Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութեան Եւ Երրորդ Պատերազմի Սպառնալիք

Օգոստոս 1, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Երէկ, հակառակ անոր որ Ֆրանսայի լրատուամիջոցները գերյագեցած էին երկրի նոր կառավարութեան կազմութեան վերաբերող լուրերով եւ մեկնաբանութիւններով, հեռատեսիլը, պատկերներու  տակ սփռուող իր գրաւոր լուրերուն մէջ, քանի մը տողով արձագանգեց Հայաստանի վարչապետի յայտարարութեան, որ` «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը կը գտնուի ցեղասպանութեան ենթարկուելու սպառնալիքի տակ եւ կրնայ շղթայազերծուիլ Հայաստան-Ազրպէյճան երրորդ պատերազմ մը»: Այսօր լրատուութիւնը կրկնուեցաւ:

Ո՛չ Ֆրանսան, ո՛չ Ռուսիան, ո՛չ Միացեալ Նահանգները եւ ո՛չ Եւրոմիութիւնը   Հայաստանի վարչապետին ահազանգը կը սպասէին գիտնալու եւ հասկնալու համար: Ի՞նչ բանի ծառայեցին Հայաստան եկող եւ Հայաստանէն գացող պատուիրակութիւնները, անոնց վարած անհատնում օրերու եւ ժամերու բանակցութիւնները: Զանոնք հովանաւորած եւ հիւրընկալած պետութիւնները ինչո՞ւ չեն խոստովանիր իրենց անկարողութիւնը եւ անսկզբունքայնութիւնը` կասեցնելու բիրտ ուժի քաղաքականութիւնը եւ անարդարութիւնը: Մի՞թէ այլազան շահախնդրութիւններով, յաճախ` նաւթահոտ, անոնք մեղսակից չեն ոճրային սպառնալիքներուն, երբ Արցախի վերջին բեկորը եւ անոր 120.000 բնակիչները ենթակայ են շրջափակման: Մեծատիտղոս քաղաքագէտները չե՞ն հասկնար, թէ ո՛ւր կրնան հասցնել շրջափակման հետեւանքները: Անոնք յետո՞յ միայն գութի առեւտուր պիտի ընեն` հաց եւ դեղ ղրկելով, որբահաւաքով: Աւանդութիւն է:

Բանակցութիւններու ընթացքին այս «պատմական ճշմարտութիւն»-ը համարձակութեամբ ըսող եղա՞ւ: Ըսին` «շրջափակման հարիւրերորդ օր», հիմա կ՛աճին այդ օրերը, ո՞ւր հասցնելու համար իր հողերուն վրայ եւ ապրիլ ուզող ժողովուրդ մը:   Իսկ հայկական պետութիւնը, պարտութիւններ գումարելէ ետք, անզօրութեամբ «սիրողական» (amateur) քաղաքականութիւն կը խաղայ, մեծեր ու պզտիկներ օդանաւ կը բարձրանան, օդանաւէն կ՛իջնեն, կ՛ըսեն, որ կը բանակցին, լսող չունենալով հանդերձ, յայտարարութիւններ կ՛ընեն:

Յետո՞յ:

Ի՞նչ կը բանին բանակցողները, որոնք կարծէք փակ դռներու առջեւ կամ ետին կը փսփսան քաղաքակիրթ աշխարհի սովորական որձեւէգ ճապկումներով: Հայաստան ըսող եղա՞ւ եւ լսող չեղաւ, որ բանակցութիւններու ամլութիւնը պիտի թելադրէր այն ողջախոհական իմաստութիւնը, որ բանակցողները փոխուէին, եւ ճակատագրապաշտի պէս չսպասէինք, որ օրերը գումարուէին իրարու վրայ:

Միջոցին, Հայաստանի վարչապետի յայտարարութեամբ իսկ, կը սպասուի «երրորդ պատերազմը»: Իսկ ինչպէ՞ս պատերազմի վտանգ դիմակայելու կը պատրաստուին հանրապետութիւնը եւ արտագաղթողներով գերաճող սփիւռքները, որոնք վաղուց հասկացած պէտք էր ըլլային, որ ցոյցեր եւ «հայրենասիրական տուրիզմ» բաւարար չեն վարչապետին ըսած «ցեղասպանութեան» եւ «երրորդ պատերազմի վտանգ» դիմակայելու: Գումարեցէ՛ք նաեւ ոստիկանական մեծաթիւ ջոկատները, որոնք սահմանապահ բանակ չեն: Ահազանգող վարչապետը պիտի ըսէ՞, թէ նախատեսելով վտանգը` ինչպէ՞ս պատրաստած է երկիրը եւ ժողովուրդը: Վտանգի առկայութեան խոստովանութիւն-զգուշացումը պետութիւն առաջնորդելու ձախողութիւն է, որ բնական կերպով պէտք է յանգած ըլլար իշխանափոխութեան:

Ո՛չ միայն բանակցող պէտք է փոխել, այլ նաեւ` կազմակերպել բանակցողի թիկունքը: Այդ թիկունքը իր դերին գիտակցող, պատմութեան պատգամը լսող եւ մանաւանդ հաւաքաբար ուժատէր ժողովուրդն է: Եթէ մենք կը տեսնենք եւ գիտենք, որ հայերը կ՛արտագաղթեն, հայերը չեն վերադառնար իրենց հայրենիքը, հայրենատիրութիւն չեն ըներ, սպառնացողն ալ կը հասկնայ, եւ ի հարկէ կը տկարանայ թիկունք չունեցող հայ բանակցողին դիրքը: Այլ խօսքով, հայկական քաղաքական եւ իմացական համազգային ղեկավարութիւն մը անհրաժեշտ է յառաջացնել, որ խօսի աշխարհին, բանակցութիւններու պատրաստութեան ենթահող պատրաստելու համար եւ քաղաքականութիւնը հիմնաւորել իրաւունք ճշդող պատմութեամբ: Բանակցող հայկական պատուիրակութիւններուն կ՛ընկերացնե՞նք պատմաբաններ: Ոչ միայն բանակցող պէտք է փոխել, այլեւ բանակցութիւններուն պէտք է տալ ազգային եւ պատմական ճշմարտութեան որակ եւ այդպէս խօսիլ:

Բանակցողները պէտք է ըսեն, մեր ժողովուրդն ալ, ներսի եւ դուրսի, առանց սեթեւեթի, պէտք է ըսէ, որ շրջափակումը պատերազմական գործողութիւն է: Ֆրանսայի նախագահը եւ արտաքին գործոց նախարարը, քաղաքական այլ գործիչներ եւ մտաւորականներ չեն կրնար չիմանալ այս պարզ ճշմարտութիւնը, ինչպէս նաեւ` բանակցութիւններ հիւրընկալող Եւրոմիութեան պատասխանատուները, Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգները եւ միւսները:

Հայաստանի վարչապետին ահազանգը նախ մենք պէտք է լսենք, հայերը պէտք է լսեն, բոլորը, ուր որ են եւ խօսին ու գործեն` առանց ճապկումներու, խօսին` որպէս անմիջականօրէն եւ հաւաքաբար վտանգի ենթակայ հաւաքականութիւն եւ ըստ այնմ գործեն: Եթէ շարունակուի Արցախի վերջին բեկորի շրջափակումը, անոր` որպէս հայու հայրենիք,  վերականգնումը անկարելի կը դառնայ: Եթէ Արցախը մեր ապիկարութեամբ կամ միջազգային նենգութեամբ դադրի հայու հայրենիք ըլլալէ, ոչ մէկ երաշխիք կրնանք ունենալ, որ քանի մը տասնեակ տարի ետք, դաւադրութիւնը շարունակուելով, հանրապետութիւնն ալ դառնայ Արեւմտեան Ազրպէյճան:

Այս ճշմարտութիւնը այսօ՛ր պէտք է տեսնել եւ ըստ այնմ գործել: Ապա թէ ոչ կը ժառանգենք աւաղելու եւ նորոգուած ազգային ցաւեր երգելու, արուեստով կամ ոչ, յուզուելու եւ պոռալու, դատարկ իրաւունքը, այնպէս, ինչպէս հայ հայրենասէր զբօսաշրջիկին պէս, որ կը նստի Անիի պարիսպներուն տակ եւ կը լուսանկարէ մորմոք յաւերժացնելու համար, որ մենաւորի կոտտացող ցաւի հաճոյք է:

Հայաստանի վարչապետը ահազանգած է, որ Արցախի վերջին բեկորի հայերուն ցեղասպանութիւն կը սպառնայ, որ` երրորդ պատերազմ մը կրնայ տեղի ունենալ: Այս երկուքին հետեւանքները գիտենք: Պառակտում մշակողները թող «քաղաքական իմաստութեամբ» խօսին պառակտումներու  հետեւանքներուն մասին:

Թերեւս բանակցող պէտք է փոխել:

Բայց հրամայականօրէն ներսը եւ դուրսը պէտք է փնտռել հայրենատէր զանգուած, որ չգոհանայ կարծիքներ որոճալով, ինչ որ ղեկավարումի բացակայութեան խոստովանութիւն է, յանգած` այսօրուան պարտութեան:

Հայ քաղաքական միտքը դեռ կրնա՞յ վերականգնում իրականացնել` ինքզինք եւ առաջնորդութեան բեմահարթակ վերանորոգելով, մերժելով ձախողութիւնը եւ պարտութիւնը` որպէս քաղաքական եւ ղեկավարման կանոն: Ի հարկէ` միշտ ներսը եւ դուրսը: Այս պիտի կարենա՞յ ընել ազգը: Այդ կ՛ըլլայ` վերջ տալով խարխափումի, ընդգրկելով իրաւութիւն եւ որակ, միշտ Շաւարշ Նարդունիի իւրացուցած եւ կրկնած ֆրանսական առածի իմաստութեամբ, որ` «Կատուին կատու պէտք է ըսել», (il faut appeler un chat un chat), որ մեր պատմութեան ներկայ փուլին կը նշանակէ` դադրեցնել ճապկումները, ընդունիլ ձախողութիւններու պատասխանատուութիւնը, վերանորոգուիլ, միանալ եւ բռնցքուիլ:

Միշտ պէտք է յիշել ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի նախկին տնօրէն Ֆետերիքօ Մայորի պարզ իմաստութիւնը, որ` «Վաղը միշտ ուշ է»:

Ուշանալ` կը նշանակէ քարափին վրայ մնալ երբ կ՛անցնին գնացքները, անցած կ՛ըլլան գնացքները:

Ֆրանսական հեռատեսիլը երկու օր շարունակ եւ օրը քանի մը անգամ յիշեցուց Հայաստանի վարչապետին ահազանգը:

Լսելէ ետք ի՞նչ պիտի ընեն «բարեսէր» օտարները:

Ի՞նչ պիտի ընէ «համաշխարհային» դարձած միամտացած հայութիւնը:

Առաջին հերթին, մեր ժողովուրդը իրատեսութեամբ պէտք է դադրի ամէն բնոյթի աւեր գործող կողմնապաշտութիւններէ եւ անպաշտպանելին պաշտպանելէ:

Նախորդ դարու իմաստուն մը ըսած էր, որ հարցումները աւելի կարեւոր են, քան` անոնց տրուած պատասխանները:

Եթէ քաղաքակիրթ համարուած աշխարհը յարգած ըլլար ինքզինք եւ  իր խոստումները, յարգած ըլլար իրենց ստորագրած Սեւրի դաշնագիրը, այսօր Հայաստանի վարչապետը չէր խօսեր ցեղասպանութեան սպառնալիքի եւ հայ ժողովուրդին դէմ շղթայազերծուելիք երրորդ պատերազմի մասին: Այս պէտք է ըսել բանակցութիւնները հիւրընկալողներուն: Ըսի՞նք, կ՛ըսե՞նք, թէ՞ ինքնագոհութիւն կը հովահարենք կրկնուող անհետեւանք «ճանաչում»-ներով… եւ հաւկուրութեամբ  չենք տեսներ «լուռ մեղսակցութիւնները»:

Քաղաքականութիւն խաղալու համար կենսական է յեղափոխել նոյնինքն քաղաքական միտքը` նուաճելով ՄԷԿՈՒԹԻՒՆ, որ նախապայմանն է նկատառելիութեան ուժի ստեղծման, ինչ որ այսօր չկայ, չունինք:

Աւելի իրապաշտութեամբ. ինչո՞ւ չբանակցիլ ոչ թէ մէկ միլիոնի, այլ տասը, քսան եւ թերեւս աւելի միլիոններու, գումարած անժամանցելի ոճիրի միլիոններու անունով եւ անոնց ԻՐԱՒՈՒՆՔին  համար:

Պա՛րզ. ընթանալ ՄԷԿՈՒԹԵԱՄԲ` ԱԶԳԻ ՈՒՂԻՈՎ:

22 յուլիս 2023, Վիլլեր-սիւր-մեր

Նախորդը

Գետ-Գիտութեան. «Ինչպէ՞ս Կ՛աշխատի Մանրալիքային Փուռը» Եւ Ուրիշ Բաներ

Յաջորդը

Կառչինք Դաշնակցական Այն Սկզբունքներուն Եւ Գաղափարներուն, Որոնց Համար Զոհուեցան Լիզպոնի 5-ը*

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?