Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրանիկ Մսըրլեան Մարդը (1945-2023) Դ.

August 3, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Անդոն ամուսնացած չէր, բայց կը սիրէր ընտանեկան կեանքը: Կը սիրէր կերուխումը: Յաճախ կը հաւաքէր իր հարազատները  սեղանի շուրջ` նահապետական-աւանդական ընտանիքի նման: Ներքին-հոգեկան հրճուանք մը կ՛ապրէր այդ պահերուն:

Ամառները ան կը սիրէր գիւղագնացութիւնը: Մենք միասին եղած ենք շուրջ 35 տարի: Թաքուն նպատակը նաեւ, կը կարծեմ, գիւղի սիրոյն կողքին, իր հարազատները հաւաքել էր միատեղ, գրեթէ ամէն կիրակի: Վերջին տարիներուն մանաւանդ, երբ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը վատթարացաւ ու ճնշեց ժողովուրդին վրայ, ամէն մարդ կամայ-ակամայ իր պատեանին մէջ ուզեց քաշուիլ եւ պատճառ եղաւ, այլ ազդակներու կողքին, որ ընտանեկան յարաբերութիւններն ու փոխադարձ այցելութիւնները պակսին: Մարդիկ միայն իրարու տուն կ՛այցելէին Նոր տարին, Ս. Ծնունդը եւ Ս. Զատիկը շնորհաւորելու: Թէեւ «Քորոնա»-ի պատճառով սկսաւ հեռաձայնով կամ ընկերային ցանցերու միջոցով շնորհաւորել զիրար. վարժութիւն մը, որ որոշ չափով ընդհանրացաւ «Քորոնա»-էն ետք:

Անդոն համաձայն չէր ասոր: Գիւղէն տուն կը վարձէր ու կ՛ուզէր, որ հարազատները միասին ըլլային կիրակի օրերը: Անդոն պապայութիւն ըրաւ ոչ միայն իր հարազատներուն, այլեւ իր շրջապատին` իր բովանդակ կեանքին ընթացքին:

Անդոն ուզեց, որ 2023 տարին դիմաւորել հանդերձ ընտանեօք սեղանի շուրջ: Այդ օրերուն յայտնաբերուած էր հիւանդութիւնը: Մեր տունը կը մնար` քրոջը հոգատարութեան տակ: Սեղմ սեղանի շուրջ հաւաքուեցանք: Անդոն ուրախ էր այդ օր (արդեօ՞ք, թէ՞ այդպէս ձեւացուց), խմեց ալ: Ատիկա եղաւ իր վերջին Նոր տարին եւ իրեն հետ հարազատներու ընտանեկան վերջին համախմբումը:

Անդոն ըրաւ նաեւ աւելին: Հաւանաբար մայիսի վերջաւորութեան, չեմ գիտեր` ինչպէս, կապի մէջ մտած էր գիւղի տանտիրոջ հետ եւ կանխապէս վճարած էր վարձքին ամբողջ գումարը: Ոչ մէկ անգամ այդպէս ըրած էր ան: Ամէն տարի, ամրան կիսուն կամ վերջաւորութեան կը վճարէր գիւղի տան վարձքը: Այս տարի ան մեր մասին կը մտածէր: Գիտէր, որ ինք պիտի չհասնի գիւղ բարձրանալու եւ կ՛ուզէր, որ մենք վայելենք գիւղը:

Երկու անգամ ըսաւ մեզի իր ամէնէն ծանր օրերուն:

– Դուք գացէք, ես շաբաթէ մը կը բուժուիմ եւ կը հասնիմ ձեզի:

Մեզմէ ոեւէ մէկը չելաւ. լաւ գիտէինք, որ մեզի պիտի չհասնի ան:

* * *

Ես Անդոն ճանչցած եմ 1972-ին, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան հիմնադրութեան օրերուն: Պարագաներու բերումով, երբ իր քեռայրը եղայ, աւելի ճանչցայ զինք, մա՛նաւանդ` 1983-էն ետք: Անդոն լուռ աշխատող էր, նաեւ` «սեղանի մարդ», ինչպէս կ՛ըսեն: Այս առնչութեամբ ժխտական շշուկներ, դուք ըսէք` բամբասանքներ, կան իր մասին:

Շատ կիրակիներ միասին կ՛ըլլայինք մենք թէ՛ գիւղագնացութեան եղանակին եւ թէ՛ քաղաքին մէջ: Անդոն շատ քիչ կը խմէր, բա՛ն մը, որ կախում ունէր իր տրամադրութենէն: Գրեթէ երբեք չէր խմեր, յա՛տկապէս երբ գտնուէր պատասխանատու պաշտօնի վրայ` ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէ, Համազգայինի շրջանային եւ Կեդրոնական վարչութիւն եւ քաղաքապետ:

Իսկ եթէ մարդ կայ, որ պարահանդէսի կամ ճաշկերոյթի կ՛երթայ եւ մէկ-երկու գաւաթ չի խմեր, լաւ է որ չերթայ եւ տունը մնայ` փոխանակ ճաշկերոյթի կամ պարահանդէսի երթալու, եւ մարդոց շարժումները դիտելու եւ ապա բամբասանքի նիւթ դարձնելու: Եթէ մարդ կայ, որ որեւէ հիւանդութիւն չունի եւ կիրակի օրերը խորովածին կամ ճաշին հետ մէկ-երկու գաւաթ չի խմեր, լաւ է, որ սանտուիչ մը պատրաստէ եւ ապա տունէն դուրս ելլէ եւ պտտի: Բայց, չեմ գիտեր` ինչպէս, Անդոյին անունը ելած է ալքոլ գործածող:

Այս երեւոյթը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` վարկաբեկել Անդոն: Մեր իրականութեան եւ ժողովուրդին մէջ սովորութեան կարգ անցած է այս երեւոյթը: Եթէ կ՛ուզէք վարկաբեկել կամ նսեմացնել պատասխանատու մը կամ ղեկավար մը, ամէն ժխտական բան կարելի է ըսել անոր հասցէին: Ատենին, Ենովք Արմէնները ուզեցին վարկաբեկել Միսաք Մեծարենցը, որուն համար ըսին` իր անունին վրայ ձեւափոխում կատարելով. «Մի սագ մեծամիտ» մըն է ան: Միսաք Մեծարենց ամբողջութեամբ նորութիւն կը մտցնէր մեր գրականութեան մէջ իր քերթողագիրքերով: Այսօր ո՞վ կը յիշէ Ենովք Արմէնը եւ անոր անմակարդակ ընկերները, բայց մեր գրականութիւնը կը պանծացնէ, եւ միշտ պիտի պանծացնէ Միսաք Մեծարենցը: Այն վարկաբեկիչ եւ ժխտական խօսքերն ու արտայայտութիւնները, որոնք կատարուեցան Մեծարենցին դէմ, վերադարձան իրենց բուն տէրերուն:

Մեր ժողովուրդը կը գործածէ հետեւեալ ասացուածքը. «Գաւաթին կէս լեցուն կողմը պէտք է տեսնել եւ ոչ` մնացեալ կէս պարապը», ինչ որ կ՛ենթադրէ, թէ պարապ գաւաթներու մասին պէտք չէ խօսիլ: Անդոյին պէս մէկու մը մասին, որ իրապէս վաստակ ունի, էմէկ ունի, ինչպէս կ՛ըսեն, պէտք է նայիլ գաւաթին 95 առ հարիւրին, որ ամբողջութեամբ լեցուն է, իսկ հինգ առ հարիւրը կը թողունք չհասնելու համար կատարելութեան, որ միայն Աստուծոյ կը պատկանի: Զուիցերիացի հոգեբուժ եւ հոգեկան հարցերու վերլուծաբան Քարլ Ճանկ կը հաստատէ, որ մտածելը շատ դժուար բան է, ճիշդ ատոր համար մարդիկ կը դատեն եւ կը քննադատեն (այսինքն` որովհետեւ մտածել չեն գիտեր): Յոյն մեծ փիլիսոփայ Արիստոտէլ կը յայտնէ, թէ քննադատելի չէ այն մարդը, որ չի գործեր: Իսկ մենք գիտենք, որ չգործելը ինքնին քննադատելի է: Իսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահներէն` Թէոտոր Ռուզվելթ կը հաստատէ. «Միակ մարդը, որ երբեք սխալ չի գործեր, ա՛ն է, որ ոչ մէկ բան կ՛ընէ», ճի՛շդ պարապ գաւաթին նման: Տեղին չէ՞ արդեօք հայկական առածը, թէ` պարապ տակառը շատ ձայն կը հանէ, որովհետեւ պարապ է:

Անդոն ուժեղ անհատականութեան տէր, ազնիւ, հեզ ու խոնարհ անձնաւորութիւն էր: Անգամ մը որ ճշդած ըլլար իր նպատակը եւ ուղեգիծը, կը քալէր այդ ճամբէն` հասնելու համար նպատակին: Եթէ նոյնիսկ ժամանակաւոր ձախողութիւններ ունենար, դադար չէր առներ եւ կը շարունակէր իր ճամբան անդեդեւ:

Աշխարհահռչակ հոգեբուժ եւ հոգեբան Սիկմընտ Ֆրոյտ կը հաստատէ. «Մարդիկ իրականութիւնը անբաւարար կը համարեն, այդ պատճառով ալ կ՛ապրին երեւակայութիւններու աշխարհին մէջ, ուր կը պատկերացնեն իրենց ցանկութիւններուն իրագործումը: Ուժեղ անհատականութեան տէր  մարդիկը այդ ցանկութիւնները կեանքին մէջ իրականութիւն կը դարձնեն: Թոյլերը կը շարունակեն ապրիլ իրենց աշխարհին մէջ եւ անոնց երեւակայութիւնները կը վերածուին տարբեր-տարբեր հիւանդութիւններու ախտանիշներ»:

Թոյլերն ալ ունին, անշուշտ, իրենց նպատակներն ու երազները, բայց անոնք չեն յաջողիր իրականացնել զանոնք: Թոյլ մարդիկը ոչ թէ կարելիութիւններ չունին իրենց երազանքները իրագործելու կամ իրականութիւն դարձնելու, այլ ասոնք որեւէ փոփոխութիւն չեն ուզեր արձանագրել իրենց կեանքին մէջ: Ահա թէ ինչո՛ւ անոնք հանգստաւէտ կը նկատեն իրենց կեանքը. չեն ուզեր պատասխանատուութիւններ ստանձնել, շատ բաներէ չեն ախորժիր, կրնան նոյնիսկ դժգոհ ըլլալ իրենց գործէն, բայց որեւէ փոփոխութիւն չեն ուզեր մտցնել իրենց կեանքին մէջ: Անոնք չեն ուզեր տեսնել ու հասկնալ ճշմարտութիւնը, որովհետեւ չեն ուզեր, որ խորտակուին իրենց պատրանքները: Կարելի է փախուստ տալ իրականութենէն, բայց կարելի՞ է արդեօք չտեսնել կեանքը, որ իր մէջ կը պարփակէ իրականութենէն փախուստի հետեւանքները: Ահա թէ ինչո՛ւ, նաեւ, կը բողոքեն, կը բամբասեն եւ կը չարախօսեն, այլոց աշխատասիրութեան մասին կը խօսին, անոնց ունեցուածքին աչք կը տնկեն եւ ուրիշներու յաջողութիւններուն վրայ կը ծիծաղին` առանց անդրադառնալու, որ իրենք իրենց վրայ կը ծիծաղին:

Անդոն այդպէս չէր: Միշտ գործի վրայ էր, անգամ` իր հիւանդութեան ատեն, ինչպէս ներկայացուցի նախապէս: Ան փոփոխութիւններէ ոչ միայն չէր վախնար, այլեւ հետամուտ էր փոփոխութիւններու ճամբով նորութիւններ մտցնելու մեր կեանքին մէջ: Ան ինքնավստահ էր եւ պատրաստ` միշտ պատասխանատուութիւններ ստանձնելու: Միշտ լաւատես եւ դրականապաշտ մարդ էր: Չէր բամբասեր, ոչ ալ կը չարախօսէր: Կեանքը չէր լեցներ դժգոհանքներով ու բողոքներով: Չէր նախանձեր ուրիշներու յաջողութիւններուն վրայ: Ո՛չ դիրքը, ո՛չ հանգամանքը եւ ո՛չ ալ փառամոլութիւնը արմատ նետած էին Անդոյին հոգեկան աշխարհին մէջ: Իր մէջ ան զարգացուցած էր ինքնակրթանքը (self-discipline), ունէր մարդկային նկարագիր, բոլորանուէր մասնակցութիւն` իր ստանձնած բոլոր պարտականութիւններուն եւ պատասխանատուութեանց մէջ:

Սոկրատ կը հաստատէ, թէ զօրաւոր մարդիկը կը քննարկեն գաղափարներ, միջակ կարողութիւն ունեցողները կը խօսին պատահարներու եւ դէպքերու մասին, իսկ տկարները կ՛արտայայտուին մարդոց մասին: Այս բոլորը զօրաւոր մարդոց առաքինութիւններն են:

Մարդիկ իրենց հոգեկան աշխարհի ժխտական ընդերքէն արտահանուած քարեր նետեցին Անդոյին վրայ: Ան ոչ միայն կարեւորութիւն չտուաւ այդ ցեխարձակումներուն, այլեւ հաւաքեց այդ ժխտական քարերը, յղկեց զանոնք (այսինքն` դրական քարերու վերածեց) եւ աղքատ տան մը փլած պատերուն շինանիւթ դարձուց:

(Շար. 4)

Նախորդը

Կեանքը Ազգային Բուժարանին Մէջ` Մայիս-Յունիս Ամիսներուն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի 60-րդ Առցանց Լսարան. «Էրտողան Հրահանգած Է Հաւաքել Այվազովսքիի Գեղանկարները». Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.