Սեպտեմբեր 2014:
Արցախ ռուց ինվեսթմընցի (ԱՌԻ) բաժնետէր սփիւռքահայ գործարարներ կ՛ուղեւորուին Արցախ` իրենց ծրագիրներու իրականացման ընթացքին ծանօթանալու, պաշտօնական հանդիպումներ ունենալու եւ «Արցախ ֆոնտ»-ի գործունէութեան հետեւելու: Պաշտօնական հանգամանքին բերումով անոնց ընկերակցող Միջին Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն դեսպան Կարօ Քեպապճեանին հրաւէրով եւ պնդումով կը միանամ խումբին:
Դէպի Արցախ ճամբուն գեղեցկութիւնը կլանիչ է եւ աննկարագրելի, պէտք է աչքով տեսնել զայն պարզապէս, բնութեան միաձուլուած գոյները ոչ միայն աչքդ կը լեցնեն, այլ կը թափանցեն սրտիդ խորերը, մտքիդ մէջ փոթորկումներ կը պատճառեն եւ ակամայ երազներուդ թռիչք կու տան:
Խումբը տարբեր վայրեր կարճ դադարներ կ՛առնէ, գրեթէ բոլորին ծանօթ եմ, որովհետեւ յաճախ ներկայ եղած եմ ԱՌԻ-ի նախաձեռնութիւններուն: Սակայն բոլորին մէջ ուշադրութիւնս կը գրաւէ շատ կոկիկ արտաքինով եւ մնայուն ժպիտով յատկանշուող մարդ մը, որուն ունեցած կորովն ու եռանդը բացայայտօրէն կը գերազանցեն բոլոր երիտասարդներուն աշխուժութեան: Իւրաքանչիւր կանգառի ան չի վրիպիր ուշադրութենէս, ակամայ աչքս կ՛ընկերակցի անոր, ականջ կու տամ անոր զրոյցներուն, որոնց առանցքը միշտ ազգային հարցերն են, Արցախը հզօրացնելու անհրաժեշտութիւնը, ոչ միայն նախաձեռնուած ծրագիրները անպայման իրենց լրումին հասցնելու հրամայականը, այլ նաեւ` նորերու ձեռնարկելու պնդումը:
Ուշադրութիւնս եւ հետաքրքրութիւնս գրաւած անձը ԱՌԻ-ի հիմնադիրներէն եւ անոր ներուժ ներարկող հիմնական երակներէն մէկը եղող Սուրէն Սարգիսեանն էր. ան կնոջը` Սոնիկին հետ կ՛ուղղուէր Արցախ, որ այնքա՜ն մօտ էր իր սրտին, որուն նկատմամբ որքա՜ն մեծ հաւատք ունէր ան:
Յստակ կը յիշեմ անոր արտայայտութիւնն ու հպարտութիւնը, ուրախութիւնն ու յուզումը, երբ հասանք Առիաւան, որ արդէն իսկ «միս ու ոսկոր» ստացած էր: Խումբը գլխաւորելով` մէկիկ մէկիկ մուտք գործեց տուները, զրուցեց բնակիչներուն հետ, ստուգեց կարիքները, ցուցմունքներ տուաւ շինարարներուն, ուշադրութեամբ հետեւեցաւ իւրաքանչիւր մանրամասնութեան, ապա, այս առիթով կազմակերպուած նախաձեռնութեան ընթացքին վճռականօրէն յայտարարեց, որ իրենք կը հաւատան այս գիւղի կարեւորութեան, ուստի իրենց ներդրումն ու աշխատանքը երբեք կանգ պիտի չառնեն: Այնքան խոր հաւատքով ու վճռակամութեամբ արտայայտուեցաւ Սուրէն Սարգիսեան, որ խորապէս յուզեց ներկաները, արժանացաւ բնակիչներուն բուռն ծափողջոյններուն եւ կորով ներշնչեց բոլորին:
Մտքիս մէջ Սուրէն Սարգիսեանէն մնացած այլ պատկեր մը կը պարզուի խումբին Քաշաթաղ տրուած այցելութեան ընթացքին: Երկար էր ճամբան եւ բաւական դժուար, սակայն բոլորն ալ վճռական էին հասնելու հոն, ուր «Արցախ ֆոնտ»-ի ներդրումով ծրագիրներ իրականութիւն դարձած էին: Բաւական տանջալի ուղի կտրելէ ետք հասանք Քաշաթաղ, ուր հիւրերը դիմաւորուեցան գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով մը, հիւրասիրութեամբ եւ ձեռարուեստի գործերու ու գիւղական արտադրութիւններու ցուցահանդէսով:
Յայտագիրին մասնակիցներուն մէջ կարմիր այտերով, խրոխտ ձայնով եւ կորովի շեշտով արտասանող տղեկ մը գրաւեց ուշադրութիւնը արդէն իսկ յուզուած Սուրէն Սարգիսեանին, որ չբաւարարուելով ուժգին ծափահարութիւններով` մօտեցաւ եւ գրկեց տղեկը` արցունքոտ աչքերով համբուրեց ճակատը եւ զայն ուժգին սեղմեց կուրծքին: Աւելի ուշ, երբ մտերիմ զրոյցի մը ընթացքին վերյիշեցուցի այդ դէպքը, որ օրին ազդեց բոլորիս վրայ, մանաւանդ որ ան երկար ատեն գրկած մնաց տղեկը, պրն. Սուրէն ըսաւ, որ այդ տղեկին մէջ տեսած է արցախեան գոյատեւումն ու պայքարը` հակառակ ապրուստի դժուար պայմաններուն, այդքան կորով ունենալու իրականութիւնը, երբ ամէնէն լաւ կենցաղը ունեցողներ կ՛ապրին յուսալքութեամբ եւ թուլութեամբ, գանգատով եւ դժգոհութեամբ:
Մտքիս ու սրտիս մէջ յատուկ տեղ գրաւած Սուրէն Սարգիսեանին աւելի մտերմանալու եւ զայն ճանչնալու առիթ պիտի ունենայի տարիներ ետք, երբ մեր ունեցած յաճախակի եւ երկարատեւ հանդիպումներուն ան մերթ ժպիտով, մերթ յուզումով, մերթ իր յիշողութիւններուն մէջ կորսուելով ու ինձմէ լրիւ անջատուելով` պիտի պատմէր իր կեանքին մասին, պաշտելի ծնողներուն, սիրելի եղբայրներուն, թանկագին կողակիցին, իր հպարտութեան ու ուժի աղբիւրը հանդիսացող զաւակներուն եւ իր սրտին հատորները եղող թոռներուն մասին: Տակաւին, պիտի արտայայտէր իր մտածումներն ու զգացումները հայութեան, հայրենիքին, Արցախին, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մասին, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր սրտին կապուած երակներուն մէջ յատուկ տեղ գրաւած եւ ուրոյն արժէք դարձած էր:
Սուրիա ծնած, հազիւ երիտասարդութեան դռները հասած, իր անձնական նախաձեռնութեամբ եւ ճիգով Լիբանան եկած, հոս ուսանած եւ իր գործը հիմնած Սուրէն Սարգիսեան կ՛ապրէր հայութեամբ, կը տագնապէր ազգը յուզող խնդիրներով ու դժուարութիւններով, մեծ հաւատք ունէր Արցախի նկատմամբ, իւրայատուկ սէր` Հայաստանին, սակայն իր ծննդավայր Հալէպն ու իր կեանքի մեծամասնութեան ականատես Պէյրութը միշտ առաջնահերթ տեղ կը գրաւէին անոր սրտին խորերը:
Իբրեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հաւատարիմ զաւակ` մինչեւ իր կեանքի աւարտը միշտ ալ ծառայած է եկեղեցւոյ` սերտ կապեր ունենալով եւ գործակցելով մեծաթիւ հոգեւորականներու հետ: 2013-էն եղած է անդամ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան, որուն քառամեայ ծառայութեան շրջանը աւարտելէ ետք, Արամ Ա. վեհափառ հօր թելադրութեամբ, կը նշանակուի Ազգային Կեդրոնական վարչութեան շահարկման յանձնախումբին անդամ:
Անոր կեանքին առանցքն ու հետաքրքրութեան հիմնական կիզակէտներէն մէկը Համազգայինն էր, որուն անդամակցած է 1966-ին, եւ որուն հաւատաւոր մէկ անդամը մնաց մինչեւ մահ: 2006-2014 շրջաններուն կ՛ընտրուի Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ: 24 փետրուար 2019-ին, Համազգայինի 90-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան մը ընթացքին կը պարգեւատրուի Համազգայինի շքանշանով` Համազգայինի երթին մէջ իր ունեցած աւելի քան 50 տարուան ծառայութեան համար: Համազգայինի նկատմամբ ունեցած սէրն ու հետաքրքրութիւնը զինք մղած էին անսակարկ նուիրումով ծառայելու այս միութեան` պաշտօնի վրայ ըլլար ան կամ քուլիսներու ետին:
Սուրէն Սարգիսեանի հովանաւորութեամբ, նիւթական եւ բարոյական ներդրումով ու աշխատանքով հայկական, յատկապէս լիբանանահայ իրականութեան մէջ կեանքի կոչուած են նաեւ տարբեր ծրագիրներ, կատարուած են ձեռնարկներ ու հանդիսութիւններ:
Սիրելի՛ պարոն Սուրէն,
Մտապատկերէս չի կրնար ջնջուիլ քու բծախնդրութիւնդ ամէն ինչի նկատմամբ` արտաքին տեսքէդ մինչեւ ներաշխարհիդ խորերը պահուած ամէնէն մանր երեւոյթի: Մեր իւրաքանչիւր հանդիպում պատգամ մը ունէր ինծի համար, յաճախ չէիր ուզեր խօսիլ անձնական տարբեր նիւթերու մասին, սակայն հարցումներուս տեղի տալով` կը սկսէիր պատմել, յուշերուդ մէջ թիավարել` բանալով սրտիդ բոլոր ծալքերը, նոյնիսկ մոռնալով ներկայութիւնս:
Ծնողներուդ նկատմամբ խոր ակնածանքդ, ընտանիքիդ նկատմամբ անսահման սէրդ միշտ կ՛ընդգծուէին կարմիրով, հայութեամբ, հայրենիքով, լիբանանահայութեամբ բաբախող սիրտդ լի էր բարիքով ու օգնելու պատրաստակամութեամբ:
Երախտապարտ եմ քեզի, սիրելի՛ պարոն Սուրէն, տեսական եւ գործնական բազում դասերուն եւ խորհուրդներուն համար, զորս ինծի փոխանցեցիր ակամայ` պարզապէս կեանքի քու մարտնչումներուդ եւ նուաճումներուդ մասին խօսելով: Շնորհակալ եմ գուրգուրանքիդ, ուշադրութեանդ եւ հոգածութեանդ համար, որոնք փոխանցեցիր այնքան բնական կերպով, որ կարծես հարազատ մը ըլլայի քեզի:
Ներէ, եթէ ակամայ հարցումներովս, յիշողութիւններդ թարմացնելու միտումովս, յաճախ յուզեցի քեզ, խռովեցի ներաշխարհդ, ժպիտներու կողքին, բաւական առատ արցունք պատճառեցի քեզի, բայց այս բոլորը, հաւանաբար, խաղաղեցուցին հոգիդ, եւ անոնց ընդմէջէն աւելի եւս կապուեցայ քեզի:
Քու առյաւէտ բաժանումովդ հայութիւնը ընդհանրապէս, իսկ լիբանանահայութիւնը յատկապէս, կորսնցուց ազգին ցաւերով տրոփող մեծ սրտի մը տէրը, հայրենիքով հպարտացող, Արցախով մտահոգուող, Համազգայինով եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեամբ ապրող ու արարող ՀԱՅ մը:
Պիտի չմոռնամ քեզ, պիտի պահեմ պատկերդ մտահորիզոնիս մէջ` Արցախէն Հայաստան ու Լիբանան:
Ննջէ հանգիստ, կեանքդ լեցուն էր նուաճումներով: