Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Աշակերտութեան Կողմէ. Յարգանքի Տուրք` Ցեղասպանութեան Նահատակներու Եւ «Նեմեսիս»-ի Կազմակերպիչներու Յիշատակին

Մարտ 25, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-18-15_Sofia1Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը 100-ամեակի աշակերտական իր ոգեկոչումներուն բացումը կատարեց Ցեղասպանութեան յուշակոթողներու այցելութեան շարքով մը, որ երկարեցաւ 18-20 մարտ 2015:

Չորեքշաբթի, 18 մարտին, քոլեճին եօթներորդ դասարանի աշակերտները այցելեցին Պիքֆայայի Եղեռնի նահատակաց յուշարձան եւ ծաղիկներ զետեղելով` յարգանքի իրենց տուրքը ընծայեցին մեր մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին: Յուշարձանին առջեւ աշակերտներ ներկայացուցին գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր: 100-ամեակի աշակերտական յանձնախումբին խօսքը փոխանցեց Բալիկ Հապոյեան: Այս առթիւ պատրաստուած ուխտագիրը կարդաց եւ ներկայ աշակերտներուն ուխտը ընդունեց Ստեփան Թէքկելեան:

Պիքֆայայի նահատակաց յուշարձանին եւ հրապարակին հրաժեշտ տալու պահուն աշակերտներ անակնկալ պատեհութիւնը ունեցան հանդիպելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ այդ պահուն կը գտնուէր Պիքֆայա: Արամ Ա. ողջունեց աշակերտները, մեծապէս գնահատեց յուշարձան այցելութեան գաղափարը եւ մաղթեց, որ ազգային-պահանջատիրական ոգին միշտ վառ կը մնայ նոր սերունդին մէջ:

Յաջորդ օր` հինգշաբթի, 19 մարտին, Պիքֆայա այցելութիւնը կրկնուեցաւ քոլեճին ութերորդ դասարանի աշակերտութեան կողմէ, որոնք իրենց կարգին ներկայացուցին արտասանութիւններ եւ երգեր: Անոնք լսեցին նաեւ աշակերտական յանձնախումբին խօսքը եւ ուխտը` Ռիթա Սարգիսեանի եւ Կարօ Շատոյեանի կողմէ: Աշակերտներ այցելեցին նաեւ Ս. Աստուածածնայ մատուռ եւ իրեց աղօթքներով խաղաղութիւն խնդրեցին Ցեղասպանութեան անմեռ զոհերու հոգիներուն համար:

3-18-15_Sofia3Այցելութիւններու շարքին երրորդը կատարուեցաւ ուրբաթ, 20 մարտին, երբ քոլեճին 9-12 դասարաններու աշակերտները այցելեցին Ֆրըն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատուն եւ յարգանքի իրենց տուրքը ընծայեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին Լիբանանի մէջ կառուցուած առաջին յուշակոթողին:

Ֆրըն Շըպպեքի յուշակոթողը կառուցուած է 1929-ին: Աշակերտներ յուշակոթողին շուրջ բոլորուած` ներկայացուցին արտասանութիւններ եւ երգեր: 100-ամեակի աշակերտական յանձնախումբին խօսքը փոխանցեց 10-րդ դասարանէն Անդօ Պէօիւքեան: Այս առթիւ պատրաստուած ուխտագիրը կարդաց եւ ներկայ աշակերտներուն ուխտը ընդունեց BT1 դասարանէն Րաֆֆի Գալայճեան:

Աշակերտութեան իր պատգամը փոխանցեց տնօրէն Վիգէն Աւագեան: Ան ըսաւ, որ` մեր նահատակները կրնան հանգիստ ննջել իրենց երանութեան մէջ, քանի կան ձեզի նման տղաք ու աղջիկներ, որոնք գիտեն յարգել ու յիշել իրենց անցեալը` անցեալի հիմերուն վրայ կառուցելու համար իրենց ապագան: Դուք, իբրեւ նորահաս սերունդի ներկայացուցիչներ,- դիտել տուաւ Վ. Աւագեան,- պարտքն ու պարտաւորութիւնը ունիք տէր կանգնելու այն արժէքներուն եւ սրբութիւններուն, որոնց համար զոհուեցան մեր հայրերն ու մայրերը: Բռնագրաւուած հողը, յափշտակուած եկեղեցիները, կորստեան մատնուած մշակութային դարաւոր արժէքները կը կազմեն մեր ու ձեր ազգային արժանապատուութիւնը, որուն տիրութիւն ընելու համար հրաւիրուած ենք ամբողջական եւ աննահանջ մասնակցութիւն բերելու ազգային  պահանջատիրական մեր երթին», շեշտեց ան:

Շարունակելով` տնօրէն Վիգէն Աւագեան նշեց, որ 100-ամեակի թափն ու պահանջատիրական ոգին պէտք է շարունակուին եւ սաստկանան 101-ամեակին եւ անոր յաջորդող բոլոր ամեակներուն, մինչեւ որ Թուրքիա հատուցէ մեր բոլոր իրաւունքները եւ հայ ժողովուրդը վերադառնայ իր պատմական բնօրրանը:

3-18-15_Sofia2Տնօրէն Վիգէն Աւագեանի պատգամէն ետք աշակերտներ ուղղուեցան «Նեմեսիս» գործողութեան կազմակերպիչներէն Հրաչ Փափազեանի շիրիմը, որուն դամբարանին վրայ ծաղիկներ զետեղելով` անոնք ոգեկոչեցին յիշատակը արդարահատոյց այն բազուկներուն, որոնք 1921-1923 զգետնեցին հայ ժողովուրդին դահիճները` Թալէաթը, Ճեմալը, Սայիտ Հալիմը, Պեհաէտտին Շաքիրը եւ անոնց գործակիցները:

Այս առիթով, աշակերտներ այցելեցին նաեւ 1915-ի Եղեռնի օրերուն հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանական մարտերուն մասնակցած Խմբապետ Մուշեղի եւ Ցրօնքցի Մուրատի շիրիմները:

Այնուհետեւ աշակերտներ յարգանքի իրենց տուրքը մատուցեցին Ցեղասպանութենէն երեք տարի ետք հայկական անկախ պետականութիւն կերտած Նիկոլ Աղբալեանի եւ Լեւոն Շանթի շիրիմներուն: Դաստիարակիչ եղաւ նաեւ Բարսեղ Կանաչեանի շիրիմին այցելութիւնը: Կանաչեան կը նկատուի հայ կամաւորական գունդերու քայլերգին` «Յառաջ նահատակ»-ի երաժշտութեան հեղինակը:

Գերեզմանատան հրաժեշտ տալէ առաջ աշակերտներ հետաքրքրութեամբ ծանօթացան Լիբանանի ԺԹ. դարու հայկական առաջին գերեզմանատունէն փրկուած շիրմաքարերուն, որոնք իբրեւ նմուշ` պահպանուած են Ֆրըն Շըպպեքի գերեզմանատան մուտքին:

100-Ամեակի Աշակերտական
Այլ Նախաձեռնութիւններ

Ցեղասպանութեան յուշարձաններ այցելութեան կողքին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի աշակերտութիւնը կը պատրաստուի զանազան նախաձեռնութիւններով ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը:

Քոլեճը կը պատրաստէ 100-ամեակի յատուկ աշակերտական թատերական ներկայացում մը եւ նկարչական ցուցահանդէս մը: Երկրորդականի բաժինը ձեռնարկած է աշակերտական ներքին կլոր սեղաններու շարքի մը, որուն առաջինը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 28 մարտին, «Հայը երէկ եւ այսօր» թեմայով: Շարքին երկրորդ եւ երրորդ կլոր սեղանները պիտի արծարծեն «Հայ երիտասարդութիւնը երէկ եւ այսօր», «Հայ դպրոցին դերը հայկական պահանջատիրութեան մէջ» նիւթերը:

Յայտնենք, որ մարտ ամսուան սկիզբէն ի վեր, քոլեճը առկախած է բոլոր դասարաններու (եօթներորդէն տասներկրորդ եւ արհեստից բաժիններ) հայոց պատմութեան իր ընթացիկ դասերը եւ զանոնք փոխարինած է Հայոց ցեղասպանութեան, Հայ դատի եւ հայկական պահանջատիրութեան նուիրուած դասերով: Ապրիլ 22-ին, քոլեճը կը պատրաստէ ներքին զարգացման մրցումներ` այդ նիւթերուն շուրջ:

Կ’արժէ նշել, որ քոլեճին բարձրագոյն դասարաններու աշակերտները ուրբաթ, 20 մարտի յետմիջօրէին ներկայ գտնուեցան Էն. Տի. Եու. համալսարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած խաչքարի զետեղման հանդիսութեան:

 

Նախորդը

Սուրիական Օրագրութիւն 71. Պտոյտ Մը Հալէպի Թաղերուն Մէջ

Յաջորդը

Րաֆֆի Թոքաթլեանի «Նուիրում»-ը` «Ազդակ»-ի «Ոսկի Ֆոնտ»-ին

RelatedPosts

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով.  Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք
Գաղութային

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով. Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք

Մարտ 9, 2023
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.  Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը
Գաղութային

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

Յունուար 26, 2023
Տագնապող Եւ Պայքարող Հայը
Գաղութային

Պետական Պաքալորիայի Լրացուցիչ Քննութիւններու Նախօրեակին Քուէթաբնակ Բարերար Կիրակոս Գույումճեան Յաջողութիւն Կը Մաղթէ 12-րդ Կարգի Հալէպահայ Ուսանողներուն

Յուլիս 25, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In