Յօդուածներ

«Արարատի Ստորոտին» Ֆորումը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Հռչակագիր Որդեգրած Է

«Արարատի Ստորոտին» Ֆորումը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Հռչակագիր Որդեգրած Է

«Արարատի ստորոտին» խորագիրը կրող միջազգային տեղեկատուական ֆորումի եզրափակիչ օրը քանի մը տասնեակ երկիրներու լրագրողներ միասնաբար որդեգրեցին հռչակագիր մը, որ կը դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը: 20 մարտին Մատենադարանին մէջ կայացած հանդիպումին ընթացքին հրապարակուած հռչակագիրին մէջ նշուած է. «Մենք` լրագրողներս, «Արարատի ստորոտին» խորագիրով միջազգային տեղեկատուական ֆորումի մասնակիցներս, տարբեր երկիրներու, ազգերու եւ կրօններու ներկայացուցիչներս, յարգանքի տուրք կը մատուցենք հայ ժողովուրդին եւ կը յարգենք 1915-ին...

Արուեստագէտ Րաֆֆի Թոքաթլեան Կը Պարգեւատրուի «Արշիլ Կորքի» Շքանշանով

Արուեստագէտ Րաֆֆի Թոքաթլեան Կը Պարգեւատրուի «Արշիլ Կորքի» Շքանշանով

Լիբանան տուած այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան «Արշիլ Կորքի»-ի շքանշանով  պարգեւատրեց արուեստագէտ Րաֆֆի Թոքաթլեանը: Նախարարը յայտարարեց, որ այս շքանշանը կը տրուի Րաֆֆի Թոքաթլեանի բարձրորակ արուեստին եւ բացառիկ տաղանդին համար, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած անոր ստեղծագործութեան համար, որ աներեւակայելիօրէն  գեղեցիկ է եւ կը պատկերացնէ, թէ հայ ժողովուրդն ալ ապրեցաւ Քրիստոսի տառապանքը եւ կրեց նոյն...

«Բ. Կանաչեան» Երաժշտանոցի Սենեկային Համոյթի Ելոյթը Զարեհեան Դպրեվանքին Մէջ

«Բ. Կանաչեան» Երաժշտանոցի Սենեկային Համոյթի Ելոյթը Զարեհեան Դպրեվանքին Մէջ

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի սենեկային համոյթը` ղեկավարութեամբ տնօրէններ Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերեճեաններու, 14 մարտին` երեկոյեան ժամը 7:00-ին ելոյթ ունեցաւ Զարեհեան դպրեվանքին մէջ: «Բարսեղ Կանաչեան» քոլեճի խնամակալութեան անունով խօսք առաւ Վարդան Յովսէփեան, որ դպրեվանքի սաներուն ներկայացուց Համազգայինի երաժշտական քոլեճը, անոր տարած աշխատանքը: Ան դիտել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի սեմին կատարուած այս նախաձեռնութիւնը կը միտի հայ երաժշտութիւնը հրամցնել նոր սերունդին`...

Անցեալ Շաբաթ Նիւ Եորքը Քանի Մը Օրով Վերածուեցաւ Հայկական Քաղաքի

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրէին աշխարհի ոչ պաշտօնական մայրաքաղաք Նիւ Եորքը անցեալ շաբաթ դարձաւ հայկական ձեռնարկներու մեծ կեդրոն: Մարտ 10-ին Նիւ Եորքի Քառնեկի ընկերակցութեան նախագահ Վարդան Գրիգորեան, գործարարներ` Ռուբէն Վարդանեան (Մոսկուա) եւ Նուպար Աֆէեան (Պոսթըն) ազդարարեցին «100 կեանք» (100 LIVES) նախաձեռնութեան մեկնարկը: Կազմակերպիչները կը նախատեսեն հաւաքել ուշագրաւ պատմութիւններ Հայոց ցեղասպանութեան վերապրածներու եւ անոնց փրկիչներու, ներառեալ` որոշ թուրքերու մասին:...

Հայկական Նեմեսիս.  Թեհլիրեան` «Մարդ Եմ Սպաննել, Բայց Մարդասպան Չեմ»

«250 Տարուայ Ընթացքում Հայերը Եւ Ռուսները Իրար Վրայ Չեն Կրակել»

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Խորագրի խօսքերի հեղինակը Հայաստանի նախագահն է: «Արարատի ստորոտին» միջազգային մետիա ֆորումի ընթացքում Սերժ Սարգսեանը անհանգստութիւն յայտնեց այն իրողութեան առիթով, որ Ռուսաստանը միլիառաւոր տոլարների զէնք է վաճառում Ազրպէյճանին: «Ռուսաստանը, ելնելով տարբեր պատճառներից, դրդապատճառներից, սպառազինութիւն է վաճառում Ազրպէյճանին, եւ այստեղ խնդիրը սպառազինութեան որակը չէ, խնդիրն այն է, որ  մեր սահմանին կանգնած հայ երիտասարդը գիտակցում է, որ իրեն փորձում են ոչնչացնել...

Կը Խոստանանք, Սիրելի՛ Ուսուցիչ…

ՄԱՐԱԼ ՊԱՂՉԷՃԵԱՆ-ՂԱՐԻՊԵԱՆ (Նուիրուած` բոլոր հայ ուսուցիչներուն եւ մասնաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կրթական-հայագիտական բաժանմունքի արեւմտահայերէնի խտացեալ դասընթացքի ուսուցիչներուն) Սիրելինե՛ր, Կ՛ողջունենք ձեզ, իւրաքանչիւրդ մէկ-մէկ եւ մեր երախտագիտական զգացումները կը յայտնենք ձեզի: Վարձքերնիդ կատար, խոնարհ հերոսներ եւ ազնիւ մշակներ, դուք, որ մեզի կը փոխադրէք հայրենի աշխարհ, Արարատեան աշխարհ, Երեւան, Դիլիջան թէ Գիւմրի, հին ժամանակներէն մինչեւ ներկայ Հայաստան: Մեր դասապահերու ընթացքին կ՛ապրինք Ոսկեդարը, Ս....

Համացանցի Աշխարհին Մէջ` Հեքիաթներու Աշխարհ

Համացանցի Աշխարհին Մէջ` Հեքիաթներու Աշխարհ

Հարցազրոյցը վարեց` ՐԱՖՖԻ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ Նոր սերունդը այսօր կը մեծնայ արդիական գործիքներով եւ ան կանուխէն արդէն կը տիրապետէ համակարգիչին` անոր միջոցով շատ մը պրպտումներ կատարելով եւ գիտելիքներ հաւաքելով: Արդիականութեան դէմ պայքարիլը արդէն ապարդիւն է այսօր: Մեր աշխատանքը պէտք է ըլլայ իմաստուն մօտեցում ցուցաբերել` ծանօթանալու եւ տիրապետելու այն նորութիւններուն, որոնք կրնան հայոց լեզուին նպաստել: Հետեւաբար, քայլ պահելու համար արդիականութեան հետ, հարկ է...

Յիշատակի Երեկոյ Նուիրուած ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանի Շրջանաւարտներ`  Վաղամեռիկ Արին Չերչեանին Եւ Անթոնի Գույումճեանին

Յիշատակի Երեկոյ Նուիրուած ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանի Շրջանաւարտներ` Վաղամեռիկ Արին Չերչեանին Եւ Անթոնի Գույումճեանին

ՊԵՏԻԿ ԹՈՐՈՍԵԱՆ Համաշխարհայնօրէն ինքնաշարժի արկածները կը համարուին հիմնական պատճառներէն` մեծ թիւով երիտասարդ կորուստներ ունենալու: Լիբանանի մէջ տարեկան շուրջ 700 քաղաքացիներ կ՛ենթարկուին ինքնաշարժի արկածներու, որոնց մեծամասնութիւնը երիտասարդներ են, որոնք ընդհանրապէս կ՛ունենան ցաւալի աւարտ մը: Այս հարցը կը նկատուի խիստ մտահոգիչ խնդիրներէն մին, որ կարելի է յաղթահարել ճանաչողութեան եւ իրազեկութեան տարածումով դաստիարակչական եւ շահեկան հաւաքներու ու դասախօսութիւններու կազմակերպումով: Այս ձեւերով երիտասարդութիւնը կը...

Քեսապի Վրայ Յարձակումէն Եւ Քեսապահայութեան Տեղահանութենէն Տարի Մը Անց` Աղօթք Եւ Մոմավառութիւն Այնճարի Մէջ

Քեսապի Վրայ Յարձակումէն Եւ Քեսապահայութեան Տեղահանութենէն Տարի Մը Անց` Աղօթք Եւ Մոմավառութիւն Այնճարի Մէջ

Ուրբաթ, 20 մարտ 2015-ին տարի մը անցաւ արդէն Քեսապի վրայ կատարուած յարձակումէն եւ քեսապահայութեան տեղահանութենէն: Այդ առիթով Քեսապի մէջ եւ անկէ դուրս ապրող քեսապցիները, որոնք կը գտնուին Այնճարի, Միացեալ էմիրութիւններու եւ Հայաստանի մէջ այս առիթով աղօթք բարձրացուցին եւ մոմավառութիւն կատարեցին` խնդրելով, որ նման դէպք չկրկնուի, ինչպէս նաեւ` շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց տունդարձին համար: Այնճարաբնակ քեսապցիները եւս ուրբաթ, 20 մարտ 2015-ին, երեկոյեան...

Անդրանիկ Ծառուկեան… Մանկութիւն Չունեցող Յեղափոխականը

Անդրանիկ Ծառուկեան… Մանկութիւն Չունեցող Յեղափոխականը

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Շուրջ 12 տարիներ առաջ Հայ դատի եւ հայ գրականութեան ուսուցիչս` պրն. Մուշեղ Գարագաշեանը զիս ծանօթացուց Անդրանիկ Ծառուկեանի էջերուն. նախ` «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» գլուխ գործոցին, եւ յետոյ` «Թուղթ առ Երեւան» սքանչելի բանաստեղծութեան, որոնք շուտով եղան իմ նախասիրած երկու գրական գործերը եւ առիթը տուին, որ աւելի մօտէն հետեւիմ հայ գրականութեան: Եղեռնէն ետք հայ գրականութեան լաւագոյն գրողներէն, բանաստեղծ, արձակագիր, խմբագիր, հրատարակիչ,...

Հալէպը Թրքական Էրտողանեան Նահանգ…

Հալէպը Թրքական Էրտողանեան Նահանգ…

ԼԵՒՈՆ Զ. ԵՏԱԼԵԱՆ Հալէպը շրջափակելու միտող, Հալէպէն հիւսիս ընթացող սուրիական բանակի գործողութիւններու ընթացքին հետեւողներուն համար անակնկալ չէ Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Թ. Էրտողանի բացայայտ եւ անպատկառ միջամտութիւնը, որ կը հետապնդէ Թուրքիոյ հովանաւորած զինեալ խմբակցութիւններուն ի նպաստ պայմաններուն ստեղծումը միջազգային բանագնաց Սթեֆան Տի Միսթուրայի նախաձեռնութեամբ գումարելի հաւանական բանակցութիւններուն մէջ: Օսմանցի թուրքերու նախահայրը նկատուող Սուլէյման Շահի աճիւնները սուրիական տարածքներու բռնաբարումով եւ զինուորական միջամտութեամբ...

Աստուած Միշտ Մի Դուռ Բացում Է. Հայ Ժողովրդի Համար Այդ Դուռը Դաշնակցութիւնն Է

Աստուած Միշտ Մի Դուռ Բացում Է. Հայ Ժողովրդի Համար Այդ Դուռը Դաշնակցութիւնն Է

Հարցազրոյցը` ԱՆԻ ԱԶԱՏԵԱՆԻ Ընթերցողի ուշադրութեանն ենք ներկայացնում ՀՅԴ անդամ, Ասկերանի շրջանի Պատարա գիւղի միջնակարգ դպրոցի նախկին տնօրէն, ապա ՀՅԴ Արցախի ԿԿ պաշտօնաթերթի խմբագիր, ներկայումս Գնահատման եւ թեստաւորման կենտրոնի պատմութեան մասնագէտ, Հայ օգնութեան միութեան անդամ, ասել է թէ` հոգով ու մտքով հայուհի Ռիտա Մնացականեանի հետ մեր թղթակցի հարցազրոյցը: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ասկերանի շրջանում դուք առաջին կին դաշնակցականն էք: Ինչպէ՞ս որոշեցիք մտնել կուսակցութեան շարքերը եւ ինչու հէ՞նց...

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 9).  Դպրեվանքը` Դարբնոց Մարդակերտումի Եւ Հայակերտումի

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 9). Դպրեվանքը` Դարբնոց Մարդակերտումի Եւ Հայակերտումի

ՄԵՍՐՈՊ ԱՒ. ՔՀՆ. ՔԷՐՔԷԶԵԱՆ 1961-ի յունիսին դեռ պատանի էի, երբ Մարտիրոս Քենտիրճեանի առաջնորդութեամբ (հետագային` Բաբգէն Ա. քհնյ. Քենտիրճեան) մուտքի քննութեան գացի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք: Չէի գիտեր` ի՛նչ էր դպրեվանքը, չէի գիտեր` ո՛ւր էր Անթիլիասը: Տարեշրջան մը առաջ Այնճարի դասընկերներէս ոմանք արդէն մուտք գործած էին դպրեվանք: Այդ օրերուն գիւղին վրայ տակաւին կը յամենար գաղթականութեան, չքաւորութեան եւ աղքատութեան հոտը: Գիւղէն...

«Եկեղեցին Հայկական»

«Եկեղեցին Հայկական»

ԷՄՄԱ «Եկեղեցին Հայկական ծննդավայրն է հոգւոյս», որովհետեւ հոն կազմաւորուած է հայ ժողովուրդի էութեան հոգեկան դիմագիծը. սրբազան կառոյցն է ան, որ եղած է բերդը հաւատքի մեր նախնիներուն, որոնք գերագոյն յանձնառութեամբ ձգտած են զայն պահել անսասան` որպէս կուռ ամրոց նախնիներու լինելութեան: Դարերու հոլովոյթին հետ Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին եղած է մեզի` հաւատացեալներուս համար ինքնայատուկ գոյութիւն մը, մոգական վայր մը, ուր թրծուած...

Մեր Նահապետը (Յակոբ Յակոբեանի Յիշատակին)

Մեր Նահապետը (Յակոբ Յակոբեանի Յիշատակին)

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ Ընդհանրապէս, մահկանացու անձնաւորութիւններ` մարդկութեան ընծայած իրենց գիւտերով, գրական արգասիքով, քաղաքական կամ զինուորական մեծ իրագործումներով գլխագիր տառերով կ՛անցնին համայնագիտարաններու լայնածաւալ էջերուն մէջ եւ, առ այդ, կ՛անմահանան: Նոյնպէս, առաքինի մարդոց յիշատակը միշտ առկայծ կը մնայ մարդկային ընկերութիւններու յիշատակի գանձարանին մէջ, հակառակ իրենց համեստ ներդրումին, համեմատած հանրագիտարաններու այդ հսկաներու իրագործումներուն հետ: Հանգուցեալ Ամմօ Յակոբը` «Ապու Հրաչ»-ը, կը պատկանի այն փաղանգին, որ...

ՄԱՀԱԵ Միութիւն Մեծարանքի Հանդիսութիւն Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու

ՄԱՀԱԵ Միութիւն Մեծարանքի Հանդիսութիւն Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու

«Մշակը արժանի է իր վարձքին» (Ղուկաս 10. 7) ՄԱՀԱԵ միութեան Կեդրոնական մարմինին հովանաւորութեամբ եւ Լիբանանի հայ աւետարանական կրթական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ, կիրակի, 8 մարտ 2015, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն եւ շքադրում վաստակաւոր կրթական մշակներու` իրենց երկարամեայ ծառայութեան առիթով: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Հայ աւետարանական կրթական խորհուրդի ատենապետուհի դոկտ. Արտա Էքմեքճի...

17 Մարտ 1905. Քրիստափորի Գերագոյն Զոհաբերութեան Գաղափարական Կտակը

Խմբապետ Մուշեղ (1887-1956). Սասնոյ Քաջերու Արժանաւոր Շառաւիղը

Մարտ 19-ի այս օրը, 59 տարի առաջ, Պէյրութի մէջ վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի ֆետայական շարժման առասպելական հերոսներէն Խմբապետ Մուշեղը: Հայ ժողովուրդի անձնուրաց հերոսներու փաղանգին մէջ առանձնայատուկ իր պատուանդանը ունի Սասնոյ Խիանք գաւառի ծնունդ այս քաջագործ ֆետային, որուն աւազանի անունը Աւետիսեան Մուշեղ էր, եւ որ հայոց ազգային յիշողութեան մէջ անմահացաւ Խմբապետ Մուշեղ անունով: Իր անձին ու գործին վառ օրինակով Խմբապետ Մուշեղ իւրովի...

«Մեծ Մօրս Աչքերի Լռութիւնը». Արուեստագէտը Բացում Է Ցուցադրութեան Գաղտնիքը

«Մեծ Մօրս Աչքերի Լռութիւնը». Արուեստագէտը Բացում Է Ցուցադրութեան Գաղտնիքը

ՄԱՐԻՆԷ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ «Մեծ մօրս աչքերի լռութիւնը»: Սա արուեստագէտ Սահակ Պօղոսեանի նոր նախագծի անուանումն է, որի համադրողը արուեստի քննադատ Նազարէթ Կարոյեանն է: Նախագիծը ներկայացուել է մարտի 13-ին «Գաֆեսճեան» արուեստի կենտրոնում: Տատի ականջօղերը Ցուցասրահ ներս մտնելով` անմիջապէս աչքերդ յառում ես հանդիպակաց պատին, որտեղից մէկ զոյգ փիրուզէ ականջօղեր են մխրճուած ձիւթի մէջ: Ականջօղերը աչքերի են նմանւում, որոնց հետ ակամայից երկխօսութեան մէջ ես ընկնում:...

Միջին Արեւելքի Նոր Քարտէսը

Ամէն Բան Իր Չափով

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկները թափ առած են: Բոլոր մակարդակներու վրայ եւ բոլոր գաղութներուն մէջ Մեծ եղեռնի ոգեկոչման ձեռնարկները սկսան: Այս ամիս բոլորս ալ զգացինք, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւնները համակարգող Կեդրոնական մարմինէն մինչեւ ամէնէն փոքր գաղութի յանձնախումբերը կը փորձեն կամ պիտի փորձեն արժանի քայլարշաւներ, հրատարակութիւններ, կրօնական թէ մշակութային նախաձեռնութիւններ կազմակերպել: Այս բոլորը շատ լաւ: Կը մնայ մանրամասնութիւն մը: Այս...

Երիտասարդ Արուեստագէտները Իրենց Յաջողութիւնը Կը Բաժնեկցին «Ազդակ»¬ին Հետ

Երիտասարդ Արուեստագէտները Իրենց Յաջողութիւնը Կը Բաժնեկցին «Ազդակ»¬ին Հետ

Հարցազրոյցը վարեց` Ն. Բ. Արա Ազատ Գօգօ Աւեսեան Յովիկ Աֆարեան Շուրջ 6 տարի առաջ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի կեդրոնին մէջ անուանի արուեստագէտ Արա Ազատ տուաւ մասթըր քլասի դասընթացքներ, որոնց աւարտէն ետք, «Ազդակ»-ի հետ գործակցաբար, «Փիւնիկ» սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ դասընթացքներուն հետեւած գործերու անդրանիկ ցուցահանդէսը: Ասոր կողքին, «Ազդակ» աշակերտներուն հետ կայացած հանդիպումներով եւ զրոյցներով մնայուն նեցուկ եղաւ անոնց: Նախապէս յայտնած էինք, որ...

Page 1079 of 1110 1 … 1,078 1,079 1,080 … 1,110

Արխիւներ