ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Ամէն մարդ զինք կը կոչէր ընկեր Անդօ կամ պարզապէս` Անդօ: Ընկեր Անդոն կիսապաշտօնական անունն էր, Անդոն` մտերիմներուն վերապահուած: Ես զինք կը կոչէի պարզապէս` Անդրանիկ, առանց այլ ծանրաբեռնումի:
Անդրանիկը` պերճախօս լռութիւնը, արտայայտուած` յօնքերու թեթեւ խաղով, թեթեւօրէն հեգնական ժպիտով, պարբերաբար աջ ու ձախ նետուող անորոշ նայուածքներով:
Մեռեալին մասին կա՛մ լաւ խօսքը, կա՛մ լռութիւնն է պատշաճը: Անգամ մը ինծի դամբանականի մը առիթով դիտողութիւն ընող եղաւ, թէ ողջութեան հանգուցեալին թերութիւններու մասին ալ կը խօսէի, հիմա միայն` բարեմասնութիւններուն: Բնական է, որ այդպէս ըլլայ. ենթակայի մը ողջութեան թերութիւններու մասին կը խօսիս կա՛մ զինք վարկաբեկելու համար, կա՛մ ալ բարեմտաբար` զանոնք սրբագրել տալու ակնկալութեամբ. եթէ միաժամանակ անոր բարեմասնութիւններուն մասին ալ խօսիս, ըսել է խելքը-գլուխը` հաւասարակշռուած մարդ ես: Ճիշդ է, որ առհասարակ այդպէս չէ. կա՛մ բարեմասնութիւնները, եթէ մարդը գնահատող ես, կա՛մ` վատ կողմերը, եթէ ընդդիմադիր ես, այս պարագային ատիկա կ՛ընես ամԷնէն մութ գոյներով: Քեզի կը մնայ ընտրել այն դասակարգը, որուն կը փափաքիս պատկանիլ:
«Շատ կը խօսիս կոր,- պիտի ըսէր Անդրանիկը,- ըսելիքդ ըսէ՛, վերջացո՛ւր. դո՛ւն ալ կեվեզէյին մէկը դարձեր ես»:
Այս միջամտութենէն ետք վերադառնալով նիւթին` բնական է, որ այդպէս ըլլայ: Մահէն ետք` միայն լաւ բաները: Ընդհանուր օրէնք է, հաւանաբար որովհետեւ, այսպէս թէ այնպէս վերջ ի վերջոյ կը մնան լաւ յիշատակները. կ՛երեւի ուղեղը ժամանակի ընթացքին կը վանէ վատն ու անհաճոն` պահպանելով միայն դրական ու հաճելի յիշատակը, խնայելու համար ենթակայի հոգեկան հաւասարակշռութիւնը: Այլապէս որքան մօտենայիր վերջաւորութեանդ, այնքան այլանդակօրէն դառնացած նկարագիր պիտի զարգացնէիր, որմէ պիտի խուսափէին մերձաւորնե՛րդ իսկ, հարազատները` ներառեալ: Ժամանակի ընթացքին անցեալը կը գեղեցկանայ, ենթակայի ենթագիտակցութեան մէջ հին աշխարհի վրայ լաւագոյն ժամանակները կ՛երեւին իտէալական եղած ըլլալ: Անցեալը կը գեղեցկանայ, իսկ ապագան արդէն երազն է, որ առհասարակ գեղեցիկ կ՛ըլլայ նոյնպէս, անշուշտ` նայած երազողի նկարագրին: Կը մնայ յարափոփոխ ներկան, տաղտկալի առօրեան, անխուսափելի է նաեւ այն, որ ժամանակի կորուստ կը կոչուի գործունեայ մարդուն կողմէ, լաւ ընկերներու հետ հաճելի պահերը, ուրախութեան հազուադէպ պահերը, ու երջանկութեան ա՛լ աւելի հազուադէպ առիթները եւ որոշ իւրայատուկ բաներ` հետզհետէ գեղեցկացող անցեալին եւ երազային ապագային միջեւ:
Հիմա Անդրանիկը արդէն կարմրած կ՛ըլլար բարկութենէն. «Իմ մասիս բան մը ըսէ՛, վերջակէտը դի՛ր. անտանելի դարձեր ես»: Ճիշդ է նաեւ իր ա՛յս նկատողութիւնը: Պարզապէս պէտք է պատժել բոլոր անոնք, որոնք Անդրանիկի մօտ ցցուն թերութիւններ կը փորձէին գտնել: Ցցունը չկար պարզապէս. մանրմունրները կը վխտային անշուշտ, բոլորն ալ միայն իրե՛ն վնաս հասցնող, ուրիշներու համար` անտեսանելի ու երկրորդական:
Մէկ խօսքով, Անդրանիկը այլ դասակարգի մարդ էր, արտասովոր. ընթացիկէն վեր, կամ գոնէ` հեռու. իրեն բոլորովին նմանող երկրորդ օրինակ մը փնտռելն ու գտնելը անիմաստ էր, դիոգինէսեան իմաստութիւն կը պահանջէր. կ՛եզրակացնես ճարահատ, որ երկրորդը պարզապէս գոյութիւն չունի, կամ առնուազն դժուար գտանելի է: Անդրանիկը եզակի երեւոյթ` պեղումի արժանի:
Թէեւ անողոք հիւանդութիւնը Անդրանիկին ճակատագիրը կնքած էր, զինք խնամող բժիշկները, երբ իրենց պարտականութիւնը, ըստ բժշկական արուեստի, ստուգացանկի իւրաքանչիւր կէտի թելադրանքները լրիւ կատարած եւ իրենց պարտականութեան կատարումով գոհունակութիւն կ՛արտայայտէին, Անդրանիկի առողջական վիճակին անձկութեամբ հետեւող շրջապատին քանի մը շաբաթներու կեանքի մնացորդ մը բաժին կը հանէին իրեն, թէեւ չէին բացառեր նաեւ քիչ մը աւելին: Իրեն անյարիր էր հիւանդի կարգավիճակը. ան սկսաւ կրկին զբաղիլ իր անձնական գործով: Խոստացած էր օժանդակել իր սիրած Համազգայինի ելեւմտական վիճակի բարելաւման ճիգին:
Անդրանիկը կարելի չէ լրիւ բնորոշել լեզուի գործիքներով. բառային երանգները կա՛մ կը բացակային, կա՛մ հասարակ մահկանացուներուն անծանօթ են. ան վստահաբար անձնուէր էր, պարտաճանաչ, կարգապահ, համեստ, ազնիւ, ներողամիտ, ծառայասէր եւ ամբողջ դրական շարքը` ըստ պատշաճի: Եւ` լռակեաց. մանաւանդ` լռակեաց: Լռութեան մէջ կան ու կը լողան յիշատակուած եւ այլ բազմաթիւ բարեմասնութիւններ:
Անդրանիկի միակ ճնշիչ թերութիւնը կրկին իր… լռութիւնն էր: Այդ պատճառով անոր բազմատասնամեայ, տարատեսակ գործունէութենէն իր մտերիմներու իսկ մտքին մէջ մնացած են պատառիկներ միայն: Անդրանիկին կենսագրութեան արձանագրումը մէկ հոգիի գործ չէ. բազմամարդ խմբագրական կազմ անհրաժեշտ է, որպէսզի իւրաքանչիւրի գիտութեան համադրումով կարելի ըլլայ յանգիլ արդիւնքի լաւագոյն տարբերակին` ի մի բերելով բոլոր պատառիկները կազմելու համար ամբողջական խճանկարը:
Կարճ դրուագ մը` դիւրաւ հասկնալու համար իր բարեմասնութիւններու ամփոփ պատկերը: Վերջին երեք տասնամեակներուն յաճախ միասին եղած ենք տարատեսակ ժողովական եւ վարչական կազմերու մէջ: Զինք փնտռելն ու գտնելը ինծի համար դժուար չէր: Եթէ հեռաձայններուս անմիջապէս չպատասխանէր, յաջորդ վայրկեաններուն, քանի մը, թէ` բազմաթիւ, ինք կը հեռաձայնէր անպայման: Մէկ անգամ միայն սայթաքեցաւ այս անգիր ընդհանուր օրէնքէն: Երկու օր շարունակ Անդրանիկին հեռախօսը զինք անհասանելի բաժանորդ կ՛որակէր, կամ բազմաթիւ անգամներ հնչելէ ետք կը հրաժարէր ենթակային ձանձրոյթ պատճառելէն: Երրորդ անձէ իմացայ, որ Անդրանիկը անհանգիստ զգացեր է, հիւանդանոց փոխադրուեր, ու բժիշկները սրտի երկու երակներուն մէջ մանրադիտական զսպանակ զետեղեր են դիւրացնելու համար արեան հոսքը անոնց մէջէն: Յաջորդ օրը իր սովորական ժամուն ներկայացաւ շաբաթական հերթական մեր ժողովին եւ առողջական ապաքինման մաղթանքիս պատասխանեց անձայն` ձեռքի մատներով արհամարհական շարժում մը կատարելով: Ես գիտէի անշուշտ, որ զիս եւ ուրիշներ տեղեակ չպահելը ընկերներուն ու ծանօթներուն անհանգստութիւն չպատճառելու համար էր իր երկօրեայ լուռ բացակայութեան ընթացքին. ազնիւ ու ազնուական նկարագրի մը տարրական արտայայտութիւն մը:
Անդրանիկի հասարակական գործունէութիւնը սկսաւ փաստօրէն իր պատանեկութեան եւ շարունակուեցաւ մինչեւ իր մահը` առանց ընդմիջումի: ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան հիմնադիր անդամներէն, Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի հիմնադիր սիւներէն, մէկէ աւելի անգամներ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի գանձապահ, երեք շրջանի համար (12 տարի) Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան դժուար փոխարինելի գանձապահ, աւելի քան 15 տարի Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկը տեւական ներկայութիւն եղած է լիբանանահայ հանրային կեանքին մէջ: Զարմանալին այն է, որ հակառակ իր բեղուն գործունէութեան` ան յաջողած էր ինքզինք իմաստով մը շուքի մէջ պահել: Ան փողկապ սկսաւ կապել քաղաքապետ կարգուելէն ետք: Առաւօտ մը, երբ իրեն համար պարտադիր էր պաշտօնական հագուստ-կապուստը` «Դուն ալ փճանալու սկսար» իմ հանաքային դիտողութեանս լուրջ կերպով պատասխանեց, թէ` «Ես ալ կը զարմանամ. առանց փողկապի այլեւս ինքզինքս մերկ կը զգամ»: Երկուքս ալ խնդացինք: Այսպէս, Անդրանիկի կեանքին մէջ փողկապի որդեգրումը եղաւ իր միակ պերճանքը` մակերեսայինն ու երկրորդականը առաջնահերթութեանց աստիճանին բարձրացուցած մեր աշխարհին մէջ:
Ուրախ եմ տեսնելով, որ Անդրանիկի կեանքին, պայմաններու բերումով, քաջածանօթ Կարօ Յովհաննէսեան սկսած է արդէն մեր բացակայ ընկերոջ մասին յօդուածաշարք մը հրամցնել հանրութեան: Վստահ եմ, որ ան պիտի գոհացնէ բոլորս: Բայց եւ այնպէս նոյնքան վստահ եմ, որ ան հեռու պիտի ըլլայ ամբողջական ըլլալէ: Անկէ պիտի պակսին այն կարեւոր պատառիկները, որոնց մասին կը խօսէի քիչ առաջ, եւ որոնց ծաւալը մեզ պիտի զարմացնէ, եթէ օր մը մեզի շնորհուի այդպիսի բախտ` զանոնք իրենց մեծամասնութեան մէջ խմբուած տեսնելու:
Իրաւամբ, Անդրանիկը կը պատկանի դաշնակցական գործիչներու այն տեսակին, որ գործած ըլլալով հանդերձ լայն հասարակութեան մէջ, սկզբունքով իսկ խուսափած են շլացնող լուսարձակներէ: Անոնց թիւը արհամարհելի չի թուիր ըլլալ: Կը յիշեմ մէկը, որ ներկայ եղած է Լիբանանի գրեթէ բոլոր ՀՅԴ Շրջանային ժողովներուն, որոնց ես ալ ներկայ եղած եմ, եւ` նկատած, որ ան հետեւողականօրէն տեղ գրաւած է ժողովասրահի աթոռներու վերջին շարքին` կիսամութի մէջ: Երբ ժողովին կարեւոր հարց մը քննուէր, կամ կարեւոր հարցի մը շուրջ որոշում կայացնելու ըլլար, ժողովականներէն ոմանք կը նայէին ա՛յդ ընկերոջ ուղղութեամբ, կ՛երեւի` անոր տրամադրութիւնն ու հակազդեցութիւնը չափել կարենալու ակնկալութեամբ: Ատիկա՛ ալ ժամանակի ընթացքին ինծի մտերմացած Անդրանիկին տեսակէն կը թուէր ըլլալ: Ի դէպ, եթէ յիշողութիւնս զիս չի դաւաճաներ, անոր անունն ալ Անդրանիկ էր:
Անմոռանալի Անդրանիկներ` բոլորիս հասարակաց հարստութիւնը կազմող:
Աթէնք, 1 օգոստոս 2023