Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Օգոստոս 2, 2023
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Երեւանի Մէջ Կայացաւ Լիզպոնի Գործողութեան 40-Ամեակին Նուիրուած Յիշատակի Ձեռնարկ

Պատանի հանդիսատեսի թատրոնին մէջ յուլիս 27-ին տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 40-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկ, որուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ ժապաւէն մը` նուիրուած հինգ նահատակ հերոսներու յիշատակին:

Հանդիսութեան ընթացքին խօսքեր արտասանեցին` ՀՅԴ անդամ Սիմոն Գաֆալեանը, ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեանը, ՀՅԴ ՀԵՄ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Սեւակ Նազարեանը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի համաշխարհային պատմութեան ամպիոնի վարիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Խաչատուր Ստեփանեանը:

Խ. Ստեփանեան իր խօսքին մէջ նշեց. «Այսօրուան առիթը քիչ մը այլ է: Բայց իրադարձութիւնը, գործողութիւնը, որուն 40-ամեակը կը նշենք այսօր, թէեւ ազդեցութեան ծաւալով թերեւս համեմատելի չէ Սարդարապատի եւ Շուշիի հետ, բայց մեր հաւաքական պայքարը իմաստաւորելու առումով, իւրայատուկ օրինակ հանդիսացած է 40 տարի շարունակ:

Հայոց ցեղասպանութէնէն մազապուրծ ազատած եւ Լիբանան ապաստանած ընտանիքներու մէջ ծնած հինգ հայ երիտասարդներ` Վաչէն, Արան, Սեդրակը, Սիմոնը, Սարգիսը, որոնք երբեք չէին տեսած հայրենի հողը, բայց իրենց կեանքը արդէն իմաստաւորած էին հայրենիքով, սեփական անձը զոհելու գնով ոչ միայն փորձ կատարեցին աշխարհի անտարբեր հայեացքը գամել մեր դատին վրայ, այլեւ ճամբայ ցոյց տուին հետագայ պայքարին եւ սերունդները կոչեցին նոր մարտնչումի: Անոնք իրենց իմաստաւորուած կեանքով իմաստաւորեցին շատերու կեանքը»:

Ստեփանեան մասնաւորապէս քանի մը կէտերով մատնանշեց այն խորհուրդը, որ 40 տարի անց Լիզպոնի սխրանքը կը փոխանցէ մեզի:

«Առաջինը անշուշտ բարոյական-դաստիարակչականն է: 40 տարի շարունակ քանի՜ քանի՛ սերունդներ դաստիարակուած են Լիզպոնի սխրանքով. առաքինի, նուիրական, պատրաստ անձնազոհութեան` յանուն հայրենիքի, սեփական ժողովուրդի: Այս մենք տեսած ենք թէ՛ սփիւռքի մէջ` Հայ դատը հետապնդելու, համայնքի անվտանգութիւնը, հայեցիութիւնը պաշտպանելու, թէ՛ հայրենիքի մէջ` պետական անկախութիւն կերտելու, Արցախը ազատագրելու ժամանակ:

Լիզպոնի պոռթկումը փշրեց կեղծ իրապաշտական սոփեստութեան առասպելը, թէ մենք թոյլ եւ փոքր ածու ենք, այլեւս չենք կրնար յիշատակութեան արժանի գործեր ձգել: Լիզպոնի պոռթկումը մեզ կը յուշէ, որ որեւէ իրապաշտութիւն իր մէջ սխրագործութիւն կը պարունակէ: Իրապաշտը նաեւ համարձակն է, չվախցողը, աննկուն պայքարողը: Ահա ա՛յս է Լիզպոնի սխրանքի միւս խորհուրդը:

Պէտք է աշխարհին լսելի դարձնել մեր ցաւը: Կոտրել մեքենայութիւններու թափը: Անակնկալ փաստի առջեւ կանգնեցնել բոլորը: Ըմբոստանալ, երբ կ՛ոտնահարեն մեր իրաւունքները, երբ կ՛ոտնահարուի արդարութիւնը, միջազգային իրաւունքը: Լուռ ակնդէտ չըլլալ աշխարհի մեծերու անտարբերութեան: Չհամակերպիլ մեզի պարտադրուած ճակատագրին: Այս Լիզպոնի տղաներուն յաջորդ խորհուրդն է:

Լիզպոնի յանդգնութիւնը լկտի թշնամին, դաւադիր ոսոխին վախի մէջ պահելու գործողութիւն էր: Երբեք հանգիստ չձգել թշնամին: Այս խորհուրդը եւս Լիզպոնէն յառաջացաւ:

Այսօր փոխուած իրավիճակի առջեւ կանգնած ենք. պետութեան խոցելի անվտանգութիւն, մեծ մասով բռնագրաւուած եւ շրջափակուած Արցախ, հասարակական համընդհանուր բարոյալքում եւ անտարբերութիւն: Ազգային-ազատագրական պայքարը անխուսափելի է, թերեւս պէտք է փոխել կամ սրբագրել մեթոտները, բայց պայքարի գաղափարական իմաստաւորումն ու յաղթանակի ռազմավարութեան իրագործումը անկարելի է` առանց այս խորհուրդներուն», եզրափակեց Խ. Ստեփանեան:

Հաղորդենք, որ ձեռնարկը ուղեկցուեցաւ նաեւ գեղարուեստական կատարումներով:

Մարտունիի ՀՅԴ Պատանեկան Ճամբարին Փակման Արարողութիւնը Նուիրուեցաւ Լիզպոն 5-ի Գործողութեան 40-Ամեակին

Մարտունիի ՀՅԴ պատանեկան ճամբարին փակման արարողութեան պատանիները իրենց ծնողներուն եւ հիւրերուն ներկայացուցին երկու շաբաթներու ընթացքին իրենց սորվածը: Հնչեցին Լիզպոնի նահատակ հերոսներու խօսքերէն, անոնց նուիրուած բանաստեղծութիւններէն ու երգերէն, իսկ ծրագրի 2-րդ մասը նուիրուած էր Հայաստանին ու Արցախին: Պատանիները ներկայացուցին Արցախի ու Հայաստանի մասին երգեր, բանաստեղծութիւններ, պարեցին ազգային պարեր:

Պատանիները ճամբարը աւարտեցին` իրենց մայր հողին վրայ խաղաղ ապրելու մանկական երազին մասին բարձրաձայնելով ու Արցախը ամուր պահելու իրենց հաւատքը վերահաստատելով:

Աւարտին խօսքեր արտասանեցին ՀՅԴ Մարտունի կոմիտէութեան անդամ, հայրենադարձ Շանթ Չարշաֆճեանը եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահագն Խաչատրեանը, որմէ ետք յայտարարուեցան ճամբարի յաղթող խումբն ու ամէնէն աշխուժ մասնակիցները, որոնց յանձնուեցան պատուոյ գիրեր ու նուէրներ:

Շանթ Չարշաֆճեան նշեց, որ ՀՅԴ կուսակցութեան մէջ սովորութիւն չկայ իրարու շնորհակալութիւն յայտնելու, ուստի կազմակերպիչներուն ըսաւ. «Ձեր վարձքը կատար, յաճախակի՛ եկէք Մարտունի եւ նմանատիպ ծրագիրներ կեանքի կոչեցէք: Կ՛ուզէի շնորհակալութիւն յայտնել ծնողներուն: 2,5 տարի է, որ կ՛ապրիմ Մարտունիի մէջ, ծանօթացայ բոլորին եւ տեսայ, թէ ինչպիսի՛ լաւ դաստիարակութիւն ունին ձեր զաւակները: Այս 2 շաբաթներու ընթացքին աւելի համոզուեցայ անով ու տեսայ, թէ ինչպիսի տաղանդաւոր երեխաներ կան այստեղ», նշեց Շ. Չարշաֆճեան:

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահագն Խաչատրեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ յատկապէս ծնողներուն, որոնք այս անորոշ օրերուն իրենց զաւակները վստահեցան մեզի: Այս երկու շաբաթներու ընթացքին պատանիներուն հետ միասին մենք կրցանք սորվիլ ազգային երգեր ու պարեր, ունենալ դասախօսութիւններ, արշաւներ եւ այլն: Յոյսով ենք` մեր այս փոքրիկ քայլով կրցանք որոշակի չափով ուրախութիւն մտցնել պատանիներուն առօրեային մէջ: Այս դժուարին պայմաններուն մէջ այս նուազագոյնն էր, որ կրցանք իրականացնել իրենց համար», ըսաւ Վ. Խաչատրեան:

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Համաարցախեան Երկրորդ Բանակումը

Յուլիս 23-28 Ստեփանակերտի «Կարկառ» ճամբարի տարածքին կայացաւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան համաարցախեան երկրորդ բանակումը: Համաարցախեան առաջին բանակումը կազմակերպուած էր մասնաճիւղի բացումը կատարուած տարին` 2019 թուականին: Անկէ ետք «Քորոնա»-ի, այնուհետեւ 44-օրեայ պատերազմի պատճառով աշխատանքները յետաձգուեցան:

ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի ատենապետ Դաւիթ Գրիգորեանի խօսքով, այս պայմաններուն մէջ բանակումի կազմակերպումը մեծ մարտահրաւէր է, սակայն առողջ դաստիարակութիւնը, կրթութիւնը պէտք չէ տուժեն` անկախ պայմաններէն: «Նախքան բանակումը` 25 հոգինոց խմբապետական կազմը պատրաստելու աշխատանքներ ընթացան: Բանակումին Ստեփանակերտի դպրոցներէն չորսական տղայ ու աղջիկ ընդգրկեցինք, նախատեսած էինք 96 նորագիր ու խմբապետական կազմ, բայց առաջին օրը 125  մասնակիցներ կային: Երկու օր յետոյ մօտաւորապէս 40-ը լքեցին ճամբարը` դժուար պայմաններու, հարազատներու կարօտի պատճառով, այժմ 100 մասնակից կայ», ըսաւ ան:

ՀՄԸՄ-ի նպատակը միտքն ու մարմինը մարզելն է, մեր ճամբարները շէնքերու մէջ չեն ըլլար, այլ կը կազմակերպուին վրանային պայմաններու մէջ` բնութեան գիրկը: Այս մասին նշեց ճամբարի պետ Անդրանիկ Չաւուշեանը: Ան շարունակեց` ըսելով. «Խանգարող հանգամանքներ կային, բայց կրցանք զանոնք յաղթահարել: Ժամանակի սղութեան ու տեղատարափ անձրեւներու պատճառով որոշ նախատեսուած ծրագիրներ չկրցանք իրագործել: Տարբեր դպրոցներու աշակերտներու տարբեր խումբերու մէջ ընդգրկեցինք, կրցանք համախմբել, ծանօթացնել իրարու հետ», յայտնեց ճամբարին պետը:

Բանակումին նիւթապէս աջակցեցաւ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը, ծախսերուն միւս մասն ալ հոգաց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը:

Բանակումին նպատակը պատանիները գործնականօրէն սկաուտական աշխատանքներուն ծանօթացնելն էր, սկաուտական նոր խումբեր պատրաստելը եւ բնութեան աւելի մօտ դարձնելը:

Բանակումին, ինչպէս նշեցին կազմակերպիչները, ամէնէն մեծ հարցը սնունդի հետ կապուած էր, որուն պատճառով ստիպուած շաբաթ մը յետաձգած են ծրագիրը` տեղական բանջարեղէնի եղանակին հասնելու համար: Նոյնպէս բանակավայրը ընտրած են Ստեփանակերտի մօտիկ վայր մը, որպէսզի կարելի ըլլայ սնունդը հասցնել, ինչպէս նաեւ` հիւանդանոցին մօտ ըլլալ: Բանակումին մասնակցեցան 11-12 տարեկան պատանիներ: Անոնք նշեցին, որ այս օրերու ընթացքին աւելի կարգապահ եւ կազմակերպուած դարձան, աւելի լաւ սկսան ճանչնալ բնութիւնը, ու բանակումը կը մնայ իբրեւ լուսաւոր դրուագ:

Բանակումի փակման արարողութեան ժամանակ մասնակիցները հանդէս եկան մարզական, գեղարուեստական ելոյթներով, աշխուժութիւն ցուցաբերած սկաուտները պարգեւատրուեցան պատուոյ գիրերով եւ շնորհակալագրերով, իսկ երեկոն եզրափակուեցաւ խարոյկին շուրջ հաճելի ժամանցով:

«Հայոց Ցեղասպանութեան Թեմայի Ուսուցում» 5-րդ Ամառնային Դպրոց Ուսուցիչներու Համար

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաժողովներու սրահին մէջ կայացաւ հայոց պատմութիւն դասաւանդող ուսուցիչներու համար մշակուած «Հայոց ցեղասպանութեան թեմայի ուսուցում» եռօրեայ ամառնային դպրոցը, որ այս տարի իրականացուեցաւ The Genocide Education Project (GenEd) ծրագրին հետ միասին:

Ամառնային դպրոցին մասնակցեցան հայոց պատմութիւն դասաւանդող աւելի քան 30 ուսուցիչներ` Երեւանէն եւ մարզերէն:

Առաջին օրը հանդէս եկան` Յարութիւն Մարութեանը, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն` «Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդման հիմնական հարցերը արժէքային կողմնորոշումներու համաթեքսթին մէջ», Ռոքսան Մաքասջեանը` GenEd ծրագրի եւ կայքի համահիմնադիր, գործադիր տնօրէն` «Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդում. դիտարկումներ, մօտեցումներ, մեթոտներ», Սուրէն Մանուկեանը` Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի համեմատական ցեղասպանագիտութեան բաժինի վարիչ` «Համաթեքսթի կարեւորութիւնը պատմութեան ուսումնասիրութեան համար. Հայոց ցեղասպանութեան նախադրեալները եւ պատճառները», Ռոպերթ Թաթոյեանը` Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի յուշագրութիւններու, վաւերագիրներու եւ մամուլի ուսումնասիրութեան բաժինի աւագ գիտաշխատող` «Հայոց ցեղասպանութիւնը թիւերու լեզուով», Ինեսա Ստեփանեանը` Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի կրթական ծրագիրներու պատասխանատու` «Վերապրողներու յուշերն ու վկայութիւնները` իբրեւ ցեղասպանութեան թեմայի դասաւանդման կարեւոր աղբիւր» նիւթերով:

Թրքական Մամուլին Մէջ Բացայայտօրէն Խօսուեցաւ Անիի Հայկական Ըլլալու Մասին

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուած միջնադարեան հայկական քաղաքամայր Անին հերթական անգամ յայտնուեցաւ թրքական մամուլի ուշադրութեան կիզակէտին: Այս մասին գրած է ermenihaber-ը:

«Son Dakika»  լրատուական կայքին մէջ հրապարակուած յօդուածով մը Անին ներկայացուած է` իբրեւ «Քաղաքակրթութիւններու օրրան», «Խաղաղութեան քաղաք», «Հազար եկեղեցիներու քաղաք» եւ «Քառասուն դարպասներու քաղաք»: Նշուած է, որ Անին իր պատմական ճարտարապետական գեղեցկութեամբ գրաւած է ինչպէս տեղացի, այնպէս ալ արտասահմանցի զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութիւնը:

Ուշագրաւ է, որ յօդուածին մէջ բացայայտօրէն խօսուած է Անիի հայկական ըլլալու մասին: Տրուած է հետեւեալ ձեւակերպումը. «Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանին գտնուող Անին 961-1045 թուականներուն ծառայած է իբրեւ հայ տիրակալներու մայրաքաղաք»:

2012 թուականին Անին ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան միջանկեալ ցանկին մէջ, իսկ 2016 թուականին ներառուած է Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ:

Յօդուածին մէջ տեղ գտած են նաեւ թուրք այցելուներու մեկնաբանութիւնները: Անգարայէն եկած զբօսաշրջիկ մը ըսած է. «Ես եկած եմ Անգարայէն, առաջին անգամն է, որ կը գտնուիմ այստեղ, հիանալի վայր է, բոլորին խորհուրդ կու տամ գալ այստեղ»:

Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բաժնող½ Ախուրեան (թուրք` Արփաչա) գետի արեւմտեան ափին գտնուող Անին, ըստ թրքական կայքի հրապարակման, նախապէս եղած է ռազմական խիստ արգելքի գօտի, եւ ոչ ոք այնտեղ այցելելու կարելիութիւն ունեցած է: Արգելքի վերացումէն ետք Անին գրաւած է ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը` դառնալով զբօսաշրջական այցելութիւններու գլխաւոր առիթը:

Թրքական մամուլը անդրադարձած է Անիի աւերակներուն, յօդուածին մէջ խօսուած է Անիի հայկական ըլլալու մասին:

Արցախի Մէջ Տարբեր Ոլորտներու Վերակերտման Պահանջը Անյետաձգելի Է

Բարդ ժամանակներու թելադրանքը նոր կենսակերպի կարելիութիւն է: Արցախի մէջ տարբեր ոլորտներու վերակերտման պահանջը անյետաձգելի է: Առաջնորդուելով այս հրամայականով` «Արցախի անվտանգութեան եւ զարգացման ճակատը» կ՛ազդարարէ եւս մէկ մեծ նախագիծի մասին:

Շարժումը կարեւոր նկատեց սերունդներու առջեւ պատասխանատուութիւնը, համախմբման գաղափարն ու հոգեւոր արժէքներու պահպանումը եւ անկախ ամէն ինչէն` իր բոլոր ուժերը կը կեդրոնացնէ անոր շուրջ:

Մեր առաջնահերթութիւններու համաթեքսթին մէջ պիտի մշակուի եւ յառաջիկային կեանքի  պիտի կոչուի բարերար Ռուբէն Վարդանեանի եւ Արցախի թեմի առաջնորդութեամբ «Յակոբավանք վանական համալիրի վերածնունդ» ծրագիրը, որ կը նպատակադրէ ո՛չ միայն վերակերտել մեր փառահեղ հոգեւոր կոթողներէն եւս մէկը, այլ նաեւ, զուգահեռ անհրաժեշտութեամբ, ստանձնել կրթական հաստատութեան բարեփոխման, մարդոց հանրօգուտ աշխատանքի մէջ ներգրաւելու եւ աշխատավարձով ապահովելու, գիւղական կենցաղային պայմանները բարելաւելու առաքելութիւն:

Վանքի վերականգնման ու վերանորոգման աշխատանքներու մեկնարկը խորհրդանշական ձեռնարկով տրուեցաւ յուլիս 28-ին: Երկարաժամկէտ տեւողութեան ծրագրին մասնակցիլ կրնան` գաղափարը կիսող ճարտարապետ-վերականգնողներ, վերանորոգողներ, շինարարներ, քարտաշ վարպետներ, աշխատանքային հիմունքներով մասնագէտներ ու կամաւորներ:

Կատարուելիք աշխատանքներու կազմակերպական պատասխանատուութիւնը ստանձնեց հանրային շարժումը` ապահովելով կեցութեան հարցը:

Այս մասին տեղեկացուց Արցախի անվտանգութեան եւ զարգացման ճակատը:

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ Եւ Ագուլեցոց Ու Մեղրեցոց Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցիները

Յաջորդը

«Հայաքուէ»

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 30, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 9, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?