«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
«Զաման» թերթի կայքէջին վրայ մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ Պորտօ համալսարանի դասախօս, փրոֆ. Կարիպ Թուրունչ ստորագրութեամբ յօդուած մը, որ կը հակի Հայկական հարցին մէջ արձանագրուած նոր զարգացումներու վրայ ու կ՛ընդգծէ 1915-ի հարցը իր իրական ծաւալներուն մէջ տեսնելու հրամայականը: Ան դիտել կու տայ, որ պետութիւնը մինչեւ այսօր կեղծ հերոսական պատմութիւններով պարտկեց Օսմանեան կայսրութեան փլուզումին յաջորդող ու հայերու ողբերգութիւնը ցոլացնող պատահարները, բայց հիմա այլեւս ճշարտութիւնները յայտնի դառնալ սկսած են, ու ժամանակը եկած է ճանչնալու հայերու կրած տառապանքը ու անոնց հետ բարեկամութեան նոր կապ հաստատելու:
Պետութիւնները կամ հաւաքականութիւնները յաճախ իրենց մասին կը ստեղծեն հերոսութեան պատմութիւններ, որոնք իրականութեան մէջ կապ չունին: Ասոր պատճառն այն է, որ անոնք իրականութիւնները տեսնելու քաջութիւնը չունին: Թուրքիա եւս անցեալի մէջ ապրեցաւ այսպիսի հոգեվիճակ մը: Օսմանեան կայսրութեան նման հզօր պետութիւն մը յանկարծակիի փլուզումի ենթարկուած էր եւ ասիկա Արեւմուտքին դիմաց նուաստացումի զգացում յառաջացուցած էր, ուստի պետութեան ձեռքով նոր պատմութիւն ստեղծուեցաւ, «ազգութեան» գիտակցութիւն շինուեցաւ, անցեալի դէպքերու մասին ազատօրէն խօսելու կարելիութիւնը ջնջուեցաւ, իրական պատմութիւնը պետութեան ձեւաւորումին յանձնուեցաւ, պատմութիւններու շարքեր ստեղծուեցան, ըսուեցաւ, որ Թուրքիա թշնամիներով շրջապատուած էր, Արեւմուտքը շարունակ բաժան բաժան ընել կ՛ուզէր Թուրքիան, մեր մէջ անհամար դաւաճաններ կային, ասոնց դէմ պայքարելու միակ ճամբան քեմալականութիւնն էր, եւ այլն, եւ այլն: Այսպէս, շատեր, մինչեւ իսկ արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագէտներ իրենց յառաջացեալ տարիքին է միայն, որ միացան, թէ հայերը ինչե՜ր քաշած էին այս երկրին մէջ:
Յօդուածագիրը այս մասին իբրեւ լաւագոյն վկայութիւն` կը յիշեցնէ լրագրող Նեշէ Տիւզելի կողմէ 2009 թուականին «Թարաֆ» թերթին մէջ վաստակաւոր դեսպան Թեմել Իսքիթի հետ կատարուած հարցազրոյցը, որուն մէջ դեսպանը ցնցիչ խոստովանութիւններ ունի: 41 տարի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ աշխատած այս Սպիտակ Թուրքը այսպէս կը պատմէր. «Իմ սերունդիս շրջանին կ՛ապրէինք այնպիս Թուրքիոյ մը մէջ, ուր որեւէ խնդիր չկար: Քրտական հարց չկար, Հայոց ցեղասպանութեան հարց բնաւ չկար: Աւելի վերջ մեր արեւմուտքցի թշնամիները ոչինչէն ստեղծեցին ցեղասպանութեան պատմութիւն մը: Աւելի վերջ խնդիրը վերածուեցաւ հայոց դաւաճանութեան խնդրին. հայերը մեզ կռնակէն զարկած էին:
Պատերազմական պայմաններու մէջ թուրքերը ստիպուեցան դիմել ինքնապաշտպանութեան եւ սպանդներու: Մենք այս ձեւով պայմանաւորուած սերունդ եղանք: Նոյնիսկ ստիպեցին, որ մեր յաջորդներն ալ այսպէս պայմանաւորենք: Պետութիւնը սրբազան էր, բոլորս լայիք ու հաւասար էինք, անբաժան ամբողջականութիւն էինք, թուրքը գերիվեր ցեղ էր եւ այլն: Մեր սերունդը այսպէս, հարցերը լուծելէ աւելի, աշխատեցաւ հարցերը տեւականացնելու: Մենք ըրինք, բայց դուք մի՛ ընէք»:
Յօդուածագիրը ապա այսպէս կը շարունակէ.
Մենք շատ նշմարեցինք այն աղէտը, որ ապրուած էր 24 ապրիլ 1915-ին ու անոր յաջորդող օրերուն: Երբ իմացանք, որ հայերը անխղճօրէն ջարդուած էին, զանոնք արդէն վաղուց կորսնցուցած էինք: Շատ տարիներ վերջ է, որ կրցանք մէկտեղուիլ ու իրարու ցաւերը բաժնել մեր այն հայ եղբայրներուն հետ, որոնք աշխարհի ամէն կողմը ցիրուցան եղած էին, եւ որոնք ապրուած աղէտի մը ցաւով կը բոցավառէին ամէն վայրկեան: Կարելի չէ անհետացնել ցաւերը: Կարելի չէ նոյնիսկ թեթեւցնել զանոնք: Բայց ինչ կ՛ուզէ ըլլայ, եղբայրութեան նոր էջ մը պիտի բացուի»:
Յօդուածագիրը կը յիշեցնէ, որ Հրանդ Տինք այսպիսի էջ մը բանալ աշխատած էր: Ան սպաննուեցաւ, որովհետեւ, ըսաւ, որ այո՛, ցեղասպանութիւն կատարուած է այս երկրին մէջ: Ցեղապաշտներուն թիրախը դարձաւ ան: Անոր կեանքը չբաւեց, որպէսզի մեր եղբայրներուն հետ հասարակաց լեզու մը հաստատուի: Բայց վերջին տասը տարիներու ընթացքին այս ուղղութեամբ կարեւոր զարգացումներ արձանագրուեցան: Վարչապետ Էրտողան Տոլմապահչէի պալատին մէջ հաւաքոյթի մը ընթացքին ըսաւ. «Մեր երեսին նայելու համար ջինջ ջուր մը կը փնտռենք»: Անցեալ տարի 23 ապրիլին ալ ցաւակցական պատգամ արձակեց, ըսաւ, որ պայման է, որ հասկնանք նաեւ հայերու ցաւերը:
Բայց յօդուածագիրը այս բոլորը անբաւարար կը գտնէ: Եթէ Թուրքիա աւելի ազատ պիտի դառնայ, եթէ պիտի ազատի Ցեղասպանութեան ճնշումէն, ատոր համար պայման է, որ բանավէճի շատ աւելի յարմար գետիններ ստեղծուին: 23 ապրիլի պատգամը դուռ մը բացաւ: Հիմա աւելի մաքուր ու խորունկ պէտք է մտածենք այս հարցի մասին, պատմաբաններ, իրաւագէտներ, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ պէտք է բացատրեն, թէ ի՛նչ կը նշանակեն 1915-էն առաջ ու վերջը ապրուած պատահարները, անոնք պէտք է բանան պատմութեան հետ հաշտութեան մը դռները: Նոր Թուրքիա պէտք է գտնէ իր մասին մտածելու ու իր ճշմարտութիւնները վերլուծելու ճամբան: Մամուլն ալ պէտք է խզէ իր ամէն ատենուան լռութիւնը ու այս հարցը պէտք է բերէ իր օրակարգին:
Ասոր փոխարէն Թուրքիա ինչպիսի՞ պատրաստութիւն կը տեսնէ 1915-ի հարիւրամեակը դիմագրաւելու համար: Կալիփոլիի պատերազմի ոգեկոչումը մէկ օր առաջուան թուականին առնուեցաւ, թուականը սահեցաւ, այս կերպով երկու կողմերու ցաւերուն միջեւ մրցում մը հաստատուեցաւ: Յառաջիկայ 24 ապրիլին դարձեալ այս պատգամը տրուած պիտի ըլլայ. այո՛, հայերուն գլխուն գէշ բաներ կրնան եկած ըլլալ, բայց մենք ալ շատ բան քաշեցինք: Մենք ալ տուժած ու զոհուած ենք: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութիւնը դարձեալ հարցը պիտի հիմնէ բոլոր կողմերուն տառապած ըլլալու պնդումին վրայ: Յօդուածագիրը կը յիշեցնէ նաեւ Տաւութօղլուին խոստումները ու կ՛եզրակացնէ, թէ ճամբան բացուեցաւ, բայց այդ ճամբուն վրայ քալել պէտք է: Դժուար էր նոր Թուրքիա մը ըլլալը: Որպէսզի վերագտնենք մեր առողջութիւնը, պայման է, որ երես առ երես գանք ու վճարենք մէկզմէկու նկատմամբ մեր պարտքը, կը գրէ ան: