Առաջարկ. Որպէսզի Կանխատեսե՛նք Գալիքը
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը հանգրուան մըն է: Հարիւրամեակի առթիւ ստեղծուած համագործակցական ոգին, յառաջացած միացեալ յանձնախումբերը ու հաւաքաբար իրականացած եւ իրականացող նախաձեռնութիւնները լաւ սկիզբ մը ու խարիսխ մը կրնան հանդիսանալ լաւապէս օգտուելու համար այս հանգրուանէն ու պատրաստուելու համար մեր ազգային կեանքի յաջորդ փուլին: Պահ մը կանգ առնելու, թէ՛ ետ նայելու եւ թէ՛ առաջ նայելու համար: Ինքնաքննումի՛ համար: Ծրագրումի՛ համար: Վերազարթնումի՛ համար...
















