Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրիլին Պիտի Ներկայացուին Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ 80 Հազար Ցուցանմուշներ

Մարտ 24, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-20-15_haig-fՀայոց ցեղասպանութեան հարցը հայ ժողովուրդին համար ո՛չ միայն յուշ եւ ոգեկոչում է, այլ նաեւ ազգային անվտանգութեան խնդիր: Հայոց ցեղասպանութեան հարցը ժողովուրդի պատմութեան մէկ մասն է, անիկա իւրաքանչիւր հայու ծինին մէջն է:

«Արարատի ստորոտին» միջազգային տեղեկատուական ֆորումի մասնակիցներուն հետ ունեցած հանդիպումին այս հաստատումը կատարած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան: Խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ 100-րդ տարելիցին առիթով թանգարան-հիմնարկի աշխատանքներուն մասին` Դեմոյեան դիտել տուած է, որ ապրիլին կրկնակի մեծ տարածքի վրայ պիտի ներկայացուին աւելի քան 80 հազար ցուցանմուշներ, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու լուռ վկաներն են:

Ի պատասխան Ղազախստանէն եկած լրագրողի մը հարցումին, թէ արդեօք հայկական կողմը ունի՞ վիճակագրական տուեալներ` Ցեղասպանութեան զոհերուն մասին, Դեմոյեան ըսած է, որ երբեւիցէ ցեղասպանութիւն, արհաւիրք կամ պատերազմ ճշգրիտ թիւ չունին, զոհերուն թիւը հիմնականօրէն կը կլորցուի, եւ երբեմն մոռացութեան կը տրուի մարդու գործօնը: Սակայն Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն վիճակագրութեան առումով Հայաստանի կառավարութիւնը կը հիմնաւորուի հայկական եւ թրքական արխիւներու այդ ժամանակուան մարդահամարի արդիւնքներուն վրայ:

«Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկում պահւում են Թալէաթ փաշայի գաղտնի նիւթերը եւ այն քարտէզը, որտեղ Թալէաթը գրում է, որ արդէն ութ հարիւր հազար հայեր են սպաննուել Արեւմտեան Հայաստանի տարածքում: Քարտէզն արուել է 1916 թուականին: Միաժամանակ Թալէաթը գրում է, որ այն բնակավայրերում, որտեղ հայերի թիւը գերազանցում է հինգ տոկոսը, պէտք է իրականացնել էթնիկ բնաջնջում: Մինչեւ 1923 թուականը եւս 180 հազար հայեր սպաննուել են քեմալականների ներխուժման արդիւնքում», յայտնած է Դեմոյեան` աւելցնելով, որ թանգարանին մէջ կան բազմաթիւ տուեալներ, փաստեր, լուսանկարներ, նաեւ օտար դիւանագէտներու եւ միսիոնարներու վկայութիւններ` մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութեան մասին:

Դեմոյեան շեշտած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ աւելի քան յիսուն երկիրներու մէջ պիտի ցուցադրուին թանգարանի ցուցանմուշները: Ի պատասխան թրքական ժխտողականութեան` Դեմոյեան ըսած է, որ երբեմն թրքական «պատասխաններ»-ը աւելի եւս կը նպաստեն միջազգային ճանաչման: Ան օրինակ բերած է Դանիոյ թագաւորական գրադարանին մէջ երեք տարի առաջ բացուած ցուցահանդէսը այցելած է Դանիոյ մօտ Թուրքիոյ դեսպանը եւ բացատրութիւն պահանջած ցուցահանդէսի կայացման վերաբերեալ: Անկէ ետք դանիական երեք հարիւր լրատուամիջոց անդրադարձած էր Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ցուցահանդէսին` նշելով, թէ թուրք դեսպանը ի՛նչ իրաւունք ունի հրամաններ արձակելու իրենց երկրին մէջ: Ի պատասխան թուրք դեսպանը ըսած էր, որ Թուրքիան նոյնպէս պիտի նախաձեռնէ նմանատիպ ցուցահանդէսի` «Այսպէս կոչուած Հայոց ցեղասպանութիւն» խորագիրով: «Մենք անհամբերութեամբ սպասում ենք, թէ երբ է այդ ցուցահանդէսը բացուելու եւ մեզ շատ է հետաքրքրում, թէ թուրքական կողմն ինչպիսի փաստեր ունի, որոնք կարող են ժխտել Ցեղասպանութիւնը: Արդէն անցել է երեք տարի, եւ թուրքական կողմը դեռեւս լռում է ցուցահանդէսի կազմակերպման վերաբերեալ», նշած է Դեմոյեան:

Աւելի ուշ ֆորումի մասնակիցները այցելած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր, ծաղիկներ զետեղած են անմար կրակին շուրջ եւ յարգանքի տուրք մատուցած նահատակներու յիշատակին:

Նախորդը

Հրանուշ Յակոբեան. «Ինչո՞ւ Աշխարհասփիւռ Եղաւ Ողջ Հայ Ժողովուրդը»

Յաջորդը

Գեղեցիկ Տողերու Պարտէզին Մէջ (23). Չարենցն Ալ Ունի Գեղեցիկ Տողեր

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?