Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Գլխագիր Ընկերը

Օգոստոս 4, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԻՆ

Սիրելի՛ ընկ. Անդօ,

Եկաք ու անցաք այս աշխարհէն: Ձեր երթալէն ետք զգացի այն մեծ վիհը, որ բացուեցաւ մեր միջեւ: Ականջիս մէջ կը լսեմ ձեր ձայնը, ձեր հարցերուն մօտեցման եղանակը եւ մտահոգութիւնը լուծելու ձեր պաղարիւն, սակայն հաստատուն որոշումները:

Աչքիս առջեւ է միշտ ձեր հռչակաւոր «ձեռքի շարժում»-ը: Ձգէ` թող խօսի, ձգէ թող երթայ…

Սորվեցուցիք համբերատար ըլլալ, բայց` ոչ զիջող: Իրաւունքը պաշտպանող ըլլալ, սակայն` ոչ յանձնուող: Յարգել ընկերը, գործընկերը, ժողովականը, շրջապատը, բայց միեւնոյն ժամանակ` ըլլալ խստապահանջ, գլուխ չծռել սուտին, կեղծիքին, շողոքորթութեան:

Կ՛ըսէիք` «Դուն ըսելիքդ ըսէ ու անցիր, մի՛ սպասեր, որ անպայման պիտի իրականանայ ըսածդ, սակայն ըսէ՛»: Գիտէիք, որ միշտ լաւն ու բարին չեն իշխողը, ամէն ինչ կը տեսնէիք, կը գիտակցէիք, բայց ամէն ինչի փոխելու բանալին ձեր ձեռքը չէր:

Փաստը` ձեր անողոք հիւանդութիւնն էր, որ չխեղճացուց ձեզ, անոր հանդէպ նոյնիսկ ձեր հպարտ կեցուածքը անխախտ պահեցիք, նախ փորձեցիք անտեսել, յետոյ, երբ տեսաք, որ հարցը լուրջ է, սկսաք պայքարիլ յամառօրէն եւ մինչեւ վերջին շունչ արհամարհեցիք մահը: Գիտէիք, որ շատ գործ ունինք ընելիք` իբրեւ մարդ, իբրեւ հայ, իբրեւ դաշնակցական եւ, վերջապէս, իբրեւ համազգայնական: Հոգեվարքի մէջ նոյնիսկ, ձեր անձնական կեանքը յետին ձգած, մտահոգ էիք ազգի, Արցախի, Հայաստանի, Դաշնակցութեան, Համազգայինի հարցերով, վերջին օրը հարցուցիք ինծի` ճափոնցիներէն ի՞նչ լուր: Ո՞ր ճափոնցիներու մասին էր խօսքը, չհասկցայ, բայց անպատասխան չձգեցի:

Կը յիշեմ եղբօրս զարմանքը, երբ առաջին անգամ ձեզի ծանօթացած էր եւ ըսաւ. «Դա ուրիշ մարդ էր»:

ԱՌԻ-ով Արցախ մեկնած էիք, հիւրընկալողներու մէջ էր նաեւ եղբայրս, սենեակներու բաժանումը կատարելէ ետք կը պատմէ, որ համեստ մարդ մը անկիւնը կեցած էր, եւ երբ առաջարկած է սենեակ մը, ըսած է` «Ի՛նչ պիտի ըլլայ, աւելի վատ պայմաններու մէջ ալ անցուցած ենք, մէկ օր է, կը դիմանանք», այսպիսով հեգնանքով խօսք հասկցնելով այլոց չակերտաւոր «լաւ սենեակ» ուզողներուն. աելի ուշ գիտցանք, որ այդ մարդը Պուրճ Համուտի քաղաքապետն էր:

Արցախ գացած էր, հոգեպէս ի՜նչ ուրախ էր, որ քաջերու երկիրը այցելած է, ի՞նչ կարեւոր էր իրեն համար, թէ շքեղ սենեակի մէջ պիտի գիշերէ կամ պարզ չորքոտանի անկողինի մը վրայ: Որքա՜ն ուրիշ էր մեր գլխագիր ընկերը…

Սիրելի՛ ընկ. Անդօ,

Ճամբադ պիտի շարունակենք, պիտի շարունակենք քու հաւատացած ձեւով` հարցերը արծարծելով, երբեք գլուխ չծռելով սուտին ու կեղծիքին, չյուսահատելով եւ համեստութեամբ: Ննջէ խաղաղ:

 

 

Նախորդը

Ընկեր Անդոյին Տիպարային Ներկայութիւնը Եւ Ստորագրութիւնը

Յաջորդը

Անդրանիկը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?