Ընտանիքի բարեկամը, հարազատէ մը աւելի նոյնիսկ, կրնաս սեպել որպէս անմիջական ընտանիք: Ներկայութիւն մը, զոր յաճախ կը մոռնանք գնահատելու մեր կեանքի առօրեայ հեւքին մէջ:
Հետաքրքրական է, թէ ինչպէ՛ս անձ մը, որ թերեւս յաճախակիօրէն չես տեսներ, մեծ ու խոր ազդեցութիւն կրնայ ունենալ վրադ: Միայն անոր մահէն ետք է, որ կը զգաս, թէ որքա՜ն տեղ գրաւած էր ան կեանքիդ մէջ:
Մանկութենէս մինչեւ պատանեկութիւն եւ ապա երիտասարդութիւն` ամբողջ կեանքիս ընթացքին սովորական ներկայութիւն էր Յակոբ Աբրահամեանը: Ամէն առիթի` իբրեւ հայր, հօրեղբայր եւ կամ բարեկամ, մնայուն մասնակից էր, բայց յանկարծ կորսնցուցինք զայն… Երկվայրկեանի մը մէջ անյայտացաւ:
Կը յիշեմ, երբ փոքր էինք, Լոռիին եւ Սագոյին հետ միասին, մեզ կը բաժնէր բարեկամներու խումբէն ու սիրայօժար յանձն կ՛առնէր մեզի ընկերակցիլ դէպի մեր նախասիրած ճաշարանը կամ վայրը, որպէսզի մեզ գոհացնէ ու մեր կամքը կատարելով` մեզ ուրախ պահէ:
Միասին մեր վերջին ճամբորդութիւնը եղաւ դէպի Հայաստան, 2021-ի Նոր տարուան նախօրեակին: Հոն տարբեր առիթներով առանձին գտնուեցանք: Անմիջական էր Յակոբին հետ կապը: Դիւրին եւ հաճելի էր զրուցել անոր հետ. հանգիստ կը զգայիր խօսելու, արտայայտուելու եւ կարծիք փոխանակելու: Ան լաւ մտիկ ընող էր: Տարբեր նիւթերով կը հետաքրքրուէր` դիմացինին կարծիքն ու գիտելիքները միշտ կարեւորելով:
Յակոբը չէր ուզէր ետ մնալ որեւէ արհեստագիտական յառաջդիմութենէ: Ան կ՛ուզէր սորվիլ եւ բաժնել ամէն բան: Իսկ եթէ վստահ չէր, առանց բարդոյթի` հարց կու տար եւ կը փորձէր սորվիլ նոյնիսկ երիտասարդներէն. «Ալեա՛կ, այդ ըսածիդ մասին մանրամասնութիւններ կրնա՞ս տալ. մէկ հատ ձայնով կ՛արձանագրե՞ս այս ըսածդ, որպէսզի աւելի ուշ մտիկ ընեմ եւ մինակս փորձեմ. նկարէ՛ ու ղրկէ՛ այդ ըսածդ, ես աւելի ուշ կը կարդամ»: Այսօրուան աշխարհին հետ քայլ պահելը դժուար է, բայց ան ամէն ճիգ ի գործ կը դնէր, եւ այդ մէկը բաւարար էր իր նկարագիրը ու պրպտող միտքը ցոյց տալու համար:
Ուրախ եմ, որ վերջին ամիսը առիթը ունեցանք դարձեալ հաւաքուելու մեր մեծ ընտանիքով: Այդ գիշեր ինք ճամբորդ էր, եւ, հետեւաբար, անոր «Բարի ճանապարհ» մաղթեցի` առանց գիտնալու, թէ կեանքի ճանապարհը զինք ո՛ւր պիտի տանէր:
Երբ լսենք, որ մէկը հիւանդութենէ կը տառապի, կը պայքարինք` հաւատալով, թէ պիտի գտնենք լուծում մը, վայելելով այդ անձին հետ ամէն մէկ երկվայրկեանը եւ յոյս ունենալով, որ ելք մը կայ, եւ դեռ ժամանակ ունինք: Բայց երբ լսենք Յակոբին մահուան պէս անսպասելի ու յանկարծակի գոյժը, անհաւատալի կը թուի, եւ կ՛ուզենք մտածել, թէ տակաւին կարելի է լուծում մը գտնել, բայց ոչ, արդէն ուշ է… Միակ ելքը կը մնայ զինք ապրեցնել` իր յիշատակներով, իր խօսքերով, իր խրատներով, նկարներով եւ ուրախ պահերով: Իբրեւ հպարտ հայր, գուրգուրոտ ամուսին ու եղբայր` Յակոբ Աբրահամեան հիմնասիւնն էր իր ընտանիքին, նաեւ` մեր մեծ ընտանիքին: Հայրական սիրտ ունէր ան, եւ այդ էր, որ զինք կը դարձնէր հարազատ բոլորիս համար եւ այդպէս կը յայտնաբերէր լաւ մարդու պատկերը:
Յակո՛բ, չեմ գիտեր, թէ այս մէկ տարին արա՞գ անցաւ, թէ՞ ընդհակառակը… Անկարելի է օր մը անցընել` առանց քեզ յիշելու: Յիշողութիւնները կը խճողեն մեր առօրեան, մինչ կեանքը կը շարունակուի, իսկ քու ներկայութիւնդ փոքր նշաններով կը ճառագայթէ մեր առօրեային մէջ:
Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել քեզի: Շնորհակալ եմ, որ զիս գրկած ես մանկութեանս` միշտ քաջալերելով ու խրատելով: Շնորհակալ եմ, որ լաւ բարեկամ եղած ես իմ ընտանիքիս: Շնորհակալ եմ, որ ինծի սորվեցուցած ես զուսպ մնալ ամէն տեսակի կացութիւններու մէջ, ու նաեւ` գուրգուրոտ ըլլալ ուրիշներու հանդէպ: Շնորհակալ եմ, որ ցոյց տուած ես, թէ կեանքի մէջ երբեք չենք դադրիր սորվելէ եւ զարգանալէ, որքան ալ տարիքով մեծնանք: Եւ վերջապէս, շնորհակալ եմ, որ մեզ վարժեցուցած ես ըլլալ համակերպող ամէն առիթի ու պայքարիլ դժուարութեան դիմաց:
Որոշ իրականութիւններու հետ կարելի չէ հաշտուիլ: Բայց հակառակ անոր` կեանքը կը շարունակուի: Ամէն մարդ իր առօրեայով կը տարուի, եւ այսպէս կամաց-կամաց ժամանակը կը սահի ու կ՛անցնի: Պահեր կը զօրանաս, պահեր կը տկարանաս, կը տառապիս, կ՛ըմբոստանաս, բայց կը շարունակես ապրիլ: Կը շարունակես, որովհետեւ աշխարհը քեզի չի սպասեր: Յակոբը եթէ հոս ըլլար, ինքն ալ պիտի չի սպասեր: Պիտի յառաջանար ու պայքարէր բոլոր հանգրուաններուն, ի՛նչ ալ ըլլային դիմագրաւելիք դժուարութիւնները:
Կեանքի մէջ ընկերներդ փոխաբերական իմաստով կը գրկես տարբեր հանգրուաններու ընթացքին: Իսկ երբ հեռանան, զանոնք բառացիօրէն կը գրկես ուսերուդ վրայ: Այս պատկերը տակաւին դրոշմուած է մտքիս մէջ: Յակոբը ամբողջ կեանքին ընթացքին իր ընտանիքն ու բարեկամները գրկած է իր հոգատարութեամբ, համակերպութեամբ եւ հանդուրժողութեամբ: Յակոբին պէս մենք ալ մեր կեանքի ընթացքին գրկենք մեր բարեկամները` հեռու կամ մօտիկ, գուրգուրոտ եւ հանդուրժող ըլլանք` նախքան ժամանակը սահի ու անցնի եւ արդէն շա՜տ ուշ ըլլայ…