Ի տարբերութիւն Ազրպէյճանին` Արցախի Հանրապետութեան մէջ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման այլընտրանք չեն տեսներ: «Արարատի ստորոտին» միջազգային տեղեկատուական ֆորումի եզրափակիչ օրը` 20 մարտին, այս յայտարարութիւնը կատարած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան: Անոր համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղը կը շարունակէ ջանքեր ի գործ դնել երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար: «Բայց այդ գործընթացը չի կարող միակողմանի լինել: Մենք պատրաստ ենք քննարկել հարցերի ամբողջ համալիրը: Մեր սկզբունքային դիրքորոշումը հետեւեալն է. խնդրի կարգաւորումը պէտք է հիմնուած լինի խաղաղութեան, իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի յարգման վրայ», դիտել տուած է Միրզոյեան:
Հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման համար, ըստ նախարարին, անհրաժեշտ է բոլոր ուժերը կեդրոնացնել երկու անկախ պետութիւններու` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան խաղաղ գոյակցութեան համար համապատասխան ջանքերու եւ պայմաններու մշակման վրայ:
«Ակնյայտ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը նաեւ կ՛ապահովի խաղաղութեան գործընթացի անշրջելիութիւնը եւ ազդանշան կը դառնայ ուժի կիրառման եւ պաշտօնական Պաքուի կողմից ուժի սպառնալիքների անթոյլատրելիութեան մասին», ըսած է Կարէն Միրզոյեան: