Կան մարդիկ, որոնք իրենց բարութեամբ կարծես հանդարտութիւն եւ խաղաղութիւն կը սփռեն ամէնուրեք: Ընկ. Սուրէնը այդ օրինակներէն լաւագոյնն էր: Մշտաժպիտ եւ հանդարտ, միեւնոյն ժամանակ բծախնդիր ու խստապահանջ էր ան: Ժամանակը կ՛ուզէր լեցնել գործով, եւ իրեն համար կեանքը կ՛իմաստաւորէր աշխատանքով: Գործ չունեցած օրերուն նոյնիսկ գործ կը ստեղծէր:
Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանի նոր շէնքի կառուցման մտայղացման եւ գաղափարը գործի վերածելու ռահվիրաներէն կը հանդիսանայ Սուրէն Սարգիսեանը: Այդ օրերուն ինք Ֆրանսա կը բնակէր, եւ Համազգայինի օրուան Կեդրոնական վարչութիւնը իրեն վստահեցաւ Ճեմարանի շինութեան հանգանակիչ մարմինի ատենապետի պաշտօնը: Ժողովներու ատենագրութիւնները, նամակները այնքան բծախնդրութեամբ, յաճախ` ձեռագիր, մինչեւ հիմա կը պահուին Կեդրոնականի արխիւներուն մէջ: «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար», այդպէս ալ եղաւ եւ մեր «խենթ» ընկերները` Սուրէն Սարգիսեան, Ատոմ Թնճուկեան, Սարհատ Գիլինճեան եւ ուրիշներ, ստանձնելով այս դժուարին պարտականութիւնը, յաջողեցան իրականացնել Մարսէյի Ճեմարանի կեանքի կոչման գաղափարը: Աւելցնեմ նաեւ, որ Յակոբ Պալեան եւ Լուսին Մալիքեան ստանձնած էին կրթական մարզի կարեւոր պատասխանատու գործին ծրագրաւորումը: Մինչեւ այսօր ոչ միայն կանգուն է Ճեմարանը, այլեւ տեղը նեղ կու գայ, եւ անցեալ տարի, նոր «խենթեր»-ու շնորհիւ` Ժիլպեր Մարքոյեան եւ իր օգնական խմբակին, հիմը դրուեցաւ նոր շէնքի մը, որ պիտի կարենայ ընդունիլ յաւելեալ 200 աշակերտներ, այսպիսով Մարսէյի մէջ Ճեմարանի աշակերտութեան թիւը բարձրացնելով 600-ի:
Ընկ. Սուրէն Սարգիսեան եղաւ այն ղեկավարներէն, որ իր անձին օրինակով կրցաւ սերունդներ դաստիարակել: Հեզութիւն, բարութիւն, նուիրաբերում, նախ իր լումայէն տրամադրել, ապա` ուրիշներուն թելադրել, խոնարհ, նորարար գաղափարներու ջատագով եւ կարգապահ` այս ածականներով կը բնորոշուի մեր սիրելի ընկերը:
Կը յիշեմ` օր մը Կեդրոնական վարչութեան ժողովը սկսած էր, եւ ճշդապահ մեր ընկերը տակաւին չէր հասած, մտահոգ էի, քանի անկարելի էր, որ առանց լուր տալու բացակայէր եւ կամ ուշանար ժողովէն: Ժողովը սկսելէն ճիշդ 10 վայրկեան ուշացումով մտաւ, ներողութիւն խնդրեց, եւ ականջիս ըսաւ, «Այսօր 80-ամեակս է, կաթօ բերած եմ, սառնարանը դրի, սպասէ քիչ մը եւ սուրճի ժամուն բեր, թող անակնկալ ըլլայ ժողովականներուն համար. անոր համար ուշ եկայ, որ սկսած ըլլաք ժողովի եւ մէկը չտեսնէ կաթոն»: Քիթիս տակէն անշուշտ խնդացի, բայց սիրտս ուրախ էր, որ թէեւ տարիքով մեծ ժողովականներու հետ էր գործս, սակայն անոնք երիտասարդէ մը աւելի երիտասարդ հոգիներ ունէին, իրենց համար ընկեր բառը լոկ գոյական մը չէր, անոնք թափանցած էին բառին բուն իմաստին` յարգել, սիրել, ուրախացնել եւ առողջ մթնոլորտի մէջ աշխատանք ծաւալել: Չկարծէք` կռիւներ չկային ժողովներուն ընթացքին, վիճաբանութիւնները անպակաս էին, սակայն այդ բոլորը կը մնային ժողովին մէջ, սենեակէն դուրս բոլորն ալ մտերիմ ընկերներ կը մնային:
Սիրելի՛ ընկ. Սուրէն, կը հաւատանք քու համոզումներուդ եւ գիտենք, որ պիտի շարունակենք քու ուղիդ, բայց կը խոստովանիմ քեզի, որ այս օրերուն դժուար է գտնել քեզի պէս անկեղծ ու խոնարհ հերոսներ:
Ննջէ խաղաղ: