ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Շուշի ռուսական տիրապետութեան հաստատումէն ետք արագօրէն բարգաւաճեցաւ: Քաղաքին յատակագիծը պատրաստուեցաւ 1837¬ին եւ այդ հիմամբ Շուշի ընդարձակուեցաւ: Հետագային, 1855¬ի յատակագիծով քաղաքը աւելի ընդարձակուեցաւ ու բարեկարգուեցաւ:
Շուշիի պարծանքը իր գեղակերտ եկեղեցիներն են: Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչը մայր տաճարն էր: Ագուլեցոց Սուրբ Աստուածածինը, նախքան Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ կառուցումը եղած էր մայր տաճար: Ագուլեցոց եկեղեցիէն ետք կառուցուած էր Մեղրեցոց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին:
* * *
Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ մայր տաճարը, Շուշիի կեդրոնական գօտիին մէջ, կառուցուած է սրբատաշ կրաքարով` խաչաձեւ չորս սիւներու վրայ, հոյակերտ եւ բարձրաշէն, լուսաւոր եւ փառահեղ: Ունի երեք դուռ` արեւմտեան, հիւսիսային եւ հարաւային: Երկու փոքր խորաններուն վրայ կան եւս երկու խորաններ: Փայտեայ եւ ոսկեզօծ խաչկալը նուիրած են Ժամհարեան եղբայրները: Դուռերուն վրայ կառուցուած է հոյակերտ սրահ:
Եկեղեցւոյ արեւմտեան գաւիթին ճակատը քարաշէն աղօթող Փրկիչի պատկերն է: Արեւմտեան գագաթին վրայ Փրկիչն է` խաչափայտը բռնած, հիւսիսային գագաթին վրայ կանգնած է Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ, արեւելեան գագաթին վրայ խաչափայտն է, իսկ հարաւային գագաթին վրայ կ՛իջնէ Սուրբ հոգին Աստուած:
Արեւմտեան գաւիթին հիւսիսային կողմը Անդրէաս արքեպիսկոպոսին գերեզմանն է. տապանաքարին վրայ քանդակուած է թագէ գաւազան, եւ արձանագրուած. «Վիճակաւոր առաջնորդ թեմին հայոց Արցախոյ Անդրէաս արքեպիսկոպոս Պօլսեցի վախճանեալ է 8 Սեպտեմբեր 1882 ամի ի հասակի 48 ամաց»:
Եկեղեցւոյ արեւմտեան կողմը, քանի մը մեթր անդին զանգակատունն է: Մուտքին վրայ փողեր բռնած հրեշտակներու արձաններ են: Զանգակատունը կառուցել տուած է Աբրահամ Խանդամիրեան: Եկեղեցւոյ հարաւային դրան վրայ արձանագրուած է:
«Շնորհիւ եւ ողորմութեամբ ամենազօրին Աստուծոյ կառուցաւ հրաշակերտ սուրբ տաճարս արդեամբ եւ տրօք բարեպաշտօն ժողովրդականաց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ Ղազանչեցոց Շուշի քաղաքի, որոյ շինութիւնն սկսեալ ի 1868 ամի յաւուր. թագաւորութեան աստուածազօր ինքնակալ մեծ կայսեր ամենայն ռուսաց Աղէքսանդրի Բ.ի եւ ի հայրապետութեան Գէորգայ Դ.¬ի, աւարտեցաւ ի 1887 ամի ի թագաւորութեան որդւոյ նորին օրհնաբանեալ կայսեր Աղէքսանդր Գ.ի եւ ի կաթողիկոսութեան Մակարայ Ա.նոյ` ի 20 Սեպտեմբերի 1888 ամի»:
Սուրբ Ամենափրկիչ մայր տաճարին մէջ պահպանուած էին ձեռագիր աւետարաններ եւ մասունքներ:
Մագաղաթեայ Աւետարաններէն մէկը, ոսկեզօծ պատկերներով, ընդօրինակուած էր Խրիմի մէջ: Յիշատակարանին մէջ արձանագրուած է. «Գրեցաւ սուրբ աւետարանս ձեռամբ նուաստ եւ յետին Նիկողայոսի մեղապարտի ի թուաբերութեանս Ասքանազեան եւ Աբեթական տոմարի ՌՃԴ. եւ ըստ նորում շրջանի ԼԴ. եւ ի գալստենէ Կենարարին ՌՈԾԸ. (1658) ի ստոյգ եւ ընտիր աւրինակէ եւս առաւել համաբայիցս (զի գաղափար սորին էր ի դրանէ Սուրբ Յովհաննէս աւետարանչին) ի յաշխարհիս Յոնաց. ի քաղաքս Կաֆայ ընդ հովանեաւ Սուրբ Աստուածածնին. ի հայրապետութեան հայոց տեառն Յակոբայ եւ յեպիսկոպոսութեան ամենայն հիւսիսական կողմանց տէր Խաչատուր աւրհնեալ քահանայապետի»:
Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ընդօրինակուած եւ Ղազանչեցի Նարինի կողմէ գնուած ու եկեղեցւոյ նուիրուած մագաղաթեայ Աւետարանի յիշատակարանին մէջ արձանագրուած է. «Աստուածաւանդ սուրբ աւետարանս գրեցաւ ի մայրաքաղաքն Կոստանդնուպոլիս ձեռամբ ոգնամեղ եւ անարհեստ Ղազար գրչի ի թուականիս մերոյ ՌՃԵ. Աւգստոս ամսոյ է.»
Վայոց Ձորի Հերմոնի վանքին մէջ ընդօրինակուած մագաղաթեայ Աւետարանի յիշատակարանին մէջ արձանագրուած է:
«Արդ գրեցաւ սուրբ աւետարանս ի թուականիս հայոց ՋԻԲ. ի նահանգիս Վայոց ձորոյ ի վանս Հերմոնի ընդ հովանեաւ ամբարձուղէս եւ գերաշնորհ սուրբ Լուսաւորիչս եւ սքանչելագործ սուրբ նշանիս առ ոտն շնորհազարդ հրաբունոյս մերոյ Սարգիս վարդապետիս. ձեռամբ Եսայի նկարողի սորին»:
Վանէն Շուշի տարուած երկու Աւետարաններ կային եկեղեցւոյ մէջ: Անոնցմէ մէկը պատկերազարդ էր. յիշատակարանին մէջ արձանագրուած էր. «Արդ` այսմ աստուածեղէն եւ երկնապարգեւ զանձինս եւ լուսափայլ մարգարտիս ցանկացող ցանկացաւ աստուածասէր կինն Մուղայ խաթուն եւ քոյրն իւր Շամշիղամարն եւ ետուն գրել զսա յիշատակ բարի հոգւոց իւրեանց եւ ծնողաց իւրեանց հօր Բաղդասարին եւ մօրն Սուլտան Մէլիքին»:
Եկեղեցւոյ մէջ պահուող մասունքներն էին.
ա) Արծաթեայ խաչ մը, որուն մէջ զետեղուած էին Սուրբ Կենաց փայտը, Սուրբ Գէորգայ, Սուրբ Թէոդորոսի, Սուրբ Մերկերիոսի եւ Սուրբ Մինասի մասունքները:
բ) Աղուանից Սուրբ Գրիգորիս հայրապետին ոսկեզօծեալ Աջը` հետեւեալ արձանագրութեամբ. «Այս է աջ սրբոյն Գրիգորիսի Աղուանից կաթողիկոսին թոռին սրբոյ Լուսաւորչին. նորոգող սորա տէր Յովհաննէս որդի Տաւութին թոռն Պաղտասարին. որ է որդի Մէհրապ պէկին տեառն Խաչենոյ թվ. ՌՀ»: Աջը վերանորոգուած է եւ գրուած. «Նորոգեաց վերստին սուրբ աջս Գրիգորիսի Բէյրամ բէկ մէլիք Ջիմշիտեան Մէլիք Շահնազարովն ՌՄԿԱ էր»:
* * *
Ագուլեցոց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած է Շուշիի կեդրոնական գօտիին մէջ, անտաշ քարով, չորս սիւներու վրայ: Ունի երեք դուռ` հարաւային, արեւմտեան եւ հիւսիսային: Աւագ խորանին կողքին` չորս փոքր խորաններ եւ վերնատուն:
Հարաւային դրան ճակատակալ քարին վրայ արձանագրուած է. «Կամաւն Աստուծոյ Սուրբ Աստուածածնայ աւագ եկեղեցիս կառուցին արդեամբք եւ ծախիւք իւրեանց իշխանք ազնուազգի հարազատ աղայք Զօհրապ Յովհանջան, Մարկոս եւ Բաբա Տէր Մատթէոսեան Թառումեանց ընդ որս եւ որդիք նոցա Յովհաննէս աղայն եւ Աւետիս աղայ ի յիշատակ եւ ի փրկութիւն հոգւոց իւրեանց եւ սոցա ծնողաց, ամուսնոց, որդւոց, դստերաց իւրեանց ամենից եւ առհասարակ ննջեցելոցն ի Տէր ի կայանս երկնից, ի 1822 ամի Տեառն»:
Ագուլեցոց եկեղեցւոյ մէջ ձեռագիր հինգ Աւետարաններ եւ շարք մը մասունքներ պահուած էին:
Աւետարաններէն մէկը ընդօրինակուած էր Տաւուշի մէջ: Յիշատակարանին մէջ արձանագրուած է. «Ի թուին հայոց ՌՂԴ. ի հայրապետութեան տեառն Գրիգորի, ընդ հովանեաւ Սուրբ Նահատակիս ի յերկիս Տայւուշ ի գեաւղս, որ կոչի Թուուզ, յորում ամի եւ ըստ մեղաց մերոց բռնեցաւ անօրէնութեան չարիք ի վերայ մեր ի հինէ Պարսից լուծ ծառայութեան նոցա հարկանելով եւ տանջելով ստիպեն դարձուցանելս ի մոլար յաւրէնս իւրեանց»:
Դիզակի մէջ գրուած Աւետարանի մը յիշատակարանին մէջ արձանագրուած է. «Գրեցաւ սուրբ աւետարանս ի յերկրիս Աղուանից ի գաւառիս Դիզակայ, ի գեաւսղ որ կոչի Թեղասեռ ի դուռն սուրբ Սարգիս Ի շահ Սեփու երրորդ ամին ձեռամբ ծծուն եւ անարհեստ գրչի` սուտանուն Մելքիսեդ երիցու եւ միաշունչ եղբաւրս իմոյ սրբամիտ եւ հեզահոգի տէր Կիրակոս քահանայի, որ ի միասին սկսաք եւ աւարտեցաք»: Աւետարանը յափշտակուած եւ Թաւրիզ տարուած է, եւ էրզրումցի Մկրտիչ զայն գնելով շուշեցի Սրապիոն Շխեանցի յանձնած է:
Եկեղեցւոյ մէջ պահուած էին Սուրբ Պանդալիոնի, Յովսէփ Արիմաթացիի, Բարթողիմէոս առաքեալի, Կենաց փայտի, Անդրէաս առաքեալի, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ Յովհաննու Մկրտիչի մասունքներ:
Արծաթեայ խաչի մը մէջ զետեղուած էին Թադէոս, Բարթողիմէոս եւ Թովմաս առաքեալներու մասունքներ:
Եկեղեցւոյ արեւմտեան կողմը զանգակատունն է:
* * *
Մեղրեցոց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, Շուշիի հիւսիսային կողմը, համանուն թաղին մէջ, կառուցուած է անտաշ քարով չորս սիւներու վրայ եւ ունի երկու դուռ` հարաւային եւ արեւմտեան, որոնց վրայ` գաւիթ եւ վերնատուն, եւ տասը լուսամուտ:
Եկեղեցւոյ հարաւային ճակատակալ քարին վրայ արձանագրուած է. «1838 Մահտեսի Պապայ Հախումեանց տոհմին չունէր զզաւակ մարմնաւոր ինքեան` նախ քան զօրհասին պատրաստեաց կտակ` շինել զտաճար սուրբ եկեղեցւոյ մի երկնահանգոյն, որ տայ վերճեմիլ մարդկային սեռից ի բարին անհուն` յանուն Տիրամայր սուրբ Աստուածածնին կենաց պատճառի յիշատակ հոգւոյն ընդ անցաւորին յայսմ աշխարհի նախ քան կատարել նոր նպատակի հողացաւ մարմին, որ աւար կաց եդեալ ի մէջ տաճարիս պերճ գերեզմանիս»:
Եկեղեցւոյ մէջ պահուած սուրբ աւետարաններէն մէկը ընդօրինակուած էր Վանայ լիճի Կտուց անապատին մէջ, Յովսէփ քահանայի ձեռամբ:
Յիշատակարանին մէջ արձանագրուած է. «Արդ գրեցաւ սուրբ աւետարանս ի թվին հայոց ՊԿԳ. ի դրան Սուրբ Խաչին եւ Սուրբ Կարապետին եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին. որ կոչի Կտուց… ի հայրապետութեան տեառն հայոց կաթողիկոսի տէր Դաւթի, Սուրբ Խաչի Ախամարա (Աղթամարայ) առաջնորդի եւ առաջնորդութեան սուրբ ուխտին Սուրբ Կարապետին… արհիեպիսկոպոսին Մխարա … արդ գրեցաւ սուրբ աւետարանս ի դառն եւ ի նեղ ժամանակիս որ հարկապահան… զի կարի ձանձրացեալ եմք յանաւրինաց բռնութենէ, ի Քրթէ, ի թաթարէ եւ յայլ ամենայն… եւ Մարտիրոս նոր շինախիւհս զաւետարան գնեցի յիշատակ ինձ եւ ծնողաց իմոց»:
Աւետարան մըն ալ կար Մոկաց գաւառէն, որուն յիշատակարանին մէջ արձանագրուած էր. «Արդ` գրեցաւ սուրբ աւետարանս ի յերկիրս Մոգաց ի գիւղս Փասավանք ընդ հովանեաւ սուրբ Աստուածածնիս եւ սուրբ Գրիգորիս եւ սուրբ Կարապետիս ի թուականիս հայոց ՋԻԲ. ամին ի ղանութիւն Ամթեցի Յասան բէկին եւ Խոնդքար Ըռոմցին իրար առին»: Աւետարանը ընդօրինակողն էր Իսրայէլ. իսկ ստացողները` Մարգար, Կիրակոս, Յովհաննէս եւ Դաւիթ եղբայրները:
Եկեղեցւոյ մէջ պահուած էր Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի մասունքը` արծաթեայ խաչի մը մէջ, որուն վրայ արձանագրուած է. «Յիշատակ է սուրբ մասունքս ներքին շինացունց եկեղեցուն Յովհաննու Մկրտչին, որ այժմս պատկանի Սուրբ Աստուածածնայ եկեղեցւոյն Մեղրեցոց 1856»:
Ներքին շինացունցը Ներքին Շէն գիւղն է, որուն բնակիչներուն մէկ մասը Շուշի փոխադրուած էր: