Ռ. Հ.
Խորհրդային գրականութեան կարկառուն դէմքերէն մէկն է Չարենց, բայց դիւրին չէ անոր բանաստեղծութիւններուն մէջէն որսալ վիպապաշտ, զգացական գեղեցիկ տողեր: Այնուհանդերձ, ան ալ ունի գեղեցիկ եւ յուզիչ տողեր: Բնականաբար պարտաւոր ենք յաղթահարել արեւելահայերէնով եւ խորհրդային ուղղագրութեամբ կարդալու դժուարութիւնը:
Խոստովանիմ, որ չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «Դիստիքոմ» բառը: Չարենց ունի կարճաշունչ շարք մը, որ կոչուած է «Դիստիքոմներ»: Երկուքական տողերէ բաղկացեալ բանաստեղծական մտածումներ են ասոնք, որոնցմէ մէկը զիս կը յուզէ իր գեղեցկութեամբ եւ թելադրած իմաստով.
«Այգը բացուեց աշխարհում, երբ դու դեռ քերթող էիր լոկ, | |
Այժմ կէսօր է արդէն – ժամ է դառնաս իմաստուն»: |
Բանաստեղծ մըն է, որ կ՛ըսէ ասիկա` կարծես իմաստութիւնը գերադասելով բանաստեղծութեան:
Չարենցն ալ, իր կրակոտ, ռազմաշունչ, յեղափոխական նորարարութիւն փնտռող բանաստեղծութեան մէջ երբեմն գրած է սիրային տողեր, որոնք կրնան յուզել մեզ: Կ՛ընտրեմ օրինակ մը ահաւասիկ.
Ինչքան որ հուր կայ իմ սրտում – բոլորը քեզ | |
Ինչքան կրակ ու վառ խնդում – բոլորը քեզ – | |
Բոլորը տամ ու նուիրեմ, ինձ ոչ մի հուր թող չմնայ | |
Դու չմրսես ձմրան ցրտում – բոլորը քեզ: |
Չարենցն է այս, որ իր սրտին ու հոգիին ամբողջ կրակը կու տայ իր սիրածին, որպէսզի ան չմսի:
Բայց կեանքի մէջ եթէ կայ սէրը, կայ նաեւ մահը: Պիտի ընդունինք, որ մեր բանաստեղծները միշտ արտակարգ գեղեցկութեամբ բաներ կրցած են ըսել, երբ մտածած են մահուան, մանաւանդ իրենց սեփական մահուան մասին:
Չարենցն ալ անշուշտ գիտէր, որ օր մը պիտի հեռանար այս աշխարհէն, պիտի երթար` երազի նման իր ետին թողլով իր կեանքն ու իր կեանքի պատմութիւնները: Ան երբեմն հաւատաց, որ ինք պիտի մահանար, բայց իր երգերը պիտի մնային, իր տողերը պիտի արտասանուէին: Բայց երբեմն ալ, ընդհակառակը, մտածեց, որ աշխարհը փուճ էր, ինք ալ պիտի երթար ու ամէն ինչ պիտի մոռցուէր: Չարենցի բանաստեղծութիւններէն մէկը, որ գրուած է մահուան հեռապատկերով, իսկապէս գեղեցիկ է եւ յուզիչ: Չենք կրնար գիտակցիլ, թէ խորհրդային ընթերցողը ինչ տպաւորութիւն կը կրէր այս բանաստեղծութիւնը կարդալով, երբ Չարենց ողջ էր տակաւին: Բայց հիմա որ չկայ ան, բանաստեղծութիւնը կը դառնայ ո՛չ միայն գեղեցիկ, այլ նաեւ` յուզիչ ու տխուր: Կարդանք.
Աշխարհիս մէջ ես էլ մի օր կ՛անցնեմ անդարձ ու կ՛երթամ. | |
Ետ չեմ նայի, չեմ պահանջի ես փառք ու վարձ, ու կ՛երթամ: | |
Աշուղ Սայաթ Նովի նման ես էն գլխէն իմացայ | |
Որ աշխարհում փուչ է ամէն երազ ու լաց – ու կ՛երթամ: | |
Էն էլ որ ես իմ վառ սրտով ու կարօտով սիրեցի | |
Քամուն կու տամ, կը մոռանամ ամէն մի հարց – ու կ՛երթամ: | |
Կեանքիս նման հեռու մարդիկ, անանուն ու անծանօթ, | |
Ձեզ կը թողնեմ երգերս այս, կեանքս երազ – ու կ՛երթամ: |
Չարենց իր երգերը թողուց մեզի, բայց վստահ էր, որ մենք իր մահուընէ տասնամեակներ վերջ դեռ տէր պիտի կանգնէինք անոր երգերուն: Մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ «Անկումների սարսափից» խորագրեալ իր մէկ բանաստեղծութիւնը, որ կարծես մեզի պատգամ մը կու տայ այդ մասին: Ահա առաջին տողերը:
Ես եմ հիմա – մի պոէտ, եւ իմ անունը – Չարենց | |
Պիտի վառուի դարերում, պիտի լինի բարձր ու մեծ: | |
Ես եկել եմ դարերից ու գնում եմ յաղթական | |
Դէպի դարերը նորից` դէպի վառուող Ապագան: |
Հետագայ տողերուն մէջ մեր բանաստեղծը կը խօսի իր արկածներուն, անկումներուն, տկարութիւններուն մասին, բայց կը հաւատայ, որ իր երգերը պիտի չմատնեն իր այս անկումները: Եւ վերջին տողերուն մէջ կը կրկնէ.
Ես պոէտ եմ – եւ հիմա իմ վառ երգերը պիտի | |
Դէպի գալիքը թռչեն սլաքների պէս նետի: | |
Ես եկել եմ դարերից ու գնում եմ, յաղթական, | |
Դէպի դարերը նորից, դէպի կարմիր ապագան… |
Դիւրին չէ հետեւիլ Չարենցի մտածումի թելերուն: Կը թուի, թէ կարմիր յեղափոխութեան «պոէտ»-ը բնաւ կասկած չէր ունեցած, որ իր «Չարենց» անունը դարերու ընթացքին պիտի յիշուէր որպէս մեծ ու բարձր անուն: Ան կու գար դարերու մէջէն ու կ՛երթար դէպի գալիք դարեր: Բայց նոյնը կարելի չէ՞ ըսել բոլոր մահկանացուներուն մասին: Չէ՞ որ բոլորս ալ կերպով մը դարերու խորքէն կու գանք մեր նախնիներուն ընդմէջէն եւ դէպի ապագայ դարերը կ՛երթանք մեր յաջորդներուն մարմնին մէջ: