Յ. ՊԱԼԵԱՆ
… մինչեւ էդ նժոյգը չհեծնի`
կը մնայ սրա նրա դրանը խեղճ ծառայ:
Յովհաննէս Թումանեան, ՄՏՔԵՐ,
Արեւելք-Արեւմուտք մատենաշար,
Երեւան, 2011
Այլեւս փոքրամասնութիւն անգամ չեն անոնք, որոնք կը տագնապին ուղղախօսութեամբ: Ի հարկէ խօսքը հայերէնի մասին է, քանի որ մեր յաջողութեան-հպարտութեան առանցքը, բացի հայերէնէ, աշխարհի լեզուներէն ոեւէ մէկը կրնայ ըլլալ:
Նման խորագիր արդէն պատճառ է, որ ընթերցող եւ ունկնդիր էջը դարձնեն, անջատեն ձայնասփիւռ եւ հեռատեսիլ: Կ’արժէ՞ անգործնական լեզուի մը ծուռով-շիտակով զբաղիլ: Հրեշտակներու քաղաքին մէջ չըսի՞ն, որ հայերէնը ռոմանթիկ լեզու է, բիզնեսի լեզու չէ, այսինքն բանի չի ծառայեր:
Նոյնիսկ դեռ յամառօրէն հայերէն կարդացող եւ երեւելիական հպարտութիւն չունեցողներ, հազիւ խորագիրը կարդացած, համակրական կամ երգիծական ժպիտ մը պիտի ունենան: Ինչպէս մենք կ’ունենանք ամէն անգամ, որ կը յիշենք Սերվանթեսի հողմաղացներու դէմ կռիւի գացող Տոն Քիշոթը…
Երբեմն պէտք է յաճախել մեծերու դպրոցը: Ալպեր Այնշթայն իմաստուն խօսք ըսած է. «Աշխարհ պիտի չքանդուի անոնց կողմէ, որոնք չարիք կը գործեն, այլ` առանց ոչինչ ընելու զանոնք դիտողներու»: Ո՛չ թուրքերը, ո՛չ ալ մեր բարեկամները պատճառ պիտի ըլլան մեր ինքնութեան կորուստին, այսինքն` մեր անհետացման, այլ բոլոր անոնք, որոնք անտարբերութեամբ կը դիտեն ազգային լեզուի աստիճանական անհետացումը եւ այդ լեզուով մեզի հասած մշակոյթին հանդէպ մեր խորթացումը: Այս մէկն ալ ռոմանթիկ (sic) վերաբերում է, երբ այնքա՜ն մեծ հարցեր ունինք մեր առջեւ:
Գիտակից հայը, որ գունագեղ պատճառներով անձնատուր չ’ըլլար, ուղղախօսութեան տագնապ կ’ապրի: Եթէ միջոց ըլլար ցանկագրել այդ տագնապը ունեցողները, քիչ մը աւելի պիտի յուսահատէինք:
Ուղղախօսութիւն բառը ես չեմ հնարած: Ան աւելի քան հարիւր յիսուն տարուան հնութիւն ունի եւ գիրքի մը անունն է: Հեղինակը Նահապետ Ռուսինեանն է (1819-1876), Փարիզ ուսանած բժիշկ, որ մեծ մայրաքաղաքի գեղեցիկ լեզուին գերին չէր դարձած, ընդհակառակն: Իմաստութիւնը կու գայ նաեւ յիշելով եւ բաղդատելով:
Նահապետ Ռուսինեանի օրերուն հայերէնի զոյգ աշխարհաբարները իրենց ծննդոցին մէջ էին: Ինք ուզած է, որ կազմաւորուող արեւմտահայերէնը հարազատութեան ենթահողի վրայ զարգանայ: Ուզած է քերականական մշակել: Իր գիրքը կոչած է «Ուղղախօսութիւն»: Պէտք է հաւանօրէն ենթադրել, որ աշխարհաբարի կազմաւորման առաջին շրջանին, ինչպէս սովորութիւն է, իւրաքանչիւր հայ ինքզինք համարած է ակադեմիկոս, եւ Նահապետ Ռուսինեան չէ լսուած: Այսօր այլ այդպէս է կացութիւնը, հակառակ անոր որ արեւմտահայերէնը ունի իր կանոնակարգուած ուղղագրութիւնը, քերականութիւնը, շարահիւսութիւնը: Դեռ չհասկցանք, որ հայերէնը ինքնուրոյն լեզու է եւ զանազան կապկումներով ստեղծուած փաչուըրք չէ:
Ընդհանրապէս հայերէնի անաղարտ եւ իր ինքնուրոյնութեամբ պաշտպանութեան մտահոգութիւն չունի ազգի ղեկավարութեան կոչուածներուն մեծ մասը: Իսկ զանգուածները, գործնապաշտութեան ախտով վարակուած` ազգային ողջախոհութիւն չունին մայրենիին նկատմամբ:
Նահապետ Ռուսինեան Փարիզի իր ուսանողութեան օրերէն օտարախօսութեան լըվանթենի ախտը չէր բերած, նոյնիսկ ճիգ ըրած է գործածուող օտար բառերու հայերէնները հնարել, ինչ որ չեն ըներ այսօր մեր հայագէտները, ակադեմիկոսները, Լեզուի պետական տեսչութիւնը: Շաւարշ Նարդունի ապրած է Փարիզ, եղած է բժիշկ, բայց մասնագիտական բառերու հայերէնները գործածած է: Հայ բժիշկները նման ճիգ ընելով` հայերէնի պաշտպանութեան եւ հայու ինքնութեան իրենց նպաստը կրնան բերել: Բայց այդ պահանջող գիտակից եւ ողջմիտ ղեկավարութիւն եւ ժողովուրդ այլեւս կը գտնուին բացակայ բաժանորդներու ցանկին վրայ: Ափսո՜ս:
Նահապետ Ռուսինեանի ՈՒՂՂԱԽՕՍԱԿԱՆ միտումը ընկղմած է ժամանակակիցներուս մօտ, ցուցամոլիկութիւն, կեղծ ժողովրդական ըլլալու շահախնդրուածութիւն եւ սնոպիզմ, փոխանակ ժողովուրդը առաջնորդելու դէպի յաւելեալ ինքնութիւն եւ որակ` զայն կը տանին ապականման հոսանքով: Նոյնիսկ Հայաստանի մէջ օտար բառերու տարափը համաճարակի բնոյթ ունի, նախարարը, առանց անհանգստանալու, յաւելեալ բանգիտութեան բարենիշ շահելու համար կը խօսի պլանտացիաներու մասին, ճարտարապետը կամ շինարարը` ապամոնթաժելու:
Օտարը կապկելու ախտին կը հանդիպինք նաեւ այլապէս սիրելի մեծերու պարագային: Յովհաննէս Թումանեանն անգամ, հակառակ անոր որ կ’ըսէ, թէ` «Լեզուն է ամէն մի ժողովրդի ազգային գոյութեան ու էութեան ամենախոշոր դրոշմը, պատմութեան ու հեռաւոր անցեալի կախարդական բանալին, հոգեկան կարողութիւնների ամենաճոխ գանձարանը, հոգին ու հոգեբանութիւնը», կը հետեւի ամբոխային դիւրութեան ճամբուն եւ կ’ըսէ, թէ` եւ միշտ աւելի լաւ է չունեցած բառը փոխ առնել, քան` ճգնել անպատճառ ստեղծել կամ թարգմանել ու ֆրակը շինել պոչազգեստ, կոտլետը` կողիկներ կամ ռահատ-լոխումը` հանգստապատառ: Ինչպէ՞ս կարելի է անցնիլ ամենախոշոր դրոշմէն կապկումի աճուրդի:
Եւ յանկարծ կը հանդիպինք նոյն մեծ բանաստեղծին, որ կ’ըսէ, այս անգամ ժամանակակիցներուս համար, իր էական խօսքը, մանաւանդ երբ լեզուի նահանջը համաճարակի բնոյթ ունի սուտուփուտ կարգախօսներու պատճառով. «Հայոց լեզուն Սասունցի Դաւիթի հօր զէնքն ու զրահն է, որ աչքից գցել ու սնդուկուկում փակել է անշնորհք, թշուառական հօրեղբայրը: Սասունցի Դաւիթի հօր նժոյգն է, որ առանց խնամքի փակել է կեղտոտ ախորում հաւերի թառի տակ, մինչեւ էդ զէնքն ու զրահով չզինավառուի հայ ժողովուրդը, մինչեւ էդ նժոյգը չհեծնի, կը մնայ սրա նրա դրանը խեղճ ծառայ»:
Լսել Յովհաննէս Թումանեանը, կանգնիլ հայելիին առջեւ, մենք` օտարախօութեան եւ օտարագրութեան հանդուրժողներ վասն չես գիտեր ինչ-ինչ մարդորսութիւններու եւ չխոստովանուող շահախնդրութիւններու:
Չենք կարդար: Հայերէն գիր ու գիրքը կը դարձնենք անպէտք իր: Կը վերականգնինք այն օրը, ամեակներուն խորք եւ իմաստ կու տանք այն օրը, երբ մեր տուներուն, ակումբներուն, սրահներուն եւ եկեղեցիներուն մէջ կը գրենք Յովհաննէս Թումանեանի խօսքը շարունակող Վիգէն Խեչումեանի իմաստութիւնը. «Ուրիշի դրան քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»:
Օտար վարժարաններու ընկեցիկ հոգիով հայերուն, բեմերու վրայ օտարաբարբառ երեւելիապաշտներուն եւ օտարագիր հայերուն պիտի կարենա՞նք այսքանը ըսել, որպէսզի մեր նախաձեռնութիւնները դադրին ըլլալէ վարձու սենեակ եւ հտպիտներու գալարումներ:
Յիշել նաեւ Մուշեղ Իշխանը, որ կ’ըսէր` «Հայ լեզուն տունն է հայուն աշխարհի չորս ծագերուն / ուր կը մտնէ ամէն հայ իբրեւ տանտէր հարազատ»:
Երբ չկայ տունը… կ’ըլլանք գնչու, թերեւս բոլոր գնչուներուն պէս, երգող, պարող եւ զուարթ: Եւ ամեակներն ալ առիթ… Իսկ ուղղախօսութիւնը` կեղտաջուրի մէջ ինկած հին օրերու լուսանկար:
9 փետրուար 2015, Նուազի-լը-Կրան