Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Ապրիլեան Ձեռնարկներուն Մասնակցելու Համար
Հաւատարմագրուած Է Աւելի Քան 500 Լրագրող
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման նախաձեռնութիւնները մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած են աշխարհի մէջ եւ ներկայ դրութեամբ 22-24 ապրիլին ոգեկոչման նախաձեռնութիւններուն մասնակցելու համար հաւատարմագրուած է աւելի քան 500 լրագրող:
Այս մասին յայտնած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող Վիգէն Սարգսեան: Ան յայտնած է, որ «Արարատի ստորոտին» միջազգային լրագրողներու աշխատանիստին Թուրքիայէն չորս լրագրող կը մասնակցի:
«Մենք ոչ մէկին չենք պարտադրել գալ Հայաստան. ինձ յուշում են, որ ֆորումին մասնակցում է չորս լրագրող Թուրքիայից», յայտնած է ան` աւելցնելով, որ ինք աւելի քան վստահ է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները ունին բաւական մեծաթիւ արխիւային փաստաթուղթեր, որոնք կը վկայեն Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին: «Այնպէս որ, պատմական ճշմարտութիւնը փաստաթղթերով ապացուցուած է, եւ իրականում շատ մեծ քանակութեամբ արխիւային փաստաթղթեր գոյութիւն ունեն Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ», նշած է Սարգսեան:
«100 Lives»-ի Գաղափարախօսութիւնը
Ցեղասպանութիւնները Դադրեցնելն Է
«100 Lives» նախաձեռնութեան ղեկավար Արման Ջիլաւեան 20 մարտին «Արարատի ստորոտին» միջազգային տեղեկատուական ֆորումին մասնակից լրագրողներուն ներկայացուցած է «100 Lives» նախաձեռնութեան նպատակն ու գաղափարախօսութիւնը` դիտել տալով, որ անիկա փորձ մըն է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նայելու այլ տեսանկիւնէ, գնահատելու ու շնորհակալութիւն յայտնելու այն մարդոց, որոնք կը մերժեն մարդկութեան դէմ կատարուող յանցագործութիւնները: Ան նշած է, որ, ի հեճուկս Թուրքիոյ ի գործ դրած հսկայական ջանքերուն, հայ ժողովուրդը չոչնչացաւ:
«Անկախ հարիւրամեակի դժուարութիւններից, հայ ժողովուրդը վերածնուեց եւ յաղթեց: Այդ յաղթանակը տեղի ունեցաւ ոչ միայն հայ ժողովրդի կամքի, այլեւ տարբեր երկրներում ապրող տարբեր ազգութիւն եւ հաւատք ունեցող մարդկանց շնորհիւ, ովքեր օգնեցին, որ հայ ժողովրդի ծինը փրկուի եւ մնայ որպէս համաշխարհային քաղաքակրթութեան մի մաս», յայտնած է Ջիլաւեան` աւելցնելով, որ «100 lives»-ը շնորհակալութեան նախագիծ է:
Ան նշած է, որ յաջորդ տարի լրագրողներուն կողմէ «Aurora Prize for Awakening Humanity» մրցանակը պիտի տրուի 24 ապրիլին: Մրցանակը` 1 միլիոն տոլարը, պիտի տրուի այն խիզախ մարդոց, որոնք կը փրկեն ուրիշ անձերու կեանքեր:
«Այն ժամանակ մեզ փրկեցին, եւ մենք ցանկանում ենք, որ այսօր էլ մարդիկ միմեանց փրկեն: Այս կերպ մենք ցանկանում ենք շնորհակալ լինել աշխարհին: Սա այն ուղին է, որով ցանկանոմ ենք գնալ: Դժբախտաբար ցեղասպանութիւնները կրկնւում են, եկէք` միասին դրանք դադարեցնենք: Սա է «100 lives»-ի գաղափարախօսութիւնը», պարզաբանած է Ջիլաւեանը:
Կոմիտասն Ու Հայ Ժողովուրդը Կը Նոյնանան
Արթուր Շահնազարեանի Նոր Գիրքին Մէջ
Հայ ժողովուրդի ամբողջ կենսագրութիւնը մէկ գիրքի մէջ ամփոփելու նախաձեռնութիւն կատարած է հայ երգահան, կոմիտասագէտ, խազագէտ Արթուր Շահնազարեանը` հայութեան նուիրելով «Կոմիտաս» գիրքը: «Կոմիտասը եւ հայ ժողովուրդը նոյնանում են», հաստատած է Շահնազարեան 17 մարտին Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի համերգային դահլիճին մէջ տեղի ունեցած «Կոմիտաս»-ի շնորհահանդէսին ընթացքին:
Արթուր Շահնազարեան նշած է, որ հիմնականին մէջ գրած է գիտական աշխատութիւններ Կոմիտասի գործերուն վերաբերեալ, եւ անոնք հատորներով հրատարակուած են, բայց առաջին անգամ ըլլալով գրած է գիրք մը` ընթերցողներու լայն շրջանակի համար:
«Մշակոյթի նախարարութեան պատուէրն էր. շնորհակալութիւն եմ ուզում յայտնել նախարարին եւ հրատարակչութեանը: Գրքում ներկայացրի Կոմիտասին եւ հայ ժողովրդին միասին, որովհետեւ Կոմիտասին անհնար է ներկայացնել առանց պատմելու մեր գիւղերի, ծէսերի, տօների, պատմութեան մասին: Այս գրքում խտացուած է Կոմիտասի կենսագրութիւնը` իր ժողովրդի նիստուկացին եւ հազարամեակների պատմութեանը զուգահեռ: Ի հարկէ, վերջում ներկայացուած է նաեւ Մեծ եղեռնը, եւ` այն ճանապարհը, որով նա անցաւ այդ ծանր շրջանը: Միաժամանակ, ներկայացուած է, թէ հայութիւնն ի՛նչ ուժ եւ ներուժ է ունեցել մինչեւ Մեծ եղեռնը, քանի որ գրեթէ Եւրոպան էր նուաճում: Եղեռնը կոտրեց մեր թեւերը, այլապէս Կոմիտասն աշխարհում պիտի աւելի յայտնի լինէր: Շատ ազգեր չունեցան Կոմիտաս, որպէսզի փրկէր իրենց երգը եւ ներկայացնէր բիւրեղեայ մաքուր վիճակով», նշած է Արթուր Շահնազարեան:
Կոմիտասագէտին համաձայն, գիրքը տպագրուած է 500 օրինակով, սակայն հրատարակչութիւնը վերահրատարակելու իրաւունք ունի` ուզած տպաքանակով:
«Առաջին հարիւր օրինակը բաժանուել է դեսպանատներին եւ այլ օտարերկրեայ ներկայացուցչութիւնների», ըսած է ան:
Շնորհահանդէսին ընթացքին Արթուր Շահնազարեան Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին նուիրած է իր հրատարակած գիրքերուն մէկ մասը:
Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցած է Երեւանի պետական սենեկային երգչախումբը (գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար` Յարութիւն Թոփիկեան):
«Կոմիտաս» աշխատութիւնը հրատարակուած է պետական պատուէրով, 2015 թուականին, «Զանգակ» հրատարակչութեան կողմէ (խմբագիր` Սվետլանա Դանիէլեան):
Փաստագրական ու գեղարուեստական պատումի միջոցով գիրքին մէջ ներկայացուած են Կոմիտասը եւ հայ ժողովուրդը` որպէս մէկ էութիւն, մէկ ճակատագիր: Կոմիտասի կեանքին ու գործին միահիւսուած են հայ ժողովուրդի պատմական անցեալն ու ներկան, քաղաքական-հասարակական կեանքը, մշակոյթն ու միջավայրը, հոգեբանութիւնն ու կենսափիլիսոփայութիւնը, անոր նիստուկացը, ծէսն ու աշխատանքը, հաւատքն ու երազները: Հեղինակը նշած է. «Կոմիտաս երեւոյթը միայն երաժշտութիւն չէ, մեր բնաշխարհն է նաեւ, մեր պատմութիւնը, հազարամեակների մշակոյթը` արտայայտուած երաժշտութեան լեզուով»:
Մշոյ Ճառընտիրի Փրկութեան Մասին`
Սերժ Աւետիքեանի Նոր Ժապաւէնին Մէջ
«Նարեկացի» արուեստի միութիւնը կազմակերպած է հանդիպում ֆրանսահայ շարժապատկերի բեմադրիչ եւ դերասան Սերժ Աւետիքեանի հետ: Ցուցադրուած է 2010-ին պատրաստած անոր «Շնապատում» շարժանկարը նուիրուած Ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Ժապաւէնին մէջ իրադարձութիւնները տեղի կ՛ունենան 1910-ին, Պոլսոյ մէջ: Թրքական կառավարութիւնը կը փորձէ քայլերու դիմել` Պոլիսը թափառող շուներէն «մաքրելու» համար:
Ի վերջոյ, որպէս հարցի լուծում, կ՛որոշեն Պոլիսէն դէպի անմարդաբնակ կղզի մը տեղահանել 30,000 թափառող շուներ: Այս կարճ ժապաւէնին միջոցով կարծես զուգահեռներ կը գծուին 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան հետ` ցոյց տալով թրքական կառավարութեան «միտքի թռիչքը»` տեղահանութեան ու ոչնչացման միջոցով հարցերը լուծելու:
Հանդիպումին ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուած է Աւետիքեանի այն ժապաւէնին, որուն պատրաստութեան ուղղութեամբ աշխատանք կը տանի 7 տարիէ ի վեր, եւ որ կը վերաբերի Մշոյ Ճառընտիրին: Այս գծով Աւետիքեան նշած է, որ ժապաւէնի նկարահանման նախապատրաստական աշխատանքները արդէն կատարուած են, իսկ բուն նկարահանումները պիտի սկսին ամրան: «Ժապաւէնին միջոցով կ՛ուզեմ ցոյց տալ, թէ ինչ կը նշանակէ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին երկու կիներու շնորհիւ գիրք փրկել, մշակոյթ փրկել», նշած է ան:
Ապրիլ 24-ին Քանատան Բարձր Մակարդակով
Պիտի Մասնակցի Երեւանի Նախաձեռնութիւններուն
Քանատան 24 ապրիլին բարձր մակարդակով ներկայ պիտի ըլլայ Երեւանի մէջ կազմակերպուելիք նախաձեռնութիւններուն: Մարտ 17-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի մէջ Քանատայի դեսպան (համատեղութեան կարգով` նստավայրը Մոսկուա) Ճան Ռանըլտ Քիւրի: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Քանատայի «Հայկական առեւտրային ցանց»-ի նախագահ Վահրամ Փիրճանեան:
Դեսպան Քիւրի անդրադարձաւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին մասին իր ունեցած տպաւորութիւններուն` բարձր գնահատելով յատկապէս ազգային աւանդոյթներու, մշակոյթի եւ կրթութեան հանդէպ հայութեան վերաբերումը: Ան իր պատկերացումները յայտնեց Քանատայի եւ Հայաստանի միջեւ տարբեր մակարդակներով յարաբերութիւններու զարգացման կարելիութիւններուն վերաբերեալ: Ան շեշտեց, որ այդ յարաբերութիւններու զարգացման հարցին մէջ գործօն դերակատարութիւն կրնայ ունենալ «Հայկական առեւտրային ցանցը» եւ «Քանատայի առեւտրաարդիւնաբերական պալատ»-ը, որուն 19 գործարարներէ կազմուած պատուիրակութիւնը Հայաստան կը գտնուի:
Ողջունելով հիւրերը` նախարար Յ. Յակոբեան գոհունակութիւն յայտնեց դեսպան Ճան Քիւրիին` հայ-քանատական յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերեալ յայտնած տեսակէտներուն եւ փոխանցած տեղեկութիւններուն համար. ան ընդգծեց, որ Հայաստանի կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութիւնը բաց է, եւ կառավարութիւնը պատրաստակամ է ստեղծելու բոլոր կարելիութիւնները Հայաստանի մէջ եւ ձեռնարկատիրութեամբ զբաղիլ ուզողներուն համար: Նախարարը բարձր գնահատեց Վահրամ Փիրճանեանի հայաստանանպաստ գործունէութիւնը` զայն նկատելով «Հայաստանի տնտեսական դեսպանը` Քանատայի մէջ», ինչպէս նաեւ ողջունեց քանատացի գործարարներուն փափաքը` Հայաստանի հետ տնտեսական համագործակցութիւն ծաւալելու: Նախարարը պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու հայ-քանատական յարաբերութիւններու զարգացման եւ հայրենիքի հետ քանատահայութեան կապերու սերտացման:
Նախարարը հիւրերուն ծանօթացուց նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ ակնկալուած նախաձեռնութիւնները:
Դեսպանը նախարարին տեղեկացուց, որ Քանատան 24 ապրիլին բարձր մակարդակով մասնակից պիտի ըլլայ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Քանատայի մէջ կազմակերպուող տարբեր նախաձեռնութիւններուն:
Ընդունելութեան աւարտին նախարար Հրանուշ Յակոբեան առաջարկեց հայ-քանատական տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը հանրութեան աւելի հասու դարձնելու նպատակով նախարարութեան կեդրոնին մէջ կազմակերպել մամլոյ ասուլիս` «Հայկական առեւտրային ցանց»-ի եւ Քանատացի գործարարներու պատուիրակութեան մասնակցութեամբ:
Նորակառոյց Զբօսայգին Պիտի Կրէ
Թաթուլ Կրպէեանի Անունը
Երեւան քաղաքի աւագանիի 5-րդ նստաշրջանի երկրորդ նիստին աւագանիի անդամները միաձայնութեամբ թեր քուէարկած են Երեւան քաղաքի Նոր Նորքի առաջին հատուածին մէջ` Գայի պողոտայի եւ Լվովեան փողոցի հատման տարածքին յարակից նորակառոյց զբօսայգին կոչել արցախեան պատերազմի մասնակից, Հայաստանի ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէեանի անունով: Այս մասին յայտնած է Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Արցախի Վիճակախաղի Խաղարկութեան
Յաղթողներուն Նուէրներու Յանձնում
Հայաստանի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն ներկայացուցչութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է Արցախի ազգային վիճակախաղի երկրորդ խաղարկութեան Հայաստանէն յաղթողներուն նուէրներու յանձնման արարողութիւն:
Արցախի ազգային վիճակախաղի երկրորդ խաղարկութեան մրցանակային ֆոնտը ընդհանուր առմամբ կազմած է 350 նուէր` արցախեան արտադրութեան ձեռագործ գորգեր, թթենիի փայտէ պատրաստուած 20 եւ 30 լիթրնոց տակառիկներով թութի օղի եւ բնակարան Ստեփանակերտի մէջ:
Վիճակախաղի կազմակերպումէն գոյացած ամբողջ հասոյթը, ինչպէս նախորդ տարի, այս տարի եւս պիտի տրամադրուի Արցախի համայնքներու զարգացման, հայրենադարձութեան ծրագիրներու իրականացման եւ նոր աշխատատեղերու ստեղծման:
ՀՕՄ-ի Անդամները Այցելեցին Բաղանիս
ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան «Սահմանապահ եւ սահմանամերձ գիւղերի օժանդակութիւն» ծրագիրի յանձնախումբը այցելեց Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Բաղանիս շրջան` տեղւոյն վրայ ծանօթանալու գիւղի խնդիրներուն եւ բնակչութեան մտահոգութիւններուն:
ՀՕՄ-ի նուիրած վեց հարիւր յիսուն հազար դրամ գումարին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ վերանորոգել խորհրդային տարիներուն կառուցուած ջրատար ցանցի վնասուած հատուածները, եւ ասոր իբրեւ արդիւնք` գիւղի Ցաքուտ եւ Սնձնուտ հանդամասերու վարելահողերը պիտի անցնին ոռոգման ջուրին տակ:
Ձեռք բերուեցաւ պայմանաւորուածութիւն` հետագային եւս համագործակցութիւնը շարունակելու ի շահ մեր սահմանամերձ գիւղին ու ընդհանրապէս երկրին: Աւելցնենք, որ ՀՕՄ-ի անդամները այցելեցին նաեւ Ոսկեւան, Բարեկամաւան եւ Ջուջեւան շրջաններ: