Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան Հատուցման Նուիրուած` International Criminal Law Review-ի Բացառիկ Թիւը

Մարտ 24, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՐԱ ՊԱՅՐԱԳՏԱՐԵԱՆ

3-24-15_International_Criminal_Law_ReviewՄիջազգային ակադեմական մասնագիտական մարզէն ներս, Միջազգային քրէական oրէնքի կապուած կարեւորագոյն հրատարակութիւններէն է «Ինթըրնեշընըլ քրիմինըլ լօ ռիվիու» պարբերաթերթը, որ կը հրատարակուի Տիւրհամ համալսարանի հովանաւորութեամբ:

Եւրոպայի մէջ լոյս տեսնող միջազգային օրէնքի կապուած երեք ականաւոր պարբերաթերթերուն շարքին այս պարբերաթերթը միակն է, որ կը կեդրոնանայ յատկապէս Միջազգային քրէական օրէնքին` Ինթըրնեշընըլ քրիմինըլ լօ վրայ: Հայոց ցեղասպանութիւնը առնչուած է միջազգային օրէնքի այս մարզին:

Նախապէս միջազգային դատարանները կը գործէին Ընդհանուր միջազգային օրէնքի (International Law)  ընդհանուր սկզբունքներուն (general principles of law) եւ մարդկային օրէնքի (humanitarian law) հիման վրայ: Միջազգային քրէական դատարանի (International Criminal Court) հիմնադրումը, անոր ներքին կանոնագրութեան բացթողումները եւ քրէական օրէնքներու կիրարկումը մեկնաբանութեանց պարարտ ենթահող մը ստեղծեցին մեկնակէտ հանդիսանալով սոյն պարբերաթերթի հրատարակութեան:

Վերոնշեալ պարբերաթերթը կը քննարկէ Միջազգային քրէական օրէնքի բոլոր երեսները ու մարզերը` դառնալով սոյն օրէնքին կապուած միակ ամբողջական ու վաւերական աղբիւրը, մասնաւորաբար` Եւրոպայի մէջ: Անոր խմբագրական կազմին անդամ են միջազգային օրէնքի աշխարհահռչակ մասնագէտներ: Միջազգային վարկ վայելող այս պարբերաթերթին հրատարակութիւնը ստանձնած է Պըրիլ Նիժհոֆ, Պըրիլ փապլիշըս եւ Մարթինու Նիժհոֆ աշխարհածանօթ հրատարակչատունը:

Սոյն պարբերաթերթը առաջարկեց ստանձնել 2012-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած միջազգային խորհրդաժողովին նիւթերը, որոնք լոյս տեսած են այսօր 470 էջերէ բաղկացած International Criminal Law Review-ի բացառիկ թիւի մը մէջ (Volume 14, Issue 2, 2014):

Հարկ է յիշեցնել, որ 24-25 փետրուար 2012-ին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հրաւէրով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կազմակերպած էր «Հայոց ցեղասպանութիւնը. ճանաչումէն հատուցում» խորագրով աննախընթաց խորհրդաժողով մը, որուն մասնակցեցան միջազգային օրէնքի մօտ 30 մասնագէտներ` աշխարհի կարեւոր համալսարաններէն: Այս համագումարը անկիւնադարձ մը կազմեց Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ:

Նմանօրինակ նախաձեռնութիւնները Հայ դատի մնայուն ու ազդու միջոցներն են` իրենց վաւերականութեամբ, առարկայականութեամբ եւ քարոզչութեամբ:

Վաւերականութիւնը կը հիմնուի մասնագիտական մօտեցումին եւ անոր վայելած միջազգային ճանաչման ու վարկին վրայ: Իսկ առարկայականութիւնը կը հիմնուի, երբ հարց մը կը ներկայացուի գիտական ենթահողի վրայ: Այս ձեւով Հայ դատը «ջատագովութենէն» անդին անցնելով` հանրութեան կը ներկայացուի միջազգային օրէնքի հիմնաւորումներով: Նման առարկայական մօտեցումը առաւել կարեւորութիւն կը ստանայ, մանաւանդ երբ հեղինակը ոչ հայ մըն է ու այս պարագային` ակադեմական հռչակ վայելող համալսարանի մը միջազգային օրէնքի դասախօս:

Այս բոլորին վրայ կ՛աւելնայ անշուշտ քարոզչական բեմը: Չմոռնանք, որ համալսարաններու դասախօսներ, միջազգային ատեաններու փաստաբաններ եւ միջազգային օրէնքի մասնագէտները մօտէն կը հետեւին նման վարկ ունեցող հրատարակութիւններու` որպէս աղբիւր (reference):

Արդ, Հայ դատի գործնական հետապնդման ճամբուն վրայ, սոյն հրատարակութիւնը, զայն նախորդող Անթիլիասի միջազգային համագումարէն ետք, կարեւոր քայլ մը կը համարուի ու ճամբայ կը բանայ նորանոր քայլերու, մասնաւորաբար` իրաւական դաշտէն ներս մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման:

 

 

 

 

Նախորդը

Ֆրանսացի Պաշտօնատարներ Արցախի Միջազգային Ճանաչումը Կը Պահանջեն

Յաջորդը

Հալէպի Մէջ Զոհուեցաւ Վարդան Մոմճեան

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?