Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառչինք Դաշնակցական Այն Սկզբունքներուն Եւ Գաղափարներուն, Որոնց Համար Զոհուեցան Լիզպոնի 5-ը*

Օգոստոս 1, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՈՒԹՖԻԿ ԱՅՎԱԶԵԱՆ

Դժուար է ստանձնել Լիզպոնի գործողութեան 40-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութեան բանախօսի պարտականութիւնը եւ նոյն ատեն խուսափիլ նախորդող վաստակաւոր 39 բանախօսներուն ըսածներուն մեծ մասը կամ մէկ մասը կրկնելէ: Անոնցմէ ոմանք արդէն միացած են Լիզպոնի տղոց, սակայն անոնց ձգած կտակը պիտի գոյատեւէ, իսկ սրբազան գործը պիտի շարունակուի:

Նախորդող բանախօսներէն ոմանք հարց տուած են, թէ ինչո՞ւ սփիւռքահայութիւնը ընդհանրապէս եւ լիբանանահայութիւնը մասնաւորապէս աւելի մեծ շուքով կ՛ոգեկոչեն  Լիզպոնի գործողութեան յիշատակը (ինչպէս` հսկում, հոգեհանգիստ, հանդիսութիւններ…), հակառակ անոր որ իր փառապանծ պատմութեան ընթացքին ՀՅ Դաշնակցութիւնը կատարած է նոյն տարողութեամբ կամ նոյնիսկ աւելի մեծ գործողութիւններ, որոնք, իրենց կարգին, խլած են նահատակներու կեանքը, ինչպէս` Պանք Օթոմանի գրաւումը, Խանասորի արշաւանքը, կամաւորական շարժումները, երբ հայ հերոսներ, մահը աչք առնելով, խիզախօրէն կատարած են իրենց ուսերուն դրուած պարտականութիւնները: Անոնք հասած են հետեւեալ եզրակացութիւններուն:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 133 տարուան պատմութեան ընթացքին իւրաքանչիւր ծրագիր, աշխատանք թէ գործողութիւն իր յատուկ պատգամն ու խորհուրդը փոխանցած է հայ ժողովուրդին եւ իր ուրոյն դրոշմը ձգած է անոնց խիղճին եւ յիշողութեան մէջ: Հետեւաբար արդար պիտի չըլլայ անոնց միջեւ ժամանակագրական թէ որակական բաղդատութիւն ընելը: Յուլիս ամսուն 25-ը թէ 27-ը, Խանասոր թէ Լիզպոն, Եըլտըզի մահափորձը թէ Պանք Օթոման, «Փոթորիկ» թէ «Նեմեսիս», գերագոյն զոհողութեան, հերոսութեան եւ կարգապահութեան հաւասար օրինակներ են պարզապէս: Տակաւին, նկատի առնելով, որ Դաշնակցութիւնը, օրուան պայմաններուն բերումով չէ ստանձնած Լիզպոնի թէ թրքական այլ թիրախներուն դէմ ուղղուած գործողութիւններուն պատասխանատուութիւնը, այլ անոնք վերագրուած են Հայկական ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկներուն կամ Հայ Յեղափոխական բանակին, նկատի առնելով նաեւ, որ Դաշնակցութիւնը կատարած ըլլալու է այնպիսի գործողութիւններ, որոնց լուրը հանրութեան սեփականութիւնը չէ դարձած, հարկ է յուլիս 27-ը նկատի ունենալ ոչ միայն Լիզպոնի գործողութեան, այլ նաեւ դաշնակցական յայտնի թէ անյայտ անձնուրացներու յիշատակի օր, Լիզպոնի 5-ին կողքին, Վիեննայի 3-ը, Սիտնիի 2-ը, Լոս Անճելըսի 2-ը, Պելկրատի 2-ը եւ մնացեալ գործողութիւններուն հերոսները եւ անոնց թիկունքին կանգնած ծրագրումի, պարենաւորման եւ մատակարար խմբակները թիւեր չեն պարզապէս, այլ` Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին սիրոյն արիւն ու քրտինք թափած, սիրտ ու ջիղ վատնած զոհողութեան խորհրդանիշներ, միւս կողմէ, սակայն, պէտք է խոստովանիլ, որ ճիշդ 40 տարիներ առաջ կատարուած Լիզպոնի գործողութիւնը ատենին եւ մինչեւ հիմա տարբեր ու յատուկ ընկալում ստացած է համայն հայութեան խաւերէն ու շերտերէն:

Դաշնակցական գաղափարներով սնանած ու տոգորուած սրբազան հինգ «խենթերը»` Վաչէն, Արան, Սիմոնը, Սեդրակը եւ Սագոն, պատմական անուններ չեն սոսկ: Անոնց վճիտ ձայներուն արձագանգը, զոր լսեցինք, անոնց դէմքերու ջինջ արտացոլացումը, զոր տեսանք գործողութենէն անմիջապէս ետք տարածուած «պղտոր» տեսերիզի մէջ, իրենց «պայծառ» դրոշմը ձգեցին իւրաքանչիւր հայու խղճին թէ մտքին մէջ: Հայոց ա՛յս սերունդը, որ լսած եւ կամ կարդացած էր, այս անգամ սեփական աչքով տեսաւ եւ հասկցաւ պատգամը: Հինգ խիզախ սրտեր, խրոխտ քայլերով դէպի անձնազոհութիւն, դէպի մահ կը քալէին իրենց գաղափարներուն իրականացման ձգտումով:

Արցախի առաջին պատերազմին նախօրեակին Լիզպոնի գործողութիւնը նոր էջ մը բացաւ հայ դիւցազներգութեան այն գիրքին մէջ, որ կարծէք փակուած էր 1923-էն ի վեր: Լիզպոնէն ետքն ալ հայը փաստեց, որ ոչ թէ հինգ, այլ անհրաժեշտ պարագային 5000 հերոսներ ալ պատրաստ են զոհուելու վասն հայրենիքին, պայմանաւ որ հետագային ոչ ոք սակարկէ անոնց հոգիներուն վրայ եւ կամ աճուրդի հանէ իրենց արեամբ որոգուած հայրենի հողը: Հոս կ՛արժէ նշել նաեւ, որ Լիզպոնի գործողութիւնը տեղի կ՛ունենար այնպիսի ժամանակ, երբ արեւմտեան թէ անոնց հակառակորդ պետութիւններու գաղտնի սպասարկութիւնները կը գործէին իրենց թուրք պաշտօնակիցներուն հետ համախորհուրդ` չէզոքացնելու համար հայկական իսկական զինեալ պայքարի կորիզներն ու բջիջները, որովհետեւ հայ ազատամարտիկները կը խանգարէին անոնց շահերն ու հաշիւները, եւ լիբանանահայութիւնը այդ մէկը զգաց, երբ օրին հայկական թաղամասեր, հաստատութիւններ եւ դաշնակցական գործիչներ յարձակումներու թիրախ դարձան տեղական թէ հայանուն դաւադիր կազմակերպութիւններու կողմէ:

Աւա՜ղ, տակաւին, 21-րդ դարուն յառաջադէմ եւ քաղաքակիրթ կոչուած երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն մէջ հերոսութեան եւ նահատակութեան գաղափարները վաղուց ժամանակավրէպ դարձած են, իսկ դիւցազնութիւնը կը չափուի հրթիռարձակումներով, հեռաւոր մոլորակներու,  ինչպէս նաեւ տնտեսական ու դրամական  նուաճումներով:

Անդին` կան ազգեր եւ ժողովուրդներ, որոնք հազարամեակներէ ի վեր յամառօրէն կը շարունակեն գոյատեւման եւ յարատեւ պայքարի դիւցազնավէպեր հիւսել` իրենց ազատ ապրելու իրաւունքը խլելու եւ ապահովելու համար: Այդ ազգերուն եւ ժողովուրդներուն կարգին ենք մենք: Ազգ մը, որուն պատերազմներուն մեծ մասը վերջ գտած է պատուաբեր մահով, սրբազան նահատակներով եւ բարոյական յաղթանակներով:

Սակայն չմոռնանք, որ այս յամառ ազգին յաղթած պետութիւններուն եւ ազգերուն մեծ մասը այսօր անհետացած է արդի աշխարհի քարտէսներէն եւ իր տեղը գտած է պատմութեան էջերուն մէջ, մինչդեռ իր լեռներուն ու ժայռերուն նման պնդագլուխ եւ ամուր հայը կը փորձէ նոյն յամառութեամբ փշրել Արարատ լերան բարձունքներուն վրայ շղթայուած Արտաւազդ թագաւորին կապերը եւ Ագռաւաքարին մէջ բանտարկուած Փոքր Մհերի քարայրին դռները` միաժամանակ Արցախի մէջ հերոսութեան նոր էջեր բանալով հայոց պատմութեան գիրքերուն մէջ:

Անհաւասար կռիւի ախոյեան հայը, իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» նշանաբանին տակ, չէ վարանած 451 թուականին, Վարդանանց պատերազմին, փիղերուն դէմ կռուելու նժոյգներով, 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն օսմանցի թուրքին թնդանօթներուն դէմ դնելու մոսիններով, 27 յուլիս 1983-ին, Լիզպոնի մէջ, աշխարհի անտարբերութեան դէմ պայքարելու բոցավառ մարմիններով, իսկ 2020-ին Արցախի մէջ ազերիներուն գերարդիական եւ անօդաչու սարքերուն դէմ պատերազմելու 20-րդ դարու զէնքերով: Գրեթէ միշտ եղած է հակազդող քան նախաձեռնող:

Հարկ է այս ազգին զաւակները զինել արհեստագիտական բոլոր կարելիութիւններով, որոնք չեն պակսիր հայուն հանճարին, այլապէս յաջորդող պատերազմին մեր ապագայ վաչէները, սագոները, սիմոնները, արաներն ու սեդրակները դարձեալ ժամանակավրէպ զէնքերով 21¬րդ դարու արհեստագիտական սարքերու դէմ դնելու հարկադրանքին տակ պիտի գտնուին, եւ պիտի բազմանայ ուխտատեղիի վերածուած շիրիմներուն թիւը, Եռաբլուրի մէջ թէ այլուր, ինչպէս Պուրճ Համուտի գերեզմանատան մէջ կառուցուած Լիզպոնի 5-ին դամբարանը, որ ոչ միայն 5 տղոց, այլ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի գաղափարին ու տեսլականին համար զոհուած բոլոր նահատակներուն շիրիմն է: Հոն այցելելով` այցելած կ՛ըլլանք Գէորգ Չաւուշի, Սերոբ Աղբիւրի, Հրայր Դժոխքի եւ հայ ժողովուրդին, Արցախի ու Հայաստանի համար զոհուած բոլոր յայտնի թէ անյայտ հերոսներուն գերեզմանները:

Պատմական Հայաստանի մէջ ամէն քարի տակ նահատակ մը կը ննջէ: Եւ հայոց հողը բաւարար չըլլալով, կարծէք, գերեզմաններուն շարքը կ՛երկարի մինչեւ Տէր Զօր եւ սփիւռքի բոլոր անկիւնները: «Վրէժ եւ արդարութիւն» կ՛աղաղակեն անոնց թաղուած թէ անթաղ աճիւնները:

Նահատակները մենք մեր ձեռքով անգամ մը եւս սպաննած կ՛ըլլանք, եթէ մոռնանք այն գաղափարները, որոնց համար զոհուեցան անոնք:

Խունկն ու մոմը թող միշտ վառ մնան անոնց շիրիմներուն վրայ, ինչպէս որ են անոնց գաղափարները մեր սրտերուն մէջ, որպէսզի չիրականանայ Պետրոս Դուրեանի մտավախութիւնը, որ կ՛ըսէ.

«Իսկ աննշան եթէ մնայ
Երկրի մէկ խորշն հողակոյտ իմ
Եւ յիշատակս ալ թառամի
Ահ այն ատեն ես կը մեռնիմ»:

Սակայն ի՞նչ պէտք է, որ ըսենք Հայաստանի Հանրապետութեան այժմու իշխանութիւններուն, որոնք Լիզպոնի եւ «Նեմեսիս»-ի նման գործողութիւնները կը նկատեն վնասակար եւ ծայրայեղական աքթեր: Հայրենի հողին կարօտով հող դարձած հերոս մարդիկ իրենց գերեզմաններուն մէջ իսկ կը հալածուին թուրքն ու ազերին հաճոյացնելու համար: Ի՞նչ պէտք է, որ ըսենք այն անմիտներուն, որոնք կը վախնան Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանին վրայ պատկերուած առիւծէն: Անոնք արդեօ՞ք տեսած են 12¬րդ դարէն ժառանգուած Անգլիոյ զինանշանին վրայ պատկերուած երեք առիւծները, եւ կամ Քանատայի, Պելճիքայի, Լիւքսամպուրկի, Հոլանտայի եւ այլ պետութիւններու զինանշանները:

Մեր պատմութիւնը ինչո՞վ կը զիջի այդ պետութիւններուն պատմութեան, եւ ո՞վ ըսաւ, որ զինանշանը պէտք է ներկան կամ ապագան ներկայացնէ: Հաւանաբար խօսքը առիւծին մասին է, սակայն իսկական ակնարկը կ՛երթայ զինանշանին վրայի, հայկական պահանջատիրութեան խորհրդանիշ Արարատ լերան, որ կը գտնուի առիւծին պաշտպանութեան հովանիին տակ:  Ի՞նչ պէտք է, որ ըսենք այդ անմիտներուն, որոնք կը քննադատեն Հայաստանի Հանրապետութեան պետական քայլերգին վերջին նախադասութիւնը, որ կը փառաբանէ զոհողութեան գաղափարը:

Բնական է, որ այլոց մայրերու որդիներով հերոսութեան ձգտող թուլամորթ վախկոտները նեղութիւն պիտի զգան այդ վեհ գաղափարէն: Չե՞ն լսած անոնք 1814¬ին գրուած ու 1931¬ին որդեգրուած Միացեալ Նահանգներուն քայլերգը, որ կը փառաբանէ ռումբերու պայթումներուն ներքեւ ծածանող ամերիկեան դրօշը:

Ի՞նչ պէտք է, որ ըսենք այդ անմիտներուն, որոնք նախորդ իշխանութիւններէն ստանձնեցին 45.000 քառ. քմ Հայաստան մը եւ մեզի հրամցուցին առանց յստակ սահմաններու երկիր մը, ուր ազերին շարունակ կը թափանցէ, կը սպաննէ եւ կը գրաւէ: Անոնք շարունակ կ՛որոճան 29.800 քառ. քմ-ի յանկերգը` յիշեցնելով մեզի բարեկամ պաղեստինցիներու առանց սահմաններու Արեւմտեան ափը, որ երթալով կը սեղմուի` հակառակ անոնց կառչածութեան 1967¬ի սահմաններուն: Ասոր առընթեր, Իսրայէլ ամէն օր սանձարձակութիւններու կը դիմէ, կը սպաննէ եւ կուլ կու տայ լայն հողատարածքներ, որոնց կարգին Երուսաղէմի հայկական թաղամասը:

Ի՞նչ պէտք է, որ ըսենք այդ անմիտներուն, որոնք հայկական բանակը զինելու եւ հզօրացնելու փոխարէն` կը բարձրացնեն ներքին ապահովութեան ուժերու ամսաթոշակները, այսպէս կոչուած, նիկոլական վարչակարգը ամրապնդելու եւ թուրքին ու ազերիին դիմաց յաւելեալ զիջումներու երթալու համար: Անդին` հայկական պետութեան պարտքերը հասած են 12 միլիառ տոլարի, եւ եթէ ծախսերը նոյն կշռոյթով ընթանան, 2028¬ին անոնք պիտի հասնին 19 միլիառ տոլարի:

Թուրքն ու ազերին այսօր Փաշինեանի միջոցով կը փորձեն ճզմել հայու պայքարի ոգին` միանգամ ընդմիշտ նուաճելու համար իրենց աչքին փուշ դարձած Հայկական Բարձրաւանդակը` օգտուելով հայկական պետութեան թուլութենէն: Ռուսը եւ Արեւմուտքը, իրենց կարգին, իւրաքանչիւրը կը փորձէ Հայաստանի պարանը իր կողմ քաշել` մեր հայրենիքը դարձնելով իսկական կռուախնձոր: Փաշինեանի իշխանութիւնը հայ ազգը կ՛առաջնորդէ անդառնալի կորուստներու: Անիկա մէկ կողմէ կը փորձէ պառակտել հայութիւնը եւ բաժնել երեք խումբի` սփիւռք¬Արցախ¬Հայաստան, ձեռքը լուալով Հայ դատէն ու Արցախէն, իսկ միւս կողմէ` ընդունելի եւ անփոխարինելի թուիլ թշնամիին թէ բարեկամին:

Արցախը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հողերէն բաժիններ շնորհող եւ Զանգեզուրի հայկականութեան վրայ բանակցող Փաշինեանի ու անոր նմաններուն կարելի է տալ միայն հետեւեալ պատասխանները.

Արցախը երբեք Ազրպէյճանի մաս չի կրնար կազմել, իսկ սփիւռքի թէ հայրենի հողին վրայ ապրող հայերը մէկ ամբողջութիւն են:

Իսկապէս, ձեր սուտերուն, աթոռամոլութեան եւ փառասիրութեան շնորհիւ տիրացած իշխանութեան եւ փառքի, հոս եւ անդի աշխարհ: Հոս հասաք փառքի ձեր կեղծ խոստումներով, խաբեբայութեամբ եւ հարիւր հազարաւորներ մոլորեցնելով: Իսկ յետմահու ձեր պաշտօնները դարձեալ ապահով են:

Պատմութեան ամօթի էջերէն եւ անդի աշխարհի խորերէն ձեզ կը կանչեն` Կրտսեր Տիգրանը, Անակը, Վասակ Սիւնին, Մերուժան Արծրունին, իր որդիին` Սամուէլի ձեռքով սպաննուած Վահան Մամիկոնեանը, Անին յանձնած Պետրոսն ու Վեստ Սարգիսը, դաւաճան Դաւոն, Վահէ Իհսանը, մատնիչներ Հմայեակն ու Արթուրը, Փոլիս Կարապետը եւ ուրիշներ: Անոնք անհամբեր կը սպասեն ձեր ժամանումին, որ ստանձնէք ղեկավարութիւնը:

Տեղի պիտի չտանք հալածանքի դիմաց, պիտի չյուսահատինք, ոչ ալ ընկրկինք, եւ դաշնակցական այն սկզբունքներն ու գաղափարները, որոնց համար զոհուեցան Լիզպոնի 5-ը եւ մեր բոլոր նահատակները, պիտի առաջնորդեն մեզ, մեր միասնակամութեան ամրապնդման, ապա` Արցախի վերանկախացման, Հայաստանի Հանրապետութեան բարօրութեան եւ վերջապէս, ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի գաղափարի մարմնաւորման ու ծրագիրի իրականացման: Կը մնայ հայ խիզախ եւ կարգապահ երիտասարդ սերունդին պահանջը իր ղեկավարութենէն: Նախաձեռնենք եւ ոչ թէ հակազդենք, ապա` «Հրաման տուէք, որ կատարենք»….

* Խօսք` արտասանուած Լիզպոնի գործողութեան 40-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկին, 27 յուլիս 2023, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ:

Նախորդը

Ցեղասպանութեան Եւ Երրորդ Պատերազմի Սպառնալիք

Յաջորդը

«Ֆորմիւլա-1». Վերսթափեն Արձանագրեց Իր 8-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?