«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
Համացանցի «Մարքսիսթ» կայքէջին վրայ հրատարակուած է Աթիլլա Տիրիմ ստորագրութեամբ բաւական ցնցիչ ու ծանր յօդուած մը, որ կը պարսաւէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն վախցողները, զանոնք մակաբոյծի կը նմանցնէ եւ կը պնդէ, որ հանրապետութեան նախագահ Էրտողանն ալ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն վախցող մըն է: Եւ դեռ որո՞նք կը վախնան Ցեղասպանութեան ճանաչումէն:
Աթիլլա Տիրիմ կը յիշեցնէ, որ հազիւ երկու ամիս մնացած է 1915-ի հարիւրամեակին եւ հիմա հետզհետէ աւելի բարձր ելլել սկսած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն վախցողներուն ձայները: Բայց ո՞վ կը վախնայ արդեօք Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութենէն: Ասկէ հարիւր տարի առաջ սպաննուած ու գերեզման մը անգամ չունեցող մարդոցմէ ով եւ ինչո՞ւ կը վախնայ: Դժուար չէ պատասխանել այս հարցումին:
Աթիլլա Տիրիմ կը գրէ, որ Հայոց ցեղասպանութենէն վախցողները ամէնէն առաջ, հանգուցեալ Եաշար Քեմալի ալ գործածած բացատրութեամբ, Թուրքիոյ Հանրապետութեան ուռեցուցած տիզերն (քենէ) են, որոնց ամբողջ հոգը եղած էր թալանել հայերու ագարակները, եէօրիւքներու արտերը, պետական գանձին հողերը: Բոլոր ասոնք մէկմէկ զեղծարարներ են, որոնք միայն իրենց անձնական շահերուն մասին կը մտածեն, թսեր է Եաշար Քեմալ:
Աթիլլա Տիրիմ կ՛ըսէ սակայն, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն վախցողները միայն այս տիզերը չեն, հանրապետութեան նախագահն ալ, որ Հայոց ցեղասպանութեան սկզբնական թուականը նկատուած 24 ապրիլին Կալիփոլիի պատերազմի ոգեկոչում որոշեց, մինչեւ իսկ այդ թուականին համար շռնդալից հանդիսութիւն մը կազմակերպեց, շատ կը վախնայ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն: Որովհետեւ ան ալ շատ լաւ գիտէ, որ իր գլխաւորած պետութեան հիմը շաղախուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու արիւնով: Ցեղասպանութեան ամբողջ մերկութեամբ հրապարակումը պատճառ պիտի դառնայ, որ այդ հիմը քանդուի: Գասապեան ընտանիքի ապարանքէն բաժնուիլն անգամ զինք պիտի չփրկէ:
Հանրապետութեան նախագահը, քաջ գիտնալով այս ճշմարտութիւնը, իր վախէն կը ջանայ վարագոյր քաշել 24 ապրիլի վրայ:
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն կը վախնան նաեւ բոլոր անոնք, որոնք ձեռք դնելով աշխատաւոր դասակարգին քրտինքին վրայ` իրենց հարստութեան վրայ նոր հարստութիւններ աւելցուցած են եւ միլիոնաւոր մարդիկը դատապարտած են անօթութեան մէջ ապրելու: Անոնք մեռնելու չափ կը վախնան Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն: Հիմա անոնք ալ այլեւս գիտեն, որ իրենց դէմ դառնալ պիտի սկսի իրենց այն պնդումը, թէ` «անոնք են, որ մեզ կոտորեցին, եթէ վերադառնան, մեր ապրելու իրաւունքը չեն ճանչնար, անոնք մեր մեծագոյն թշնամիներն են»:
Այսքան ալ չէ Ցեղասպանութեան վախցողներու ցանկը: Ցեղասպանութենէ վախցողներէն մէկն է Ամերիկայի քոնկրեսի հանրապետական երեսփոխաններէն Պիլ Շուսթըր, որ մեռնելու չափ կը վախնայ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն եւ տակաւին անցեալ օր Քոնկրեսին նամակ գրեց` պնդելով, որ Ամերիկա պէտք չէ կողմ դառնայ Հայոց ցեղասպանութեան խնդրին մէջ, թէ` այս խնդրին մէջ պէտք է պաշտպանուի Թուրքիան, եթէ Թուրքիոյ վնաս հասցուի, Ամերիկայի շահերն ալ ատկէ պիտի վնասուին: Ահա թէ ինչո՛ւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն կը վախնայ Պիլ Շուսթըր եւ միայն ան չէ, անոր ներկայացուցած քարիւղի հսկայական ընկերակցութիւններու, զէնք արտադրող ընկերակցութիւններու ղեկավարներն ալ կը բաժնեն նոյն վախը: Անոնք միլիոնաւոր մարդոց կեանքի գնով հաստատուած իրենց շահերը պաշտպանելու ետեւէ են:
Գերմաններն ալ, որոնք Ա. Աշխարհամարտի օրերուն իրենց դաշնակից Օսմանեան կայսրութեան գործած ծանր յանցանքներուն ձայն չհանեցին, աւելի՛ն, զօրակցեցան այդ յանցանքներուն, անոնք ալ հիմա կը վախնան, որ երեւան կ՛ելլէ իրենց մեղսակցութիւնը եւ կը ստիպուին հաշիւ տալու:
Մինչդեռ կան ուրիշներ ալ, որոնք բնաւ չեն վախնար Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութեան յայտնաբերումէն: Օրինակ` Միացեալ Նահանգների մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունող նահանգներուն թիւը բարձրացաւ 43-ի: Ուրուկուէյ, Կիպրոս, Արժանթին, Ռուսիա, Քանատա, Յունաստան, Լիբանան, Պելճիքա, Ֆրանսա, Շուէտ, Իտալիա, Վատիկան, Զուիցերիա, Սլովաքիա, Հոլանտա, Լեհաստան, Գերմանիա, Վենեզուելլա, Լիթվանիա, Շուէտ եւ այսպիսի բազմաթիւ երկիրներու խորհրդարանները ճանչցան Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը, նոյնիսկ անոնցմէ ոմանք Ցեղասպանութեան ուրացումը յանցագործութիւն նկատող օրէնքներ ընդունեցին, Ցեղասպանութիւնը անցուցին դասագիրքերու մէջ:
Աթիլլա Տիրիմ այսպէս կ՛եզրակացնէ իր յօդուածը.
Անշուշտ բոլոր այս երկիրներու եւ նահանգներու խորհրդարաններուն կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչուած ըլլալը շահ մըն է բոլոր անոնց համար, որոնք դէմ են ցեղասպանութիւններու: Տիրող դասակարգերը որքան որ ալ իրարու զօրակցին եւ որքան ալ ուրանան Ցեղասպանութինը, անոնք պիտի չկարենան արգելք հանդիսանալ բոլոր այն մարդոց, որոնք միայն իրենց խղճմտանքին ձայնին ականջ կու տան: Որովհետեւ տիրող դասակարգերը կորսնցնելու շատ բան ունին, մինչդեռ ցեղասպանութիւններու դէմ պայքարողները ուրիշ ոչինչ ունին կորսնցնելու, եթէ ոչ` իրենց խղճմտանքին ծանրութիւնը: Ատոր փոխարէն` անոնք պիտի շահին ամբողջ աշխարհ մը: