Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Լիզպոնի Հերոսներուն Ոգեկոչման Ձեռնարկներ
Միացեալ Նահանգներ
Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին, մասնակցութեամբ ՀԵԴ, ՀԵԴ Կլենտէյլի «Ռուբէն ուխտ» եւ «Շանթ» Ուսանողական միութեան, 23 յուլիսին Պրպենքի «Պէշիր Մարտիրոսեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Սրբազան խաչելութիւն» խորագիրը կրող ոգեկոչման ձեռնարկ` նուիրուած Լիզպոնի հինգ մարտիկներու սխրագործութեան 40-ամեակի յիշատակին:
Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցան տարբեր տեսերիզներ, ներառեալ` անհատական վկայութիւններ եւ պատմական արխիւներ: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անունով խօսք առաւ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, իսկ օրուան գլխաւոր բանախօսն էր հրապարակախօս Վաչէ Բրուտեան:
Կիպրոս
Նախագահութեամբ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի, նախաձեռնութեամբ Կիպրոսի ՀՅԴ կոմիտէին, 30 յուլիսին Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ ս. պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Լիզպոնի հինգ անձնազոհ հերոսներու` Սիմոն Եահնէեանի, Սարգիս Աբրահամեանի, Վաչէ Տաղլեանի, Արա Քըրճըլեանի եւ Սեդրակ Աճէմեանի յիշատակին, անոնց հերոսական արարքի 40-րդ տարելիցին առիթով: Պատարագեց եւ քարոզեց Նիկոսիոյ հովիւ Մոմիկ քհնյ. Հապէշեան:
Յունաստան
Նախագահութեամբ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան, 30 յուլիսին Քոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ-ոգեկոչում Լիզպոնի հինգ անձնազոհ հերոսներու յիշատակին:
Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ Քրիստոսին հետեւողը իր խաչը պիտի կրէ ամէն օր, աւելցնելով, որ Քրիստոսի հետեւիլ` կը նշանակէ ընդունիլ եւ ապրիլ Քրիստոսի ուսուցումներն ու պատուէրները, իսկ խաչ կրել` կը նշանակէ քաջութիւնը ունենալ եւ յարատեւել կեանքով ապրիլ Քրիստոսի պատուէրները, որ հիմնականին մէջ կ՛ենթադրէ ուրանալ իր անձը, իր եսը եւ ընդունիլ նաեւ ուրիշները: Սրբազանը ըսաւ, որ մարդկութեան պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան զարգացումը արդիւնքն է անձնազոհ մարդոց իրագործումներուն, աւելցնելով, որ անձնուրացութեան, անձնազոհութեան քրիստոնէական կենցաղի այս հաւատքը եւ սկզբունքը խորապէս արմատացած են հայ ժողովուրդի ազգային նկարագրին եւ հաւաքական գիտակցութեան մէջ, եւ անոր արտացոլացումներն են հայոց պատմութեան բոլոր ժամանակներուն յանուն ազգի գոյապայքարին մղուած հերոսական պատմակերտ սխրանքները:
Իր խօսքը մասնաւորելով Լիզպոնի հերոսական արարքին վրայ` սրբազան հայրը յայտնեց, որ հայ ժողովուրդի արդար Դատին եւ իրաւունքներուն համար բացուած բազմատեսակ եւ բազմաբնոյթ պայքարի ուղիին վրայ, 40 տարիներ առաջ Հայ դատի հետապնդման պայքարին զինուորագրուած հինգ երիտասարդ տղաներ Լիզպոնի մէջ ընդառաջեցին պարտականութեան կոչին: Անոնք իրենց յանձնառութեամբ շարունակեցին նոր օղակ դառնալ պատմութեան ընթացքին իրարու ագուցուած հերոսական նահատակութեանց շղթային: Սրբազանը շեշտեց, որ նահատակութեան ոգին ազգասիրութեան գերագոյն արտայայտութիւն է: Ամէն մարդ կրնայ հանգիստի եւ խաղաղ պայմաններուն մէջ հայրենասէր ըլլալ. հայրենասիրութիւնը վերացական գաղափար եւ զգացում է, եթէ կեանքով եւ արարքով չապացուցուի: Լիզպոնի տղոց անձնազոհութիւնը մէկ օրէն միւսը որոշուած պատահականութեան արդիւնք չէր, այլ գիտակցութեան արդիւնք էր, եւ գիտակցութիւնն ալ` դաստիարակութեան:
Սրբազանը հաստատեց, որ Լիզպոնի հինգ տղոց անձնազոհութեան ոգեկոչումը այսօր մեզի կը թելադրէ հետեւեալները. ա) Դաստիարակութիւնն է, որ կը պատրաստէ գիտակից, յանձնառու, անձնուէր, պատրաստ սերունդներ, բ) Սփիւռքի գոյատեւման եւ հայապահպանման համար կատարուած աշխատանքներուն նախագիծը ցոյց կու տայ, որ մեր գաղութներուն մէջ հիմնուած եկեղեցական թէ ազգային բոլոր կառոյցները գոյացած են որպէս խիստ անհրաժեշտութիւն, որպէսզի ապագայի կարողականութեամբ օժտուած նոր սերունդի ցորենի հատիկները ազգի անդաստանին պարարտ հողին մէջ աճին: Այդ պատճառով ալ ներկայիս ճիշդ պիտի չըլլայ այդ կառոյցներուն միջեւ նախընտրութիւններ եւ առաջնահերթութիւններ յառաջացնելու գործելակերպը: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը, անխտիր, իրեն յատուկ դերակատարութիւնը ունի, գ) Լիզպոնի հինգին անձնազոհութիւնը մեր պատմութեան միակ դէպքը չէ: Հերոսական դէպքերը մէկը միւսին ոգեւորող շարունակականութիւն են: Իւրաքանչիւր նահատակ հերոս իր սխրագործութեան մէջ յարատեւող կը մնայ, այնքան ատեն որ հաստատ համոզումը ունի, թէ պայքարի ճանապարհի վրայ ինք վերջինը չէ, իրմէ ետք շարունակողներ պիտի ըլլան: Հետեւաբար անոնց յիշատակը ոգեկոչել` կը նշանակէ յարգել եւ արժեւորել անոնց վաստակը, բայց մանաւանդ` ներկայ սերունդին անդրադարձնել, որ անոնց վաստակին արժէքը պայմանաւորուած կը մնայ` յաջորդներուն յանձնառու շարունակութեամբ:
Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը հաստատեց, որ առիթին թելադրող պատգամն է հայապահպանման համար անհրաժեշտ բոլոր տեսակի եւ բնոյթի աշխատանքներուն եւ պարտականութեանց անձնուիրաբար ընդառաջելու յանձնառութիւնը ունենալ:
ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան անունով խօսք առաւ Քարէն Գաւլաքեան: Ան նկատել տուաւ, որ 40 տարիներ անցած են այն օրէն, երբ հինգ երիտասարդ հայեր Լիզպոնի մէջ ուժական արարքով մը գրաւեցին թրքական դեսպանատունը` արդարութեան պահանջով եւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը աշխարհին յիշեցնելու համար, աւելցնելով, որ անոնք հոն ձգեցին իրենց վերջին շունչը, հերոսացան եւ անմահացան իրենց քաջութեամբ ու կեանքի զոհաբերութեամբ: Ան շեշտեց, որ Արա, Վաչէ, Սարգիս, Սիմոն եւ Սեդրակ անունները դրոշմուած կը մնան մեր միտքերուն մէջ, եւ հակառակ անոր որ մենք չենք ճանչցած զիրենք, հակառակ անոր որ տարիները կ՛անցնին, անոնք` իբրեւ հարազատ ընկերներ, կը ներշնչեն եւ կ՛ոգեւորեն մեզ, իրենց ըմբոստ ոգին կը վարակէ երիտասարդները` Հայ դատի պայքարի ճամբուն վրայ, մեր քարոզչական գործին մէջ եւ պահանջատիրական ելոյթներուն ընթացքին:
Գաւլաքեան շեշտեց, որ 40 տարի ետք մենք բոլորս պէտք ունինք Լիզպոնի տղոց զիջելու դասէն քիչ մը սորվելու, եթէ մենք այսօր չզիջինք, չներենք զիրար, ապա մեր անմիաբանութիւնը աւելի պիտի խորանայ, ու բնականաբար անմիաբանութեան աւարտը միայն փլուզումը կ՛ըլլայ, կը յուսամ, որ այդ փլուզումը կանգնեցնեն Լիզպոնի մէջ անշնչացած մեր անմահ հերոսները` իրենց զիջելու, ներելու, խոնարհելու պատգամով…
Սուրիա
«Արցախը Մեր Կիզակէտն Է» Խորագիրով Հանրային Լսարան
Արցախի ժողովուրդին դիմագրաւած տագնապին, Ազրպէյճանի յանցագործութիւններու էութեան հանրութիւնը իրազեկ դարձնելու ու Արցախին օժանդակելու միջոցներ որոնելու համար 21 յուլիսին, հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, նախաձեռնութեամբ Սուրիոյ Հայ դատի Կեդրոնական մարմինին (ՍՀԴԿՄ) «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախը մեր կիզակէտն է» խորագիրով հանրային լսարան:
Օրուան հանդիսավար, ՍՀԴԿՄ-ի անդամ Նաթալի Մատարիկեան յայտարարեց ձեռնարկին մեկնարկը, որմէ ետք ՍՀԴԿՄ-ի անդամ Սարին Գրիգորեան բացման իր խօսքով յայտնեց, որ Ազրպէյճան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` Արցախը հայաթափելու, բռնագրաւելու, արցախահայութիւնը ցեղասպանութեան ենթարկելու, սակայն 44-օրեայ պատերազմի արհաւիրքը ապրած Արցախի ժողովուրդը կը շարունակէ դիմադրել` այս անգամ ալ դէմ դնելով անմարդկային շրջափակումին ու կենաց մահու կռիւ մղելով` ամբողջ աշխարհին արդարութեան հաստատման կոչ կ՛ուղղէ, սակայն մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար յառաջացած կազմակերպութիւնները գործնական ոչ մէկ միջամտութիւն կ՛ընեն, այլ պարզապէս բերանացի կոչերով իրենց պարտքը կատարած կը սեպեն` գերադասելով իրենց քաղաքական կամ տնտեսական շահերը: Գրիգորեան շեշտեց, որ սուրիահայութիւնը զօրավիգ կը կանգնի Արցախի ժողովուրդին ու կոչ կ՛ուղղէ միջազգային ընտանիքին` վերջ տալու Ազրպէյճանի կողմէ 8 ամիսէ ի վեր շարունակուող Բերձորի միջանցքի` կեանքի ճանապարհի, շրջափակման ու անոր հետեւանքով ստեղծուած մարդկային աղէտին:
Օրուան առաջին զեկուցաբերն էր պատմական գիտութիւններու թեկնածու, Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Լեռնիկ Յովհաննէսեանը` որ Արցախէն առցանց միանալով` ներկայացուց` Արցախի շրջափակման մանրամասնութիւնները եւ շրջափակման պատճառով Արցախի տնտեսութեան եւ ընկերային կեանքին կրած վնասները, գործազրկութեան աճող համեմատութիւնը, սնունդի, դեղորայքի եւ յատկապէս առողջապահութեան ոլորտէն ներս ստեղծուած սուր տագնապը, մարդոց տեղաշարժի եւ ապրանքներու փոխանակման տոկոսներուն կտրուկ նուազումը եւ այլն: Ան շեշտեց, որ Ազրպէյճանի անմարդկային այս արարքներուն դիմաց Արցախի ժողովուրդը կը շարունակէ տոկալ ու պահպանել իր հայրենիքը, սակայն անհրաժեշտ համահայկական զօրակցութիւնը չի շօշափեր: Զօրակցական կոչերը բաւարար չեն, դիտել տուաւ ան, հարկ է տարբեր երկիրներու դեսպանատուներուն դիմաց բողոքի ցոյցերով ձայն բարձրացնել, մղել միջազգային ընտանիքը ցեղասպանութեան կանխարգիլման գործնական քայլերու: Ապա աւելցնելով` ըսաւ, որ Արցախի ժողովուրդը զրկուած է ապրելու եւ գոյատեւելու կենսական պայմաններէն:
Յովհաննէսեան այնուհետեւ պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին ռուս խաղաղապահներու եւ Հայաստանի դերին: Զեկուցաբերը նաեւ անդրադարձաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի վերջին նիստին հնչած կոչին, ուր յստակօրէն ներկայացուած են Արցախի ժողովուրդին տագնապն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու միջազգային ընտանիքէն պահանջը:
Երկրորդ զեկուցաբերն էր իրաւաբան, միջազգային օրէնքի եւ մարդկային իրաւանց մասնագէտ դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան, որ առցանց միացաւ Լիզպոնէն:
Իր զեկոյցի առաջին բաժինով ան մանրամասնօրէն ներկայացուց, թէ դեկտեմբեր 2022-էն սկսեալ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման պատճառով ինչպիսի՛ մարդկային իրաւանց խախտումներ արձանագրուած են: Իսկ երկրորդ բաժինով անդրադարձաւ միջազգային օրէնքի լոյսին տակ այն հնարաւոր միջոցներուն կամ հարթակներուն, որոնց դիմելով` կարելի է վերջ տալ շրջափակման, կամ գէթ փորձել ճնշում բանեցնել Ազրպէյճանի վրայ: Ան ներկայացնելով այս բոլորը` ըսաւ, որ միշտ ի մտի պէտք է ունենալ, որ համաշխարհային քաղաքակրթութիւնը չէ հասած զարգացման այն մակարդակին, ուր իրաւունքի ուժը կրնայ գերիշխել ուժի իրաւունքին, աւելցնելով, որ պէտք չէ յուսահատիլ ի տես քաղաքական ու տնտեսական շահերէ առաջնորդուող ղեկավարներու, այլ միշտ պէտք է աշխատիլ` հասնելու արդարութեան ու բարձրաձայնել մարդկային իրաւանց եւ օրէնքի բոլոր խախտումներուն մասին, որպէսզի երբ պատեհ առիթը ներկայանայ, յանցագործը պատասխան տայ, ու արդարութիւնը հաստատուի:
Ապա Յակոբճեան եւս պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն եւ ներկաները իրազեկ դարձուց Ազրպէյճանը դատապարտող արդարադատութեան միջազգային դատարանի եւ այլ ատեաններու բանաձեւերուն ու շրջափակման վերացումը պահանջող կոչերուն:
Շնորհահանդէս-Գինեձօն` Քեսապցի Աշուղ Ժիրայր Թրթռեանի «Քեսապի Կեանքէն Դրուագներ Եւ Տաղեր» Գիրքին
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, 9 յուլիսին «Սահակեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ժիրայր Թրթռեանի «Քեսապի կեանքէն դրուագներ եւ տաղեր» գիրքին շնորհահանդէսը:
Յայտագիրը սկիզբ առաւ զոյգ հայրենիքներուն քայլերգներով, ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի ատենապետ Արա Քէշիշեան:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Ալիք Լնդեան եւ Նարեկ Քէշիշեան, որոնք Քեսապի բարբառով արտասանեցին «Շուօր Շէրի» կտորը` նուագի ընկերակցութեամբ Արփի Քորթմոսեանի: Յովիկ Դանելեան մեներգեց «Հուգէն իրիս մուտոր» քեսապերէն երգը, Մեղրի Մալաթջալեան կարդաց նոր լոյս տեսած գիրքէն «Արամ ամմին» դրուագը, իսկ խումբ մը կամաւոր մշակութասէրներ ներկայացուցին հեղինակին ստեղծագործութիւններէն երեք երգեր:
Վարչութեան անդամ Ալիս Սուլեան-Թրթռեան ներկայացուց Ժիրայր Թրթռեանի կենսագրական գիծերը, իսկ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամ Սօսի Կարճիկեան ներկայացուց «Քեսապի կեանքէն դրուագներ եւ տաղեր» գիրքը:
Այնուհետեւ Քեսապի աշուղ Ժիրայր Թրթռեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ներկաներուն, որմէ ետք Արա Քէշիշեան յուշանուէր մը յանձնեց հեղինակին` իր նուիրումին ու բոլորանուէր հրատարակութեան համար:
Աւարտին տեղի ունեցաւ գինեձօնի աւանդական արարողութիւնը, որմէ ետք գիւղի հովիւները յայտնեցին իրենց շնորհաւորութիւնները, արտասանեցին իրենց ողջոյնի խօսքերը, ապա «Պահպանիչ»-ով փակեցին օրուան հանդիսութիւնը:
Քանատա
Պատուոյ Գիր` Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեանին
10 յուլիսին Քեմպրիճի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ Քանատայի խորհրդարանի անդամ Պրայն Մէյ Գեղարդ ծ. վրդ. Քիւսպէկեանը արժանացուց Մեծն Բրիտանիոյ «Էլիզապէթ Բ. թագուհի»-ի յոբելենական շքանշան-պատուոյ գիրին: Այսպիսով, Քանատայի հայոց թեմի արխիւներուն մէջ, հայր սուրբը դարձաւ անդրանիկ հոգեւորականը, որ արժանացաւ սոյն պատուոյ գիրին` համայնքին տածած իր տարիներու ծառայութեան որպէս խորհրդանիշ:
Գեղարդ ծ. վրդ. Քիւսպէկեան Քանատայի հայոց թեմէն ներս կը ծառայէ 2009 թուականէն ի վեր: Ան ստացած է մագիստրոսի վկայականը 2016 թուականին` ՄըքՄասթըր աստուածաբանական համալսարանէն: Իր ծառայութեան տարիներուն, նշանակուած է առաջնորդական փոխանորդ, Ազգային առաջնորդարանի քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ երիտասարդական բաժանմունքներու վարիչ, ինչպէս նաեւ հովուական ծառայութիւն կատարած է Սենթ Քաթրինզի, Թորոնթոյի եւ Քեմպրիճի մէջ: Այժմ ան ատենապետն է Կրօնական ժողովին, կը դասաւանդէ սուրբգրային նիւթեր Ազգային առաջնորդարանի քահանայից պատրաստութեան թեկնածուներուն, ինչպէս նաեւ` թեմէն ներս ծառայութեան կոչուած նորընծայ եկեղեցականներուն եւ հովիւն է Քեմպրիճի Ս. Նշան եկեղեցւոյ:
Յունաստան
Յունաստանի ՀԿ Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը Դիմեց Յունական Կարմիր Խաչին` Արցախի Շրջափակման Հարցով
Ահազանգող էր Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի 13 յուլիսի յայտարարութիւնը, որ ան կ՛եզրափակէր` ըսելով. «Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէէն կը պահանջեմ սեղմել մարդիկը ցեղասպանելու վտանգի ահազանգի կարմիր կոճակը: Իմ ժողովուրդս մատնուած է յանցաւոր անտարբերութեան բոլորին կողմէ: Արցախի մէջ իրավիճակը օրհասական է»:
ՀԿ Խաչի Շրջանային վարչութիւնը իր ձայնը միացնելով Արցախի համաժողովրդային հաւաքին հնչած կոչին` որոշեց եւ անմիջապէս հանդիպում պահանջեց յունական Կարմիր խաչի վարչութեան ատենապետին հետ` նամակով իրազեկ դարձնելու համար զինք Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման աւերիչ հետեւանքներուն մասին եւ խնդրելով որ ան կազմակերպչական ներքին խողովակով դիմէ Միջազգային կարմիր խաչի կոմիտէին, որպէսզի ցեղասպանութեան վտանգի ահազանգը տրուի արցախահայութեան համար:
Առ ի պատասխան` վարչութիւնը ստացաւ նամակ մը ՅԿԽ-ի ատենապետ տոքթ. Ա. Աւղերինոսի ստորագրութեամբ, որով ան իր զօրակցութիւնը կը յայտնէր ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին, կը հաստատէր, որ Կարմիր խաչի առաքելութիւնն է մարդասիրական օգնութիւն հասցնել, հոն ուր որ կարիքը կայ, եւ կը վստահեցնէր վարչութեան, որ պիտի դիմէ Միջազգային կարմիր խաչի կարմիր մահիկի պատկան մարմինին` ՀԿ Խաչի ներկայացուցած խնդիրով:
Իրաք
Եզիտիներու Պատուիրակութեան Այցը Առաջնորդարան
Իրաք գտնուելու առիթով, 21 յուլիսին առաջնորդարան այցելեց Հայաստանի Եզիտիներու ազգային միութեան նախագահ Խըտըր Հաջոյեանը` ընկերակցութեամբ Եւրոպայի եզիտիներու ներկայացուցիչ Հաջի Կասոյի, Եզիտխան հեռուստաընկերութեան հիմնադիր եւ տնօրէն` շէյխ Պարզան Տահլոյի եւ Փոքրամասնութիւններու տեղեկատուական միջազգային միութեան նախագահ Մահմուտ Մենտիլի եւ հանդիպում ունեցաւ թեմի առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեանի հետ:
Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Կարապետ Գալուստեան: