ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Պէյրութի արեւելեան շրջանները ահաւոր ցնցումներու ենթարկած 1978 հոկտեմբերի ռմբակոծումները հոկտեմբեր 7-ի երեկոյեան դադրեցան, եւ կացութիւնը հետզհետէ խաղաղեցաւ: Նախագահ Իլիաս Սարգիս, տագնապին լուծում մը գտնելու առաջադրանքով Դամասկոս այցելելէ եւ նախագահ Հաֆէզ Ասատի հետ բանակցութիւններէ ետք, ձեռնարկեց արաբական երկիրներ շրջապտոյտի մը, այցելելով Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Քաթար, Քուէյթ եւ Յորդանան: Սարգիս արաբ պատասխանատուներուն պարզեց Լիբանանի սպառնացող վտանգները եւ զանոնք դարմանելու յարմարագոյն եղանակներուն մասին իր պատկերացումները:
Լիբանան վերադառնալէ առաջ, նախագահ Սարգիս կրկին այցելեց Դամասկոս եւ հանդիպում ունեցաւ նախագահ Հաֆէզ Ասատի հետ, իբրեւ եզրափակում լիբանեւսուրիական գերաստիճանին: Ասատ ըսաւ, որ «Հակառակ պատահած բոլոր դէպքերուն, Սուրիա ոխի զգացում չունի ոչ ոքի նկատմամբ»:
Իր կարգին վարչապետ Սելիմ Հըս քաղաքական եւ դիւանագիտական շփումներ հաստատեց եւ պարենաւորման ու տնտեսական բազմապիսի հարցեր հետապնդեց, որոնց գլխաւորներն էին` կարգ մը շրջաններու մէջ սպառած սննդանիւթեր եւ պիւթակազ ապահովել եւ փուռերը ալիւրով մատակարարել, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաքի բոլոր կայարանները պենզինով օժտել:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակէն միաւոր մը, կազմուած` շուրջ հազար զինուորէ, Հատէթ մտաւ, որուն բնակարաններուն մեծ մասը արդէն աւերակի վերածուած էր:
Պէյրութի հարաւ-արեւելեան այդ արուարձանը, փոխադարձ համաձայնութեամբ, պիտի մնար լիբանանեան բանակի անմիջական հսկողութեան տակ, իսկ արաբական զսպիչ ուժերէն սուրիական միաւոր մը պիտի շարունակէր իր հակակշիռին տակ պահել ելքերն ու մուտքերը` Պաապտա եւ շրջակայքը առաջնորդող ճամբաները:
Հատէթ մտած բանակային միաւորը նաեւ պիտի ստանձնէր ոստիկանական դեր եւ պիտի սահմանափակէր ոչ-օրինական զինեալներուն գործունէութիւնը եւ շարժումները:
* * *

Խորէն Ա. վեհափառ եւ Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոս երեքշաբթի, 10 հոկտեմբերին այցելեցին Պուրճ Համուտ, ռմբակոծումներու եւ բախումներու թատերավայր հանդիսացած հայկական թաղերու աւերներուն մօտէն ծանօթանալու, աղէտեալ ժողովուրդի իրավիճակին ականատես ըլլալու եւ անոնց ցաւին մասնակցելու համար:
Վեհափառ հայրապետները Պուրճ Համուտ հասան կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին: Ժողովուրդի խուռներամ բազմութեան ընդմէջէն անոնք հետիոտն շրջեցան հայաբնակ թաղերուն մէջ, մօտէն ծանօթացան աւերուած շրջաններուն եւ խոր յուզում ու վրդովում յայտնեցին պարզուած պատկերին ի տես: Կաթողիկոսները այցելեցին շրջանի եկեղեցիները, դպրոցները, ակումբները, ժողովրդային ապաստանարանները եւ վիրաւորներու բուժման կեդրոնները:
Սարդարապատ ակումբէն վեհափառ հայրապետները ուղղուեցան դէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, ուր հոծ բազմութիւն մը կը սպասէր իրենց: Եկեղեցւոյ գաւիթը փոշիներու տակ ծածկուած էր, իսկ տնահան դարձած ժողովուրդը եկեղեցւոյ շրջապատին մէջ հաստատուած էր:

«Տէր Ողորմեա»-ի երգեցողութենէն ետք, Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոս պատգամ մը ուղղեց հաւատացեալներուն եւ ըսաւ. «Թող փոշին ծածկէ մեր եկեղեցիներուն ներքնամասերը, սակայն ձեր հոգիները թող մնան փայլուն, թող ապակիները փշրուին, բայց ձեր կամքը թող կանգուն մնայ: Խաւարը կրնայ պատել ձեր շրջապատը, սակայն ձեր հաւատքը թող ըլլայ ձեզ առաջնորդող լոյսը»:
Իր եւ Խորէն Ա. վեհափառին անունով, Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոս ժողովուրդին թելադրեց ըլլալ աստուածավախ, աղօթասէր եւ կրօնասէր, ունենալ ազգային առողջ գիտակցութիւն, սիրել երիտասարդները, որոնք զոհաբերութեան ազնուագոյն արժանիքով օժտուած` գիշեր ու ցերեկ կ՛աշխատին իրենց հայրենակիցներու ապահովութեան վրայ հսկելու համար, օժանդակել իրարու, ըլլալ ժուժկալ եւ նախանձախնդիր` շրջանի առողջապահութեան նկատմամբ:
Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցիէն ետք, վեհափառ հայրապետները շարունակեցին շրջիլ Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ, յաճախ կանգ առնելով ու զրուցելով հաւաքուած ժողովուրդին հետ:
Վեհափառներուն շրջապտոյտը տեւեց շուրջ չորս ժամ: Անոնք այցելեցին նաեւ Սուրբ Սարգիս եւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիները, «Ազիրեան», «Նիկոլ Դուման», «Դրօ» եւ «ՀՄՄ-Մասիս» ակումբները եւ ժողովրդային բնակարաններու շրջանը:
Պուրճ Համուտ կը պարզէր ծանր աւերակումներու եւ վնասներու ենթարկուած թաղամասերու պատկեր մը: Նեղ փողոցները ապակիներով ու աւերակուած բնակարաններու քարերով ծածկուած էին: Բազմաթիւ խանութներ պայթած ու քանդուած էին, իսկ հարիւրաւոր բնակարաններ ռումբերու մեծ ու փոքր հետքեր կը կրէին:
* * *
Պուրճ Համուտ իրենց այցելութենէն ետք, Խորէն Ա. վեհափառ հայրապետ եւ Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոս չորեքշաբթի, 11 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին այցելեցին Զմմառու վանք, ուր ընդունուեցան միաբանութեան մեծաւորին եւ միաբան հայրերու կողմէ: Վեհափառ հայրապետները մօտէն ծանօթացան վանքի շրջափակէն ներս ապաստան գտած ժողովուրդի իրավիճակին, ինչպէս նաեւ անոնց առօրեայ կարիքներու մատակարարման համար միաբանութեան ի գործ դրած ճիգերուն:
Զմմառէն, վեհափառները ուղղուեցան Ժիպէյլ, ուր շուրջ 120 ընտանիքներ ապաստանած էին «Թռչնոց բոյն»: Ժողովուրդը հաւաքուեցաւ հաստատութեան սրահին մէջ, ուր վեհափառ հայրապետները աղօթք մատուցանեցին ու ժողովուրդին հետ միասնաբար երգեցին «Տէր Ողորմեա»-ն: Գարեգին Բ., Խորէն Ա. կաթողիկոսին եւ իր անունով պատգամ մը ուղղեց ժողովուրդին, թելադրելով ըլլալ կարգապահ, պաղարիւն ու նահանջ չճանչցող հայու ոգիով դիմագրաւել պատահածն ու տէր կանգնիլ իրենց բոյներուն:
Վեհափառ հայրապետները այցելեցին նաեւ Ժիպէյլի մէջ հաստատուած այլ կեդրոններ, ուր ապաստանած էին Պաթրունի շրջանէն գաղթականներ:
Նշենք, որ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ապաստան գտած հայ ընտանիքները վեհափառ հայրապետներուն եւ միաբան հայրերուն առօրեայ հոգածութիւնը կը վայելէին:
* * *
Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարք Հմայեակ Պետրոս Կետիկեան, իր կարգին մօտէն ծանօթանալու համար ժողովուրդի կարիքներուն, հայրական այցելութիւն մը տուաւ Ժեհթաուիի «Ազատամարտ» ակումբ, ուր մօտէն հետաքրքրուեցաւ ապաստանեալներու առողջական եւ ապրուստի պայմաններով, ինչպէս նաեւ անոնց վիճակով, եւ դրուատեց զանոնք` բարձրացնելով անոնց կորովը:
Կաթողիկէ պատրիարքական փոխանորդ Անդրէաս Պետողլեան գերապայծառ, միւս կողմէ, նոյնիմաստ այցելութիւն մը տուաւ Պուրճ Համուտի ժողովրդային տան, ապա շրջապտոյտ մը կատարեց ամէնէն աւելի ծանր վնաս կրած կարգ մը թաղեր:
* * *
Պէյրութի արեւելեան շրջաններու ողբերգական կացութեան պայմաններուն տակ, «Ազդակ», 11 հոկտեմբեր 1978-ի թիւով եւ «Միակ յաղթականը» խորագիրով ակնարկով հարց կու տար. «ո՞վ է յաղթականը»:
«Դէպքերուն անբնական հոլովոյթը, անսպասելի վերիվայրումները եւ զինադուլին յաջորդած քաղաքական պատերազմը կը պարզեն նոր տուեալներ, մանաւանդ որ այս պատերազմը բացայայտօրէն կը հովանաւորուի մէկէ աւելի մայրաքաղաքներու կողմէ, իսլամական, քրիստոնէական, պաղեստինեան եւ յառաջդիմական խաղաթուղթերով», կը մեկնաբանէր «Ազդակ» եւ կ՛աւելցնէր.
«Ո՞վ է յաղթականը եւ ո՞վ է պարտեալը հարցումին բոլոր պատասխաններն ալ կ՛ըլլան մասնակի, կը յայտնեն կէս-կատար իրողութիւններ` եթէ քննարկումը չկատարուի համալիբանանեան աշխարհահայեացքով»:
«Անկասկած, որ այս կամ այն կողմը ունեցաւ մարդկային ու նիւթական կորուստներ: Բայց դիմացինին վնաս հասցնելով` հակադիր կողմը մօտեցած չ՛ըլլար յաղթանակին: Մնաց որ, իսկապէ՛ս վնասուողը ինքն է` երկիրը, ժողովո՛ւրդը, ամբո՛ղջ Լիբանանը», կ՛ընդգծէր «Ազդակ», հաստատելով, որ Լիբանանն է միակ պարտեալը` իր տնտեսութեամբ, իր ճարտարարուեստով, իր մարդկային դրամագլուխով եւ իր աշխարհագրական ուշագրաւ դիրքով:
Շեշտելէ ետք, որ բոլորը անխտիր իրենց բոլոր կարողութիւններով պէտք է լծուին ժողովրդավարութեան, ազատութեան, արդարութեան եւ համայնքներու համակեցութեան հայրենիքը հանդիսացած Լիբանանի վերականգնումին ու զօրացման, «Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ «երբ բոլոր կողմերը կ՛ընտրեն գիտակցութեան ա՛յս ուղին, ի տես վերականգնած եւ իր ժողովրդավար ու համայնքային ողնասիւները արդիականացուցած Լիբանանին` բոլորս կրնանք ըսել.- ահաւասիկ յաղթականը, միա՛կ յաղթականը»:
Իսկ հինգշաբթի, 12 հոկտեմբեր 1978-ի թիւով եւ «Կսկիծով, ո՛չ ատելութեամբ» խորագիրով ակնարկով «Ազդակ» կը գրէր, որ Պէյրութի արեւելեան մուտքի կամուրջներուն շուրջ տեղի ունեցած բուռն բախումներն ու ռմբակոծումները հայահոծ շրջանները մատնեցին իրավիճակի մը, որ մէկ մանրանկարը կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին պարզուած աղետալի դէպքերու շարքին:
Հայը չի կրնար մասնակից դառնալ աւերումի արշաւի մը` երկրի մը մէջ, որ իր ծննդավայրն է ու հայրենիքը, եւ որուն կերտումին մէջ դրած է արիւն ու քրտինք, կ՛ըսէր «Ազդակ», շեշտելով որ հայը միայն կսկիծով – ո՛չ ատելութեամբ- կը դիտէ իր դէմ յարաճուն ընթացքը ստացած զրպարտութեանց ալիքը: Երբ կարգ մը խմբաւորումներ հայութեան որդեգրած դիրքորոշումը կը մեկնաբանէին իբրեւ պատասխանատուութենէ խուսափում եւ կը փորձէին հայաբնակ շրջանները մատնել փոթորկալի կացութեան:
«Հայութիւնը կանգնած է սովորական մարտահրաւէրի մը դիմաց. իր շուրջի անցուդարձերը կը դիտէ կսկիծով, սակայն վերականգնելու եւ վերաշինելու իր տրամադրութիւնը կը մնայ աննահանջ, քաջ գիտնալով արհամարհել նոյնիսկ ամենասոսկալի հարուածները ու տոկալ անոնց դէմ, իր դէմ բարձրացած ձեռքը բռնել ու վար իջեցնել, ինչպէս պիտի ընէր վեհանձն եղբայր մը ջղագրգիռ եղբօր մը մոլեգնած մէկ արարքին պահուն», կ՛եզրափակէր «Ազդակ»:
Համեմատական հանդարտութենէն օգտուելով, հայաբնակ թաղերէն բնակիչներու հեռացումը լայն ծաւալ ստացած էր: Երեւոյթին անդրադառնալով, տոքթոր Զաքար Մկրեան, «Ազդակ»-ի 14 հոկտեմբեր 1978-ի թիւով եւ «Հեռացողներէն տունդարձ կը պահանջենք» յօդուածով կ՛ըսէր.
«Ակումբները ժողովուրդին համար ամբողջական փրկութեան կեդրոններ դարձած են կարծես: Ներս մտնողը հոն կը գտնէ ամէն բան: Իսկ ակումբներէն ներս ու անոնց շուրջ համախմբուած ամէն սեռի եւ դասակարգի պատկանող անհատներու եռուզեռը դիտողը կը տոգորէ յոյսով ու հայուն ապրելու վճռականութեան հաւատքով:… Մեր աննման տղաքը իրենց կեանքն իսկ վտանգի մատնելով, կրակ տեղացող երկինքի տակ ու կրակի գիծեր կտրելով կը հասնին բոլորին պահանջներուն:… Կը տեսնենք ծերունիներ, որոնք երկու ձեռքերը երկինք բարձրացնելով, արցունքոտ աչքերով կ՛օրհնեն տղաներն ու աղջիկները, մեր օրերու աննման ու անանուն խոնարհ հերոսները:… Ցաւ ի սիրտ սակայն կը տեսնենք որ նոյնպէս ժողովուրդի այլ զաւակները, օգտուելով համեմատաբար իրենց բարեկեցիկ վիճակէն, իրենց անձերը հեռու կը պահեն համաժողովրդային աշխատանքէն»:
«Այդպիսիներէն կը պահանջենք որ միանան մեր ներկայի պայքարին ու իրենց բազուկները միացնեն ժողովուրդին ապրուստն ու բարօրութիւնը ապահովելու առաքելութեան կոչուած սերունդին», կը շեշտէր տոքթոր Մկրեան եւ կ՛եզրափակէր ըսելով. «Թող բոլոր մեկնածները յանցապարտ զգան. կը թելադրենք անոնց անսալու իրենց կուրծքերուն տակ բաբախող հայու սրտին ու խղճին, վերադառնան իրենց շրջանները, տուները ու բոլորին հետ միասնաբար վերցնեն նետուած ձեռնոցը` հաւաքական պատասխանատուութեամբ»:
***
Լիբանանցիներու յոյսերուն եւ զինադուլի մթնոլորտին մէջ, արաբական երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ ժողովը բացուեցաւ կիրակի, 15 հոկտեմբեր 1978-ին, Պէյթէտտինի մէջ: Լիագումար նիստին եւ անոր յաջորդած սեղմ հանդիպումին ընթացքին քննուեցան քաղաքական եւ զինուորական հարցեր: Նախագահ Իլիաս Սարգիս արաբական երկիրները հրաւիրեց բազմապատկելու Լիբանանի ընծայուող աջակցութիւնը` ամէն մարզի մէջ:
Ժողովին մասնակից պատուիրակութիւնները աւելի յարմար եւ օգտակար նկատեցին լիագումար նիստը փոխարինել քուլիսային խօսակցութիւններով: Միաժամանակ պարտականութիւն յանձնուեցաւ վարչապետ Սելիմ Հըսի` որ պատրաստէ աշխատանքի օրինագիծ մը:
Պէյթէտտինի ժողովի աւարտին առնուեցան հետեւեալ որոշումները.
ա) Պահպանել Լիբանանի անկախութիւնը, գերիշխանութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնը` ժողովրդավար վարչակարգի մը շրջագիծէն ներս: Պետութիւնը պէտք է իր իշխանութիւնը կիրարկէ երկրի ամբողջ տարածքին:
բ) Վերջ տալ զինեալ երեւոյթներուն, հաւաքել զէնքերը եւ արգիլել օրէնքի սահմաններէն դուրս զէնքի գործածութիւնը:
գ) Գործադրել Գահիրէի եւ Ռիատի գերաստիճաններու որոշումները:
դ) Դադրեցնել տեղեկատուական միջոցներով տարուող պայքարը:
ե) Կազմել ծրագիր մը, որուն հիմամբ վերակառուցուի լիբանանեան բանակը` հաւասարակշռուած պատկերով:
զ) Աշխատիլ որ լիբանանեան հակամարտ կողմերու միջեւ գոյանայ ազգային համերաշխութիւն մը, որ երաշխաւորէ երկրի միասնականութիւնը, նաեւ կատարել այն բարեփոխութիւնները, որոնք ամրապնդեն միասնականութիւնը ու փարատեն որեւէ նոր պայթումի պատճառներ:
է) Օրէնքը գործադրել բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք կը գործակցին իսրայէլեան թշնամիին հետ:
Ժողովը նաեւ գնահատանք արձանագրեց արաբական զսպիչ ուժերու գործունէութեան նկատմամբ:
*
**
1978 հոկտեմբերի կռիւներէն եւ աւերածութիւններէն ետք, լրատու գործակալութիւններ լուսարձակի տակ առին ծանր բախումներու հետեւանքով հայաբնակ շրջաններու կրած կորուստներն ու վնասները:
Կը շեշտուէր, որ հայերը, հակառակ իրենց քրիստոնեայ ըլլալուն, մասնակից չեղան քրիստոնեաներու եւ արաբական զսպիչ ուժերու միջեւ տեղի ունեցած հակամարտութեանց:
Կ՛ընդգծուէր, որ հայաբնակ շրջաններուն կրած վնասները եթէ մէկ կողմէ հետեւանք էին բախումներու գօտիին անոնց մերձակայ ըլլալուն, այսուհանդերձ, հայերը վրէժխնդրութեան յատուկ թիրախի վերածուեցան քրիստոնեայ միլիսներուն կողմէ:
Պուրճ Համուտ կը նմանցուէր կմախքի մը, իբրեւ հետեւանք ծանր ռմբակոծումներու եւ բախումներու:
Կ՛ըսուէր, որ ծայրայեղ աջակողմեան մարոնիները բացայայտօրէն կ՛արտայայտէին իրենց զայրոյթը, պատրուակելով որ հայերը կը վայելեն Լիբանանի բարիքները, հետեւաբար պէտք է կռուէին` զանոնք պահպանելու համար:
Կը շեշտուէր նաեւ, որ իբրեւ դաւաճան իրենց դէմ ուղղուած ամբաստանութեանց դիմաց, հայերը կը յայտարարէին որ միլիսներու կողմէ բռնի ուժով «պաշտպանութեան տուրք» վճարելու պարտադրուած էին, մինչ կեդրոնական շուկաներու աւերումին հետեւանքով վնաս կրած անձերը ութսուն առ հարիւր համեմատութեամբ հայեր էին: Այնուհետեւ կ՛ըսուէր որ հայերը ազդու դեր խաղացած են լիբանանեան ընկերային կեանքէն ներս, եւ թէ` հայերը մեծ համեմատութեամբ շաղուած են լիբանանեան ընկերութեան հետ: