Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին կողմէ յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւններուն վերաբերող բանաձեւի միաձայն քուէարկութեամբ, մեր երկիրը դարձաւ երրորդը, որ կը ճանչնայ այս ցեղասպանութիւնները:
Աւելի ճիշդը, հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնները ճանչցած է Շուէտի խորհրդարանը 16 մարտ 2010-ին. յոյներու ցեղասպանութիւնը` Յունաստանն ու Կիպրոսը: Տակաւին. Յունաստանը 2004-ին յատուկ բանաձեւով ճանչցած էր Պոնտոսի յոյներու, իսկ 1998-ին` Փոքր Ասիոյ յոյներու ցեղասպանութիւնները: Ուրեմն ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւններու ճանաչման աշխարհագրութիւնը շատ փոքր էր:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի երէկուան նիստը միաձայնութեամբ, 117 քուէով որդեգրեց հետեւեալ բանաձեւը «Առաջնորդուելով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 1946 թուականի դեկտեմբերի 11-ին ընդունուած 96 (1) բանաձեւով եւ 1948 թուականի դեկտեմբերի 9-ի ՄԱԿ «Ցեղասպանութեան նախազգուշացման եւ դրա համար նախատեսուած պատժի», ինչպէս նաեւ 1968 թուականի նոյեմբերի 26-ի «Մարդկութեան դէմ գործած յանցագործութիւնների եւ ռազմական յանցագործութիւնների վաղեմութեան ժամկէտի անընդունելիութեան» մասին ուխտերով ու մարդու իրաւունքների մասին բոլոր այլ միջազգային աքթերի դրոյթներով ու սկզբունքներով, հաշուի առնելով հայ, յոյն եւ ասորի ժողովուրդների` դարերից բխող բարեկամական յարաբերութիւնները` Հայաստանի Ազգային Ժողովը յայտարարում է, որ դատապարտում է Օսմանեան կայսրութիւնում իրականացրած յոյների եւ ասորիների ցեղասպանութիւնը»:
Բանաձեւի նախագիծի ներկայացման նախորդած էր Հիմնաւորում օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1915-1923-ին յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւններու դատապարտման մասին բանաձեւի նախագիծի ներկայացումը: Այնտեղ պատմական փաստեր, իրականացուած ջարդերու եւ տեղահանութիւններու կանխամտածուած ըլլալը, զոհերու թիւերը, ժամանակն ու աշխարհագրութիւնը նշուած են եւ բոլորը արդարացուած ձեւով տեղաւորուած ցեղասպանութեան ուխտի սահմանած դրոյթներուն մէջ: Նշուած նաեւ, որ ժամանակակից ցեղասպանագիտութիւնը հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնները կը դիտարկէ մէկ ընդհանուր քաղաքականութեան բաղկացուցիչ մասեր:
Պատմականօրէն եւ իրաւաքաղաքականօրէն ներկայացուած փաստերն ու հիմնաւորումները քննարկումի տեղ չեն ձգեր երկու ժողովուրդներու ապրած ցեղասպանութիւնները ճանչնալու եւ դատապարտելու: Անշուշտ կան տարբեր քննարկելի հարցեր: Յունաստանը ընդհանրապէս յոյներու ցեղասպանութեան միջազգայնացումը արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի նիւթ չէ դարձուցած, իսկ ասորիները` իբրեւ պետականազուրկ եւ քաղաքական գործօնի ոչ բաւարար կարգավիճակ ունեցող համայնք լոպիիստական առաջադրուած ուժականութիւնը չունին իրենց ազգային ողբերգութիւնը միջազգայնացնելու:
Յատկապէս ասորիներու պարագային, այսօր սակայն ա՛յս խնդիրը, անկախ իրենց կողմէ դրսեւորելի ենթադրեալ նախաձեռնողականութենէն, այժմէական հրատապութեամբ այսօրուան իրադարձութիւններուն լոյսին տակ պատմական իրադարձութիւններու հետ համեմատութիւններ կը ստեղծէ` ընդգծելու համար, որ այս ժողովուրդը երկրորդ անգամ ըլլալով կ՛ենթարկուի ցեղասպանութեան, առաջինը ուղղակի Օսմանեան կայսրութեան, իսկ ներկայինը պատուիրուած, ֆինանսաւորուած Անգարայի կողմէ:
Համեմատական ցեղասպանագիտութիւնը ընդհանուր քաղաքականութեան մը բաղադրիչները համարելով տակաւին ընդհանրութիւններ եւ տարբերութիւններ կը գտնէ երեք ցեղասպանութիւններուն միջեւ:
Այս հանգրուանին էականը մեզի համար այլ ուղերձ եւս ունի: Այսպէս: Եթէ մանրադիտակի տակ բերենք բանաձեւը, այնտեղ կը նկատենք, որ յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնները անառարկելիօրէն կ՛ամբողջացնեն ցեղասպանութեան ուխտի բանաձեւած կէտերը: Մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւններու վաղեմիութեան ժամկէտի անընդունելիութեան ընդգծումը պարզ է, որ կը վերաբերի նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ այս հանգրուանին նման շեշտադրում լոյսին բերելը աւելի քան ըմբռնելի է: Նոր չէ նաեւ գիտակցումը հայ, յոյն եւ ասորի ժողովուրդներու պատմական բարեկամութեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին կողմէ հիմա՛ նման բանաձեւ ընդունիլը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ուղերձ ունի անպայման: Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ցեղասպանուած ժողովուրդներու համախմբման կոչ կը պարփակէ բանաձեւը. զօրակցելով զօրակցութեան հրաւէր: Պատահական չէր նաեւ այն, որ ամերիկեան քոնկրեսի բանաձեւը առանց Ցեղասպանութիւն եզրի օգտագործման կը խօսէր կրօնական կալուածներու վերադարձի պահանջին մասին. ընդ որում նաեւ յունական եւ ասորական: Իսկ ասորիներու նոր ջարդերն ու տեղահանութիւնները քաղաքականօրէն արծարծելու համար ճիշդ հունաւորման պարագային կը գրաւեն միջազգային շրջանակներ անպայման:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին բանաձեւի լուռ կոչը` տուժած ժողովուրդներու ուժերու համախմբման քաղաքական պահ ստեղծելու լաւագոյն առիթ ունի. Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: