Խաղաղ, անփորձանք, զգաստ, խոհեմ, ո՛չ բաժանարար եւ իմաստութեամբ լեցուն ամիս մը կը մաղթեմ բոլորին:
Օգոստոս ամիսը կը յատկանշուի Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնով: Աստուածածինը մեր եկեղեցւոյ դաւանած սուրբերուն մէջ իւրայատուկ տեղ ունի եւ սուրբերուն թագուհին է: Աստուած ընտրած է զինք իր որդիին մայրը դառնալու համար: Աստուծոյ մարդանալու փաստին գերագոյն խորհուրդի բացատրութիւնը Աստուածածնի մայրանալն է, ամենահամեստ պայմաններու մէջ Քրիստոսի աշխարհ գալը:
Քրիստոսի թէ՛ ծննդեան, թէ՛ խաչելութեան եւ թէ՛ յարութեան ընթացքին Աստուածածինը ներկայ է իր յոյզերով, սիրով, մայրական նուիրական մօտեցումներով եւ մանաւանդ` հաւատքով, աննիւթական եւ ամենանուիրեալ հաւատքով:
Մեր եկեղեցւոյ հաւատքին մէջ եւս Սուրբ Աստուածածինը ստացած է հայկական նկարագիր: Հայ մօր կերպարը կենցաղային ժուժկալութեամբ, ընտանիքին եւ զաւակներուն հանդէպ նուիրուածութեամբ, ընտանեկան սրբութեան իբրեւ ռահվիրայ` միշտ իտէալ ունեցած է Աստուածածինը: Եւ հայ մայրն է միշտ, որ տան հաւատքին սիւնը նկատուած է` եկեղեցւոյ եւ ազգի ծառայութեան լծուած:
Աստուածածինը այն սուրբն է, որուն կը դիմենք բոլորս մեր յուսահատութեանց, դժուարութիւններուն, մեր տառապանքներուն եւ մեր չարչարանքներուն ընթացքին: Քրիստոսի խաչելութեան պատկերին միշտ ներկայ է ցաւերուն հաղորդ Աստուածածինը: Եւ մենք իրաւամբ կը դիմենք իր բարեխօսութեան: Աստուածածինը այն սուրբն է, որ անպատասխան չի ձգեր մեր դիմումները, մեր աղերսանքներն ու փափաքները:
Այսօր համայն մարդկութիւնը աշխարհի տարածքին կ՛ապրի տառապալից օրեր: Փոխուած են արժէքները, մեր շուրջ կան` Աստուծոյ ստեղծագործութեան հակառակ ընթացող այլանդակութիւններ, ապրելակերպ, մտայնութիւն եւ մոլորութիւններ: Մարդը մարդուն հանդէպ անասնացած ու գազանացած է եւ ինքզինք զրկած` Աստուծոյ շնորհած պարգեւներէն: Մարդը մարդուն դէմ մրցակցութեան ելած է ու ամէն կերպով սուտ լուրերով, կեղծիքով եւ անձնական հաշիւներով քողարկուած իր փառքն է, որ կ՛ուզէ յառաջ մղել գայլի խորամանկութեամբ, բայց` ոչխարի կերպարով…
Աշխարհը կլանուած է մարդկութիւնը հարուածող պատերազմներով, ահաբեկչութեամբ ու տարօրինակութիւններով: Հա՜յր, պիտի ըսէր կամ դիմէր Յիսուս Քրիստոս` խնդրելով, որ ներէ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛ընեն… Այո՛, Դիմատետրի բարեկամներ եւ անկէ դուրս հաւատացեալ ժողովուրդ, երեխաներ առեւանգողները, ամէն տարիքի ողջ մարդոց օրկանները կտրող կամ ծախողները, մանուկներ, երիտասարդներ, զինուորներ ու հոգեւորականներ սպաննողները, քրիստոնեաներ խաչողները, մարդը ողջ ողջ այրողները, գլխատողները, եղբայր եղբօր կամ հօր ձեռք բարձրացնողներն ու աչքեր հանողները, սրբավայրերը պղծողները չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛ընեն: Մարդկութիւնը մոլորած է եւ շեղած` Աստուծոյ գծած ճանապարհէն: Մարդը, կարծէք, ապստամբած է Աստուծոյ դէմ եւ կը մերժէ այլեւս Անոր պատկերին համաձայն ստեղծուած ըլլալու երկնային բացառիկ շնորհքը: Վիրաւորները, սգաւորները, բանտարկեալները, քրէական յանցագործները, մարդ մորթողները, բնութեան հակառակ մոլութիւններու ճամբան բռնողները եւ, տակաւին, պատերազմողներն ու բարոյական ամէն տեսակի խաթարումներ կրողները դարձի գալու անհրաժեշտութեան առջեւ պէտք է զգան իրենք զիրենք եւ հաշտութիւն կնքեն Աստուծոյ հետ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի հայկական մեր իրականութեան, դժբախտաբար անտարբերութեան, անհանդուրժողութեան, անձնասիրութեան, անպարկեշտութեան, շռայլութեան, շփացածութեան, ինքզինք միակ ճիշդը կարծողները, ինքզինքին իրաւունք տալու գիտցածն ու չգիտցածին մասին արտայայտուիլը, որպէս կանոն` շահագործելով «խօսքի ազատութիւն» կարգախօսը, հարցերը ուզածնին պէս մեկնաբանելու, զիրար չհաւնելու, ցեխարձակումներու, նիւթապաշտութեան, ինքզինք փառաւորելու եւ ուրիշներէն գերադաս նկատելու, պարտքերու տակ մտնելով հանդերձ` իրենց հաճոյքէն չզրկուելու եւ երկար շարքը տակաւին ներկայ հայութեան «տարիներու նորաոճ եւ օրէ օր աճող հիւանդութեանց», մոռնալով, որ Արցախը, 120.000 արցախցիներ 12 դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր շրջափակուած են, հայրենիքն ու հայ սփիւռքը վտանգուած ու մաշումի մէջ են… բայց կը սիրենք խօսիլ, խօսի՜լ, խօսի՜լ եւ փառաւորուիլ, երբեմն ալ` առանց գործին իսկական հեղինակը ըլլալու… Քիչ ըսենք, բայց շա՜տ հասկնանք, եւ ով ականջ ունի լսելու, թող լսէ…
Մայր մը արցունքոտ աչքերով կը սպասէ իր զաւկին տուն դարձին, ինչպէս հայրը` անառակ որդիին: Իսկ իւրայատուկ ՄԱՅՐ-ը, սուրբ ու անարատ մայր մը արցունքոտ աչքերով կը հետեւի մարդկութեան եւ ամէն պահու անդադար կը բարեխօսէ անոնց եւ մեր բոլորին դարձին համար:
Պատրա՞ստ է մարդկութիւնը շրջադարձ կատարելու եւ վերստին դէպի մեր Տէրը դառնալու: Պատրա՞ստ ենք մենք` որպէս հայեր, առանց խտրութեան շրջադարձ կատարելու եւ վերստին մեր իսկական հայկականութեան ու Տիրոջ դառնալու: Ամբողջ աշխարհը եւ այսօր առաւել եւս մեր հայրենիքը, Արցախն ու հայ սփիւռքը կարիքն ու անհրաժեշտութիւնը ունին Աստուածածնի մայրական գթառատութեան: Մարդկութիւնը պէտք ունի Աստուածածնի բարեխօսութեան` փրկութեան համար, իսկ հայերս` զիրար ճշմարտապէս սիրելու եւ յարգելու, ինչպէս որ Աստուած ստեղծած է մեզ: Բա՛ւ է այլեւս մեր «աղտոտ լաթերը», եւ պէտք է ընդունինք, որ կա՛ն աղտոտ լաթեր կամ «ներքին խոհանոցը» դիմատետրային ու լրատուական «ազատամտութեամբ», սխալ ու անիմաստ տեղը փռելը եւ շատ յաճախ անլրջութեամբ հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելը, նոր մտմտուքներ, ոչ հաճելի մթնոլորտ յառաջացնելով կամ սադրանքներ յօրինել անձնական բարդոյթներու հետեւանքով, ո՛չ միայն շահաբեր չեն, այլեւ` անսահման վնասաբեր հայրենիքին, եկեղեցւոյ, ազգին ու գաղութներուն համար: Գիտակցինք ու լրջանանք այլեւս բոլորս ալ, ի սէր Աստուծոյ: Ս. Կոյսը մեր յոյսն է, մեր հաւատքի երաշխիքը, մեր աղերսանքին արձագանգողը եւ մե՛զ հոգեփոխողը:
Արդ, ո՜վ Ս. Կոյս Աստուածածին, կ՛աղաչենք, անդադար բարեխօսէ, որպէսզի դարձի գանք ու ՄԱՐԴ ԴԱՌՆԱՆՔ եւ յստակացնենք մեր ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԻՄԱԳԻԾԸ, ՎԱՐՔԱԳԻԾՆ ու ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ եւ ո՛չ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐԸ…
1 օգոստոս 2023
Նիկոսիա