Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Նախ պէտք է խօսիլ այն մասին, որ հայ ազգը, մարդոց եւ այլ ազգերու չարութեան որպէս հետեւանք, զրկուա՞ծ է իր իրաւունքներէն: Եթէ այդպէս է, սահմանել զանոնք: Պատասխանել բազմագոյն նախաձեռնութիւններէ առաջ եւ ճշդում ընել:
Հայ ազգը ունի՞ բաւարար առաքինութիւն, virtus, հռոմէացիներու հոգեկան ուժը, իրմէ խլուած իրաւունքները վերականգնելու համար, ընդունելով այդ նպատակի պահանջած անսեթեւեթ յանձնառութիւնը, առանց բաւարարուելու ցուցափեղկային քաղաքականութեամբ, որ բաժակ մը ջուրի մէջ փոթորիկ է:
Ինչպէ՞ս սահմանել իրաւունք հետապնդող հայ ազգը, իր համրանքով եւ ազգ գոյացնող ստորոգելիներով, որոնք շաբաթավերջի խրախճանք եւ աղմկարարութիւն չեն: Սովորութիւն դարձած անվաղորդայն եւ անոպայ շփոթներու մէջ չխեղդուելու համար առաքինութիւն պէտք է:
Հայ ազգային տարազով ներկայացող այլազանուած հաւաքականութիւնները ունի՞ն մէկութիւն` մշակոյթով, լեզուով, հայրենիքի տիրութեան եւ տարտղնուած չմնալու գիտակցութեամբ, թէ՞, ինչպէս ըսուեցաւ եւ կրկնուեցաւ, պիտի ընդունի համաշխարհային ազգ ըլլալու դատարկաբանութիւնը` որպէս քաղաքական ապագայի վարքագիծ:
Ա. Ըսինք 100-Ամեակ. Ի՞նչ Բանի Եւ Ի՞նչ Բաներու
Մինչեւ 1965 սգատօն կազմակերպեցինք, եկեղեցիներու մէջ եւ դուրս` հոգեհանգիստ:
1965-ին Երեւանէն, խորհրդային օրերուն, տարածուեցաւ միակ քաղաքական խօսքը` ՄԵՐ ՀՈՂԵՐԸ:
Ապա կրկին խրեցանք հոգեհանգիստի նմանող Ցեղասպանութեան ճանաչման անվնաս թափահարումներուն մէջ եւ այդպէս ալ շարունակեցինք:
1975-էն ետք, քանի մը տարի, ազատագրական պայքար մղող ժողովուրդներու ծայրայեղական համարուած օրինակով, դէպքեր տեղի ունեցան, որոնք որեւէ ժամանակէ աւելի միջազգային հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը հրաւիրեցին Հայկական հարցին վրայ` զայն դասելով աշխարհի անլոյծ խնդիրներու շարքին: Անտարբերութինը թերեւս փոխարինուեցաւ դժգոհութեամբ եւ դատապարտութեամբ, բայց Հայկական հարցը գիրքերէ եւ արխիւներէ դուրս եկաւ, դադրեցաւ սոսկ ուսումնասիրական կամ մխիթարաբարոյական հարց ըլլալէ եւ դարձաւ քաղաքական խնդիր` կրկին ցուցափեղկի մէջ դրուելէ առաջ:
Կ’ըսենք` Ցեղասպանութեան 100-ամեակ: Լաւ կը հնչէ: Բազմաթիւ երկիրներ, խորհրդարաններ, քաղաքապետութիւններ ըսին, որ կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Բայց մենք, ազգովին, Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ սփիւռքներ, հռչակաւոր եւ նուազ հռչակաւոր անձնաւորութիւններ, յստակութեամբ ըսի՞նք, կ’ըսե՞նք, թէ ի՛նչ կը պահանջենք: Անյստակութեան ամէնէն յատկանշական օրինակն է մեզի մեծ բաւարարութիւն պատճառած Ֆրանսայի կողմէ որպէս օրէնք ընդունուած ճանաչումը, որ չի յիշատակեր ո՛չ ցեղասպանութիւն գործողը, ո՛չ ցեղասպանութեան աշխարհագրական վայրը, ո՛չ պատճառը: Բոլոր միւս ճանաչումները, նուազ աղմուկով, նոյն հունին մէջ կը մնան: Կը խօսուի մարդոց դէմ գործուած ոճիրի մասին, բայց ոչ ոք կ’արտայայտուի հայ ազգի իրաւազրկման մասին:
Ոչ ոք, որեւէ տեղ, որեւէ ժամանակ, հայ ազգի, որպէս այդպիսին, բռնագրաւուած հայրենիքի մասին չի խօսիր:
Դժբախտաբար, մեր մէջ, պատահեցաւ նաեւ բարձրագոյն մակարդակի վրայ, որ յայտարարուի, թէ պատմութեան էջերը կարելի չէ վերստին գրել: Յիշել վերանկախացած հանրապետութեան առաջին նախագահը, եւ հիմա որ նախագահ չէ, կը շարունակէ կրկնել նոյն (չ)իմաստութիւնը: Ուրիշներ ալ, եղածը չկորսնցնելու նուազագոյնով բաւարարուելու միտումով, խօսեցան հողակտորը փրկելու մասին:
Երբ հայ ազգի իրաւունքի եւ վերականգնումի մասին կը խօսինք, ի՞նչ բան նկատի ունինք. նենգութիւններու իբրեւ հետեւանք կծկուած հանրապետութի՞ւնը, թէ՞ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ը:
Հայ քաղաքական միտքը հրապարակաւ պիտի յստակացնէ՞ իր ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ի ըմբռնումը:
Կլոր թուականներու աժան յուզումներէն անդին` հայ քաղաքական միտքը ՀԱՅԱՍՏԱՆ ըմբռնումի քարտէսով հրապարակ եկա՞ծ է, պիտի գա՞յ: Զանազան քաղաքներու մէջ եւ նոյնիսկ Երեւանի ցոյցերու ականատեսը, անմիջական պատկերէ եւ աղմուկէ անդին եթէ հարցնէ, թէ ի՞նչ է պահանջուածը, ի՞նչ է հետապնդուածը, առանց ճապկումի ի՞նչ պէտք է պատասխանել, որ ըլլայ յստակ, միանշանակ, Երեւանէն մինչեւ Պուէնոս Այրես եւ Մելպուռն:
Մարդիկ միայն կրնան զարմանալ, որ հարիւր տարի առաջ պատահածի համար բարոյական-մխիթարական ճանաչում կը պահանջուի: Ան ունի՞, կրնա՞յ ունենալ քաղաքական իմաստ, նշանակութիւն, տարողութիւն, ապագայի պատկեր:
Բոլոր անոնք, որոնք այդ ճանաչման շնորհը ըրած են, զայն վնասազերծած են քաղաքական նշանակութենէ, չեն յիշեր ո՛չ երկրի անուն, ո՛չ յանցաւոր, ո՛չ ազգի մը ոտնակոխուած իրաւունքներու վերականգնում:
Հայրենահանման եւ հայրենիքի բռնագրաւման-իւրացման յիշեցումէն մեկնելով, իրաւունքի վերականգնման ՊԱՀԱՆՋ եթէ չկայ, եթէ քաղաքականացում չկայ բառին իրաւ իմաստով, իրաւունքի քարտէսով, մենք եւ ուրիշներ պիտի եզրակացնենք, որ եղածը քաղքենիի բաւարարութեան փուչիկ է, որ ուռած է ճառախօսական եւ կրկնուող ենթագիտական փաստարկներու ոչինչ նշանակող բազմապատկումով եւ ցուցադրութեամբ, որոնք ոչ ոքի մատները կ’այրեն կրակէն շագանակ հանելու համար:
Իրաւունքի Հետապնդումը Բեմերու
Եւ Խօսափողներու Հանդէս Չէ
Կը պահանջենք ըսել, քարտէս ցուցադրել, փաստարկներ եւ օրէնքներ որպէս ճշմարտութեան դրօշակ պարզել շաբաթավերջի զբաղումներու մակարդակին կը ծանծաղին, երբ կը բացակայի տիրութեան կամքը, հռոմէացիներու virtus-ը, զոր կարելի է չափել, ըստ արժէքներու, առանց թաքնուելու արդարացումներու ետին, որոնք ազգը չունին որպէս հիմնաւորում, այլ` եսասիրութիւնները, անոնցմէ մեկնած իրապաշտութիւնները, թեթեւսոլիկութիւնները: Տիրութեան կամքը հիմնարար եւ հիմնական այն առաքինութիւնն է, որ կը բնորոշուի հաւատարմութեամբ, եթէ հրաժարինք մարդորսական եւ դիրքապաշտական ճապկումներէ, Հայաստան եւ սփիւռքներ:
Ըսինք` 100-ամեակ: Անոր առանցքին կը գտնուի՞ տիրութեան կամքը:
Ի՞նչ բանի եւ ինչո՞ւ տիրութեան կամք:
Հայրենիքը ժառանգութիւն հողամաս է, որ կարելի կը դարձնէ ազգային գոյութիւնը: Ան ինքնութեան պատմութիւն է: Անոր կորուստը կը սպառնայ ազգի անդամներու ինքնութեամբ գոյութեան, անոր կամաւոր լքումը, կամ անկէ հրաժարումը, պատմութենէն դուրս կը հանեն ազգը, ան կը դադրի շարունակութիւն ըլլալէ, կ’ըլլայ տարբեր, նորի մը սկիզբ, անհետանալէ առաջ կ’ընդունի ըլլալ «ուրիշի դրանը հիւր, չըսելու համար` ծառայ», այլասերելէ առաջ: Կացութիւնը վերջնական համարելու ընթացքը որդեգրած սփիւռքները դեռ ժամանակ մըն ալ խօսքով եւ յարդի բոցով կրնան հրճուիլ` որպէս ազգի հատուած պատմութեան հունէն դուրս գալէ առաջ: Յոռեգոյն պատկերը աղէտ-արտագաղթն է, ան ազգային ոչ մէկ հիմնաւորում ունի, մաշկը փրկելու խուճապ է: Ինքնարդարացման համար աստ եւ անդ կրնան Ցեղասպանութեան ճանաչման կարգախօսով զբաղիլ Սպանիոյ կամ Նորվեկիոյ այս կամ այն քաղաքին մէջ, երբ արդէն լքած են այն հողը, ուր պատմութեան շարունակող էին:
Հողամասը ինքնութեան պատմութիւն է, որուն տիրութիւնը չի շփոթուիր բարեսիրութեան հետ, կը պահանջէ յանձնառութիւն:
Հեռաւոր ափեր զանգուածային արտագաղթերը, ոչ միայն Հայաստանէն, ո՞ր տիրութեան եւ ո՞ր ինքնութեան մասին կրնան վկայել: Չենք խօսիր այս աղէտի մասին, որ թերեւս կը բարելաւէ անհատներու նիւթական կամ ապահովական վիճակը, բայց ազգային տեսանկիւնէ իսկական աղէտ է: Սիլվա Կապուտիկեան, որուն տողերը կը սիրենք լսել բեմերէ մանուկներու շրթներէն, ըսաւ նաեւ, որ արտագաղթը 1915-էն ետք մեր ժողովուրդին պատահած մեծագոյն աղէտն է: Նոր գաղթերու եւ արտագաղթի ամեակնե՞ր պիտի ոգեկոչենք որպէս մեր իսկ կողմէ կատարուած աղէտ:
Կը ճառենք քաղաքականութենէ: Գաղթեր եւ արտագաղթ կանխել, զանգուածային վերադարձ կազմակերպել` արդեօ՞ք իսկական քաղաքականութիւն չեն, այս ընելու համար ուրիշներու դռներուն առջեւ ափ առնելու ստիպողութիւն չկայ: Երբ այս քաղաքականութիւնը իրականացնելու հզօրութիւն չունինք, զայն կազմակերպելու միտող հեռանկար չունինք, ի՞նչ բանի պիտի ծառայէ Ցեղասպանութեան ճանաչման մխիթարութիւնը, որ խօսք պիտի ըլլայ, անվաղորդայն աղմուկ: Հողին տէր ժողովուրդն է, որ կրնայ հեռանկար մշակել:
Ամայացած հայրենիք մը օր մը նոր տէր կ’ունենայ:
Այս քաղաքական վերաբերումը, պէտք է ըսել, ո՛չ հեռուէն եւ ո՛չ մօտէն կ’առնչուի 100-ամեակի լուսարձակային պարահանդէսներու եւ պարախումբերու, երաժշտական տպաւորիչ երեկոներու, յուշ-երեկոներու յուզիչ զրոյցներու հետ, արուեստագէտներու հրամցուցած գեղեցիկին հետ, յիշատակի կոթողներուն հետ, որոնք մեռեալներուն յարութիւն պիտի չտան, ոչ ալ թիզ մը հող պիտի ազատագրեն:
100-ամեակի մեծ ու պզտիկ յանձնախումբերը, պետութիւնը, կուսակցութիւնները պիտի պարզե՞ն հայ ազգի իրաւունք-պահանջի քարտէսը, անկախաբար մեր շնորհներէն եւ ակնկալուած սփոփում-բաւարարութիւն ըլլալիք Ցեղասպանութեան ճանաչումէն, որուն համար երբ կ’աղմկենք, կը խուսափինք յիշեցնելէ հայրենահանումը, որ պարզապէս շարունակուող ցեղասպանութիւն է:
Իրաւունքի Վերականգնումը Կը Պահանջէ
Չմասնատուած Մէկութիւն
Մէկութիւնը կը յատկանշուի հայրենիքով եւ անոր տիրութեան յանձնառութեամբ: Կարելի չէ Ալասքա, Քամչաթքա կամ Նոր Զելանտա նստիլ եւ հեռուէն հեռու անվնաս տիրութիւն խաղալ: Առանց իրագործուող վերադարձի փիլիսոփայութեան` հայրենասիրական-բարեսիրական շաբաթավերջի ճառի գինովութեան անձնատուր կ’ըլլանք:
Իրաւունքի վերականգնումը կ’ենթադրէ հոգեկան-ոգեկան մէկութիւն, որ մարդորսական բաժակաճառ չէ, որուն անձնատուր կ’ըլլանք ամէնուրեք: Մէկութիւնը կը ժառանգուի ազգային լեզուով եւ ազգային մշակոյթով, առանց անոնց բարձրախօսներու` ինքնագոհութիւն պատճառող աղմուկով կը նահանջենք: Այս մասին մտածեցի, երբ Հայաստանի դեսպանատունէ մը նամակ ստացայ` գրուած օտար լեզուով, հրաւէր` Հայաստանի մասնակցութեամբ գիրքերու տօնավաճառի, տասնեակ մը օտար լեզուով հայածնունդ գրողներու դասախօսութիւններու յայտարարութեամբ: Օտարի աչքին ցուցադրութիւն…
Գէթ մէկ հատիկ ալ հայագիր հեղինակ ըլլար ցանկին վրայ, ինքնութեան յիշեցման համար:
Օտարաբարբառ գիրք եւ դասախօս յիշեցման թափահարում են, ըսելու համար` կայինք, բայց հիմա արդէն անինքնութիւն նոր կացութեան պատշաճած ենք: «Օտարի դրանը հիւր» (Վիգէն Խեչումեան) ենք, կարծեցեալ ինքնութեամբ, որ յաճախ կը սնանի սնափառութեամբ, լատինատառ հայերէնով ճառ կը գրենք եւ կը կարդանք` լքումներու մէջ խեղդուող անդիմագիծ զանգուածներու անբովանդակ հայասիրութիւն-հայրենասիրութեան կեր հայթայթելով:
Ո՞ր հեռանկարի մասին խօսիլ, երբ խորք չկայ: Խորքը թութակային կարգախօս չէ, չի կազմուիր այստեղէն-այնտեղէն որսացուած մխիթարական բառով մը, յաճախ` շահախնդրուածի մը հաճոյակատարութեամբ:
Մէկութիւնը փշրուած հայելի չէ:
Այդ հայելիին մէջ նայելով` պատմութեան էջերը վերստին չեն գրուիր:
Մեր ինքնութեան հարազատութեան վերականգնումին եւ մէկութեան ստեղծումին համար օտարի գեղեցիկ խօսքին կարիք չունինք:
Բազմաձայն օտարալեզու դասախօսներ լսողները պիտի կարծեն, որ բեմ բարձրացած են մարդիկ այս կամ այն մեծ քաղաքի արուարձան-կեթոներու ցաւերուն վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու համար:
Այս շփոթեցնող վերաբերումներուն մէջ բնական կը դառնայ լսել համաշխարհային ազգ դատարկաբանութիւնը` որպէս քաղաքական վարքագիծ, որմէ բացակայ է հայը, բայց ներկայ է անինքնութիւն էսթէպլիշմընթ-ը, աւատապետական, քսակային, թէ սնափառական:
Առանց կեղծիքի, յոռետեսութեան եւ ծակ-պտուկ լաւատեսութեան, լուսարձակներէ եւ բարձրախօսներէ հեռու, ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս պիտի կատարենք արդիւնքներու հաշուեկշիռը:
18 մարտ 2015, Նուազի-լը-Կրան