Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երգի Մը Պատմութիւնը. Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Ուխտապահներու` Լիզպոնի Հինգին Յիշատակը Յաւերժացնող Երգերուն Պատգամները

Յուլիս 31, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Լիզպոնի գործողութեան նուիրուած վերջին երգը հրապարակուած է 2022-ին, «Լիզպոն 5» վերնագիրով, երիտասարդ ու խոստմնալից երգիչ Էտի Նալպանտեանի երգեցողութեամբ:

Երգին ծնունդը բառերու իմաստով բաւական հետաքրքրական է: Բանակումի մը ընթացքին երիտասարդ մը իր գրած բառերը կը յանձնէ բանակող ընկերներէն մէկուն, վերջինս այդ գրութիւնը կը պահէ մասունքի մը նման, տարիներ անց կը յանձնէ Էտիին, որ երգուի:

Երգին երաժշտութիւնը յօրինած եւ գործիքաւորած է Սագօ Պետրոսեանը:

Երգին բառերը պարզ, զգացական, երիտասարդի մը ապրումի համեստ արտացոլացումն է: Հոն կը նշուի «Հայ յեղափոխական բանակ»-ի հինգ անդամներուն` Սիմոնի, Վաչէի, Սեդրակի, Արայի եւ Սագոյի Պէյրութի մէջ բնակած թաղամասերու` «Արագած», «Հայաշէն» եւ «Ատանա» անուններն ու ԼԵՄ-ի պատկանած համապատասխան մասնաճիւղերուն` «Թեհլիրեան» եւ «Աղբալեան»-ի անունները:

Հոն կը նկարագրուի բնականաբար Լիզպոնի հինգին մասին, սակայն նկատի առնելով, որ Սիմոնը նահատակուեցաւ գործողութեան առաջին փուլին, դեսպանութեան համալիրը գրաւելու գրոհի ընթացքին. հեղինակը Սիմոնի նահատակութեան միջադէպը լուսարձակի տակ կ’առնէ եւ քանի մը տողերու մէջ կը մանրամասնէ:

Սիմոն Եահնէեան ծնած է Պէյրութ, 1 մարտ 1962-ին, հայեցի եւ գաղափարական մթնոլորտով ընտանիքի մը մէջ, ուր կը ստանայ ազգային իր առաջին դաստիարակութիւնը:

Մէկ տարի կը յաճախէ Ազգային Կիլիկեան վարժարան, ապա ընտանիքին հետ կը փոխադրուի Այնճար, ուր կը յաճախէ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճը  մինչեւ 8-րդ դասարան: Ընտանիքին հետ Պէյրութ վերադարձէն ետք կը յաճախէ նախ Ազգային Ս. Խանամիրեան, ապա Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճները` մինչեւ 10-րդ դասարան:

Ուսումը ձգելէն ետք կը հետեւի արհեստի եւ կը սորվի ինքնաշարժի նորոգութիւն:

Նկարագիրով լռակեաց, համեստ, ծառայասէր եւ ընկերային այս տղան միշտ գուրգուրոտ եղած է իր շրջապատին նկատմամբ, մասնաւորաբար` իր ընտանիքին հանդէպ: Ան շատ կը սիրէր մանուկները եւ անոնց հետ կը զբաղէր իր ազատ ժամերուն: Անոնց կը սորվեցնէր յեղափոխական երգեր` բացատրելով անոնց հետ կապուած դէպքերու պատմութիւնը:

Մանկութենէն սիրած էր զէնքը: Իսկ պատանեկան տարիքին արդէն իսկ կը յայտարարէր, թէ` «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն»…

Կը սիրէր նուագել իր սրինգը, որ իր անբաժան ընկերն էր եղած: Վերջին տարիներուն կը սկսի տունէն յաճախ բացակայելու: Այս բացակայութիւնները երբեմն կը պատահին երկար ժամանակով: Միշտ կ’ըսէր, որ իր ընկերներուն հետ կ’անցընէ այդ ժամերը:

Վերջին շրջանին, սակայն, փոփոխութիւն կը կրէ անոր նկարագիրը, ան աւելի եւս գուրգուրոտ կը դառնայ եւ 16 յուլիս 1983-ին, նախքան տունէն մեկնիլը, կը սպասէ ընտանիքի բոլոր անդամներուն տուն վերադարձին եւ, դարձեալ, ինչպէս նախորդ օրերուն, տունէն կը մեկնի, եւ այլեւս ընտանիքը ոչ մէկ տեղեկութիւն կը ստանայ Սիմոնէն, մինչեւ հինգշաբթի, 28 յուլիս, երբ թերթերէն կը տեղեկանայ անոր նահատակութեան լուրը:

Երգին երաժշտութիւնը ոչ շատ աշխուժ, երգուած դառնակսկիծ մեղեդին, վերջապէս կ’արտայայտէ վշտահեծ-մռայլ թեման: Երգեցողութեան կողքին կայ տուն մը, եւ` վերջին երկու տողերը, որ կ’արտասանէ Էտին:

ԼԻԶՊՈՆ 5

Երաժշտ.` Սագօ Պետրոսեանի

1983-ի յուլիս ամսուան 27-ին

Սարսափը տիրեց ամբողջ Եւրոպան,
Ոտքի կանգնեցաւ վայրենի Թուրքիան:
Սարսափը տիրեց ամբողջ Եւրոպան,
Ոտքի կանգնեցաւ վայրենի Թուրքիան:

Լուրը շատ արագ աշխարհ տարածուեց,
Հինգ հայ հերոսներ հարսնիք են սարքել,
Լիզպոն քաղաքը թուրքին կեդրոնն էր,
Հայ հինգ հերոսներուն թիրախը դարձեր:

Սիմոն առջեւէն ձեռնառումբ նետեց,
Միւս չորսն ալ արագ հետեւեց,
Սագոն Պէյրութի «Արագած» թաղէն,
Բարեւներ բերեց, թուրքին բաժնեց:

Սեդոն «Հայաշէն» կոչուած շրջանէն,
Տասնչորսնոցով համազարկ բերեց,
Վաչէն «Թեհլիրեան», Արան «Աղբալեան»,
Երիտասարդներուն վրէժը շալկած:

Արտասանել.-

Վեց հարիւր: Վեց հարիւր տարուան ստրկութիւն
Մէկ զարկով փշրուեց ու ինկաւ
Սիմոն «Ատանա»: Սիմոն «Ատանա» թաղն էր ծնած,
Յեղափոխական, Յեղափոխական բանակը ղրկած:

Առաջին զոհը ինքն էր եղած,
«Դուք մտէք, տղա՛ք», ըսած ու ինկած.
Մի՛ լաք, հայրիկներ, մ’ողբաք, մայրիկներ,
Այդ հինգ հերոսներ ի զուր չեն ինկեր:

Արտասանել.-

Հայ յեղափոխական բանակի պայման.
Կերտել ազատ, ազատ ու անկախ Հայաստան:

* * *

Այս ուսումնասիրութեան մէջ կատարուած յայտնաբերումներն ու վերլուծումները ամբողջացնելու նպատակով կը կատարենք կարգ մը եզրայանգումներ եւ առաջադրանքներ երեք բնագաւառներու ուղղութեամբ` ազգային, Հայ դատի եւ մշակութային-երգարուեստի:

1.- Վաչէի, Սիմոնի, Սագոյի, Արայի եւ Սեդրակի էութեամբ կը հիմնաւորուի Հայ դատի ուղիին վրայ հայ ազգային-ազատագրական զինեալ պայքարի յանձնառութեամբ անձնուիրումի ամբողջական պատկերը:

2.- Լիզպոնի հերոսները` առանց հայրենիքը տեսած ըլլալու, հայրենիքի համար էր, որ տուին իրենց գերագոյնը: Իբրեւ սփիւռքահայեր` կը ներկայանան Արեւմտահայաստանի խորհրդանիշներ, արտայայտիչը` քաջութեան, իրենց ժողովուրդի ազատագրման գործին նուիրուած անձնազոհ մարտիկներ, որ իրենց բռնագրաւուած հայրենի աշխարհին տուած ուժն ու խիզախութիւնն էր շաղախուած անոնց մէջ:

3.- Լիզպոնը պատգամներ կը փոխանցէ ներազգային, համազգային թէ պետականութեան ամրապնդման գոյերթին մէջ, բացարձակապէս մերժելով ռազմավարական նահանջ` հակաթուրք պայքարին մէջ:

4.- Լիզպոնի հինգ փարոսներուն նուիրուած երգերը հայկական ու մանաւանդ Հայ դատի ճամբուն արձանագրուած մշակութային եւ պատմական ժառանգութիւն են:

5.- Հինգ անձնուրաց տղոց նուիրուած այն երգերը որ աւելի ժողովրդականութիւն ունեցած են, կ’երգուին մինչեւ օրս: Սակայն անոնց կողքին կը յօրինուին նաեւ նորերը: Քանի որ կ’երգուին, ու նոր երգեր կը ստեղծագործուին, ուրեմն կ’ապրին: Կ’ապրին, որովհետեւ յաջորդող սերունդներուն մէջ իրենց ուժականութիւնն ու այժմէականութիւնը տակաւին չէ կորսուած:

6.- Սեդրակը, Սիմոնը, Սարգիսը, Արան ու Վաչէն ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ անդին` ազգային, գաղափարական, բարոյական ըմբռնում ու ենթահող ունին իրենց խիզախութեամբ ու քաջարի բնոյթով ու իրենց հանգամանքով:

7.- Այսպիսով, հայոց հասարակական, պահանջատիրական-ռազմական, յեղափոխական-մարտական կեանքի մէջ Լիզպոնի անձնուէրներուն սխրագործութիւնը, հմայքն ու գաղտնիքը իրենց դրոշմը ձգեցին այս երգերու բնոյթի ու կենցաղավարումի հանգամանքներուն վրայ:

8.- Խիստ կարեւոր է, որ նշուած երգերը, յատկապէս` չլսուած երգերը, որ երգահանդէսի կամ ձեռնարկի ընթացքին արձանագրուած են եւ ձեւով մըն ալ արխիւացած են` անմիջապէս բարձր ճաշակի մշակումով ու մանաւանդ բարձրորակ մեկնաբանութեամբ, նորարար գործիքներով արձանագրուին:

9.- Լիզպոնի տղոց նուիրուած 14 երգերը կարելի է նաեւ առանձին ելոյթով մը երգչախմբային կամ անհատական երգեցողութեամբ ներկայացնել հանրութեան:

Արդարեւ, այս աշխատասիրութիւնը, ըլլալով գեղարուեստական, երգարուեստի բնագաւառին մէջ ինկած հետազօտական աշխատութիւն, սակայն` դէպքի կամ արարքի յիշատակման ի խնդիր, առ այդ, իր մէջ ինքնաբերաբար կ’ընդգրկէ նաեւ պատմական, Հայ դատի ու քաղաքական հոլովոյթ եւ բնութագրում: Այս իսկ պատճառով կ’ընդգծենք, որ ՀՅ Բանակը Լիզպոնի տղոց նման մարտիկներով հայ ժողովուրդին բարոյական կորովն ու ինչպէս նաեւ պայքարելու կորովը վառ պահեց: Միւս կողմէ` սարսափի մատնեց եւ զգաստացուց ներքին եւ արտաքին թշնամիները:

Սեդրակը, Արան, Սարգիսը, Սիմոնը եւ Վաչէն չեղան ահաբեկիչներ, անոնք եղան Ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկներ, որոնք Հայաստանն ու հայութիւնը անհամեմատօրէն շատ աւելի բարձր գնահատեցին իրենց կեանքէն, ազգայինը վեր դասեցին ամէն ինչէ, որպէսզի մենք` այսօրուան սերունդը, վաղուան գալիք սերունդները ունենանք Հայաստանի Հանրապետութիւն, ազգային եռագոյն, ազգային բանակ, ազգային ծրագիր, այլ խօսքով` ազգային ինքնութիւն:

Անոնք Հայաստանի կարօտով ու երազով ապրեցան, նահատակուեցան այդ երազը իրենց սրտերուն մէջ:

Սարգիսի, Վաչէի, Սեդրակի, Սիմոնի եւ Արայի կատարածը պարզապէս զոհաբերութիւն չէր, այլ` նահատակութիւն հայրենիքի զոհասեղանին, յանուն մեր վաղուայ օրուան, յանուն ազատ Հայաստանի, յանուն ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի, որուն ճանապարհին ինկան:

Անոնք անջնջելի պատգամ կտակեցին` փաստացիօրէն դրոշմելով իրենց մշտական ներկայութիւնը մեր մէջ, պայքարի ճամբուն վրայ` մեր ու իրերայաջորդ սերունդներու կողքին:

ՎԵՐՋԱԲԱՆ

Հայ դատի պահանջատիրութեան ուխտապահներուն` Լիզպոնի հինգին յիշատակը յաւերժացնող երգերու ներկայացումով ի յայտ եկան, թէ ինչպիսի՛ երգերու միջոցով հայ ժողովուրդը մեկնաբանեց Սարգիսի, Վաչէի, Սեդրակի, Սիմոնի եւ Արայի սխրանքը:

Այս աշխատութիւնը ունի գիտաճանաչողական որոշակի արժէք, հոն հիմնաւորուեցաւ, որ անոնց նկարագրութիւնները, բացատրութիւնները ոչ միայն որոշ նշանակութիւն ունին, այլ ինքնին պատմութիւն մը կը ներկայացնեն:

Անոնք նոր ներշնչումներու առիթ դարձան եւ ստեղծեցին նոր գիծ, նոր նիւթ` հայոց երգարուեստի մէջ:

Ահա այսպէ՛ս, մեր սերունդներուն համար 40-ամեայ ոգեշնչման անսպառ աղբիւր դարձաւ 27 յուլիս 1983-ի Լիզպոնի հինգին գերագոյն զոհաբերութեան անմահ օրինակը:

Եղաւ վերանորոգ խորհրդանիշը հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան պայքարին անսակարկ զինուորագրուելու հայոց նորահաս սերունդներու մարտունակութեան` Հայ դատին արդար լուծումը նուաճելու արեամբ նուիրագործած գաղափարական յանդգնութեան:

Հետեւաբար Լիզպոնի հինգին այսօրուան պատգամը հայ ժողովուրդի գոյապայքարին ու արդար Դատին մէջ պահանջատէր ըլլալն է` պայքարելու համար թշնամիին դէմ, որ կը փորձէ խոչընդոտել հայութեան արդար իրաւունքներուն տիրացումը:

Ազատատենչ ու աննկուն ոգիի վերածնունդ, հայ ազատագրական շարժման մարտական ուժի գերագոյն խորհրդանիշ, Լիզպոնի հինգ անձնուրացներուն պատգամը այսօր տիրական կը մնայ նոր սերունդներուն մէջ` անվախ, քաջարի ու պայքարող ըլլալու, մինչեւ հայութեան իրաւունքներու ձեռքբերումը:

Եւ Իրաւունքի ու Արդարութեան ամբողջական վերականգնումին տակաւին սպասող եւ յարատեւ կռուի ուղիով իր երթը շարունակող նորօրեայ հայը, այսօր թէ վաղը, երբ իր զաւակներուն հայեցի շունչ ու գաղափարական թռիչք կը ներարկէ, անպայման պիտի յիշէ եւ միշտ պիտի յիշեցնէ օրինակը Լիզպոնի հինգին` իբրեւ յաւերժին մէջ արձագանգող պոռթկումը հայոց արդար ցասումին:

Լիզպոնի գործողութիւնը եկաւ մէկ անգամ ընդմիշտ հաստատելու, որ պարզապէս ծրագիր մը չէր, այլ Յեղափոխական բանակի գործողութիւն մը, որ մաս կը կազմէր Հայ դատի պահանջատիրական պայքարին, կամքին, հաւատքին եւ կը ներկայացնէր հայ ժողովուրդի յարատեւ վերելքի մէկ մեծ փաստը: Մարտնչումի եւ մարտիրոսութեան ռումբի հզօր դղրդիւն էր Լիզպոնի թրքական դեսպանատան ականահարման գործողութիւնը:

Այսօր, երբ ցեղասպան թուրքը իր թրքութեամբ, վայրագութեամբ, համաթուրանական երազը յաջողցնելու ճամբուն վրայ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ իր եղբօր թաթար-ազերիի հետ միասին, երկուքը ձեռք ձեռքի տուած` միջազգային ընտանիքին աչքին առջեւ իրենց սուրը ազատօրէն կը շարունակեն ճօճել Հայաստանի ու Արցախի ուղղութեամբ: Կը շարունակեն հայկական հողեր յափշտակել, ազգային-մշակութային եղեռն իրականացնել: Այսօր, երբ Արցախի հողատարածքը բաժին առ բաժին կը կորսնցնենք, Արցախը երբ կը մնայ շրջափակուած ու ենթակայ` հայաթափումի վտանգին, անգամ մը եւս լիզպոնեան արձագանգները կը շեշտեն Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները անառիկ պահելու հրամայականը:

Լիզպոնի պատգամը կը մնայ անփոփոխ` «Պայքար յանուն արդարութեան»:

Անոնց պատգամը, հայ ժողովուրդին ընդհանրապէս` սփիւռքի թէ հայրենի ու յատկապէս հայ երիտասարդութեան, կը մնայ նոյնը, ինչպէս 40 տարիներ առաջ. հաստատ կամք, աւելի պայքարիլ առանց յուսահատելու եւ ընկրկելու` իրականացնելու համար մեր ուխտը, որն է վերադարձնել մեր բռնագրաւուած հողերը եւ իրականացնել ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականը:

Սարգիս, Վաչէ, Սեդրակ, Սիմոն եւ Արա այսօր մեզի հետ երգեցին: Անոնք իրենց երգերուն ընդմէջէն նաեւ պատգամեցին ու խորհուրդ տուին:

Երգերով նաեւ դաստիարակեցին սերունդներ: Անոնք նուիրաբերումի եւ զոհաբերութեան ուղեցոյց հանդիսացան:

Երգերով դրոշմեցին` հայեցի դաստիարակութեան գաղտնիքը, պատուախնդիր ըլլալը, երդումի հաւատարիմ մնալը, պահանջատիրական շունչով թրծուիլը, անկոտրում կամքով շարունակել Հայ դատի պայքարը…

Վերջապէս, Լիզպոնի անձնազոհները պահանջատէր հայութեան համար կը մնան յարատեւ պայքարի ուղեցոյց եւ գերագոյն զոհաբերութեան ուսանելի օրինակ:

(Շար. 11 եւ վերջ)

 

(Շար. 1)
(Շար. 2)
(Շար. 3)
(Շար. 4)
(Շար. 5)
(Շար. 6)
(Շար. 7)
(Շար. 8)
(Շար. 9)
(Շար. 10)

Նախորդը

Անդրանիկ Մսըրլեան Մարդը (1945-2023) Ա.

Յաջորդը

Լիբանանահայութիւնը Ոգեկոչեց Լիզպոնի 5 Հերոսներուն Անձնուէր Արարքին 40-Ամեակը

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?