Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Հրեաները Սպանիա Փախուստ Կու Տան

Մարտ 24, 2015
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-24-15_JewsonflyingcarpetԱյս խորագիրին ներքեւ «Թարաֆ» թերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ հրեաներէն 5000 հոգի Սպանիոյ դիմում կատարած է, որպէսզի սպանական անցագիր ստանայ ու Սպանիոյ մէջ բնակութիւն հաստատէ: Պատճառը այն է, որ Սպանիա, հրեաները իր հողերէն արտաքսելէն 500 տարի ետք, խոստացած է հրեաներուն քաղաքացիական իրաւունք շնորհել:

Անգլիական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» թերթին մէջ հրատարակուած թղթակցութեան մը համաձայն,  ներկայիս Թուրքիոյ մէջ կը բնակին մօտաւորապէս 17,000 հրեաներ եւ ասոնցմէ ոմանք Թուրքիայէն մեկնիլ ու Սպանիոյ մէջ հաստատուիլ կ՛ուզեն, մանաւանդ անոր համար, որ շատ անհանգիստ են իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան որդեգրած քաղաքականութենէն:

3-24-15_turkeyԱնգլիական թերթը «Թուրքիոյ հրեաները իրենց ապագան կը փնտռեն Սպանիոյ մէջ» խորագիրին ներքեւ կը գրէ, որ Թուրքիոյ հրեաները շատ անհանգիստ են պետական աւագանիին ու կառավարութեան կողմնակից թերթերուն կողմէ հրեաներու դէմ ըսուածներէն եւ որդեգրուած դիրքէն: Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յաճախակի կերպով կը խօսի «Թուրքիոյ դէմ ծուղակներ լարող տոկոսի լոպի»-ներուն մասին, ինչ որ կը կապուի հրեաներուն:

Հրեաներուն վրայ շատ ժխտական ազդեցութիւն գործած են նաեւ 2014-ի դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին Էտիրնէի կուսակալին կողմէ, Կազայի մէջ Իսրայէլի արարքներուն կապակցութեամբ,  հրեաներու դէմ արտասանուած ատելավառ ու քինախնդիր խօսքերը:

Անգլիական թերթը այս նիւթին շուրջ հարցուցած է Թուրքիա հրատարակուող «Շալոմ» թերթի խմբագիր Իւօ Մոլինասի կարծիքը: Ան ըսած է, որ կառավարութեան կողմնակից թերթերու մէջ բացայայտ կերպով կը տեսնուի հրեաներու դէմ թշնամութիւնը: «Եթէ Գերմանիոյ կամ Զուիցերիոյ մէջ ըլլար ասիկա, ապա անոնց գործածած ատելութեան լեզուն դատարանէն սուղ պատիժներու պիտի ենթարկուէր», ըսած է Մոլինաս:

Բայց թերթը կը գրէ, որ բոլոր հրեաները համակարծիք չեն, որ Սպանիա լաւագոյն այլընտրանքն է իրենց համար: Հրեաներէն ոմանք, հակառակ անոր որ Սպանիոյ քաղաքացիութիւնը իրենց պիտի պարգեւէ Եւրոմիութեան երկիրներու մէջ ազատ շրջագայում, կը մտածեն, թէ լաւագոյնն է ապրիլ իրենց ծննդավայրին, այսինքն` Թուրքիոյ մէջ:

Թերթը ակնարկ մըն ալ կը նետէ մօտիկ անցեալին վրայ ու կը գրէ, թէ մեծ թիւով հրեաներ 1492-ին խոյս տուած էին Սպանիոյ մէջ գործադրուող հաւատաքննութեան հալածանքէն եւ ընդունուած` Օսմանեան կայսրութեան կողմէ: Բայց ժամանակի ընթացքին Թուրքիոյ հրեաներուն թիւը զգալիօրէն նուազած է: 1920-ականներուն Պոլսոյ մէջ 50,000 հրեայ կար. գլխաւորաբար 1940-ական թուականներու ունեւորութեան տուրքը պատճառ դարձած է, որ հրեաները գաղթեն, մեծ մասը` դէպի Իսրայէլ:

 

Նախորդը

Ուղղախօսութիւնը Անհասանելի Երա՞զ Է

Յաջորդը

Գունաւոր Յեղափոխութեան Վտանգն Ազրպէյճանի Նախագահին Այլեւս Չի Անհանգստացնում

RelatedPosts

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

Յուլիս 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

Յուլիս 6, 2019
Դաշնակցական   Մամուլը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Վահան Խորէնի (Տէր Գէորգեան) (1884-1920)

Յուլիս 6, 2019

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In