Երեքշաբթի, 7 ապրիլ 2015-ին, Եգիպտոսի «Այն շամս» համալսարանի Միջին Արեւելքի հետազօտական կեդրոնի կազմակերպութեամբ, «Թուրքերու կողմէ իրականացուած Հայոց Եղեռնէն 100 տարի ետք, 1915-2015» խորագիրը կրող համագումարը տեղի ունեցաւ, որուն մասնակցեցան եգիպտացի մտաւորականներ ու մասնագէտներ:
Համագումարին խօսք առած է Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբի անդամ դոկտ. Արմէն Մազլումեան: Ան նկատել տուած է, թէ պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդը բազմիցս հալածուած ու ենթարկուած է բռնութիւններու, իսկ Եգիպտոս միշտ գրկաբաց ընդունած է հայ հալածեալները եւ մանաւանդ` ցեղասպանութենէն փրկուածներն ու գաղթականները, որոնք ապահով ապաստան գտած են Եգիպտոսի մէջ:
Ան նշած է, որ հայ ժողովուրդը եւ եգիպտահայերը, մասնաւորաբար, ո՛ւր ալ գտնուին, մայր հայրենիքի, թէ Եգիպտոսի մէջ, իրենց սրտին ու խղճին մէջ փորագրած են Եգիպտոսի ու անոր քաջ ժողովուրդին անունը, ապա` շարունակած` ըսելով, որ հայերը Մոհամետ Ալիի դարաշրջանէն մինչեւ այսօր ճիգ չեն խնայեր Եգիպտոսի ծառայութեան եւ զարգացման իբրեւ լիիրաւ քաղաքացիներ` ամուր պահելով հաւատարմութեան, երախտագիտութեան եւ ազնուութեան սկզբունքները: Հայ ժղովուրդը կանգնած է միշտ Եգիպտոսի պետութեան կողքին` հաւատալով անոր պատմական առաջնակարգ ու խոստմալից դերին եւ պահելով յոյսը վաղուան նոր ու բարգաւաճ Եգիպտոսին:
Մազլումեան նկատի առնելով Եգիպտոսի պատմական փաստարկներն ու ներկայ տուեալները` յայտնած է, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը, հայ ժողովուրդը եւ սփիւռքը կը նախատեսեն, որ Եգիպտոս շարունակէ իր գեղեցկութեամբ ուռճացնել հայութիւնը ու նաեւ ճանչնայ, որ այն, ինչ որ կատարուեցաւ հայ ազգին օսմանցիներուն կողմէ 1915-ին, ցեղասպանութիւն էր Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան 1948 թուականին հրապարակուած կանոներուն համաձայն:
Ապա ըսած է. «Մենք` եգիպտահայերս, կոչ կ՛ուղղենք Եգիպտոսի ղեկավարութեան` մեծ շուքով մասնակցելու ապրիլ 24-ին Երեւանի մէջ կայանալիք Մեծ եղեռնի ոգեկոչման ձեռնարկներուն»:
Համագումարին խօսք առած են «Այն շամս» համալսարանի տնօրէն Հուսէյն Իսա, Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպան` Արմէն Մելքոնեան, Միջին Արեւելքի հետազօտական կեդրոնի ղեկավար դոկտ. Ժամալ Շաքրա , «Տամանհուր» քոլեճի պատմական գիտութիւններու դասախօս եւ ցեղասպանագէտ Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամ, ռազմական փորձագէտ եւ խորհրդական «Նասր» ռազմական ակադեմիայի Մահմուտ Խալաֆ, Ազգային գրադարանի եւ փաստաղուղթերու կառավարման խորհուրդ նախագահ Հիլմի Նամամ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտ եւ Եգիպտոսի արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի անդամ դոկտ. Այման Սալամէ, լրագրող Նաշաաթ Ատտիհի, որոնք
հաստատած են, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը տակաւին չէ ստացած իր արդար գնահատականը, շօշափած են Հայոց ցեղասպանութեան իրաւական փաստերը, հետեւանքները, ինչպէս նաեւ անդրադարձած են Հայոց ցեղասպանութեան բոլոր վնասներն ու կորուստները հատուցելու եղանակներուն` թուրք կառավարութեան կողմէ:


