Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրանիկ Մսըրլեան Մարդը (1945-2023) Գ.

August 2, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Անդոյին որքա՜ն կը պատշաճի աշխարհահռչակ լիբանանցի փիլիսոփայ, բանաստեղծ, արձակագիր եւ նկարիչ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի «Մարգարէն» գիրքին «տալու մասին» հատուածը:

«Տուած կ՛ըլլաք դուք շատ քիչ բան` երբ տաք ձեր ստացուածքէն:
Ձեր անձէ՛ն տալով միայն կ՛ըլլաք դուք ի՛սկապէս տուած:
Վասնզի, ի՞նչ են ձեր ստացուածքներն, եթէ ոչ բաներ,
Զորս կը պահէք ու կը պահպանէք,
Վախով թէ կրնաք վաղը դուք` կարիք ունենալ անոնց»:

(Թարգմանութիւն` Վահէ Վահեանի)

Շատ խոր է, նոյն ատեն փիլիսոփայական, Ժըպրանի «տալու մասին»  հատուածը, ինչպէս են «Մարգարէն» գիրքին բոլոր հատուածները: «Տալու մասին»-ին մէջ Ժըպրան կը յայտնէ, որ կան հարուստ մարդիկ, որոնք քիչ կու տան իրենց ունեցածէն, կու տան այնքա՛ն մը միայն, որ փառաբանուին. անոնք ծածուկ կը սպասեն, որ մարդիկ երախտագիտութիւն յայտնեն իրենց: Այդպէս է, որ իրենց թաքուն ցանկութեան համար` արժեզուրկ եւ անսուրբ կը դառնայ իրենց տուածը, նուէրը:

Կան ուրիշներ, որոնք քիչ ունին եւ կու տան զայն ամբողջութեամբ: Այս տիպի մարդիկը կը հաւատան կեանքի պարգեւին եւ հաւատաւորներն ու առատութիւնն են կեանքին, իսկ անոնց արկղը երբեք պարապ չ՛ըլլար:

Կան նաեւ անոնք, որոնք կու տան միշտ ուրախութեամբ եւ այդ ուրախութիւնը իրենց վարձատրութիւնն է: Ոմանք կու տան ցաւով, եւ այդ ցաւը իրենց մկրտութիւնն է:

Վերջապէս կան մարդիկ, որոնք կու տան եւ ցաւ չեն զգար տալու ատեն, ո՛չ ուրախութիւն կ՛ակնկալեն տալու ատեն, ո՛չ հաճոյք կը փնտռեն, ո՛չ ալ կու տան առաքինութեան դիտաւորութեամբ:

«Կու տան ճիշդ այնպէս` ինչպէս սա մօտիկ
Ձորի մրտենին կ՛արտաշնչէ բոյրն իր շրջապատին:
Այդպիսիներուն ձեռքերովն է, որ
Կը խօսի Աստուած եւ այս աշխարհին
Կը ժպտի անոնց աչքերուն մէջէն»:

(թարգմանութիւն` Վահէ Վահեանի)

Արդարեւ, Անդոն այս վերջիններէն էր: Ան տուաւ իր սիրտէն, տուաւ իր իսկ անձէն: Անպայման չսպասեց, որ խնդրուի իրմէ, շատ անգամ տուաւ առանց խնդրանքի, տուաւ ամբողջական գիտակցութեամբ: Ահա ա՛յս էր իր երջանկութեան բանալին:

* * *

Անդոն անանձնական էր, այլասէր, որով նաեւ մարդկային մարդ: Մեր իրականութեան մէջ ես չեմ տեսած այնքան անանձնական, այլասէր եւ ծառայասէր, որքան Անդոն:

Որքան կը յիշեմ, 1989-ն էր, բայց երբեք չեմ մոռնար դէպքը: Այդ յաջորդ տարին, Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներու դժուարագոյն ժամանակաշրջանն էր, յատկապէս Պէյրութի, այսպէս ըսած, արեւելեան կողմը, ուր կը բնակէր հայութեան մեծամասնութիւնը: Ապահովութեան համար հանդերձ ընտանեօք հաւաքուած էինք Անդոյին Նոր Մարաշի հօրենական տան մէջ, որուն ակնարկեցի նախապէս: Այդ օրերուն բազմաթիւ ռումբեր կը տեղային Պուրճ Համուտի վրայ: Ռումբ մըն ալ բաժին ինկաւ մեզի դրացի շէնքին վրայ: Բոլորս ալ սարսափեցանք: Իրարանցում մը փրթաւ տան մէջ: Անդոն նստած տեղէն չշարժեցաւ: Պաղարիւն էր: Մէկիկ-մէկիկ բոլոր տնեցիներուն դասաւորումը կատարեց ու թելադրութիւններ տուաւ: Տունը հանդարտեցաւ, մա՛նաւանդ որ ռմբակոծումները որոշ չափով մեղմացան:

Անդոն ոտքի ելաւ: Ես իր քովը նստած էի:

– Անդօ՛,- ըսի,- կռնակիդ կողմէն շապիկդ արիւնոտած է:

Յայտնապէս ռումբէն կտոր մը ստացած էր ան կռնակէն, երբ կ՛իջնէր աստիճաններէն:

Պատասխան չտուաւ Անդոն: Միայն ինծի նայեցաւ: Դէմքի արտայայտութիւն չունէր, որ գիտնայի այդ նայուածքին նշանակութիւնը: Իր սենեակը անցաւ, շապիկը փոխեց ու մեկնեցաւ: Վստահաբար, ԼՕԽ-ի «Պուլղուրճեան» կեդրոն գնաց: Այդ տարին ան մաս կը կազմէր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, որուն ներկայացուցիչն էր ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քով: Իր ստացած վէրքին դարման տալէ առաջ, գնաց պարտականութիւնը կատարելու: Կարծէք իրեն բան չէր պատահած: Անդոն ռումբի կտորը իրեն հետ գերեզման տարաւ:

Հիւանդութեան դարմանումի ատեն, երբ հիւանդանոց կը գտնուէր, կարծեմ երրորդ «քիմօ»-ն պիտի առնէր, բարձրաձայն մտածելով կը խօսէր իր մէկ ազգականին մասին եւ, իր բուժուելէն ետք, կը ծրագրէր զայն անձամբ բժիշկի տանիլ: «Չըլլայ որ իմ հիւանդութենէս է,- ըսաւ: – Որքա՜ն շատցաւ այս հիւանդութիւնը:

Երբե՛ք բերանը չառաւ «քաղցկեղ», «խլիրդ» կամ «cancer» բառերը: «Իմ հիւանդութիւնս», կ՛ըսէր եւ վրայէն կ՛անցնէր:

Մեր տունը գտնուած ատեն, Անդոյին մարձելու կու գար իր բարեկամներէն մասնագէտ մարձող մը: Այս վերջինը, օր մը, մարձումի դադարի ատեն, հետեւեալը պատմեց Անդոյին. «Քեզի մօտիկ հարուստ մարդ մը, դարձեալ հիւանդ, ինձմէ ուզեց, որ մարձեմ զինք: Տասնվեց անգամ քովը գացի եւ մարձումը կատարեցի: Վերջին օրը, այսինքն տասնվեցերորդ անգամուն, մարդը առանց բան մը վճարելու, ուսիս զարկաւ եւ միայն շնորհակալութիւն յայտնելով ճամբեց զիս»: Ես ալ ներկայ էի մարձողի պատմութեան ատեն: Այդ վայրկեանին պէտք էր տեսնել Անդոյին կերպարանքը: Գոյն առաւ, գոյն տուաւ: Յայտնապէս ջղայնացած էր: Որքա՜ն ամօթ զգաց ան այս պատմումին վրայ: «Կրնա՞յ ըլլալ», ըսաւ բազում անգամներ եւ օրերու վրայ: «Մարդը (մարձողը) դրամ ծախսած է այդ մասնագիտութեան տիրանալու համար: Ատկէ աւելի` արիւն-քրտինք թափած է մարձումի ատեն եւ այս բոլորին դիմաց` չէ վարձատրուած: Կրնա՞յ ըլլալ, կրնա՞յ ըլլալ: Ասանկ բան կրնա՞յ ըլլալ»: Որքա՜ն զգացուած էր այս ուրբաթախօս տղան, որ իրեն այցելողներուն պատմեց ու պատմեց` մինչեւ որ հանգստացաւ հոգեպէս, պարպուեցաւ, ինչպէս կ՛ըսեն:

Իր մահուան ցաւակցութիւնները ընդունելու ատեն լսեցինք բազմաթիւ պատմութիւններ, որոնք դատակնիքն էին իր այլասիրութեան, մարդկայնական գիծին եւ ծառայասիրութեան: Անդոյին բերնէն ոչինչ լսած էինք այդ պատմութիւններուն մասին: Անդոն ոչինչ կը խօսէր իր կատարած եւ կատարելիք բոլոր գործերուն մասին:

Իր հիւանդութեան ամէնէն ծանր օրերուն, անգամ մը ըսաւ վերջապէս.

– Կը մեղքնամ կոր ԱՖՀԻԼ-ին:

– Ինչո՞ւ,- հարցուցի:

– Որովհետեւ շատ ծախսի մէջ մտած են իմ պատճառովս:

Կը հաւատա՞ք: Կարելի՞ է հաւատալ, որ նոյնիսկ կը մտածէր ապահովագրական ընկերութեան մասին, որ իր պատճառով ահագին ծախսերու մէջ մտած էր:

Իր կեանքին վերջին շաբթուան ընթացքին եւ վերջին անգամ հիւանդանոց մտնելու նախօրեակին, Անդոյին քոյրերէն մէկը գիշերը հսկեց վրան իր տան մէջ:

– Շատ ուժաթափ էր,- կը պատմէ քոյրը: – Ուզեց բաղնիք երթալ: Մինչեւ որ անկողինէն ոտքի ելլէ, տեւեց երեք ժամ:

Ապա, քրոջը օգնութեամբ գացած է բաղնիք: Այս վերջինէն ոտքի ելլելն ալ եղած է դժուարութեամբ: Ապա, դէպի անկողին երթալու ատեն, ոտքը դպած է բանի մը (ելեկտրականութիւն չէ եղած. ի վերջոյ, Լիբանանի մէջ կը գտնուինք…) եւ ինկած է գետին` իրեն հետ գետին ձգելով կինս: Անդոն ըսած է.

– Տեղ մըդ ցաւեցա՞ւ:

Իր ամէնէն գէշ վիճակին մէջ անգամ, Անդոն կը մտածէր ուրիշներու մասին: Մոռցած էր ինքզինք, որ իր ցաւած ոտքը աւելի ցաւցուցած էր, եւ կը հարցնէր քրոջը վիճակին մասին:

Այս դէպքին յաջորդ օրը, 29 յունիսի գիշերը, երբ նաեւ ջերմութիւն ունէր` ուժաթափ ըլլալու կողքին, փոխադրեցինք զինք հիւանդանոց: ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէնը` Յակոբ Լատոյեան, որ ամբողջ ութ ամսուան ընթացքին շատ հոգ տարաւ Անդոյին, հիւանդանոց այցելելէ ետք, ըսաւ մեզի.

– Այս հիւանդութեան այս փուլին հասած մէկը պէտք է ցաւ ունենայ: Զարմանալի է, որ Անդոն ցաւ չ՛արտայայտեր:

Կը կարծեմ, թէ Անդոն ցաւ ունէր եւ չէր արտայայտեր: Բոլորս ալ կը տեսնէինք, որ ան կը չարչարուէր եւ կը տառապէր, սակայն ոչինչ արտայայտուեցաւ այդ մասին: Չպատահեցաւ նոյնիսկ մէկ անգամ, երբ ան «ա՜խ» ըսէ: Անդոն չէր ուզեր նեղացնել իր հարազատներն ու շուրջինները: Այս հանդարտաբարոյ եւ խաղաղ տղան մարմինի տարօրինակ շարժումի մէջ կը գտնուէր: Ձեռքերը եւ ոտքերը վեր-վար կ՛ընէր շատ արագ: Կը քերուըտէր ամբողջ մարմինով, յատկապէս իր ձեռքերն ու ոտքերը: Ջղային շարժումով թթուածինի դիմակը կը հանէր երեսէն, կ՛ուզէր կտրել անոր թելը: Վերմակը մէկ կողմ կը շպրտէր: Եւ որքան ալ կը ջանայինք թթուածինի դիմակը, ձեռքէն փրցուցած թելերը եւ վերմակը վերադարձնել իրենց բուն տեղերը, նոյնն էր, դարձեալ ջղային շարժումով պիտի հանէր զանոնք: Յայտնի էր, որ ներքնապէս կ՛այրէր, նարեկեան բառով` կը ճենճերէր` առանց ցաւի բացագանչութիւն հանելու: Ջուր կը խմէր ու կը խմէր.

Կը կրկնեմ:

Կեանքիս մէջ չեմ հանդիպած այսպիսի այլասիրութեան եւ ծառայասիրութեան տիպարի մը, որ Անդոն էր:

Կ՛ըսենք պարզապէս.

Մարաշի Հայրենակցական միութիւնը կորսնցուց բարեսէր մարաշցի մը:

Հայ Աւետարանական համայնքը կորսնցուց հաւատաւոր անդամ մը:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կորսնցուց տիպար դաշնակցական մը:

Հայկ Նահապետը ըսաւ. «Կորսնցուցինք մեծ ու ճշմարիտ հայ մը»:

Իսկ Եզովբոսը ըսաւ. «Կորսնցուցինք իրաւ մարդ մը, գլխագիր ՄԱՐԴ մը, որ մարդոց արգելք եղող քարերը մէկդի դրաւ, որպէսզի մարդիկ քալած ատեն՛ քարին չկախուին ու գետին չիյնան»:

(Շար. 3)

 

(Շար. 1)

(Շար. 2)

Նախորդը

«Հայաքուէ»

Յաջորդը

Եորտի Ալպա Միացաւ Ինթեր Մայեմիի

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.