Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտով Ապրող Պետիկը

Յուլիս 31, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

Որոշած էի այլեւս մահագրութիւն չգրել, մահախօսական չընել, բայց Մարտիկ  Տեմիրճեանը խելքիս հետ խաղաց:

Կը ներէք, Պետիկին մասին տխուր մթնոլորտով, ոճով կարելի չէ խօսիլ, որովհետեւ ան Պուրճ Համուտի հայ ազնուական տերվիշն էր, եւ վստահ եմ, որ հիմա ինք ուրախ է բոլոր ընկերները քով քովի բերած ըլլալուն համար: Այսպիսի ժամանակներու, երբ ընկերային ուղղակի յարաբերութիւնները, քով քովի գալը այլեւս կը չքանան, իրարու հետ մեր այս հանդիպումը կը պարտինք Պետիկին, որուն մահուան ցաւին կը յաղթենք` մնալով իր ուզած, սիրած մթնոլորտին մէջ:

Ինչպէս Քրիստոսէ առաջ եւ Քրիստոսէ ետքը, այնպէս ալ Պետիկին համար Պանքոքէն առաջ եւ Պանքոքէն ետք է: Պետիկին համար կեանքի կենսագործունէութիւնը կանգ առաւ Պանքոքէն ետք, եւ այս ժամանակաշրջանին անոնք, որոնք աւելի մօտէն գործակցեցան հետը, դժգոհ մնացին եւ իրաւունք ալ ունէին, որովհետեւ Պետիկ ինքնիրմէ դժգոհ էր, երազները, թռիչքները խափանուած էին, ներաշխարհը անհանդարտ, ներսէն բան մը զինք կը կրծէր, կը մաշեցնէր, Պետիկ իր տարերքին մէջ չէր այլեւս:

Այսքանը` լուրջ, ծանր խօսելու համար:

Պետիկը ապրեցնելու համար այսքան լրջութենէն եւ ծանրութենէն դուրս պէտք է գանք եւ մտնենք անոր սիրած մթնոլորտին մէջ, անշուշտ` Պանքոքէն առաջ:

Մեր բարեկամութիւնը, հարազատութիւնը սկսած էր 60-ական թուականներու երկրորդ կէսին, հայկական Պոլոնիա, ուր Պետիկ կու գար Պուրճ Համուտէն, Յակոբ Սազճեան` Ֆրանսայէն, իսկ ես` Կիպրոսէն: Դուռ-դրացիներ էինք: Յակոբին մազերն ու մօրուքը դեղնորակ էին, իմս` սեւ, տակաւին այն ատեն հիմակուան նման սպիտակ չէի ներկեր, իսկ Պետիկը իտալացի դերասաններու նման` պեխաւոր: Այդ օրերուն Պետիկ բեմագրութիւն մը ըրած էր մեր վրայ. Յակոբին Սազճեանին կ՛ըսէր. «Դուն Յիսուսն ես», ինծի` «Դուն ալ Յուդան ես»: Իսկ երբ իրեն կը հարցնէինք,` դուն ո՞վ ես, կ՛ըսէր. «Տգէտներ, ես Պետրոս առաքեալն եմ»:

Լիբանանեան ներքին կռիւներու երկար տարիներուն եւ ապա որոշ ժամանակ մը Համազգայինի Պուրճ Համուտի գործունէութեան առանցքը Պետիկն էր: Եկողը Պետիկ կը փնտռէր, ինչպէս «Քրետի Լիպանէ» գացող յաճախորդը Պետիկը կը հարցնէր, Պանքոքի լիբանանեան դեսպանատուն այցելողը Պետիկը կ՛ուզէր:

1970-ական, 80¬ական թուականներուն Համազգայինի Պուրճ Համուտի եւ Անթիլիասի մասնաճիւղերուն միջեւ կար սուր մրցակցութիւն, որ յաճախ բուռն վիճաբանութեան կը վերածուէր: Ղարթ պուրճհամուտցի Պետիկը «պայքարի» առաջին գիծին վրայ կ՛ըլլար: Մեր մտերիմ ընկերը` Աւագ Ասֆահանի, որ թէեւ Տըպպայէ կը բնակէր, Պուրճ Համուտի Համազգայինի մասնաճիւղին մէջ կը գործէր, ձեռնարկներու, հանդէսներու ընթացքին գործիքները, սարքերը կը դասաւորէր, ընդհանրապէս սեւ աշխատանք կ՛ընէր: Երբ Աւագ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչական եղաւ, Պետիկ ամէն տեղ կ՛ըսէր. «Պուրճ Համուտի մեր գործաւորը Անթիլիաս վարչական եղաւ»:

Առօրեայ մանր¬մունր բեմադրութիւններ կ՛ընէր: Ասատուրը Լեւոն Գաթրճեան լաւ կը նմանակէր: Լեւոնին առոգանութիւնը երբեմն լաւ չէր, Պետիկը բառեր հնարած էր «Նազ-նազ» երգին համար` տապա տիպի, պատա տիպի, եւ հաւաքներու, ընկերային հանդիպումներու ընթացքին Ասատուրին հետ կ՛երգէին: Գիշեր մը, ռմբակոծումի օրերուն, ակումբէն իջանք, եւ Պետիկը մեզ առաջնորդեց իր կանգառներէն մէկը` Ղամպըր Խաչիկին դիրքին քով գտնուող Ռոստոմին սրճարանը, ուր պահակ տղաքը լեցուած էին: Ձեւով մը մուտքին խռնուեցանք: Քանի մը վայրկեան ետք Լեւոն անակնկալօրէն մտաւ, ընդհանրապէս կ՛այցելէր դիրքեր, տղաքը խնդրեցին, որ Լեւոնը երգ մը երգէ, իսկ Լեւոն իր հարիւրաւոր երգերը մէկ կողմ ձգած, սկսաւ երգել «Նազէ նազ»¬ը` ձեռքը Ասատուրին ուսին դրած: Պետիկը հոն փաստեց, որ թատրոնի հարազատ մարդ է. ներքնապէս խնդուքը զսպելով, արտաքնապէս յուզուածի կերպարանք առնելով:

Գիշերները մինչեւ ուշ ժամերը կը մնայինք Համազգայինի ակումբը, ազգային բոլոր հարցերը քննարկելէ եւ լուծելէ ետք, երբ կ՛իջնէինք, Պետիկ մոռցած կ՛ըլլար թէ ուր կանգնեցուցած է ինքնաշարժը եւ փողոց-փողոց կը փնտռէր:

Այլեւս մենք Պետիկը պիտի փնտռենք:

Այս տղան կեանքին մէջ ըստ արժանւոյն չգնահատուեցաւ, չծափահարուեցաւ, եկէք` հիմա յոտնկայս ծափահարենք:

 

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Մէկ Ազգ, Քանի Մը Ժողովուրդ

Յաջորդը

Անդրանիկ Մսըրլեան Մարդը (1945-2023) Ա.

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?