Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաջարկ. Որպէսզի Յիշատակումն Ալ Յիշատակուի

March 24, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ           

Մեծ եղեռնի` Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի տարին ենք, արդէն ամէնուրեք ծայր տուած են ոգեկոչումներն ու այլ տեսակի յիշատակումները` համերգներ, գիտաժողովներ, բողոքի ցոյցեր եւ այլն: Համահայկական միացեալ յանձնախումբը, Հայաստանի նախագահի իսկ բերանով, հրապարակեց հարիւրամեակի հռչակագիրը: Այստեղ` մեր գաղութին մէջ եւս ձեռնարկներ կ՛իրականանան մէկը միւսին ետեւէն: Նոյնիսկ կազմակերպութիւններու այլ ձեռնարկները կը կատարուին 100-ամեակի ընդհանուր ծիրին մէջ, անոր տարբերանշանով ու ոգիով:

Գործի լծուած են թէ՛ քաղաքական, թէ՛ մշակութային-մարզական-բարեսիրական եւ երիտասարդական կազմակերպութիւնները, կրթական հաստատութիւնները եւ մամուլը` տեղական միացեալ յանձնախումբի ու անոր ենթայանձնախումբերու հովանաւորութեամբ:  Այսպէս պիտի շարունակուի ամբողջ տարին, նոյնիսկ` եկող տարի:

Բոլորս ներկայ պիտի ըլլանք այդ ձեռնարկներուն, մէկուն կամ միւսին, քանի մը հատին կամ բոլորին, պիտի ունկնդրենք բանախօսները` հայ թէ ոչ հայ, պիտի վերանորոգենք մեր գոյատեւելու ուխտը, պայքարելու մեր վճռակամութիւնը, մեր իրաւունքներուն վերատիրանալու մեր անյողդողդ կամքը:

Յետո՞յ:

Ահա այս «յետոյ»-ին է, որ կ՛ուզեմ անդրադառնալ սոյն յօդուածով ու անոր յաջորդող յօդուածներով:

***

Պատմութեան պիտի անցնին այս բոլորը, ինչպէս պատմութեան անցան 50-ամեակն ու 75-ամեակը եւ բոլոր մնացեալ «ամեակ»-ները, եւ այսօր յաճախ կրնանք դժուարանալ վերյիշելու, թէ ի՛նչ կատարուեցաւ ոչ թէ 25 կամ 50 տարի առաջ, այլ նոյնիսկ անցեալ տարի, կամ ասկէ երկու, երեք տարի առաջ: Անշուշտ միշտ կարելի է վերադառնալ մեր մամուլին, բանալ հին էջերը ու վերյիշել: Բայց չե՞նք կրնար արդեօք միջոց մը ստեղծել, որ կատարուածը մնայ ո՛չ միայն հաւաքական յիշողութեան մէջ, այլեւ իւրաքանչիւրի՛ս մէջ` որպէս ապացոյց, որ մենք մա՛ս կազմեցինք այդ ոգեկոչումներուն, ապրեցա՛նք այդ յիշատակումները: Ինչպէ՛ս կատարեցինք զանոնք: Ի՛նչ ճիգ թափեցինք, ի՛նչ ձեւով աշխատեցանք: Ի՛նչ պատկեր ներկայացուցինք մեր շրջապատին առջեւ: Ինչպիսի՛ մթնոլորտ ստեղծեցինք: Ոչ միայն ապացոյց, այլեւ ժառանգութիւն` մեր յաջորդներուն` զաւակներուն, թոռներուն եւ ծոռներուն: Եւ պատգամ` անվհատ շարունակելու պայքարը մինչեւ յաղթանակ, մինչեւ «բացուին դռներն յուսոյ…»:

Միջոցը կա՛յ ու առաջարկը կու գայ ընկերոջմէ մը, որուն ձայնակցելով, որուն միտքը ամբողջութեամբ իւրացնելով, ես ալ իմ կարգիս կը դնեմ զայն սեղանի վրայ: Ի՞նչ է առաջարկուածը: Պարզ միջոցառում մը, ներկայ ժամանակներուն` դիւրաւ իրագործելի:

Ահա՛. պահել իւրաքանչիւր ձեռնարկի արձանագրութիւնը, սկսեալ այն ժողովի ատենագրութենէն, ուր իրագործման որոշումը տրուեցաւ, մինչեւ կատարուածին նկարահանումը, մամլոյ արձագանգը եւ հրապարակային թէ ժողովական վերլուծումը` գնահատումը: Ձեռնարկ ըսելով` պիտի հասկնանք ամէ՛ն նախաձեռնութիւն` համերգներէն ու պատարագներէն մինչեւ քաղաքական գործունէութիւն, ներառեալ քաղաքներու, նահանգներու կամ երկիրներու պատասխանատու մարմիններու որոշումները` Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման, յուշարձաններու կանգնումին եւ նման հարցերու վերաբերեալ: Այսինքն` գրաւոր փաստաթուղթեր, ձայնային ու պատկերային արձանագրութիւններ: Բոլորը ի մի հաւաքել, դասաւորել ու թուայնացած պահել:

Երկրորդ փուլը կ՛ըլլայ իւրաքանչիւր գաղթօճախի մէջ այդ հաւաքուած նիւթերէն վերցնել ընտիր բաժիններ` բեմական ելոյթներէն յատկանշական մասեր, բանախօսութիւններէն հատուածներ, քայլարշաւներէն ու ցոյցերէն հետաքրքրական պահեր եւ այլն ու զանոնք մատչելի դարձնել բոլորին` համացանցի վրայ, խտասալիկի թէ յուշացպիկի վրայ: Անվճար կամ խորհրդանշական սակով մը զայն բաշխել, որպէսզի պահենք որպէս ընտանեկան գանձ, վերյիշենք մերթ ընդ մերթ ու փոխանցենք մեր գալիք սերունդներուն: Որպէսզի չմոռնանք ու չմոռցուինք:

Բայց կրնանք ունենալ երրորդ ու չորրորդ փուլեր: Երրորդ փուլին նոյն երկրի տարբեր գաղթօճախներու աշխատանքը կը համադրուի ու կը դասաւորուի, իսկ չորրորդ փուլին` համայն աշխարհի, հայրենիքէն մինչեւ հայաշխարհի ամէնէն հեռաւոր ու մեկուսացած անկիւնները, ուր մեր ազգակիցները գիտցան իրենց պարտքը կատարել մեր զոհերու յիշատակին եւ յանուն մեր իրաւունքներուն` «Կը յիշեմ, կը պահանջեմ» կարգախօսին ներքեւ, որ այս հարիւրամեակին որդեգրուեցաւ: Նոյն ձեւով այդ բոլորը կը պահուին, կը խմբագրուին, կը հրապարակուին: Ու կը հանգրուանեն Ծիծեռնակաբերդ` Եղեռնի թանգարանը, ուր եւ կրնան ցուցադրուիլ պատշաճ կերպով:

Կը յաջորդէ հինգերորդ փուլը, երբ մեր շարժանկարիչները կ՛օգտուին այդ հարստութենէն ու կը պատրաստեն առաջին հերթին վաւերագրական ժապաւէններ, երկրորդ հերթին` գեղարուեստական ժապաւէններ, որոնց խորքը կ՛ըլլայ հարիւրամեակը:

Ե՞րբ պիտի կատարուի այս ամէնը: Հիմա՛, անմիջապէ՛ս: Տաքը տաքին: Նոյնիսկ ուշ ալ մնացած ենք, քանի որ արդէն որոշ աշխատանքներ իրականացած են, սակայն կը յուսամ, որ գէթ ձայնագրութիւններ, պատկերագրումներ կան կատարուած:

Ո՞վ պիտի կատարէ: Մե՛նք, այսինքն` նոյն այդ հարիւրամեակի միացեալ յանձնախումբերը, որոնք կրնան յատուկ ենթայանձնախումբեր մէջտեղ բերել այս նպատակին համար: Ասիկա կը նպաստէ, որ միատեղ աշխատելու այս սովորոյթը աւելի տեւական բնոյթ ստանայ, բայց այս արդէն տարբեր նիւթ է, որուն պիտի անդրադառնամ հետագային:

Ընկերոջս առաջարկը, որ ներկայացուցի, ուրիշ մտքեր ալ յառաջացուցին ուղեղիս մէջ: Այդ մասին` յաջորդ յօդուածներով:

 

 

 

 

Նախորդը

Գեղեցիկ Տողերու Պարտէզին Մէջ (23). Չարենցն Ալ Ունի Գեղեցիկ Տողեր

Յաջորդը

Ուղղախօսութիւնը Անհասանելի Երա՞զ Է

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.