնալ իր տունը, որուն կարօտցած էր: Հաւանաբար ոտքի մարձումները, հոգատարութիւնը, բայց մանաւանդ քաղցկեղի դարմանումի չորրորդ քիմիականի պատուաստումը բարելաւած էին իր առողջական վիճակը: Ա՛լ կը քալէր առանց գաւազանի, ոտքի ցաւ չունէր, կ՛ուզէր ախորժակով: Տասը քիլօ վրայ դրած էր իր քաշին վրայ:
Բայց պատահեցաւ, ինչ որ իր բժիշկը ըսած էր մեզի: Գրեթէ ամիս մը առողջական գետնի վրայ, թէ՛ մարմնապէս եւ թէ՛ հոգեպէս լաւ ըլլալէ ետք, քաղցկեղի բջիջները շատ ահաւոր կերպով յարձակեցան իր վրայ: Ոտքի ցաւը վերսկսաւ: Ախորժակը կտրուեցաւ: Քաշը պակսեցաւ:
– Կարծես այս անգամ հիւանդութիւնը պիտի յաղթէ ինծի:
Հոգեպէս փլած էր: Հետզհետէ կամազուրկ կը դառնար: Երբե՛ք այդքան պարտուողական չէի տեսած զինք, որքան այդ ատեն: Խորտակուած էր:
Դարման, յաւելեալ դեղեր, մարձում, հիւանդանոց – օգուտ չունեցան:
Կիրակի, 25 յունիս 2023-ին, առաւօտուն, իր տունը գացը: Ուզեց, որ ածիլեմ զինք: Խնդրանքը կատարեցի: Քիչ մը արիւնոտեցաւ ձախ այտէն քիչ մը վար: Թաշկինակ մը տուի իրեն, որ արիւնը սրբէ, «որպէսզի արիւնը չշարունակէ հոսիլ», ըսի իրեն:
– Ինչու արիւն մնա՞ց երակներուս մէջ, որ արիւն հոսի,- ըսաւ:
29 յունիսին, գիշերը զինք փոխադրեցինք հիւանդանոց: Ջերմութիւն ունէր եւ շատ յոգնած դէմք մը: Հիւանդանոցին մէջ միայն ջուր կը խմէր եւ ճելօ կ՛ուտէր կիսով չափ, ուրիշ ոչինչ: Յստակ էր, որ ներքնապէս կ՛այրէր: Զառանցանքի մէջ կը գտնուէր:
Անդոն ժողովի մէջ կը զգար ինքզինք, ինչպէս իր ամբողջ կեանքը եղաւ ժողովի շարք մը:
– Ժողովը վերջացա՞ւ, վերջին բանաձեւը ելա՞ւ: Արցախ… Հայաստան… Համազգային,- ասոնք էին գրեթէ իր վերջին խօսքերը. արդեօ՞ք անգիտակից վիճակի մէջ: Նաեւ`
– Մոխրագոյն տախըմս, մոխրագոյն տախըմս:
Յաղթանդամ Անդոյէն բան չէր մնացած:
3 յուլիս երեկոյեան, վիճակը շատ վատթարացաւ: Ձեռքի եւ ոտքի շարժումները շատցան: Քահանայ մը կանչել տուինք, որ հաղորդութիւն տայ իրեն: Արդեօք նախազգացո՞ւմ էր մեր ունեցածը:
– Ինչպէ՞ս ես, պարոն Անդրանիկ,- հարցուց քահանան:
– Լաւ եմ,- պատասխանեց Անդոն իր ամբողջ գիտակցութեամբ: Զարմացանք, որ յստակ կը խօսէր, որովհետեւ նախորդող օրերու իր խօսակցութենէն ոչինչ կը հասկնայինք:
Անդոն բոլորին ալ այդպէս կը պատասխանէր, երբ հարցնէին իր որպիսութիւնը: Երբեք չլսեցինք իրմէ «լաւ չեմ» բառերը:
Քահանային խոստովանանքէն ետք, Անդոն «մեղայ Աստուծոյ» ըսաւ` ձեռքերը բացած:
– Հաղորդութիւն կ՛ուզե՞ս,- հարցուց քահանան:
– Անշուշտ,- պատասխանեց Անդոն. ապա` առնելէ ետք հաղորդութիւնը` շնորհակալութիւն յայտնեց քահանային:
Ասոնք եղան Անդոյին վերջին խօսքերը:
Անդոն ազնուական մնաց մինչեւ իր կեանքին վերջին վայրկեանը, ինչպէս ազնուական եղած էր իր ամբողջ կեանքին ընթացքին:
Անդոն կարծէք այդ Սուրբ հաղորդութեան կը սպասէր: Ջղային շարժումները հանդարտեցան եւ քնացաւ:
Յաջորդ առաւօտ, շատ կանուխ, «ժողովը վերջացաւ եւ վերջին բանաձեւը ելաւ»: Անդոն աւանդեց իր հոգին:
(Շար. 1)