Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանացի Պատմաբանը` Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Վատիկանի Մէջ Յայտնաբերուած Փաստաթուղթերու Մասին

Մարտ 24, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-24-15_Michael-HesemannՀայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ յայտնի գերմանացի պատմաբան Միքայէլ Հեսմանը յայտարարած է Վատիկանի գաղտնի արխիւներուն մէջ մինչեւ այսօր չհրապարակուած 2000 էջնոց փաստաթուղթերու յայտնաբերման մասին, որոնք անուանած է «պատմութեան մէջ քրիստոնեաներու ամենամեծ հետապնդումը»: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռատիօ Մարինա»-ն:

Ըստ «Փան Արմինիըն»-ի` Հռոմի մէջ լոյս տեսնող Zenit լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին պատմաբանը ուշագրաւ տեղեկութիւններ հաղորդած է հայերու ցեղասպանութեան նկատմամբ Հռոմի Սուրբ Աթոռին, մասնաւորապէս` Հռոմի Պենետիքթոս ԺԵ. պապի դիրքորոշման մասին, որ 1915-ին բազմաթիւ անգամներ կոչ կ՛ընէր դադրեցնելու հայերուն հանդէպ կատարուող բռնութիւնները:

Անդրադառնալով փաստաթուղթերու յայտնաբերման պատմութեան` Հեսմանը ըսած է. «Զիս հետաքրքրեց Հայոց ցեղասպանութեան թեման, երբ կարդացի Քէօլնի արքեպիսկոպոս կարտինալ ֆոն Հարտմանի` 1913-ին Գերմանիոյ Ռէյխի կանցլերին ուղղուած նամակը, ուր կը խնդրէր օգնել` կանխելու հայոց նոր ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելքէն ռուսական զօրքերու դուրսբերումէն ետք:

«Այնուհետեւ նոր եւ նոր փաստաթուղթեր յայտնաբերեցի, աւելի քան` 2000 էջ, որոնց մեծամասնութիւնը ո՛չ հրապարակուած է, ո՛չ ալ ուսումնասիրուած ոեւէ պատմաբանի կողմէ:

Մինչ այդ ուսումնասիրելով Ցեղասպանութեան թեման` ծանօթ էի Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւներուն մէջ պահուող փաստաթուղթերուն, որոնք պատրաստուած էին օսմանեան պաշտօնեաներու ու դիւանագէտներու կողմէ, իսկ այս փաստաթուղթերը նոր ուսումնասիրութեան նիւթ են:

«Ի հարկէ, կարեւոր աղբիւրներէն են նաեւ Միացեալ Նահանգների դիւանագէտներու զեկոյցները, յատկապէս` Կ. Պոլսի մէջ հիւսիսամերիկեան դեսպան Հենրի Մորկենթաուի փայլուն զեկոյցը: Մինչ այժմ հանդիպած են նաեւ անգլիացի, ֆրանսացի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ իտալացի դիւանագէտներու զեկոյցներու, սակայն Վատիկանի փաստաթուղթերը տեղեկատուութեան հիանալի աղբիւր են»:

Խօսելով կոտորածներու պատճառներուն մասին` ան ըսած է. «Կոտորածները սկսան, երբ թուրքերը խուզարկութիւններ կատարեցին հայկական տուներու մէջ` զէնք յայտնաբերելու նպատակով, ինչ որ օգտագործեցին որպէս ապստամբութեան դաւադրութեան «վկայութիւն», որ, ի հարկէ, անհեթեթութիւն էր: Ատոր հետեւեցան տղամարդոց ձերբակալութիւնները, չարչարանքներն ու սպանութիւնները: Այնուհետեւ կիներուն, տարեցներուն եւ երեխաներուն ստիպեցին հարիւրաւոր քիլոմեթրեր անցնիլ Անատոլիոյ լեռնային տարածքներով` առանց ջուրի եւ ուտելիքի»:

«Մօտ 350,000-ը, հասնելով սուրիական անապատ, տեղաւորուեցան համակեդրոնացման ճամբարներու մէջ, որմէ ետք սկսաւ «մահուան երթը» Սուրիոյ անապատով, ուր շատերը սպաննուեցան: Քանի մը տասնեակ հազար մարդիկ միայն ողջ մնացին, անոնց մեծ մասը որբեր էին, որոնց համար Պենետիքթոս ԺԵ. պապը երկու որբանոց տրամադրեց», պատմած է գիտնականը:

Խօսելով հնարաւոր զարգացումներու մասին` գերմանացի պատմաբանը յատուկ նշած է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը նոյն կիրքով կը փորձէ համաշխարհային գրականութեան մէջ բոլոր միջոցներով ջնջել Հայոց ցեղասպանութեան հետքը` կանխելով հայոց կոտորածներու` որպէս ցեղասպանութիւն ճանաչումը:

«Բայց տեղի ունեցած է ցեղասպանութիւն` ըստ ՄԱԿ-ի սահմանումին, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներու ամենամեծ հալածանքը` պատմութեան մէջ, որուն զոհ գացին միլիոն ու կէս հայ եւ մօտ մէկ միլիոն քրիստոնեայ սուրիացիներ եւ յոյներ», ըսած է գերմանացի պատմաբանը, կը յայտնէ Tert.am-ը:

Դեռ 2012-ի փետրուարին յայտարարուեցաւ, որ Վատիկանը կը սկսի բանալ 400-ամեայ վաղեմութեան գաղտնի արխիւները, սկսած` 1621 թուականէն: Ամենահին փաստաթուղթը կու գայ 8-րդ դարէն: Արխիւային փաստաթուղթերուն մէջ կան նաեւ այնպիսիները, որոնք կը վերաբերին Հայոց ցեղասպանութեան, որ իրականացուած է Օսմանեան կայսրութեան օրօք:

Աւելի վաղ Վատիկանի գաղտնի արխիւի պատասխանատու, եպիսկոպոս Սերճիօ Պաքանոն յայտարարած է, որ հայերու մասին փաստաթուղթերը պիտի հրապարակուին: Անոնց մէջ տեղեկութիւններ կան «թրքական զօրքերու կողմէ հայերու տանջանքներուն մասին»:

Նախորդը

Աթիլլա Տիրիմ. Որո՞նց Վախ Կը Պատճառէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Յաջորդը

Ֆրանսացի Պաշտօնատարներ Արցախի Միջազգային Ճանաչումը Կը Պահանջեն

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?