Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրանիկ Մսըրլեան Մարդը (1945-2023) Բ.

Օգոստոս 1, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Անդոն բազում անգամներ փրկուած է մահէ: Մանկութեան, չորս տարեկանին, իրենց երկյարկանի տան տանիքէն (նկատի ունեցէք հին տուներու բարձրութիւնը) ինկած է եւ, առանց բան մը ըլլալու, անմիջապէս ոտքի ելած ու վազած է: Դիմացի մածուն ծախող Սարգիս աղբարը, որ ականատես եղած էր դէպքին, գոչած է. «Ղազարոսը, Ղազարոսը»: Այսինքն, Ս. Աւետարանի Ղազարոսը, որ մահէն կեանքի եկաւ` Յիսուսին մէկ հրաշքով:

Երկրորդ դէպքը պատահած է «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի շէնքը կառուցելու ատեն: Շէնքը միացած էր Համազգայինի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի ժողովավայրին: Անդոն «Տէր Մելքոնեան»-ի կիսաւարտ պատշգամէն, որ տակաւին օժտուած չէր ելեկտրական սարքաւորումով, մութին, կ՛իյնայ եւ արմուկը կը կոտրէ: Այնտեղ կը մնայ սաստիկ ցաւին պատճառով: Շահանդուխտը, որ Անդոյին մօրաքոյրն է, Համազգայինի ժողովէն դուրս ելած պահուն, պատահմամբ, ոտքը կը զարնուի Անդոյին մարմինին: Նախ չի ճանչնար` մութին պատճառով, բայց յետոյ խօսելէ ետք անոր հետ, կը ճանչնայ եւ անմիջապէս լուր կու տայ «Սարդարապատ» ակումբի տղոց, որոնք կու գան եւ կը փոխադրեն զայն հիւանդանոց: Աշխարհահռչակ, ոսկրաբուժ՝ տոքթ. Քեքլիկեան, որ այդ օրերուն Լիբանան կը գտնուէր բարեբախտաբար, կը յաջողի փրկել Անդոյին արմուկը` ամբողջական վնասումէ: Այդ է պատճառը, որ Անդոյին արմուկը ծուռ եւ ետեւ կը մնար:

Մահէն ազատելու երրորդ դէպքը կը պատահի 1976-ին, Արագածի մէջ տեղի ունեցած հայ եւ պաղեստինեան բախումներուն սկիզբը: Անդոն ալ մասնակից էր այդ կռիւներուն: Անդոն եւ երկու այլ ընկերներ այդ օրերուն գտնուած են Պօղոս Արիսի շէնքերէն մէկուն շրջափակին մէջ, երբ ռումբ մը նետուած է իրենց վրայ: Բարեբախտաբար` ռումբը չէ պայթած:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին մեզմէ շատեր պատահմամբ փրկուած են մահէ: Անդոն ալ անոնց մաս կը կազմէ: Մահէն ազատելու չորրորդ դէպքը կը ներկայացնենք իր ատենին:

* * *

Անդոն կը սիրէր բարիք ընել եւ ծառայել: Անդոյին կեանքի ուրոյն փիլիսոփայութիւնը կամ աշխարհայեացքն էր մարդայնացնել մարդը, հասնիլ եւ ծառայել եւ օգտակար ըլլալ հիւանդներուն, անկարներուն, աղքատներուն, ծերերուն եւ կարօտեալներուն: Անդոն իր կեանքի ողջ տեւողութեան միշտ փնտռտուքի մէջ էր գտնելու մարդը. նպատակ մը, որ էութիւնն իսկ եղած է բազմաթիւ փիլիսոփաներու: Անդոյին ստանձնած բոլոր գործերուն ընդմէջէն կարմիր թելի պէս կ՛անցնի այս առաքինութիւնը:

Անդոն բարի էր. բարիք կ՛ընէր առանց ակնկալութեան: Իր բարութիւնը միախառնուած էր լաւատեսութեան հետ, որ կը դրսեւորուէր իր ներաշխարհէն: Բարութիւնը, բարիքը եւ ծառայասիրութիւնը (իմա՛ այլասիրութիւնը) իր երջանկութեան ամուր սիւներն էին:

Շատերու պարտքի դրամ կու տար: Երբեմն կը մոռնար իր տուածը: Ոմանք կը շահագործէին իր բարութիւնը: Ինք գիտէր, որ կը շահագործուէր: Քանի մը անգամ իրեն մատնանշած եմ այս պարագան: Մտիկ կ՛ընէր եւ կ՛անցնէր, դէմքի արտայայտութենէն ոչինչ կը հասկնայի: Ինք կը շարունակէր իր ընթացքը: Մասնաւորաբար կար հայորդի մը, որուն պարտքի տուած էր մեծկակ գումար մը, զոր չվերադարձուց Անդոյին: Այդ հայորդին, այսօր, անհոգ-հաւանաբար նաեւ ուրախ-կը պտտի մեր թաղերուն մէջ` առանց մարդկայն եւ հայկական արժանապատուութիւնը վիրաւորուած զգալու:

Իր հիւանդութեան ատեն ալ, ինչպէս առողջ եղած ատեն, Անդոն մազաչափ իսկ չհրաժարեցաւ բարիք կատարելէ եւ խնդրանքներու գոհացում տալէ:

Մեր տունը գտնուած ժամանակ, դարմանումի ատեն, Անդոն հեռաձայնի վրայ էր յաճախ: Խնդրանքներ կ՛ընդունէր եւ կը ջանար բարւոք լուծում տալ անոնց: Փաստաբանին կը հեռաձայնէր` եթէ օրինական դասաւորում կը պահանջէր հարցը, կամ ծանօթ ընկերներու եւ բարեկամներու, որոնք որեւէ ձեւով կրնային օգտակար ըլլալ հարցին-հարցերուն բարւոք լուծում տալու:

Կար ընկերակցութիւն մը, որուն Անդոն պարբերաբար նուիրատուութիւն կը կատարէր: Անդոյին հիւանդութեան ատեն նոյն ընկերակցութիւնը դարձեալ նուիրատուութիւն կ՛ուզէր անկէ: Ինծի հարցուց Անդոն. «Տա՞մ»: Հարցումը անոր համար էր, որ այդ ընկերակցութեան նախագահը, կամ ոեւէ անդամ, ո՛չ այցելած էր Անդոյին հիւանդութեան ատեն, եւ ո՛չ ալ հեռաձայնած անոր որպիսութիւնը հարցնելու համար: Ես ժխտական պատասխան տուի իր հարցումին:

«Մի՛ տար»: Անդոն յայտնեց, որ իր սիրտը այրած էր այդ նախագահի վարմունքէն, ինչ որ, ինծի համար, կ՛ենթադրէր, որ նուիրատուութիւն պիտի չկատարէ, բայց ան երբեք չշեղեցաւ իր բարի նկարագրէն եւ կեանքի աշխարհահայեացքէն, տուաւ, բայց սիրտը այրած հեռացաւ այս աշխարհէն` այդ հարցի պարագային:

Աշխարհահռչակ հոգեբուժ եւ հոգեբան Սիկմընտ Ֆրոյտ, որ խորապէս ուսումնասիրած է մարդկային հոգեկան աշխարհը, մարդկային հոգին նմանցուցած է երեք յարկերէ բաղկացած բնակարանի մը: Մեզ հետաքրքրողը այստեղ առաջին յարկն է, որ անձնականութեան հիմքն է` բաղկացած անգիտակից ուժերէ, զորս կը կոչէ «բնազդներ»: Ֆրոյտ կը յայտնէ, որ մարդկային կեանքին մէջ, մարդուն ծագումէն սկսեալ, գոյութիւն ունի կենսաբանական ուժ մը, որմէ կը ծնին գլխաւոր երկու բնազդներ` Թանաթոսը եւ Էրոսը: Թանադոսը նախայարձակ ըլլալու բնազդն է թէ՛ ինք իր անձին եւ թէ՛ ուրիշներու հանդէպ, իսկ Էրոսը կեանքի կամ սիրոյ բնազդն է, որ կ՛առաջնորդուի հաճոյքի բնազդով: Ասի կը գտնուի, ըստ Ֆրոյտի, մարդու անգիտակից էութեան մէջ, որ մարդու անձնականութիւնն իսկ  է: Շատ աւելի եւ ժողովրդային բառերով, Թանաթոսը չարն է, իսկ Էրոսը` բարին, սէրը: Ֆրոյտ կը յայտնէ, որ այս երկուքը կը գտնուին բոլոր մարդոց մէջ, առանձնաբար: Անդոյին մէջ սակայն, կարծէք միայն բարին գոյութիւն ունէր, որ զինաթափ ըրած էր չարն ու չարիքը: Վերջին երկուքը (այսինքն` Թանաթոսը) կարծէք չկային Անդոյին թէ՛ գիտակից եւ թէ՛ անգիտակից աշխարհներուն մէջ:

* * *

Անդոյին մահը ինծի կը յիշեցնէ հետեւեալ աւանդավէպը, որ գրի առնուած է Աւետիք Իսահակեանի (եթէ յիշողութիւնը չի դաւաճաներ զիս), Վարդգէս Պետրոսեան եւ, հաւանաբար, ուրիշներու կողմէ` մեր եւ միջազգային գրականութեան մէջ:

Վաղուց անտի, բանակի զօրավար մը կամ թագաւոր մը, որ պաշարելէ եւ ապա գրաւելէ ետք քաղաք մը, կը մտնէ գերեզմանատուն մը եւ իր զարմանքը կը յայտնէ շիրմաքարերու վրայ արձանագրուած գրութիւններուն: Արձանագրութիւններէն մէկը կը յայտնէր, թէ այսինչ մարդը, օրինակ, ծնած է 1815¬ին եւ մեռած է 1875¬ին, բայց ապրած է հինգ օր: Այլ շիրմաքարի վրայ` ապրած է ինը օր: Ուրիշին վրայ` 17 օր: Եւ այսպէս շարունակաբար, մարդոց կեանքը հաշուըւած է օրերով եւ ոչ` ծննդեան եւ մահուան թուականներով:

Թագաւորին կամ զօրավարին զարմացման վրայ` օգնութեան կը հասնի ծեր գերեզմանապահը: Այս վերջինը կը բացատրէ, որ երբ քաղաքին մէջ մարդ մեռնի, քաղաքի իմաստուն ծերերը կը հաւաքուին եւ կը քննեն այդ մարդուն ապրած կեանքը:

– Քաջութիւնը, խելքը, հարստութիւնը որեւէ արժէք չունին,¬ կ՛ըսէ ծեր գերեզմանապահը,¬ եթէ ատոնք մարդոց չեն ծառայեր: Ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն այն օրերը, որ մարդ միայն ինքն իրեն համար ապրած է: Կը հաշուուին միայն այն օրերը, որ անցած են բարի գործերու համար: Իսկապէս կ՛ապրի միայն այն, որ ապրած է ուրիշներուն համար:

Այս բացատրութենէն ետք, ծեր գերեզմանապահը ցոյց կու տայ բազմաթիւ գերեզմանաքարեր, որոնց վրայ մահացածներու կեանքերը զերօ օրով հաշուըւած են, այսինքն` չեն ապրած կեանքը:

Աւանդավէպը ունի երկու վերջաւորութիւն: Աւետիք Իսահակեանին պատմումով, այդ բացատրութենէն ետք, թագաւորը ամէն օր յոգնած անցորդներուն ջուր կու տայ հաշուելով եւ աւելցնելով իր ապրած օրերը: Իսկ Վարդգէս Պետրոսեանի պատումին վերջաւորութեան, գերեզմանապահը ցոյց կու տայ շիրիմ մը եւ կ՛ըսէ.

– Այստեղ թաղուած է իմաստուն մարդ մը, որ բանաստեղծ եւ երգիչ էր: Անոր երգն ու բառերը կը մխիթարէին քաջերու ոգին եւ սարսափ կը տարածէին բռնակալներու վրայ: Ան մեր մարգարէն էր, որ կը մղէր մեզ արդար կեանքի: Մեր քաղաքի իմաստուն ծերերը անոր կեանքի բոլո՛ր օրերը, անխտիր բոլո՛ր օրերը` ապրած համարեցին, որ ոչ մէկ օր ի զուր չէ անցուցած:

Անդոյին պարագային, աւանդավէպին երկու վերջաւորութիւններն ալ կը պատշաճին: Անդոն ապրեցաւ իր կեանքի բոլոր օրերը: Թագաւորի նման ամէն օր տեսակաւոր բարիք ըրաւ: Ու զօրավարին նման մխիթարեց բազմաթիւ մարդիկ, հետապնդեց արդար կեանք, տեւաբար եղաւ ճշմարտութեան ու մարդու փնտռտուքի մէջ: Կեանքը լեցուց բարիքներով, ծառայութիւններով եւ հարցերուն բարւոք լուծում տալով:

Անդոն քանդակագործն էր իր իսկ հոգեղէն արձանին, որուն յատակի մարմարին վրայ գրուած էր «Բարիք»¬ը:

(Շար. 2)

 

(Շար. 1)

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ «Ճինիշեան» Յիշատակի Ձեռնարկի. Պարմանուհիներու Եզակի Եւ Արգասաբեր Համագումար

Յաջորդը

Գետ-Գիտութեան. «Ինչպէ՞ս Կ՛աշխատի Մանրալիքային Փուռը» Եւ Ուրիշ Բաներ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?