Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Հռչակագիրները` Փոխլրացուցիչ

Մարտ 24, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

9793_bՀայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հրապարակուած Համահայկական հռչակագիրը  ներհայկական առումով քննարկման առարկայ չէ: Հաւանաբար հիմնական պատճառը այն է, որ բաւական ուսումնասիրուած, հայրենի պետական-հասարակական, ինչպէս նաեւ սփիւռքեան բոլոր շրջանակներուն համաձայնութիւնը ստացած փաստաթուղթ է, հետեւաբար ալ հիմնական առարկութիւններու տեղ չկայ: Հռչակագիրը ոչ միայն իբրեւ բովանդակութիւն, որ ներառած է պատմական, քաղաքական եւ իրաւական հիմնադրոյթներ եւ այդպիսով ներկայացուցած ուղենշային նշանակութիւն, այլ նաեւ իբրեւ համահայկական համաձայնութիւն վայելող փաստաթուղթ աննախադէպ է:

Հռչակագիրի հետեւողական ընդդիմախօսը հանրապետութեան առաջին նախագահն է, որուն համաձայն հայ-թուրք յարաբերութիւններու չկարգաւորուիլն ու արցախեան հակամարտութեան անլոյծ մնալը`

– կը խոչընդոտեն Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսական զարգացման,

– կը խափանեն Հայաստանի ներգրաւուածութիւնը տարածաշրջանային տնտեսական ծրագիրներուն մէջ,

– Հայաստանը կը զրկեն արտասահմանեան ընկերութիւններուն կողմէ ներդրումներ կատարելու գրաւչութենէն,

– պետական առանց այդ ալ ողորմելի պիւտճէէն զգալի գումարներ կը պահանջեն ռազմական ծախսերուն համար,

– կը խթանեն Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան արտագաղթը, ինչ որ արդէն իսկ վերածուած է ժողովրդագրական աղէտի,

– կը բարդացնեն Հայաստանի յարաբերութիւնները աշխարհի գրեթէ բոլոր, նոյնիսկ բարեկամ պետութիւններուն հետ:

Ուրեմն Համահայկական հռչակագիրը կը խոչընդոտէ այս խնդիրներու յաղթահարումը, կը հակասէ Անկախութեան հռչակագիրին եւ ատով իսկ կը վերածուի ըստ էութեան արկածախնդրական քայլի, որ միայն  կրնայ վնասակար հետեւանքներ ունենալ հայրենիքին: Պահ մը զանց առնենք մնացեալ քննադատութիւնները, որոնք քաղաքական անգրագիտութեամբ  կը բացատրեն հռչակագիրը խմբագրողները կամ պետականազուրկ հայութեան մտածողութեան տուրք տալու մտադրութիւնը կը տեսնեն անոր տողերուն մէջ կամ ալ ընդհանրապէս կը հեգնեն իբրեւ թէ օտար երկիրներու հասկնալի վերաբերումը հայութեան ցուցաբերած զգացականութեան նկատմամբ: Կեդրոնանանք Անկախութեան հռչակագիրին եւ Համահայկական հռչակագիրին միջեւ Տէր Պետրոսեանի մատնանշած հակասութեան վրայ:

Տէր Պետրոսեան կը մերժէ հրապարակուած Համահայկական հռչակագիրը եւ կ՛ուզէ զայն նորով մը փոխարինել կամ խորքին մէջ ճշդում կատարող փաստաթուղթով մը: Ան չի ճշդեր սակայն բովանդակութեան առանցքային բաժինները: Ենթադրել տալով, որ այն ինչ որ կը խոչընդոտուի այս ձեւով պէտք է վերանայ եւ տեղը գրաւեն իր օրով ցեղասպանութեան կամ ընդհանրապէս հայ-թուրք յարաբերութիւններու ուղղութեամբ հայեցակարգային փաստաթուղթերով ամրագրուած բաժինները:

Եթէ հետեւինք այս տրամաբանութեան, այդ կը նշանակէ, որ ցեղասպանութեան հարցը վերստին պէտք է դուրս բերել Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան օրակարգէն եւ բաւարարուիլ Անկախութեան հռչակագիրին մէջ այս հարցին մասին բանաձեւուած մասով.

«Հայաստանը սատար է կանգնում 1915 թ. Օսմանեան Թուրքիայում եւ Արեւմտեան Հայաստանում Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին»:

Ուրեմն. առարկութիւններու տրամաբանութեամբ, 100-ամեակին կամ ընդհանրապէս, ցեղասպանութեան հարցը վերստին դուրս կու գայ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգէն եւ հայոց պետութիւնը կը զօրակցի կամ սատար կը կանգնի այլոց կողմէ ձեռնարկուած ճանաչման աշխատանքներուն, ընդամէնը այսքան:

Քննադատական այս մօտեցումներուն մէջ շրջանցուած է նոյն Տէր Պետրոսեանի օրով ընդունուած Անկախութեան հռչակագիրին հետեւեալ կարեւորագոյն բաժինը.

«Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդը, արտայայտելով Հայաստանի ժողովրդի միասնական կամքը, գիտակցելով իր պատասխանատուութիւնը հայ ժողովրդի ճակատագրի առջեւ համայն հայութեան իղձերի իրականացման եւ պատմական արդարութեան վերականգնման գործում® հռչակում է անկախ պետականութեան հաստատման գործընթացի սկիզբը»:

Առաջին նախագահը եթէ Անկախութեան հռչակագիրին ա՛յս բաժինին վրայ կեդրոնանար, եւ ոչ թէ խնամքով անուշադրութեան մատնէր զայն, ապա որեւէ հակասութիւն չէր գտներ Անկախութեան հռչակագիրին եւ Համահայկական հռչակագիրին միջեւ: Աւելորդ է այլեւս մեկնաբանելը, թէ ի՞նչ կը նշանակէ համայն հայութեան իղձերու իրականացումը եւ պատմական արդարութեան վերականգնումը:

Տէր Պետրոսեան քննադատած է Համահայկական հռչակագիրը եւ յայտարարած, որ ծանր հետեւանքներ կ՛ունենայ հանրապետութեան համար. այնպէս ինչպէս ունեցած են, ըստ իրեն Գում Գափուն եւ Պանք Օթոմանը: Հայ ազատագրական շարժման պատմութիւնը հարստացնող էջերը աղէտաբեր բնութագրելով Տէր Պետրոսեան ակամայ (՞) թրքական դասական պնդումները կը հիմնաւորէ, որ զինուած եւ պետութեան դէմ ոտնձգութիւն կատարող հայերը զսպիչ գործողութիւններու անհրաժեշտութեան առջեւ էին: Այս տրամաբանութիւնը չի բացառեր, որ սահմանի լարուածութիւնը, Պաքուի կազմակերպած գործողութիւնները թէ Անգարայի ժխտողականութեան թափ հաւաքելը վերագրուին հարցերու կարգաւորումը խոչընդոտող հռչակագիրին:

Հռչակագիրներուն մէջ հակասական որեւէ երանգ չկայ: 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրը կը ճշդէ Անկախութեան հռչակագիրով ամրագրուած համայն հայութեան իղձերու եւ պատմական արդարութեան վերականգնման ուղիներու իրաւաքաղաքական հիմնադրոյթները: Ներհայկական «աւանտուրա» (խնայելու համար արկածախնդրութիւն բառը®)» կ՛ըլլար համահայկական համաձայնութեան արժանացած նման երեւոյթ մը քննադատելը եւ իրար լրացնող հռչակագիրներուն միջեւ հակասութիւններ նկատելը:

«Ա.»

Նախորդը

Հոլլանտ 24 Ապրիլին 120 Հոգինոց Պատուիրակութեամբ Պիտի Այցելէ Ծիծեռնակաբերդ

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծ` Կիպրոսի Խորհրդարանին Մէջ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?